ՀԱՄԵՐԱՇԽՈՒԹԵԱՆ ԱՒԵՏԻՍ

Այս շա­բա­թա­վեր­ջին Հա­յաս­տան հա­մայն քրիս­տո­նեայ աշ­խար­հի եւ մի­ջազ­գա­յին մե­տիա­յի ու­շադ­րու­թեան կի­զա­կէ­տին է։ Հռո­մէա­կան Կա­թո­լիկ Ե­կե­ղեց­ւոյ Քա­հա­նա­յա­պետ Ֆրան­սիս­քոս Ա. Սրբա­զան Պա­պը Հա­յաս­տան կ՚այ­ցե­լէ՝ Ա­մե­նայն Հա­յոց Տ.Տ. Գա­րե­գին Բ. Կա­թո­ղի­կո­սի եւ Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեա­նի հրա­ւէ­րին ըն­դա­ռաջ։

Ե­րէկ յետ­մի­ջօ­րէին Սրբա­զան Քա­հա­նա­յա­պե­տը հա­սաւ Ե­րե­ւա­նի «Զուարթ­նոց» օ­դա­կա­յա­նը, ուր Նա­խա­գահ Սարգ­սեա­նի եւ Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տին կող­մէ դի­մա­ւո­րուե­ցաւ հան­դի­սա­ւո­րա­պէս։ Ա­ւե­լի վերջ եր­կու հո­վուա­պետ­նե­րը ա­ռաջ­նոր­դուե­ցան Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միա­ծին, ուր զան­գակ­նե­րու զուարթ ղօ­ղան­ջին ներ­քեւ տե­ղի ու­նե­ցաւ «Հրա­շա­փառ»ի ա­րա­րո­ղու­թիւն։ Եր­կու հայ­րա­պետ­նե­րը հան­դի­սա­ւո­րա­պէս մուտք գոր­ծե­ցին Մայր Տա­ճար, ո­րու ա­ւագ խո­րա­նին վրայ ող­ջա­գու­րուե­ցան եղ­բայ­րա­բար եւ փո­խա­նա­կե­ցին ճա­ռեր։

Ա­պա Սրբա­զան Պա­պը ուղ­ղուե­ցաւ մայ­րա­քա­ղաք Ե­րե­ւան, ուր ըն­դու­նուե­ցաւ Սերժ Սարգ­սեա­նի կող­մէ։ Ա­ռանձ­նազ­րոյ­ցէն վերջ Սրբա­զան Քա­հա­նա­յա­պետն ու Սերժ Սարգ­սեան ե­լոյթ­նե­րով հան­դէս ե­կան Հա­յաս­տա­նի պե­տա­կան ա­ւա­գա­նիի, հա­սա­րա­կա­կան ու մտա­ւո­րա­կան շրջա­նակ­նե­րու եւ օ­տա­րերկ­րեայ դի­ւա­նա­գի­տա­կան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րու առ­ջեւ։ Նա­խա­գա­հա­կան ա­պա­րան­քին մէջ սար­քուե­ցաւ նաեւ պաշ­տօ­նա­կան ըն­դու­նե­լու­թիւն մը ի պա­տիւ Սրբա­զան Պա­պին։

Նա­խա­գա­հա­կան ա­պա­րան­քի ե­լոյ­թին մէջ Սրբա­զան Պա­պը հեր­թա­կան ան­գամ 1915-ի դէպ­քե­րը բնո­րո­շեց որ­պէս ցե­ղաս­պա­նու­թիւն։

Ե­րե­կո­յեան Սրբա­զան Քա­հա­նա­յա­պե­տը վե­րա­դար­ձաւ Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միա­ծին, ուր կ՚ի­ջե­ւա­նի իր կե­ցու­թեան օ­րե­րուն։ Եր­կու հայ­րա­պետ­նե­րը փո­խա­նա­կե­ցին նուէր­ներ, նաեւ ի­րա­րու ծա­նօ­թա­ցու­ցին ի­րենց ե­պիս­կո­պոս­նե­րը։ Այս ա­րա­րո­ղու­թիւ­նը տե­ղի ու­նե­ցաւ Վե­հա­րա­նի գա­հաս­րա­հին մէջ։

Այս ա­ռա­ւօտ Սրբա­զան Պա­պը, Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տը ու Նա­խա­գահ Սարգ­սեան այ­ցե­լե­ցին Ծի­ծեռ­նա­կա­բեր­դի յու­շա­հա­մա­լի­րը։ Օ­րուան տե­ւո­ղու­թեան Սրբա­զան Պա­պը կը պա­տա­րա­գէ Կիւմ­րիի Վար­դա­նանց հրա­պա­րա­կին վրայ, իսկ ե­րե­կո­յեան Ե­րե­ւա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան հրա­պա­րա­կին վրայ տե­ղի կ՚ու­նե­նայ խա­ղա­ղու­թեան ա­ղօթք։ Վա­ղը Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի մէջ Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տը պի­տի պա­տա­րա­գէ բաց խո­րա­նի առ­ջեւ՝ ա­ղօ­թակ­ցու­թեամբ Սրբա­զան Քա­հա­նա­յա­պե­տին եւ այս պա­տուա­կան այ­ցե­լու­թեան մաս­նա­կից հա­զա­րա­ւոր ուխ­տա­ւոր­նե­րուն։

Հայաշ­խար­հի ու­շադ­րու­թիւ­նը ամ­բող­ջու­թեամբ կեդ­րո­նա­ցած է այս այ­ցե­լու­թեան վրայ եւ հո­գե­ւոր հայ­րեր կը բա­նա­ձե­ւեն, որ Սրբա­զան Պա­պի այ­ցե­լու­թիւ­նով հա­մե­րաշ­խու­թեան ա­ւե­տիս ե­կած է Հա­յաս­տան։

Միւս կող­մէ, կը հա­ղոր­դուի, որ Սրբա­զան Պա­պը ըն­դու­նած է Վա­տի­կա­նի մէջ Սուրբ Գրի­գոր Նա­րե­կա­ցիի ար­ձա­նի զե­տեղ­ման մա­սին ա­ռա­ջար­կը։ 

Շաբաթ, Յունիս 25, 2016