ՀԱՅ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻ ՇՈՒՆՉԸ
Հռոմէական Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ Քահանայապետ Ֆրանսիսքոս Ա. Սրբազան Պապին դէպի Հայաստան այցելութիւնը բառին բուն իմաստով վերածուեցաւ պատմական իրադարձութեան մը։ Սրբազան Քահանայապետը իր ուղեւորութիւնը կոչած էր ուխտագնացութիւն՝ դէպի առաջին քրիստոնեայ երկիր։ Այս կարգախօսին պարփակած ամենախոր իմաստը ամբողջական ձեւով ցոլացաւ շաբաթավերջին, երբ համաքրիստոնէական ընտանիքին եւ միջազգային հանրային կարծիքին ուշադրութիւնը լարուած էր Հայաստանի վրայ։ Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի եւ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի հրաւէրով տեղի ունեցաւ Սրբազան Քահանայապետին այցելութիւնը, որու արդիւնքը եղաւ անվիճելիօրէն յաջող ու միանշանակօրէն դրական։
Վեհափառ Հայրապետը եւ Սրբազան Պապը շաբաթավերջին շատ յագեցած ծրագիր մը իրագործեցին՝ յագեցնելով նաեւ հազարաւոր ուխտաւորներու եւ աշխարհի բոլոր անկիւններէն իրենց հետեւող միլիոնաւոր հաւատացեալներու հոգեւոր կարիքները։ Ինչպէս հաղորդած էինք, Շաբաթ առաւօտ Սրբազան Քահանայապետը այցելեց Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրը՝ Վեհափառ Հայրապետին եւ Նախագահ Սարգսեանի ուղեկցութեամբ։ Երկու հովուապետները աւելի վերջ առաջնորդուեցան դէպի Կիւմրի, ուր Վարդանանց հրապարակին վրայ տեղի ունեցաւ մեծահանդէս արարողութիւն՝ հազարաւոր հաւատացեալներու մասնակցութեամբ։ Սրբազան Քահանայապետը պատարագեց լատինական ծէսով՝ Վեհափառ Հայրապետին աղօթակցութեամբ։ Երկու հովուապետները Կիւմրիի մէջ այցելեցին նաեւ Հայ Կաթողիկէ եկեղեցին, Շիրակի Թեմի Առաջնորդանիստ Եօթվէրք Ս. Աստ-ւածածին եկեղեցին, կուսանոց եւ այլն։
Երեկոյեան ժամերուն երկու հայրապետները վերադարձան Երեւան, ուր Հանրապետութեան հրապարկին վրայ հանդիսապետեցին միջեկեղեցական արարողութեան մը։ Էքիւմենիք այս մեծահանդէս արարողութիւնը կոչուած էր Խաղաղութեան աղօթք։ Նախագահ Սարգսեան եւ Հայաստանի պետական աւագանիէն դէմքեր նոյնպէս ներկայ էին այս պատմական արարողութեան։
Երեւանի Հանրապետութեան հրապարակին վրայ կազմակերպուած էքիւմենիք արարողութեան ընթացքին Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ կողմէ շատ խորհրդանշական նուէր մը յանձնուեցաւ Հռոմէական Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ։ Այսպէս, ամերիկահայ արուեստագէտ Մայքըլ Արամ պատրաստած էր Արարատ լերան մանրակերտը՝ Սիսի եւ Մասիսի վրայ հանգրուանած Նոյեան տապանը, որուն վրայ քանդակուած էր «Է» տառը։ Ձիթենիի ճիւղը կտուցին՝ աղաւնի մըն ալ զետեղուած էր Նոյեան տապանին վրայ։ Ազգագրական տարազներով երիտասարդներ Մերձաւոր Արեւելքի հայաբնակ տասներկու երկիրներէ բերուած հողերը լեցուցին այդ խորհրդանշական Նոյեան տապանին մէջ, ուր որթատունկ մը տնկուած էր։ Երկու հայրապետներն ալ իրենց մատուցուած մասնաւոր սափորներով այդ որթատունկը ջրեցին հազարաւոր ուխտաւորներու ներկայութեան։ Սա այցելութեան վառ փուլերէն մին էր, որ արժանացաւ մեծ ուշադրութեան։ Մայքըլ Արամի կողմէ ստեղծագործուած այդ Նոյեան տապանը Սրբազան Քահանայապետը տարաւ Վատիկան։
Երէկ առաւօտ Սրբազան Քահանայապետի Հայաստան այցելութեան գագաթնային փուլերէն մին տեղի ունեցաւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ։ Մայրավանքի համալիրէն ներս համախմբուած բազմահազար ուխտաւորներու մասնակցութեամբ Ս. Տրդատի բաց խորանին վրայ պատարագեց Վեհափառ Հայրապետը։ Հարկ է նշել, որ 2001 թուականին կառուցուած այս բացօթեայ խորանին վրայ առաջին անգամ մատուցուեցաւ հայրապետական Ս. Պատարագ։ Ծովածաւալ բազմութեան մը մասնակցութեամբ երկու հովուապետները փոխանցեցին իրենց պատգամները։ Վեհափառ Հայրապետը մասնաւոր տնօրինութիւն մը ըրած էր, որպէսզի իր հոգեւոր եղբայրը Ս. Պատարագին հետեւի խորանին իսկ վրայէն, ուր իրեն համար զետեղուած էր մասնաւոր գահ մը։ Սա մեծ շարժոյթ մըն էր Նորին Սրբութեան կողմէ։ Մեծահանդէս արարողութենէն վերջ, Վեհարանի երդիքին տակ Վեհափառ Հայրապետը եւ Սրբազան Քահանայապետը ստորագրեցին համատեղ յայտարարութիւն մը (տես՝ յարակից սիւնակներուն մէջ)։
Յետմիջօրէին երկու հայրապետները ուղղուեցան դէպի Թուրքիա-Հայաստան սահմանի Խոր Վիրապի պատմական վանքը, ուր տեղի ունեցաւ աղօթք, որու աւարտին անոնք սպիտակ աղաւնիներ արձակեցին դէպի աստուածաշնչեան Արարատ լեռը՝ ի նշան խաղաղութեան։ Այս փուլէն վերջ, Սրբազան Քահանայապետը ուղղուեցաւ դէպի Երեւանի «Զուարթնոց» օդակայանը, ուր հրաժեշտի արարողութիւն տեղի ունեցաւ իրեն համար։ Նախագահ Սարգսեան եւ Վեհափառ Հայրապետը մինչեւ օդանաւ ընկերակցեցան Սրբազան Պապին, որ Հայաստանէն հրաժեշտ առաւ փոխանցելով իր օրհնութիւնը ու վերադարձաւ Վատիկան։
Սրբազան Պապին դէպի Հայաստան ուխտագնացութիւնը եզրափակուեցաւ՝ արձանագրելով պատմական արդիւնք մը։ Այս այցելութիւնը բնորոշուեցաւ աննախընթաց ու անմոռանալի վառ դրուագներով։ Սրբազան Քահանայապետը շատ ազդու բանաձեւումներով փոխանցեց իր պատգամները։ Ան ընդգծեց, որ քրիստոնէական հաւատը հայ ժողովուրդի շունչն է։ Իր բոլոր արտայայտութիւններուն եւ ընդհանուր վերաբերմունքին մէջ զգալի էր խոր յարգանք մը՝ այն առումով, որ քրիստոնեաներու վաղեմի բնօրաններէն մին է Հայաստան։ Բաց աստի, Վեհափառ Հայրապետը եւ Ֆրանսիսքոս Ա. Քահանայապետը այնպիսի եղբայրութիւնով մը հանդէս եկան, որ միջեկեղեցական համագործակցութեան նոր չափանիշներու սահմանման գետինը պատրաստեցին՝ իրենց դրական մօտեցումներով, իրարու նկատմամբ բարեացակամութեամբ եւ հոգեւոր եղբայրներու բնորոշ յանձնառութիւններով։