Երկուշաբթի 23, Դեկտեմբեր 2024
ԱՆԳԼԻԱ ՈՐՈՇԵՑ ԴՈՒՐՍ ԳԱԼ ԵՒՐՈՄԻՈՒԹԵԱՆ ԿԱԶՄԷՆ
Անգլիոյ մէջ երէկ ժողովուրդը քուէատուփի մօտ փութաց՝ որոշելու համար, թէ երկիրը պէտք է շարունակէ մնալ Եւրոմիութեան կազմէն ներս, թէ ոչ։ Brexit կոչուած այս հանրաքուէն օրերէ ի վեր առաջնահերթօրէն կը զբաղեցներ ինչպէս այդ երկրին, այնպէս ալ միջազգային հանրութեան օրակարգը։ Պատմական քուէարկութեան արդիւնքին առաւելութեան հասան՝ ԵՄ-էն դուրս գալու կողմնակիցները։
Միջազգային աղբիւրները այս առաւօտեան ժամերուն հաղորդեցին սկզբնական անպաշտօն արդիւնքները, ըստ որոնց քուէարկողներուն շուրջ 52 տոկոսը ԵՄ-էն դուրս գալուն հաւանութիւն տուած է, ԵՄ-ի կողմնակիցները ապահոված են ձայներուն 48 տոկոսը։:
Ուրբաթ, Յունիս 24, 2016