ԱՀԱԲԵԿՉԱԿԱՆ ՍԱՐՍԱՓԵԼԻ ՅԱՐՁԱԿՈՒՄՆԵՐ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՄԷՋ
Ահաբեկչական ծանր յարձակումներ եղած են լիբանանեան Պեքաա շրջանին մէջ: Լրատուական աղբիւրներ կը յայտնեն, որ այսօր վաղ առաւօտեան անձնասպանական չորս պայթումներ լսուած են Ալ Քահ քրիստոնէական աւանին մէջ: Պայթումներուն հետեւանքով զոհուած են հինգ անձեր եւ կան տասնեակ վիրաւորներ: Ալ Քահի քաղաքապետ Պաշիր Մաթար խօսելով տեղական ռատիօկայանի մը յայտնած է, թէ չորս ահաբեկիչներ աւան թափանցած են Մաշարիհ Ալ Քահ շրջանէն եւ կը համարուի Սուրիոյ կից եղող սահմանային շրջան մը: Քաղաքական մէկէ աւելի պատասխանատուներ դատապարտած են պայթումները եւ շեշտած՝ երկրի բանակին զօրավիգ ըլլալու կարեւորութեան վրայ: Մինչ այդ, վերջին շաբաթներուն մէկէ աւելի աղբիւրներ զգուշացուցած էին Լիբանանին սպառնացող ահաբեկչական յարձակումներէ: Բաց աստի, Ալ Քահ քրիստոնէական աւան մըն է եւ մինչեւ այս պահը, ոչ մէկ կողմ ստանձնած է պայթումներուն պատասխանատուութիւնը: