ԽՕ­ՍԻՆՔ ՀԱ­ՅԵ­ՐԷՆ ՈՒ ԳՐԵՆՔ ՀԱ­ՅԱ­ՏԱՌ

Ո­րե­ւէ ազգ կը բնո­րոշ­ո­ւի իր սե­փա­կան ժա­ռան­գու­թեամբ՝ լե­զու, մշա­կոյթ, պատ­մու­թիւն, ա­ւան­դու­թիւն, բարք եւ սո­վո­րու­թիւն… Լե­զուն հիմ­նա­կան կռ­­ո­ւանն է ազ­գի մը ներ­կա­յու­թեան եւ գո­յա­տեւ­ման. մա­նուկ հա­սա­կէն կը սկ­­սինք ա­նով թո­թո­վել, խօ­սիլ, կար­դալ, գրել եւ ստեղ­ծա­գոր­ծել, ո­րով­հե­տեւ ա­ռանց լեզ­ո­ւի դժո­ւա­րու­թիւն պի­տի ու­նե­նանք ապ­րե­լու եւ գո­յա­տե­ւե­լու:

Եւ այս­պէս լեզ­ո­ւի ա­նի­ւը կը սկ­սինք գլո­րել… ծնող­նե­րու օգ­նութ­եամբ կը թո­թո­վենք մեր ա­ռա­ջին բա­ռե­րը, ու­սու­ցիչ­նե­րու խնամ­քով կը կազ­մենք մեր նա­խա­դա­սու­թիւն­նե­րը, հո­գե­ւոր պե­տե­րու օրհ­նութ­եամբ հա­ւատք եւ կամք կ՚ըն­ծա­յենք պահ­պա­նե­լու եւ գուր­գու­րա­լու ա­նոր, իսկ միու­թե­նա­կան պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րու ա­ռա­քե­լու­թեամբ եւ ճկու­նու­թեամբ պա­տիւ կը զգանք հայ ըլ­լա­լու եւ հայ լեզ­ո­ւի նման հա­րուստ լե­զու ու­նե­նա­լու. հե­տա­գա­յին մեր ան­ձնա­կան ճի­գե­րով կը հա­րս­տաց­նենք մեր լե­զուն, ազ­դու դեր ու­նե­նա­լու մեր լեզ­ո­ւի պահ­պան­ման եւ հարս­տաց­ման աշ­խա­տան­քին մէջ…

Բայց յան­կարծ ինչ կը պա­տա­հի ու մենք կը հեր­քենք մեր սկաու­տա­կան դա­ւա­նան­քը, մոռ­նա­լով որ օր մը օ­րանց խոս­տա­ցանք մա­քուր հա­յե­րէն խօ­սիլ, ո՛ւր որ ըլ­լանք եւ ի՛նչ ժա­մա­նա­կի մէջ ալ ըլ­լանք …­ Ու յան­կարծ կը ծամծ­մենք Կա­պու­տիկ­եա­նի մե­զի փո­խանց­ը-ւած խոր­հուր­դը, որ ե­թէ յան­կարծ պա­տա­հի եւ մեր մայ­րը մոռ­նանք, մեր մայր լե­զուն չմոռ­նանք… Ու յան­կարծ, օ­տա­րա­ցած հա­յոր­դիք դառ­նա­լով, կը մոռ­նանք մեր լե­զուն եւ կ՚ար­ժե­զր­կենք մեր ոս­կեղ­նի­կը:

Հա­մա­ցան­ցի աշ­խար­հը այն­քան կլա­նած է մեզ՝ բո­լորս, անխ­տի՛ր, որ ստր­­կա­ցած ենք ա­նոր մեծ ու փոքր պաս­տառ­նե­րուն առ­ջեւ: Մեր մտա­ծու­մը ե­ղած է օ­տար լե­զո­ւով, մեր ար­տա­յայ­տու­թիւ­նը՝ օ­տար լե­զո­ւով եւ մեր ներ­կա­յու­թիւ­նը՝ օ­տա­րին ո­ճով: Ե­թէ ըն­կե­րոջ մը եւ կամ բա­րե­կա­մի մը ծնուն­դը պի­տի շնոր­հա­ւո­րենք անգ­լե­րէ­նով է… ե­թէ մեր մա­նու­կին ծնունդն ու վկայ-­ւի­լը պի­տի ա­ւե­տենք անգ­լե­րէ­նով է, ե­թէ մեր ծա­նօ­թին ու­րախ կամ տխուր ա­ռի­թին մաս­նա­կից պի­տի դառ­նանք անգ­լե­րէ­նով է, դեռ ա­մենէն ծի­ծա­ղե­լին՝ ե­թէ մեր Հա­յաս­տա­նի քա­ղա­քա­ցի դառ­նա­լու ու­րախ լուրն ու հայ ըլ­լա­լու հպար­տան­քը պի­տի յայ­տա­րա­րենք անգ­լե­րէ­նով է…

Որ­քան օ­տա­րա­մոլ դար­ձած ենք մենք… օ­տա­րին եր­գը կ՚եր­գենք… օ­տա­րին շին­ծու ապ­րում­նե­րով կը հար­բինք… օ­տա­րին լե­զո­ւով հպարտ կը զգանք… օ­տա­րին տա­ռե­րը կը տա­րա­ծենք, պատ­ճա­ռա­բա­նե­լով, թէ անգ­լե­րէ­նը եւ կամ օ­տար մէկ լե­զու գոր­ծա­ծե­լը զար­գա­ցում է եւ այլ մի­ջա­վայ­րե­րու բաց­ո­ւիլ է…

Հի­մա կը յի­շեմ, որ նոյն այդ պատ­ճա­ռա­բա­նու­թիւն­նե­րը տա­րա­ծող­նե­րը նոյն այդ ա­շա­կերտ­նե­րուն ծնող­ներն էին, ո­րոնք ի­րենց զա­ւակ­նե­րու հո­գե­կան ճնշ­­ը-ւա­ծու­թիւ­նը պատ­րո­ւա­կե­լով ման­կա­պար­տէ­զի, նա­խակր­թա­րա­նի, միջ­նա­կար­գի եւ նոյ­նիսկ երկ­րոր­դա­կա­նի հան­դէս­նե­րու օ­րե­րուն խու­ճապ կը ստեղ­ծէ­ին, միջ­նոր­դու­թիւն­ներ կը գտ­­նէ­ին, որ ի­րենց զա­ւակ­նե­րը ան­պայ­ման հա­յե­րէ­նով խօս­քեր եւ ու­ղերձ­ներ ար­տա­սա­նեն եւ կամ հայ­կա­կան ե­րաժշ­տու­թեամբ պա­րե­րու մաս­նակ­ցին… Այդ օ­րե­րուն հո­գե­կան փլու­զում ու խան­գա­րում կ՚ու­նե­նա­յին, ո­րով­հե­տեւ հայ­կա­կա­նը ար­ժէք ու­նէր, իսկ հի­մա «տգի­տու­թեան» եւ «յե­տամ­նա­ցու­թեան» դր­­սե­ւո­րո՞ւմ է ե­թէ հա­յե­րէն գրենք, խօ­սինք կամ ար­տա­յայտ­ո­ւինք… վա՜յ մե­զի, որ­քան տկա­րա­միտ եւ խեղճ ազգ ենք:

Դեռ ա­ւե­լի՛ն, ա­նոնք բնաւ ցաւ կամ կս­­կիծ չեն զգար, երբ կ՚ա­ղա­ւա­ղեն լեզ­ո­ւի ուղ­ղագ­րու­թիւ­նը, շա­րա­հիւ­սու­թիւ­նը, քե­րա­կա­նու­թիւ­նը­…ընդ­հա­կա­ռա­կը. այն­քան պարզ կը տես­նեն, թէ ի՛նչ հարց, երբ հա­յե­րէն կ՚ար­տա­յայտ­ո­ւի, բայց լա­տի­նա­տառ կը գրէ…

Սոր­վինք օ­տա­րի­նը, սա­կայն սի­րենք ու պահ­պա­նենք մեր ոս­կեղ­նի­կը, ո­րով­հե­տեւ ա­մենէն հա­րուստ լե­զու­նե­րէն մէկն է… խօ­սինք հա­յե­րէն ու գրենք հա­յա­տառ… ո­րով­հե­տեւ մերն ա­նոյշ է, մերն քն­­քոյշ է, մերն օ­տա­րին աչ­քին փուշ է­

Ե­թէ այ­սօր սխալ­նե­րով սկ­­սինք, փոր­ձե­րով եւ ինք­նաշ­խա­տու­թեամբ կը վե­րա­նան այդ բո­լո­րը, կա­րե­ւո­րը կամքն է…

ՍԵ­ՒԱՆ ՇԱՀ­ՊԱ­ԶԵԱՆ

«Ա­պա­գայ»

Շաբաթ, Յունիս 25, 2016