ՀՐԱՇՔԸ ՎԵՐԼՈՒԾԵԼ
Գերման մշակոյթի մեծագոյն միտքը՝ Եոհան Վոլֆկանկ Ֆոն Կէօթէ կ՚ըսէ, թէ՝ «Հրաշքը բնութեան օրէնքին մէկ բացառութիւնն է»։ Ուստի կեանքի բնական ընթացքին մէջ, երբեմն շեղումներ կը պատահին, որոնք կը փոխեն կեանքի ընթացքը։ Եւ այս կը պատահի ամէն մէկուս կեանքին մէջ. ոմանք կ՚անդարդառնան, ոմանք ալ այդ «շեղում»ը ո՛չ թէ զարտուղութեան, այլ բնական ընթացքին մէկ հետեւանքը կ՚ընդունին եւ ինչ որ տրուած է իրենց, անոր համեմատ կը շարունակեն ապրիլ իրենց կեանքը։
Եւ շատեր կ՚անտեսեն, չեն անդրադառնար պատահած «բացառութիւ»ներուն եւ զարտուղութիւնը կ՚ընդունին որպէս բնական երեւոյթ։ Եւ ահաւասիկ, այս կէտին է, որ մարդ դէմ յանդիման կու գայ «հրաշք» կոչուած երեւոյթին հետ։ Արդարեւ ըստ Կէօթէի, պատահած զարտուղութի՛ւնն է հրաշքը։
Եւ հրաշքը կը պատահի մարդկային կեանքի ամէն պահուն, ամէն ժամանակամիջոցին, շատ անգամ անակնկալ եւ անզգալաբար։ Հրաշքը կը պատահի յանկարծ՝ անսպասելի կերպով, անակնկալօրէն։ Կը հարցուի. «պատճա՞ռ», բայց կարելի իսկ չ՚ըլլար «պատճառ»ը գտնել, այլապէս միա՛յն արդի՛ւնքը։
Ֆրանսացի իմաստասէր Ֆրանսուա-Մառի Առուէ-Վոլթէրի (1694-1778) «Dictionnaire Philosophique»ին (1764) մէջ «հրաշք»ին՝ «Miracles» վերտառութեամբ ընդարձակ տեղ տուած եւ երկար հատուած մը յատկացուցած է։
Ըստ Վոլթէրի, «հրաշք»ը՝ իր իմաստով, հիացում, սքանչացում պատճառող իրողութիւն մըն է։ Ուրեմն բնութեան մէջ ամէն ինչ «հրա՛շք» է։ Բնութեան սքանչելի եւ զարմանք պատճառող համակարգը, կանոնաւոր սարքը, աստղաբաշխական տեսակէտէ տիեզերքի կազմութիւնը, աստղերու, մոլորակներու, արեւներու ընդհանուր դրութիւնը, լոյսին ազդող ուժը, անհամար անասուն կենդանիներու ապրելակերպը եւ բնութեան մէջ ամէն ներդաշնակ գոյավիճակ, ամէն շարժում, բոլորը անհատնում, անվերջ եւ անսպառ «հրաշք»ներ են։ Ստացուած տեղեկութիւններու համեմատ՝ այս աստուածային եւ անսկիզբ օրէնքներու պարտադիր գործունէութեան «հրաշք» կ՚ըսենք։
Լիալուսնի խաւարումը, արեւին մթագնումը (=éclipse), մեռած մէկը եթէ գլուխը թեւերուն մէջ՝ երկու մղոն ճամբայ քալէ, ահաւասիկ այս երեւոյթներուն «հրա՛շք» կ՚ըսենք։
Բազմաթիւ բնագէտներ (ֆիզիկոս), այս իմաստով, կ՚ըսեն, թէ «հրաշք» ըսուած բան մը գոյութիւն չունի։ Եւ իրենց տեսակէտը սապէս կը պաշտպանեն. «Հրաշք մը թուաբանական, աստուածային, անայլայլելի, անսկիզբ օրէնքներուն պարտադրութի՛ւնն է։ Միայն այս բացատրութեամբ իսկ, հրաշքը ասացուածքներու միջեւ հակասութիւն մըն է։ Օրէնք մը՝ միանգամայն թէ՛ անփոփոխ, եւ թէ՛ պարտադրական չի կրնար ըլլալ»։
Կ՚ըսուի, թէ օրէնք մը երբ Աստուծոյ կողմէ հաստատուած է, դարձեալ Աստուծոյ ձեռքով չի՞ փոխուիր կամ ջնջուիր։ Փոխադարձաբար կը պատասխանուի, թէ՝ ո՛չ, անհուն իմաստուն Էութիւնը, ջնջելու համար օրէնք հաստատելը կարելի չէ՛։
Աստուած լաւագոյնը ստեղծելու համար կրնար ջնջել՝ նախապէս հաստատած օրէնքը. մինչդեռ Աստուած լաւագոյնը ստեղծած է արդէն։ Բայց եթէ նիւթին էականէն գոյացած թերութիւն մը նկատած է, արդէն ստեղծագործութեան ժամանակ կատարելագործած է անիկա, եւ այս իսկ պատճառով՝ երբեք պիտի չփոխէ որեւէ բան։ Փոխելու հարկ չկա՛յ։
Նաեւ Աստուած ո՛չ մէկ բան կը ստեղծէ առանց պատճառի, ապա ուրեմն ստեղծագործած որեւէ բան փոխելու համար ի՞նչ պատճառ կրնայ ըլլալ։ Ի՞նչ բան կը պարտադրէ, որ Աստուած փոխէ նախապէս ստեղծածը՝ որ լաւագոյն է եւ կատարեա՛լ։ Մարդոց օգտին համար օրէնքը կրնայ փոխել, կ՚ըսեն ոմանք, որոնց ալ որպէս պատասխան. «գոնէ համայն մարդկութեան օգտին…», կ՚ըսեն։ Քանի որ աստուածային զօրութեան, փոխանակ համայն մարդկութեան, այլ յատկապէս քանի մը հոգիի համար գործադրուիլը, քանի մը հոգիի վայելումին ընծայելու հաւանականութիւնը կարելի չէ՛ ընդունիլ. նոյնիսկ ամբողջ մարդկային ցեղին գոյութիւնը որեւէ արժէք եւ կարեւորութիւն չի ներկայացներ, քանի որ անհունը լեցնող բոլոր արարածները նկատի ունենալով՝ անոնց մէջ եթէ բաղդատութիւն մը կատարուի, մարդկային ցեղը մրջիւնի մը բոյնէն աւելի փոքր կը տեսնուի։ Ուրեմն կարելի՞ է խորհիլ, թէ ամբողջ ստեղծագործութիւն մը, ամբողջ տիեզերքը մի քանի մրջիւնի օգուտին համար փոփոխութեան ենթարկուի։ Ըսենք, որ Աստուած յատուկ հոգածութիւն ցոյց կու տայ կարգ մը մարդոց համար, եւ զանոնք բացառիկ կերպով կը խնամէ, լա՛ւ, բայց ասիկա պատճառ կրնա՞յ ըլլալ որ տիեզերքի ընդհանուր համակարգը յաճախ փոխուի։
Ուրեմն Աստուած ինչո՞ւ հրաշք կատարէ Իր ստեղծագործութեան ընդհանուր ծրագիրը իրականացնելու համար, քանի որ արդէն կատարեալ եւ լաւագոյն կերպով ստեղծած է արարածները։
Կարելի՞ է խորհիլ, թէ Աստուած ստեղծագործութեան ատեն սխալած ըլլայ եւ անկատար ստեղծէ որեւէ արարած եւ իր ծրագրին իրականացման համար փոխէ իր անսկիզբ եւ աստուածային օրէնքները։ Արդարեւ ասիկա ո՛չ թէ Աստուծոյ կատարելութիւնը, այլ՝ անկատարութիւնը, ո՛չ թէ զօրութիւնը, այլ՝ տկարութիւնը ցոյց չի՞ տար…։
Եզրակացնելով, կ՚ըսուի, թէ «հրաշք»ներու հաւատալ Աստուծոյ փառքին հանդէպ կասկած յայտնել եւ Անոր ամենազօրութիւնը նուաստացնել կը նշանակէ։ Այսպէս կը մտածեն կարգ մը խորհողներ։
Այս բոլոր տեսութիւններու հետեւանք՝ քրիստոնեայ հաւատացեալներ, Յիսուս Քրիստոսի եւ Իր աշակերտներուն կատարած հրաշքները կ՚ընդունին որպէս անուրանալի ճշմարտութիւն, բայց մեր օրերուն կատարուած եւ որոշ ճշմարտութիւն մը ներկայացուցած որեւէ «հրաշք»ի իրականացման բացակայութիւնը տեսնելով, ներկայ հրաշքներու, կամ «հրաշք կարծուած» երեւոյթներու ալ կասկածով եւ տարակուսանքով կը մօտենան։
Օր մը, փիլիսոփայի մը, արեւին իր ընթացքը դադրեցուցած ըլլալը, աշխարհի այլեւս անոր շուրջը բոլորուիլը վերջացուցած ըլլալը, բոլոր մեռածներուն վերակենդանացած ըլլալը, բոլոր լեռներուն հաւաքաբար դէպի ծով ընթանալը երբ տեսնէ եւ այս ամէնքը փոփոխական շնորհի մը կամ կարեւոր ճշմարտութեան մը վկայութեան համար կատարուած ըլլալը հասկնայ, ի՞նչ կը խորհի, հարցուեր է։
Փիլիսոփան պատասխաներ է. «Մանիի դաւանանքը կ՚ընդունէի՝ սկզբունքի մը կատարածը ջնջող ուրիշ սկզբունքի մը գոյութեան կը վկայէի…»։
-VOLTAİRE, «DİCTİONNAİRE PHİLOSOPHİQUE» 1764։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Յունիս 17, 2016, Իսթանպուլ
Հոգեմտաւոր
- 11/28/2024
- 11/28/2024