ԽԱՉՄԵՐՈՒԿ ԵՐԿԻՐ…
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արտաքին գործոց փոխ-նախարարի Եւրոպայի եւ Եւրոասիոյ հարցերով տեղակալը Պրիճիտ Պրինք երէկ շփումներ ունեցաւ Երեւանի մէջ, ուր ամենաբարձր մակարդակի վրայ հիւրընկալուեցաւ Հայաստանի ղեկավարութեան կողմէ։ Ամերիկացի բարձրաստիճան դիւանագէտը տեսակցեցաւ Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի եւ Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեանի հետ։
Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, ողջունելով Պրիճիտ Պրինքը՝ Սերժ Սարգսեան կարեւորեց նման այցելութիւններու պարբերականութիւնը։ Ան համոզուած է, որ նման շփումները դրական ազդեցութիւն կը գործեն զանազան ոլորտներէ ներս երկկողմանի յարաբերութիւններու զարգացման վրայ։
Հարկ է նշել, որ Պրիճիտ Պրինքի Երեւան այցելութեան օրակարգին վրայ է նաեւ Հայաստան-ԱՄՆ տնտեսական հարցերով միջկառավարական յանձնաժողովի ընթացիկ գործունէութիւնը։ Սերժ Սարգսեան նշեց, որ հայկական կողմը կը պատրաստուի աշնան Ուաշինկթընի մէջ կայանալիք հերթական նիստին։
Սերժ Սարգսեան բարձր գնահատեց Հայաստանի տնտեսական զարգացման, զանազան ոլորտներէ ներս բարեփոխումներուն, ժողովրդավարութեան եւ քաղաքացիական հասարակութեան կայացման ուղղեալ տարիներէ ի վեր ԱՄՆ-ի կողմէ ցուցաբերուած աջակցութիւնը եւ տարածքաշրջանէ ներս կայունութեան ապահովման նպատակով ԱՄՆ-ի կառավարութեան շարունակական ջանքերը։ Այս բոլորին կապակցութեամբ ան շնորհակալութիւն յայտնեց ԱՄՆ -ի կառավարութեան։
Պրիճիտ Պրինք ներկայացուց Հայաստանի իր շփումներուն շրջագծով պետական պաշտօնեաներուն, երիտասարդ ձեռներէցներու, քաղաքացիական հասարակութեան ներկայացուցիչներուն եւ խորհրդարանականներուն հետ ունեցած հանդիպումներուն շուրջ տպաւորութիւնները։ Ան անդրադարձաւ նաեւ միջկառավարական յանձնաժողովի յաջորդ նիստը պատշաճ մակարդակով իրականացնելու ուղղեալ աշխատանքներուն։ Պրինք դիտել տուաւ, թէ իր Հայաստան այցելութեան հիմնական նպատակը թէեւ առաւելապէս տնտեսական համագործակցութեան հարցերուն վրայ ուշադրութիւն կեդրոնացնելն է, սակայն ինք միշտ համոզուած է, թէ տարածքաշրջանի կայունութիւնն ու անվտանգութիւնը զգալիօրէն կը նպաստեն տնտեսութեան զարգացման եւ տարածքաշրջանի բարօրութեան վրայ։ Այս ծիրին մէջ ան անդրադարձաւ նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի կարգաւորման։ Պրինք հետաքրքրուեցաւ նաեւ վերջերս Սեն Փէթէրսպուրկի մէջ տեղի ունեցած նախագահներու հանդիպման արդիւնքներուն եւ հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացէն ներս հաւանական յառաջընթացի հեռանկարին վերաբերեալ Սարգսեանի տեսակէտներուն։ Նախագահ Սարգսեան ամերիկացի դիւանագէտին հանգամանօրէն ներկայացուց բանակցային գործընթացի վերջին զարգացումները։
Զրոյցի տեւողութեան անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ Հայաստանի մէջ ձեռնարկուած բարեփոխումներուն, Հայաստան-Եւրոմիութիւն համագործակցութեան զարգացման ուղղութեամբ ձեռնարկուած քայլերուն եւ փոխադարձ հետաքրքրութեան առարկայ այլ զանազան խնդիրներու։
Երեւանի մէջ Պրիճիթ Պրինք հանդէս եկաւ նաեւ յայտարարութիւններով։ Այս առթիւ ան ըսաւ, թէ ամերիկեան կողմը կը փորձէ աջակցիլ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման։ Ուաշինկթըն ամէն ինչ կ՚ընէ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներուն իր արտաքին գործոց նախարարութեան միջոցաւ։ Ըստ իրեն, ամերիկեան կողմը հակամարտ կողմերուն կ՚առաջարկէ յառաջ շարժուիլ՝ Վիեննայի եւ Սէն Փեթերսպուրկի մէջ նախագահներու հանդիպումներուն ժամանակ ձեռք բերուած համաձայնութիւններուն շրջագծով։ Պրինքի խօսքով, Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութիւնը կը խանգարէ՝ Հայաստանի աշխարհագրական իր կարեւոր դիրքէն օգտուիլը։ Այս հարցին լուծումը կրնայ մեծ ներուժ պարունակել Հայաստանի տնտեսութեան զարգացման համար։ Իր կարգին, ԱՄՆ ամէն ինչ կ՚ընէ հարցի լուծման համար։ Ամերիկեան կողմը ամբողջութեամբ կ՚աջակցի թէ՛ Հայաստանի եւ թէ տարածքաշրջանի տնտեսական զարգացման։ «Հայաստան տարածքաշրջանէ ներս կարեւոր դիրք մը ունի։ Ան խաչմերուկ մըն է արեւելքի եւ արեւմուտքի համար։ Ուստի, Հայաստան կրնայ խաչմերուկ դառնալ առեւտուրի, մարդոց, ծառայութիւններու համար, ինչ որ շատ կարեւոր է», ըսաւ Պրինք։
Երեւանի իր յայտարարութիւններուն մէջ ամերիկացի բարձրաստիճան դիւանագէտը կարեւորեց Հայաստանի մէջ արդարադատութեան համակարգի բարեփոխումները եւ կաշառակերութեան դէմ պայքարը։
Հարցումի մը պատասխանելով Պրիճիթ Պրինք կանգ առաւ նաեւ Հայաստանի եւ ԱՄՆ-ի միջեւ ուղիղ թռիչքներ իրականացնելու հաւանականութեան վրայ։ «Մենք Հայաստանին կ՚աջակցինք այլընտրանքի հնարաւորութիւններու հարցին շուրջ ու որպէս կառավարութիւն կ՚ընենք մեր կարելին», ըսաւ Պրինք ու նշեց, թէ թռիչքներու նիւթը գործարարութեան ոլորտին հետ կ՚առընչուի եւ այդպիսի որոշում մը կախում կ՚ունենայ համապատասխան արդարացումներով։
Պրիճիթ Պրինք յայտարարեց նաեւ, թէ Ուաշիկթըն աջակցութիւն կը ցուցաբերէ Հայաստանի մէջ օտար ներդրումները խթանելու համար։