ՔԵՄՐԸՆ ԿԸ ՀՐԱԺԱՐԻ

Brexit-ի ար­դիւն­քը բա­ռին բուն ի­մաս­տով ցնցած է ամ­բողջ աշ­խար­հը։ Այ­լեւս յայ­տին է, որ Անգ­լիա դուրս պի­տի գայ Եւ­րո­միու­թե­նէն։ Պրիւք­սել ա­ռանց Լոն­տո­նի պի­տի շա­րու­նա­կէ իր ճա­նա­պար­հը, մինչ կող­մե­րը ան­խու­սա­փե­լիօ­րէն պի­տի դի­մագ­րա­ւեն հե­տե­ւանք­ներ։

Այս մթնո­լոր­տին մէջ Անգ­լիոյ Վար­չա­պետ Տէյ­վիտ Քեմ­րըն ե­րէկ, քուէառ­կու­թեան ար­դիւն­քին հրա­պա­րա­կու­մէն ան­մի­ջա­պէս վերջ, յայ­տա­րա­րեց՝ որ պի­տի ներ­կա­յաց­նէ իր հրա­ժա­րա­կա­նը։ Ան հա­մո­զուած է, որ նոր վար­չա­պե­տը պէտք է յա­ռաջ տա­նի եր­կի­րը ԵՄ-էն դուրս բե­րե­լու գոր­ծըն­թա­ցը։

Տէյ­վիտ Քեմ­րըն հան­րա­քուէէն ա­ռաջ կողմ­նա­կից էր, որ Անգ­լիա մնայ ԵՄ-ի կազ­մին մէջ, սա­կայն իր կո­չը բա­ւա­րար չէ ե­ղած ար­դիւն­քը փո­խե­լու հա­մար։

Շաբաթ, Յունիս 25, 2016