«ԱՍՏՈՒԱԾ ՕՐՀՆԷ ՁԵՐ ԱՊԱԳԱՆ ԵՒ ՊԱՐԳԵՒԷ, ՈՐ ՀԱՅ ԵՒ ԹՈՒՐՔ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴՆԵՐՈՒ ՀԱՇՏՈՒԹԵԱՆ ՈՒՂԻՆ ԿՐԿԻՆ ՁԵՌՔ ԱՌՆՈՒԻ ԵՒ ԽԱՂԱՂՈՒԹԻՒՆ ՏԻՐԷ ՂԱՐԱԲԱՂԻ ՄԷՋ»

Ֆրան­սիս­քոս Ա. Քա­հա­նա­յա­պե­տի Հա­յաս­տան այ­ցե­լու­թիւ­նը շատ լայն ար­ձա­գանգ ստեղ­ծեց՝ նաեւ քա­ղա­քա­կան հար­ցե­րու շուրջ պար­փա­կած պատ­գամ­նե­րով։ Սրբա­զան Քա­հա­նա­յա­պե­տը վեր­ա­հաս­տա­տեց հայ­կա­կան հար­ցին վե­րա­բե­րեալ իր դիր­քո­րո­շու­մը՝ 1915-ի դէպ­քե­րը հեր­թա­կան ան­գամ ո­րա­կե­լով որ­պէս ցե­ղաս­պա­նու­թիւն։ Մի­ջազ­գա­յին աղ­բիւր­նե­րը հա­ղոր­դե­ցին, որ թէեւ Սրբա­զան Պա­պի ե­լոյ­թին մէջ այդ բա­ռի օգ­տա­գոր­ծու­մը չէր նա­խա­տե­սուած, սա­կայն Ե­րե­ւա­նի մէջ, նա­խա­գա­հա­կան ա­պա­րան­քի եր­դի­քին տակ տե­ղի ու­նե­ցած հա­ւա­քոյ­թին ըն­թաց­քին ան ո­րո­շած է կա­տա­րել փո­փո­խու­թիւն եւ օգ­տա­գոր­ծած՝ ցե­ղաս­պա­նու­թիւն բա­ռը։

Այս ե­րե­ւոյ­թը մի­ջազ­գա­յին մա­մու­լին մօտ ստեղ­ծած է լայն ար­ձա­գանգ, զու­գա­հե­ռա­բար՝ պատ­ճառ դար­ձած Ան­գա­րա­յի հա­կազ­դե­ցու­թեան։ Փոխ-վար­չա­պետ Նու­րետ­տին Ճա­նիք­լի ցաւ յայտ­նեց այս կա­պակ­ցու­թեամբ եւ ե­րե­ւոյ­թը ո­րա­կեց խա­չակ­րաց ար­շա­ւան­քի դրսե­ւո­րում։

Ե­րէկ, Ե­րե­ւա­նէն Վա­տի­կան վե­րա­դառ­նա­լու ճա­նա­պար­հին Սրբա­զան Քա­հա­նա­յա­պե­տը զրու­ցեց իր ու­ղե­ւո­րու­թեան հե­տե­ւած լրագ­րող­նե­րուն հետ։ Այս նիւ­թին անդ­րա­դառ­նա­լով ան ը­սաւ, թէ հա­յե­րու ոչն­չաց­ման վե­րա­բե­րեալ այլ բառ մը չի գի­տեր, բա­ցի ցե­ղաս­պա­նու­թե­նէն։ Ան յի­շե­ցուց, որ ան­ցեալ տա­րի Սուրբ Յով­հան­նէս-Պօ­ղոս Բ.-ի օ­րի­նա­կին հե­տե­ւե­լով օգ­տա­գոր­ծած էր այդ բա­ռը։ Իսկ Ե­րե­ւան կա­տա­րած այ­ցե­լու­թեան պա­րա­գա­յին անդ­րա­դառ­նա­լով՝ Սրբա­զան Պա­պը ը­սաւ. «Իմ ե­լոյ­թին մէջ այդ բա­ռը չկար։ Բայց երբ ես լսե­ցի Հա­յաս­տա­նի նա­խա­գա­հի ե­լոյ­թին թո­նը, իմ կող­մէ շատ տա­րօ­րի­նակ պի­տի ըլ­լար, ե­թէ ես չը­սէի նոյ­նը, ինչ որ տա­րի մը ա­ռաջ ը­սած էի»։

Շա­բաթ ե­րե­կո­յեան Ե­րե­ւա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան հրա­պա­րա­կին վրայ տե­ղի ու­նե­ցած խա­ղա­ղու­թեան ա­ղօթ­քին ըն­թաց­քին ալ Սրբա­զան Քա­հա­նա­յա­պե­տը ը­սաւ. «Սի­րե­լի ե­րի­տա­սարդ­ներ, այս ա­պա­գան ձե­զի կը պատ­կա­նի։ Ձեր մե­ծե­րու ի­մաս­տու­թիւ­նը ամ­բա­րե­լով՝ խա­ղա­ղա­րա­ր­­ներ դառ­նա­լու հնա­րա­ւո­րու­թիւ­նը կ՚ու­նե­նաք, ոչ թէ սթա­թիւ­քո­յի նօ­տար­նե­րը, այլ հան­դիպ­ման եւ հաշ­տու­թեան մշա­կոյ­թի դրա­կան գոր­ծիչ­ներ։ Աս­տուած օրհ­նէ ձեր ա­պա­գան ու պար­գե­ւէ, որ հայ եւ թուրք ժո­ղո­վուրդ­նե­րու հաշ­տու­թեան ու­ղին կրկին ձեռք առ­նուի եւ խա­ղա­ղու­թիւ­նը տի­րէ Ղա­րա­բա­ղի մէջ»։

­Վա­տի­կան վե­րա­դար­ձի ճա­նա­պար­հին Սրբա­զան Պա­պը լրագ­րող­նե­րուն յայտ­նեց, թէ Հա­յաս­տան այ­ցէն յե­տոյ խոս­տա­ցած է ատր­պէյ­ճան­ցի­նե­րուն պատ­մել իր տե­սած ճշմար­տու­թեան շուրջ։ «Ես պի­տի խօ­սիմ ատր­պէյ­ճան­ցի­նե­րուն հետ այն ճշմա­րի­տի մա­սին, ինչ որ տե­սած եմ։ Իմ զգա­ցա­ծիս մա­սին ես նաեւ պի­տի քա­ջա­լե­րեմ զա­նոնք։ Ես ձե­զի հե­տե­ւեա­լը կ՚ը­սեմ։ Փոք­րիկ հո­ղակ­տո­րի մը հա­մար խա­ղա­ղու­թիւն չհաս­տա­տե­լը, ո­րով­հե­տեւ սա մեծ խնդիր չէ, մութ բան մը կը նշա­նա­կէ։ Այն­պէս չէ՞։ Սա­կայն ես կ՚ը­սեմ բո­լոր հա­յե­րուն եւ ատր­պէյ­ճան­ցի­նե­րուն. գու­ցէ ա­նոնք չեն կա­րո­ղա­նար հա­մա­ձայ­նու­թեան գալ խա­ղա­ղու­թեան հաս­նե­լու ու­ղի­նե­րու հար­ցին մէջ եւ այս խնդրին շուրջ ա­նոնք պէտք է աշ­խա­տին։ Սա­կայն ես չեմ գի­տեր, թէ տա­կա­ւին ինչ պէտք է ը­սել… Այս պա­հուն սա կը բխի իմ սրտէս՝ միշտ դրա­կա­նօ­րէն փոր­ձել գտնել կեն­սա­կան լու­ծում­ներ, ո­րոնք յա­ռաջ կը մղուին», յայտ­նեց Սրբա­զան Պա­պը։ Բաց աս­տի, Սրբա­զան Պա­պին բան­բե­րը՝ Մոն­սե­նիէօր Լոմ­պար­տի շա­բա­թա­վեր­ջին Ե­րե­ւեա­նի մէջ պա­տաս­խա­նեց նաեւ Ան­գա­րա­յէն հնչած հա­կազ­դե­ցու­թեան։ Ան ը­սաւ, թէ Սրբա­զան Պա­պը եր­բեք խա­չակ­րաց ար­շա­ւի դուրս չէ ե­կած։ Ան կը փոր­ձէ ոչ թէ պա­տե­րազմ մղել, այլ խա­ղա­ղու­թիւն կա­ռու­ցել։ «Պա­պը երկ­խօ­սու­թեան, խա­ղա­ղու­թեան կա­մուրջ­ներ կա­ռու­ցե­լու ու­ղիին մա­սին կը խօ­սի», ը­սաւ ան ու շեշ­տեց, թէ իր ար­տա­յայ­տու­թիւն­նե­րուն մէջ գո­յու­թիւն չու­նի խա­չակ­րաց ո­գի։ Վա­տի­կա­նի բան­բե­րը նշեց, թէ ճիշդ պէտք է ըն­կա­լել Սրբա­զան Պա­պին ը­սա­ծը։ «Ես կը հասկ­նամ խնդիր­նե­րը, լա­րուա­ծու­թեան վե­րա­բե­րեալ կան այլ պատ­կե­րա­ցում­ներ, բայց իր ը­սա­ծը ժո­ղո­վուրդ­նե­րու մի­ջեւ հիմ­քեր գծե­լու ուղ­ղուած է։ Ան ա­ղօ­թած է յա­նուն այդ բա­նին։ Ան ո­րե­ւէ խօսք չէ ար­տա­յայ­տած թուրք ժո­ղո­վուր­դի դէմ, ան խօ­սած է թուր­քե­րու եւ հայ ժո­ղո­վուր­դի մի­ջեւ հաշ­տու­թեան մա­սին», ը­սաւ Մոն­սե­նիէօր Լոմ­պար­տի։

Մինչ այդ, Ա­մե­նայն Հա­յոց Տ.Տ. Գա­րե­գին Բ. Կա­թո­ղի­կոսն ալ Ե­րե­ւա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան հրա­պա­րա­կին վրայ տե­ղի ու­նե­ցած է­քիւ­մե­նիք ա­ղօթ­քին ժա­մա­նակ անդ­րա­դար­ձաւ Ար­ցա­խի հիմ­նախնդ­րին։ «Այ­սօր ալ մեր ժո­ղո­վուր­դը կ՚ապ­րի չյայ­տա­րա­րուած պա­տե­րազ­մի դժուա­րին պայ­ման­նե­րուն մէջ՝ թանկ գնով պաշտ­պա­նե­լով խա­ղա­ղու­թիւ­նը մեր երկ­րի սահ­ման­նե­րուն, Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի մեր ժո­ղո­վուր­դի ա­զատ ապ­րե­լու ի­րա­ւուն­քը՝ իր բնօր­րան հայ­րե­նի­քին մէջ։ Մեր ժո­ղո­վուր­դի խա­ղա­ղա­սի­րա­կան ձգտում­նե­րուն ի պա­տաս­խան՝ Ատր­պէյ­ճան, խախ­տե­լով հրա­դա­դա­րը, Ապ­րիլ ամ­սուն Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի Հան­րա­պե­տու­թեան սահ­ման­նե­րուն սան­ձա­զեր­ծեց ռազ­մա­կան գոր­ծո­ղու­թիւն­ներ։ Ռմբա­կո­ծուե­ցան եւ ա­ւե­րուե­ցան հայ­կա­կան բնա­կա­վայ­րեր, զո­հուե­ցան ու վի­րա­ւո­րուե­ցան խա­ղա­ղու­թեան պաշտ­պան զի­նուոր­ներ, դպրո­ցա­հա­սակ ե­րա­խա­ներ, խոշ­տան­գուե­ցան խա­ղաղ, ան­զէն բնա­կիչ­ներ», ը­սաւ Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տը։

Երկուշաբթի, Յունիս 27, 2016