ՀԱԼԷՊԱՀԱՅ ԳՐՈՂ ՅԱԿՈԲ ՆԱԼՊԱՆՏ-ՏԼՏԸԼԵԱՆ. «ՔԱՂԱՔԸ ՆԱԽԱՊԱՏԵՐԱԶՄԵԱՆ ՎԻՃԱԿԻ ՄԷՋ Է»
«Արեւելք» կայքէջը կը տեղեկացնէ.-
«Հալէպը նախապատերազմեան վիճակի մէջ է», այս կարծիքը յայտնեց հալէպահայ գրող Յակոբ Նալպանտ-Տլտըլեան: Գրողը, որ ժամանակ մը Մոսկուա մնալէ ետք օրերս կրկին վերադարձած է Սուրիա, նշեց, որ սուրիական բանակը կը պատրաստուի պատերազմի նոր փուլ մը շղթայազերծել Հալէպի շուրջ եղող ծայրայեղական խմբաւորումներուն դէմ: Ան նաեւ ըսաւ, որ յատկապէս անցնող վերջին օրերուն ռուսական օդուժը աշխոյժ գործողութիւններ կը կատարէ իսլամամէտ խմբաւորումներուն դէմ եւ երեւելի է, որ «այս անգամ հարուածը շատ աւելի ծանր պիտի ըլլայ»: Յակոբ Նալպանտ ըսաւ, որ Հալէպի արեւմտեան թաղամասերէն՝ Պանի Զէյտ անցած է բանակի տիրապետութեան տակ եւ ան չբացառեց, որ զինուորական գործողութիւնները համատարած կը դառնան նախքան Ժընեւի բանակցութիւններու վերսկսումը: Ան նաեւ ըսաւ. «Այս պատերազմը Սուրիոյ վերջին ճակատամարտը պիտի ըլլայ ու կ՚ակնկալուի, որ Սէուտական Արաբիա եւ Միացեալ Նահանգներ ծանր կորուստներ կրելով անդամալուծուին Հալէպի մէջ»: Ըլլալիք պատերազմը ռազմաքաղաքական կարեւոր ճակատամարտ մը համարելով, Նալպանտ նկատել տուաւ, որ պատերազմի ընթացքին պիտի օգտագործուի զինուորական նոր մարտավարութիւն եւ գործի պիտի դրուին արդիական զէնքեր: Ան չբացառեց, որ ընդդիմադիր զինեալներ ստիպուած ըլլլան խոյս տալ Հալէպէն: Նալպանտի կարծիքով՝ անցնող օրերուն Հալէպի շուրջ ընթացող գործողութիւնները պէտք է համարել մեծ պատերազմի նախապատրաստական աշխատանքներ ու երեւելի է, որ ռուսական օդուժը կը փորձէ զգոյշ վարուելով առաւելագոյնս հարուածել ծայրայեղականներու դիրքերն ու թաքստոցները: Գրողը ըսաւ, որ իր ունեցած տեղեկութիւններուն հիմամբ քաղաքը սննդեղէնի ու պարէնի տեսակէտէն ապահովուած է ու պետական մարմիններ իրենց ունեցած բոլոր միջոցները կը ծառայեցնեն ապահովելու համար քաղաքացիներու հիմնական կարիքները: Ըստ Նալպանտի, սուրիացի ժողովուրդի ոգին բարձր է եւ բոլորը կը սպասեն կարեւոր զարգացումներու: Նալպանտ դիտել տուաւ նաեւ, որ յառաջիկայ 29 Յունիսին ՄԱԿ-ի մէջ պիտի կայացուի կարեւոր ժողով մը, որու ընթացքին պիտի վճռուի Ժընեւի բանակցութիւններուն վերսկսման թուականը ու շատ հաւանական է, որ Հալէպի մեծ պատերազմը վերսկսի այդ թուականէն առաջ: «Իմ կարծիքով, Հալէպի պատերազմը սկիզբ պիտի առնէ ՄԱԿ-ի ժողովէն առաջ եւ իշխանութիւնները այդ գործընթացով նպատակ դրած են այնպիսի հարուած մը տալ ընդդիմադիրներուն, որ վերջիններս վերջնականապէս պիտի կորսնցնեն Հալէպի խաղաքարտը», նշեց ան: Խօսելով հալէպահայութեան մասին Նալպանտ դիտել տուաւ, որ Սուրիոյ տարբեր շրջաններ տեղափոխուած հայերը Հալէպի նախատեսուած պատերազմէն անմիջապէս ետք քաղաք պիտի վերադառնան: «Հալէպցիները կը գտնուին սպասողական վիճակի մը մէջ, ըլլայ Քեսապի կամ այլ շրջաններու, ինչպէս նաեւ Լիբանանի ու Հայաստանի հալէպահայերը կը սպասեն բարի լուրի մը ու վստահ եմ, որ անոնք կրկին Հալէպ պիտի վերադառնան», ըսաւ Յակոբ Նալպանտ դիտել տալով, որ պատերազմի աւարտէն ետք սպասելի է, որ Հալէպի մէջ տնտեսական մեծ դրական տեղաշարժեր տեղի ունենան: