ՇԱՀԵԿԱՆ ԺՈՂՈՎԱԾՈՅ
Երեւանի մէջ վերջերս լոյս տեսաւ Հայաստանի Հանրային հեռուստատեսութեան «Առաջին լրատուական» ծառայութեան աւագ մեկնաբան, քաղաքագէտ ու լրագրող Աբրահամ Գասպարեանի գիրքը։ «Ներքաղաքական գործընթացներու իրողութիւնները Մերձաւոր Արեւելքի մէջ» խորագրեալ ժողովածոյ մըն է այս մէկը, որու հեղինակը՝ Աբրահամ Գասպարեան միեւնոյն ժամանակ կը դասախօսէ Երեւանի Պետական համալսարանի Միջազգային յարաբերութիւններու բաժնին մօտ։
«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Աբրահամ Գասպարեանի աշխատութիւնը կ՚ընդգրկէ թեմաթիկ դասախօսութիւններ Մերձաւոր Արեւելքի պետութիւններու ներքին քաղաքական գործընթացներուն, տարածքաշրջանի վրայ միջազգային դերակատարներու ազդեցութեան, քաղաքական հովանաւորչութեան եւ կրօնի քաղաքականացման վերաբերեալ։ Գիրքը կը ներառնէ Մերձաւոր Արեւելքի քաղաքական պատմութիւնը՝ յետգաղութային ժամանակաշրջանէն սկսեալ մինչեւ 21-րդ դարու առաջին տասնամեակը։ Ժողովածոյի հեղինակը սահմանափակուած է այս ժամանակահատուածով, որովհետեւ 2011 թուականէն ի վեր տեղի ունեցած իրադարձութիւններուն ու զարգացումներուն շուրջ առարկայական գնահատական մը տալու համար կը պակսին փաստերն ու գիտական նիւթերը։
Աբրահամ Գասպարեանի այս գիրքի հրատարակութեան առթիւ Երեւանի մէջ կազմակերպուեցաւ շնորհանդէս մը։ Հեղինակը հաւաքոյթի ընթացքին նշեց, թէ աշխատութիւնը կը բաղկանայ ութ գլուխէ։ Գործը այնպէս մը շարադրուած է, որ առանց առաջինը կարդալու՝ անկարելի է ութերորդ գլուխը հասկնալ։ «Մինչեւ 2011 թուականը այս նիւթը, այսպէս կոչուած, կ՚եփէի իմ մէջ՝ մօտաւորապէս մէկուկէս տասնամեակ անընդհատ հետեւողական ըլլալով։ Ընդամէնը պէտք է կայծ մը, որ պատմականօրէն կոչուած է «Արաբական գարուն», որմէ վերջ այդ բոլորը պէտք է յանձնուէին թուղթին», ըսաւ Աբրահամ Գասպարեան։
Շնորհանդէսի ընթացքին արտայայտուեցաւ «Արմէնփրէս» գործակալութեան տնօրէն Արամ Անանեան, որ մասնագիտութեամբ պատմաբան է։ Ըստ իրեն, այն տարածքաշրջանը, որուն անդրադարձած է հեղինակը, այսօր համաշխարհային իրադարձութիւններու կիզակէտին կը գտնուի։ Այդ իրադարձութիւնները անխուսափելիօրէն ազդեցութիւն կը գործեն նաեւ հայութեան վրայ։ Արդարեւ, Մերձաւոր Արեւելքը տարածքաշրջան մըն է, ուր կայ հոծ հայ բնակչութիւն, ուր կը գտնուին հայկական աւանդական համայնքները։ «Ի հարկէ, բոլոր քաղաքական զարգացումները եւ վերիվայրումները անմիջական ազդեցութիւն կ՚ունենան թէ՛ Հայաստանի եւ թէ՛ հայ ժողովուրդի վրայ», ըսաւ Արամ Անանեան։
Իր կարգին, քաղաքագէտ Սէրկէյ Մինասեանն ալ մատնանշեց, թէ Հայաստանի մէջ արեւելագիտութեան դպրոցը միշտ ալ համարուած է զարգացած։ Բայց եւ այնպէս, յետխորհրդային շրջանին սերունդներու փոփոխութիւնը տեղի տուած է լուրջ խնդիրներու։ Իր համոզմամբ, Աբրահամ Գասպարեանի սոյն աշխատութիւնը կարեւոր գործօն մը կը դառնայ այդ բացը լրացնելու տեսանկիւնէն։