ՈՒՐ­ՄԻՈՅ ՀԱ­ՅՈՑ ԱԶԳԱՅԻՆ ԴՊՐՈ­ՑԻ Ա­ՄԱ­ՎԵՐ­ՋԻ ՀԱՆ­ԴԷ­ՍԸ

Ատր­պա­տա­կա­նի Ազ­գա­յին Ա­ռաջ­նոր­դա­րա­նէն կը տե­ղե­կաց­նեն.-

Ե­րեք­շաբ­թի, 21 Յու­նիս 2016-ի ե­րե­կո­յեան, ժա­մը 6-ին, տե­ղի ու­նե­ցաւ Ուր­միոյ Հա­յոց Ազ­գա­յին դպրո­ցին ա­մա­վեր­ջի հան­դի­սութիւ­նը հո­վա­նա­ւո­րու­թեամբ եւ նա­խա­գա­հու­թեամբ Ատր­պա­տա­կա­նի Հա­յոց Թե­մի Ա­ռաջ­նորդ Տ. Գրի­գոր Ս. Եպսկ. Չիֆթ­ճեա­նի:

Ս. Ստե­փա­նոս ծխա­կան ե­կե­ղեց­ւոյ «Ա­րամ Մա­նու­կեան» հան­դի­սաս­րա­հին մէջ ներ­կայ էին Ուր­միոյ Գոր­ծա­կա­լու­թեան ան­դամ­ներ, բա­րե­րար­ներ, Ուր­միա­հայ մի­ու­թ­­իւն­նե­րու եւ կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ ան­դամ­ներ, կրթա­կան մշակ­ներ, ծնող­ներ եւ դպրո­ցա­սէր հան­դի­սա­կան­ներ:

Հան­դի­սու­թեան բաց­ման եւ բա­րի գալս­տեան խօս­քը ար­տա­սա­նեց Ուր­միոյ Հա­յոց Ազ­գա­յին դպրո­ցի տես­չու­հի՝ Ատ­րի­նէ Մեջ­լու­մեան: Իր ներ­կա­յա­ցու­ցած տե­ղե­կագ­րի ըն­­թաց­քին, տես­չու­հին անդ­րա­դար­ձաւ կրթա­կան անց­նող տա­րեշր­ջա­նի յա­ջո­ղու­թիւն­նե­րուն, ներ­կա­յաց­նե­լով ա­շա­կեր­տա­կան կեան­քի ա­ռօ­րեան եւ ու­սում­նա­կան ընդ­հա­նուր մա­կար­դա­կը: Ան ե­րախ­տա­գի­տու­թեամբ յի­շեց բո­լոր այն ան­ձե­րը, ո­րոնք նիւ­թա­­բա­րո­յա­կան ներդ­րու­մով, նե­ցուկ կանգ­նած էինհ դպրո­ցի աշ­խա­տանք­նե­րուն:

Ի վեր­ջոյ իր գնա­հա­տան­քը յայտ­նեց ան, ու­սու­ցիչ­նե­րուն եւ ծնող­նե­րուն, ո­րոնք ան­վե­րա­պահ գոր­ծակ­ցու­թիւն ցու­ցա­բե­րած էին ամ­բողջ տա­րեշր­ջա­նի ըն­թաց­քին:

Շուրջ մէկ ժամ տե­ւո­ղու­թեամբ, կի­րար­կուե­ցաւ գե­ղա­րուես­տա­կան յայ­տա­գիր, դպրո­ցի ա­շա­կեր­տա­կան երգ­չա­խում­բին կող­մէ՝ ղե­կա­վա­րու­թեամբ եւ եր­գե­հո­նի նուա­գակ­ցութ­եամբ ե­րաժշ­տու­թեան ու­սուց­չու­հի Ար­տե­միս Պայ­րա­մեա­նի: Ա­շա­կեր­տա­կան բե­մա­կան ե­լոյթ­նե­րը հա­մադ­րողն էր՝ ու­սուց­չու­հի Սե­ւա­նայ Սար­գի­սեան:

Ազ­գա­յին, հայ­րե­նա­սի­րա­կան եւ հա­յոց լե­զուի նուի­րուած եր­գե­րով եւ աս­մունք­նե­րով, ա­շա­կերտ­նե­րը հիա­ցու­ցին ներ­կայ բազ­մու­թիւ­նը: Յատ­կան­շա­կան էր ա­ւար­տա­կան դա­սա­րա­նի ա­շա­կեր­տու­հի Կա­րի­նէի կող­մէ Հա­մօ Սա­հեա­նի «Հա­յաս­տան» քեր­թուա­ծին ար­տա­սա­նու­թիւ­նը, զոր այն­քան ապ­րու­մով կա­տա­րեց պար­մա­նու­հին:

Ա­ւար­տա­կան դա­սա­րա­նի ա­նու­նով, ե­րեք ա­շա­կեր­տու­հի­ներ հա­տուած առ հատ­ուած ըն­թեր­ցե­ցին ե­րախ­տա­գի­տա­կան յա­տուկ խօսք, ուղ­ղուած ի­րենց սի­րե­լի դպրո­ցին, տես­չու­թեան, ու­սուց­չա­կան կազ­մին եւ ծնող­նե­րուն: Ա­նոնց ու­ղեր­ձին մէջ կը շեշ­տուէր դպրո­ցէն ստա­ցած քաղցր յու­շե­րուն ան­գին հարս­տու­թիւ­նը, զոր ի­րենց հետ պի­տի մնայ ի­րենց ամ­բողջ կեան­քի տե­ւո­ղու­թեան:

Հան­դի­սու­թեան եզ­րա­փա­կիչ եւ օրհ­նու­թեան պատ­գա­մը փո­խան­ցեց Ա­ռաջ­նորդ Սրբա­զա­նը: Թե­մա­կալ Ա­ռաջ­նոր­դը բարձր գնա­հա­տե­լով հայ դպրո­ցին դե­րա­կա­տա­րու­թիւ­նը հայ կեան­քէն ներս, յի­շե­ցուց ներ­կա­նե­րուն, թէ՝ Մե­ծի Տանն Կի­լի­կիոյ Տ.Տ. Ա­րամ Ա. Կա­թո­ղի­կո­սին կող­մէ 2016 թուա­կա­նը «ծա­ռա­յու­թեան տա­րի» հռչա­կուած է: Ուս­տի, հայ նոր սե­րուն­դին դաս­տիա­րա­կու­թեանն ու կազ­մա­ւոր­ման հո­գե­ւին ծա­ռա­յող հայ ու­սուց­չին դե­րա­կա­տա­րու­թիւ­նը վեր առ­նե­լով, Սրբա­զան Հայ­րը բարձր գնա­հա­տեց հա­յե­րէ­նա­գի­տա­կան դա­սեր ա­ւան­դող ու­սու­ցիչ­նե­րուն գոր­ծու­նէու­թիւ­նը Ուր­միոյ Հա­յոց Ազ­գա­յին դպրո­ցէն ներս։ «Բո­լոր դպրոց­նե­րուն մէջ գոր­ծող ու­սու­ցիչ­նե­րուն աշ­խա­տան­քը գնա­հա­տե­լի է: Սա­կայն հայ ու­սուց­չին դե­րը մեր ազ­գի կեան­քին մէջ, մա­տա­ղա­տի մեր սե­րուն­դին կրթա-դաս­տիա­րակ­չա­կան աշ­խա­տան­քով, շատ ա­ւե­լի՛ բա­րձր կը գնա­հա­տուի: Հայ ու­սու­ցի­չը ոչ միայն իր մտքէն, իր գի­տու­թե­նէն փո­խան­ցում կը կա­տա­րէ, այ­լեւ իր հո­գիէն, իր սրտէն, իր էու­թե­նէն սէր, ազ­գա­յին շունչ ու ո­գի կը նե­րար­կէ հայ ա­շա­կեր­տին», ը­սաւ Սրբա­զա­նը: Ան գնա­հա­տեց նաեւ Գոր­ծա­կա­լա­կան խոր­հուր­դի ան­դամ­նե­րը, ազ­գա­յին ծա­ռա­յու­թիւն մա­տու­ցող բո­լոր ան­հատ­ներն ու բա­րե­րար­նե­րը, յոր­դո­րե­լով միշտ հայ դպրո­ցին կող­քին կանգ­նիլ, պահ­պա­նե­լու հա­մար ազ­գա­յին սոյն հարս­տու­թիւ­նը:

Վկա­յագ­րե­րու եւ մրցա­նակ­նե­րու բաշ­խու­մին հա­մար, Սրբա­զան Հօր հետ բեմ հրա­ւի­րուե­ցաւ նաեւ Գոր­ծա­նա­կա­լան խոր­հուր­դի ա­տե­նա­պետ Փայ­լակ Սա­հա­կեան, գնա­հա­տե­լու հա­մար հա­յե­րէ­նա­գի­տա­կան եւ տե­ղա­կան նիւ­թե­րու ուս­ման մէջ ա­ռաջ­նութ­իւն շա­հած ա­շա­կերտ­նե­րը:

Հա­մայն­քա­յին կեան­քին մէջ, Հա­յոց Ազ­գա­յին դպրո­ցի սոյն հան­դի­սու­թիւ­նը ա­ռիթ ե­ղաւ ազ­գա­յին ար­ժէք­նե­րու վե­րա­նայ­ման եւ հայ սե­րուն­դի ա­ռողջ դաս­տիա­րա­կու­թեան ա­չա­լուրջ հսկե­լու հրա­մա­յա­կա­նին:

Երկուշաբթի, Յունիս 27, 2016