Շահանդուխտ… Եւ Սնապեան

Սփիւռ­քի հայ գրա­կա­նու­թեան եր­կու նուի­րեալ­ներ՝ Պօ­ղոս Սնա­պեան եւ Շա­հան­դուխտ, ո­րոնց այն­քան կը փա­փա­քէի հան­դի­պիլ տա­րի մը ա­ռաջ ծննդա­վայրս՝ Լի­բա­նան այ­ցե­լու­թեանս ըն­թաց­քին, սա­կայն… Սնա­պեան, ար­դէն իսկ միա­ցած էր ան­մահ­նե­րու փա­ղան­գին, իսկ Շա­հան­դուխտ, տե­սո­ղու­թեան դժուար պայ­ման­նե­րու պատ­ճա­ռով, ա­կա­մայ հանգս­տեան կո­չուած էր:

«Ազ­դակ»ի խմբագ­րա­տուն այ­ցե­լու­թեանս խմբա­գիր­նե­րէն մէ­կը ցոյց տա­լով եր­կու­քին թա­փուր գրա­սե­ղան­նե­րը՝ «Չկան: Պա­րո­նը ար­դէն ար­քա­յու­թեան մէջ է, բայց միշտ ներ­կայ է խմբագ­րա­տան մէջ: Կ՚ող­բանք իր բա­ցա­կա­յու­թիւ­նը, սա­կայն կը զգանք իր ա­նե­րե­ւոյթ ներ­կա­յու­թիւ­նը»:

«Շա­հան­դուխ­տի գրա­սե­ղա­նը նմա­նա­պէս թա­փուր է, սա­կայն յա­ճախ հե­ռա­ձայ­նով կը լսենք իր ձայ­նը: Տար­բեր նիւթ չու­նի: Գիր ու գրա­կա­նու­թիւն»:

Շա­հան­դուխտ գոր­ծէ դադ­րած է, սա­կայն այդ չի նշա­նա­կեր, թէ դադ­րած է ար­տադ­րե­լէ: Կա­պոյտ կող­քով «Ճամ­բոր­դու­թիւն՝ ա­ռանց հաս­ցէի» վեր­ջերս հրա­տա­րա­կուած հա­տո­րը վկայ, որ լոյս տե­սաւ Հա­մազ­գա­յի­նի հրա­տա­րակ­չա­տու­նէն՝ շնոր­հիւ Յա­կոբ Հա­ւա­թեա­նի ջան­քե­րուն, մե­կե­նա­սու­թեամբ «Հայ գրքի բա­րե­կամ­ներ»ուն:

Չկայ ա­ւե­լի մեծ հա­ճոյք, քան՝ ստա­նալ գիրք մը, մա­կագ­րուած հե­ղի­նա­կին կող­մէ:

Շա­հան­դուխտ այդ հա­ճոյ­քը պար­գե­ւեց ին­ծի՝ մա­կագ­րուած օ­րի­նակ մը ու­ղար­կե­լով մին­չեւ հե­ռա­ւոր Ա­մե­րի­կա: Ան լաւ գի­տէ իր գոր­ծե­րը գնա­հա­տող­նե­րը եւ չի մոռ­նար նման ան­ձե­րը, ո­րոնց­մէ մէ­կը այս տո­ղե­րը գրողն է:

Նախ­քան գիր­քը ստա­նալս՝ կար­դա­ցած էի, սա­կայն մա­կագ­րուած օ­րի­նակ մը ստա­նա­լէս ետք կար­ծես տար­բեր գիրք մը ըլ­լար: Տար­բեր ա­նու­շու­թիւն մը, տար­բեր «համ ու հոտ» ու­նէր:

Երկ­րորդ ան­գամ կրկին կար­դա­լով՝ զգա­ցի Շա­հան­դուխ­տին ներ­կա­յու­թիւ­նը: Այն տպա­ւո­րու­թիւ­նը ու­նե­ցայ, թէ այ­ցե­լած է Լոս Ան­ճե­լըս, եւ նստած կողք կող­քի՝ կը պատ­մէ Սո­նա­յի եւ Սու­րէ­նի սի­րոյ տխուր պատ­մու­թիւ­նը:

Ըն­թեր­ցումս ա­ւար­տե­լուս՝ Շա­հան­դուխտ «մեկ­նե­ցաւ»: Վե­րա­դար­ձաւ Լի­բա­նան:

Պա­րա­պու­թիւն մը զգա­ցի: Վեր­ցու­ցի հե­ռա­ձայ­նին ըն­կա­լու­չը եւ թի­ւե­րու եր­կար շարք մը ամ­բող­ջաց­նե­լով՝ քա­նի մը երկ­վայր­կեան ետք լսե­ցի իր ա­նակն­կա­լի ե­կած ձայ­նը:

Խօ­սե­ցանք եր­կար: Եր­կուքս ալ ցա­ւե­ցանք ի­րա­րու չկա­րե­նալ հան­դի­պել­նուս:

Կար­ծես հա­տո­րին խո­րագ­րին նման «ճամ­բոր­դած ըլ­լար ա­ռանց հաս­ցէի»:

Գրա­կան քննա­դատ մը չեմ, որ կա­րո­ղա­նամ վեր­լու­ծել հա­տո­րը: Ըն­թեր­ցո­ղը թող ինք ար­տա­յայ­տէ իր ար­դար գնա­հա­տա­կան խօս­քե­րը:

Այն­քա՜ն ու­րախ եմ, որ իր ան­տիպ գոր­ծե­րէն հատ մը եւս լոյս աշ­խարհ ե­կաւ:

Հա­տոր­նե­րը գրո­ղի մը զա­ւակ­նե­րը կա­րե­լի է սե­պել, եւ Շա­հան­դուխտ աշ­խարհ բե­րաւ իր 34-րդ հա­տո­րը: 34-րդ զա­ւա­կը:

Վա՛րձքդ կա­տար, սի­րե­լի՛ Շա­հան­դուխտ:

***

Հե­ռա­ձայն մը կը ստա­նամ Տի­կին Սնա­պեա­նէն, ո­րուն չեմ հան­դի­պած այն օ­րե­րէն, երբ տա­կա­ւին Սնա­պեան չէր: Կը կո­չուէր Ա­ղաւ­նի Վար­ժա­պե­տեան:

Վար­ժա­պե­տեան­նե­րուն հետ եր­կար տա­րի­նե­րու ըն­տա­նե­կան բա­րե­կա­մու­թիւն ու­նինք: «Ա­զա­տա­մարտ» ա­կում­բի շրջա­փա­կին մօ­տե­րը կը բնա­կէին, իսկ «Ա­զա­տա­մարտ»ը մեր երկ­րորդ տունն էր:

Տի­կին Սնա­պեան (մե­զի հա­մար՝ պար­զա­պէս Ա­ղաւ­նին) վստա­հա­բար տե­ղեակ է, թէ որ­քա՜ն սէր ու յար­գանք ու­նիմ մե­ծա­նուն գրա­գէ­տին՝ Պօ­ղոս Սնա­պեա­նին նկատ­մամբ, եւ իր Լոս Ան­ճե­լըս այ­ցե­լու­թեան կը փա­փա­քի խօ­սիլ հետս, տե­ղե­կաց­նել, թէ Հա­մազ­գա­յի­նի Շրջա­նա­յին վար­չու­թիւ­նը կազ­մա­կեր­պած է յուշ-ե­րե­կոյ մը՝ յա­ւեր­ժաց­նե­լու Պօ­ղոս Սնա­պեա­նի յի­շա­տա­կը: Ոչ մէկ կաս­կած ու­նի թէ ԱՆ­ՊԱՅ­ՄԱՆ ներ­կայ պի­տի գտնուիմ սոյն ձեռ­նար­կին, սա­կայն պարտք կը զգայ ան­ձամբ տե­ղե­կաց­նել՝ նախ­քան մա­մու­լով յայ­տա­րա­րուի­լը:

Յա­ջորդ օ­րը կը  մեկ­նի Սան Ֆրան­սիս­քօ, իր աղջ­կան ու թոռ­նե­րուն մօտ: Ձեռ­նար­կի օ­րը Լոս Ան­ճե­լըս վե­րա­դառ­նա­լու, ի­րա­րու հան­դի­պե­լու  ո­րո­շու­մով վար կը դնենք ըն­կա­լու­չը:

Կի­րա­կի, 1 Մա­յիս 2016:

Հա­մայն աշ­խարհ կը տօ­նէ «Բա­նուոր­նե­րու օր»ը, իսկ լո­սան­ճե­լը­սա­հա­յու­թիւ­նը՝ «Պօ­ղոս Սնա­պեա­նի յի­շա­տա­կի հան­դի­սու­թիւ­նը», կազ­մա­կեր­պուած Հա­մազ­գա­յի­նի  Շրջա­նա­յին վար­չու­թեան կող­մէ եւ հո­վա­նա­ւո­րու­թեամբ «Աս­պա­րէզ» օ­րա­թեր­թի եւ «Սար­դա­րա­պատ» գրա­խա­նու­թի:

Գրա­սէր խուռ­նե­րամ հա­սա­րա­կու­թիւն մը լե­ցու­ցած է Կլեն­տէյ­լի «Գրի­գոր եւ Մա­րիամ Գա­րա­մա­նու­կեան  ե­րի­տա­սար­դա­կան կեդ­րոն»ը:

Նախ­քան ձեռ­նար­կին սկսի­լը՝ քա­նի մը վայր­կեա­նով միայն քոյրս եւ ես ա­ռի­թը կ՚ու­նե­նանք քա­նի մը բառ փո­խա­նա­կե­լու Ա­ղաւ­նի Վար­ժա­պե­տեան-Սնա­պեա­նի հետ: Ծա­նօթ­նե­րու եւ բա­րե­կամ­նե­րու հոծ բազ­մու­թիւն մը կը շրջա­պա­տեն զինք, եւ մենք ստի­պուած՝ կը դադ­րեց­նենք մեր տա­քուկ խօ­սակ­ցու­թիւ­նը՝ զի­ջե­լով ներ­կայ բա­րե­կամ­նե­րուն:

Կը գրա­ւենք մեր տե­ղե­րը, եւ կը սկսի օ­րուան պատ­շաճ յայ­տա­գի­րը:

Պօ­ղոս Սնա­պեա­նի հա­յա­գի­տա­կա­նի ա­շա­կեր­տու­հի­նե­րէն Ծո­վի­նար Ղա­զա­րեան-Մել­քո­նեա­նի ող­ջոյ­նի խօս­քե­րով հան­դի­սու­թիւ­նը բա­ցուած յայ­տա­րա­րուած է: Հան­դի­սա­վա­րը յու­զու­մով կը յի­շէ իր՝ Սնա­պեա­նին ա­շա­կեր­տած տա­րի­նե­րը, քա­նի մը ան­գամ յու­զու­մէն ընդ­մի­ջե­լով իր խօս­քը եւ սրբե­լով աչ­քե­րուն մէջ լճա­ցած ար­ցունք­նե­րը:

Բո­լոր ա­նոնք, ո­րոնք ա­ռի­թը չու­նե­ցան վա­յե­լե­լու Այն­ճա­րի մէջ, «Սնա­պեան տուն-թան­գա­րան»ը»,  տե­սե­րի­զի մը մի­ջո­ցով կը ծա­նօ­թա­նան «գրա­կան սրբա­տե­ղիին»: Ա­յո՛, գրա­կա­նու­թիւ­նը սի­րող­նե­րու հա­մար սրբա­տե­ղի մըն է, ուր կա­րե­լի է գտնել Սնա­պեա­նի գրա­դա­րա­նը, անձ­նա­կան ի­րե­րը՝ պատ­մու­թեան ան­ցած իր գրա­մե­քե­նան, մին­չեւ իսկ իր ծխա­մոր­ճը: Նաեւ հոն կը գտնուի գրա­գէտ Ե­դուարդ Պո­յա­ճեա­նի գրա­դա­րա­նը, որ իր հա­րա­զատ­նե­րուն կող­մէ նուի­րուած էր Պօ­ղոս Սնա­պեա­նին:

Կէս ժամ­նոց շրջապ­տոյ­տէ մը ետք Այն­ճա­րէն կը վե­րա­դառ­նանք Լոս Ան­ճե­լըս:

Յի­շա­տա­կի հան­դէ­սը կը շա­րու­նա­կուի գե­ղա­րուես­տա­կան լե­ցուն յայ­տա­գի­րով, մաս­նակ­ցու­թեամբ գա­ղու­թիս ե­րի­տա­սարդ ա­րուես­տա­գէտ­նե­րուն, ո­րոնց­մէ կա­րե­լի է յի­շել՝ դաշ­նա­կի վրայ Ա­լէն Տիշկ­րի­քեան, «Լարք» ջու­թա­կի խում­բը՝ ղե­կա­վա­րու­թեամբ Լա­տօ Սէյ­րա­նեա­նի եւ դաշ­նա­կի ըն­կե­րակ­ցու­թեամբ Նու­նէ Պաղ­տա­սա­րեա­նի:

«Ռոզ եւ Ա­լեք Փի­լի­պոս»ի ա­շա­կերտ­նե­րէն Ա­րեգ Տէր Սար­գի­սեան, Նա­յի­րի Փա­նո­սեան  եւ Դա­լար Պզտի­կեան յա­ջող կեր­պով կ՚աս­մուն­քեն Պօ­ղոս Սնա­պեա­նի գոր­ծե­րէն՝ պատ­րաս­տու­թեամբ ի­րենց հա­յե­րէ­նի ու­սուց­չու­հի Սո­նա Մա­տա­րեա­նի:

Բեմ կը բարձ­րա­նայ օ­րուան գլխա­ւոր բա­նա­խօս Տքթ. Մա­րի Ռոզ Ա­բու­սէ­ֆեա­նը՝ ներ­կա­յաց­նե­լու մեծ գրա­գէ­տը, մտա­ւո­րա­կա­նը, ու­սու­ցի­չը, քննա­դա­տը՝ Պօ­ղոս Սնա­պեան:

Ցարդ Մա­րի Ռոզ ին­ծի ծա­նօթ ա­նուն էր որ­պէս աս­մուն­քող: Նաեւ յա­ճախ հան­դի­պած եւ հա­ճոյ­քով կար­դա­ցած եմ իր ստո­րագ­րու­թեամբ բազ­մա­թիւ յօ­դուած­ներ:

Այդ ե­րե­կոյ Մա­րի Ռո­զի մէկ տար­բեր յատ­կու­թիւ­նը նկա­տե­լի էր, ո­րուն ան­ծա­նօթ էի: Հիա­նա­լի գրա­կան քննա­դատ եւ վեր­լու­ծող է: Կը խօ­սի սա­հուն, ա­ռանց կմկմա­լու եւ ա­մե­նա­հե­տաքրք­րա­կա­նը՝ Սնա­պեա­նի հա­տոր­նե­րէն մէջ­բե­րում­ներ, եր­կար հա­տուած­ներ չի կար­դար. ան­գիր կ՚ար­տա­սա­նէ:

Ա­միս­ներ ա­ռաջ, ա­ռա­ջին ան­գամ ըլ­լա­լով, հա­ճոյքն ու վա­յել­քը ու­նե­ցայ զինք ան­ձամբ տես­նե­լու բե­մի վրայ, երբ Սու­րիա­հա­յու­թեան օ­ժան­դա­կու­թեան մար­մի­նի հրա­ւէ­րով այ­ցե­լած էր Լոս Ան­ճե­լըս՝ ներ­կա­յաց­նե­լու «Տիգ­րան Մեծ»ը:

Ա­ւե­լի քան եր­կու ժամ մագ­նի­սա­ցու­ցած էր ներ­կա­նե­րը, եւ բարձր տրա­մադ­րու­թեամբ մեկ­նած էինք սրա­հէն:

Նոյնն էր պա­րա­գան այդ ե­րե­կոյ, երբ ներ­կա­յա­ցուց Պօ­ղոս Սնա­պեա­նը, ո­րուն բո­լորս ծա­նօթ ենք: Շա­տեր ա­նու­նով ու գոր­ծու­նէու­թեամբ, ու­րիշ­ներ՝ ան­ձամբ:

Այդ օր, շնոր­հիւ Տքթ. Մա­րի Ռոզ Ա­բու­սէ­ֆեա­նի, Սնա­պեան ար­դէն իսկ յար­գուած ու սի­րուած մտա­ւո­րա­կա­նը դար­ձաւ ներ­կա­նե­րուն կուռ­քը:

Սնա­պեան դէմ էր բա­նա­գո­ղու­թեան: Եր­կար պրպը-տում­նե­րէ եւ ու­սում­նա­սի­րու­թիւն­նե­րէ ետք բա­ցա­յայ­տած էր բազ­մա­թիւ բա­նա­գող­ներ, ո­րոնք կը յանդգ­նին իւ­րաց­նել տար­բեր գրող­նե­րու գոր­ծե­րէն հա­տուած­ներ:

Հա­յա­գի­տա­կա­նի Սնա­պեա­նի ա­շա­կեր­տու­հի­նե­րէն յու­զիչ էր Սե­դա Գրի­գո­րեա­նի հա­կիրճ, սա­կայն զգա­ցա­կան խօս­քե­րը:

Ձեռ­նար­կը հա­սած էր իր ա­ւար­տին, սա­կայն ոչ ոք կը փա­փա­քի տես­նել այն­քան հիա­նա­լի գրա­կան ձեռ­նար­կի մը ա­ւար­տը եւ մեկ­նիլ սրա­հէն:

Ներ­կայ են բազ­մա­թիւ գրա­գէտ­ներ կամ գրա­կա­նու­թիւ­նը սի­րող­ներ, ո­րոնք ան­ձամբ ծա­նօթ են Սնա­պեա­նին: Ա­շա­կեր­տած կամ աշ­խա­տակ­ցած են իր հե­տը: Յի­շա­տակ­ներ ու­նին մեծ Պա­րո­նէն:

Ա­զատ Բեմ:

Ներ­կա­նե­րուն ա­ռի­թը կը տրուի բարձ­րա­նա­լու բեմ՝ ար­տա­յայ­տե­լու ի­րենց սրտի խօս­քը:

Ա­ռա­ջին հեր­թին բեմ կը բարձ­րա­նայ բա­նաս­տեղծ՝ Խոս­րով Ա­սո­յեան: Կը յի­շէ այն օ­րը, թէ ե՛րբ եւ ինչ­պէ՛ս ա­ռա­ջին ան­գամ ըլ­լա­լով ծա­նօ­թա­ցաւ Պօ­ղոս Սնա­պեա­նին: Վեր­ջինս, ըստ իր սո­վո­րու­թեան, քա­ջա­լե­րա­կան խօս­քե­րով կը խրա­խու­սէ տա­կա­ւին շատ ե­րի­տա­սարդ բա­նաս­տեղ­ծը՝ շա­րու­նա­կե­լու իր նուի­րու­մը հայ գրա­կա­նու­թեան:

Խոս­րով Ա­սո­յեան կը յի­շէ  «Բա­գին»ի «Գրա­կան խմբակ»ը, ո­րուն նաեւ մաս կը կազ­մէին՝ Վար­դի Դա­նիէ­լեան,  Յա­րութ Պէր­պէ­րեան, Նա­զա­րէթ Պէր­պէ­րեան եւ շատ ու­րիշ­ներ:

«Գրա­կան խմբակ»ի նախ­կին ան­դամ­նե­րէն խօսք կ՚առ­նէ Վար­դի Դա­նիէ­լեան:

«Շրջա­պա­տուած Պօ­ղոս Սնա­պեա­նի շուրջ, փոքր սե­նեա­կի մը մէջ, ուր քա­նի մը ա­թոռ կար միայն: Մնա­ցած­ներս նստած ենք գե­տի­նը»…

­Բե­ղուն էր լի­բա­նա­նա­հայ գրա­կան կեան­քը:

Սրտի խօսք ու­նի նաեւ «Ազ­դակ»ի նախ­կին խմբա­գիր, հրա­պա­րա­կա­գիր Սար­գիս  Մահ­սէ­րէ­ճեան: «Ազ­դակ»ի եւ «Բա­գին»ի խմբագ­րա­տու­նե­րը այն­քան մօտ էին ի­րա­րու (Ա­րեւմ­տեան Պէյ­րութ), որ յա­ճախ միա­սին կ՚ըլ­լա­յին եր­կու խմբա­գիր­նե­րը:

Սրտի խօս­քեր, լաւ յի­շա­տակ­ներ, մին­չեւ այն օ­րը, երբ վրայ հա­սաւ Լի­բա­նա­նի քա­ղա­քա­ցիա­կան պա­տե­րազ­մը՝ ցիր ու ցան ը­նե­լով խմբա­կի ան­դամ­նե­րուն մե­ծա­մաս­նու­թիւ­նը:

«Հէնց այդ­պէս էինք ապ­րում

Մեր սի­րած քա­ղա­քում» (Ֆորշ)

Գիր, գրա­կա­նու­թիւն, մշա­կոյթ, ա­րուեստ, թատ­րո­ն…

ՊՕՂՈՍ ՇԱՀՄԵԼԻՔԵԱՆ

Շաբաթ, Յունիս 25, 2016