ԵՐԱՆՈՒԹԻՒՆ ԶԳԱԼ
Երանութիւնները կը համապատասխանեն մարդուն երջանկութեան բնական բաղձանքին։ Այս արդար բաղձանքը աստուածային ծագում ունի, քանի որ Աստուած դրաւ զայն մարդուն սրտին մէջ՝ որպէսզի քաշէ զինք Իրեն, որ միակ կարո՛ղն է լիացնելու զինք։
Սուրբ Օգոստինոս Աւրելիոս (354-430) կ՚ըսէ.
«Մենք ամէնքս անտարակոյս կը փափաքինք երջանիկ ապրիլ, եւ մարդկային ցեղին մէջ չկայ մէկը, որ չտայ իր հաւանութիւնը այս առաջարկին, ան տակաւին լման չբանաձեւուած»։ Իսկ իր «Խոստովանութիւններ»ուն մէջ կը յայտնէ. «Արդեօք ես ի՞նչ ձեւով կը փնտռեմ Քեզ, Տէ՛ր։ Քանի որ Քեզ փնտռելով, Աստուա՜ծ իմ, ես կը փնտռեմ երջանիկ կեանքը։ Ըրէ՛ որ փնտռեմ Քեզ, որ ապրի հոգիս, քանի որ մարմինս կ՚ապրի հոգիովս, իսկ հոգիս կ՚ապրի Քեզմո՛վ»։
Իսկ Սուրբ Թովմաս Աքուինացի (1225-1274) նախադասութեան մը մէջ կը բովանդակէ երանութեան հասկացողութիւնը երբ կ՚ըսէ.
«Միայն Աստուած գոհացում կու տայ»։
Արդարեւ երանութիւնները՝ որ կ՚ենթադրեն հոգեւոր գոհացում, կատարելութիւն, կը յայտնեն մարդկային գոյութեան նպատակը եւ վերջին վախճանը մարդկային գործերուն։ Աստուած մարդը Իր երանութեան կոչած է։ Այս կոչը կ՚ուղղուի անձնապէս մարդոց իւրաքանչիւրին, ինչպէս նաեւ ամբողջ մարդկութեան, Եկեղեցիին որ «նոր ժողովուրդ»ն է՝ մարդոցմէ բաղկացած, որոնք «խոստում»ը ընդունած են, եւ նոյն խոստումը կ՚ապրին կատարեալ ու անկեղծ հաւատքով։
Նոր Կտակարանը բազմաթիւ ասացուածքներ կը գործածէ յատկանշելու համար այն երանութիւնը՝ որուն մարդ արարածը կոչած է Աստուած ստեղծագործութեան ծրագրով իսկ։ Մարդ ստեղծուած է երանութիւնը վայելելու համար։
Թէ ի՛նչ է քրիստոնէական երանութիւնը։
Քրիստոնէական երանութիւնը՝ Աստուծոյ Արքայութեան գալուստն է, Աստուծոյ տեսիլքն է, Աստուծոյ յոյսն է. «Երանի՜ սրտով սուրբերուն, քանի որ անոնք պիտի տեսնեն Աստուած» (ՄԱՏԹ. Ե 8)։ Ան մուտքն է Տիրոջ ուրախութեան մէջ՝ մուտքը Աստուծոյ հանգիստին մէջ։
Եւ դարձեալ Եռամեծն Ս. Օգոստինոս կ՚ըսէ. «Հո՛ն պիտի հանգչինք ու տեսնենք։ Հո՛ն պիտի տեսնենք ու սիրենք, պիտի սիրենք ու գովաբանենք։ Ահաւասիկ ի՛նչ պիտի ըլլայ մեր անվախճան, անվերջ վախճանը։ Մենք ուրիշ ի՞նչ վախճան ունինք, եթէ ոչ հասնիլ արքայութեան՝ որ վախճան պիտի չունենայ»։
Արդարեւ Աստուած դրաւ մարդը աշխարհ, որպէսզի ճանչնայ զԻնք, ծառայէ Իրեն եւ սիրէ զԻնք եւ այսպէս հասնի Դրախտ։ Ուստի, ինչպէս Առաքեալը կ՚ըսէ. «Երանութիւնը մեզ մասնակի՛ց կ՚ընէ աստուածային բնութեան» (Բ ՊԵՏ. Ա 4)։
Եւ «աստուածային բնութիւն»ը կը համապատասխանէ «յաւիտենական Կեանք»ին։ Ուստի անով մարդ կը մտնէ Քրիստոսի փառքին եւ Ս. Երրորդութեան կեանքին վայելքին մէջ։
Այսպիսի երանութիւն մը մտածել, իմանալ եւ ընբռնել եթէ ո՛չ անկարելի, բայց դժուա՛ր է մարդուս համար, քանի որ ան կը գերազանցէ իմացականութիւնը եւ սոսկական մարդկային ուժերը, կարողութիւնն ու տարողութիւնը։ Ան կը բխի Աստուծոյ ձրի պարգեւէն։ Եւ այս իսկ պատճառով է, որ զայն «գերբնական» կը կոչենք, ինչպէս «շնորհք»ը՝ որ տրամադիր կ՚ընէ մարդը մտնելու «աստուածային ուրախութեան» մէջ եւ վայելելու զայն։
Սուրբ Երանոս Լիոնցի կը մեկնաբանէ աւետարանական խօսքը, թէ՝ «Երանի՜ անոնց որ սրտով սուրբ են, քանի որ անոնք Աստուած պիտի տեսնեն»։
«Ո՛չ ոք պիտի տեսնէ Աստուած եւ պիտի ապրի, ըստ Իր մեծութեան ու անասելի փառքին, քանի որ Հայրը անիմանալի է եւ անըմբռնելի՛։ Սակայն Իր սիրով, Իր բարութեամբ մարդոց հանդէպ եւ Իր Ամենազօրութեամբ ու Ամենակարողութեամբ, Ան կը հաճի, կը հաւանի զԻնք սիրողներուն շնորհել առանձնաշնորհումը տեսնելու Աստուած, որովհետեւ ի՛նչ որ անկարելի է մարդոց, կարելի՛ է Աստուծոյ»։ Ուստի Աստուծոյ Ամենակարողութեամբ եւ Ամենազօրութեամբ, մարդը կրնա՛յ տեսնել Աստուած։ Արդարեւ Աստուած մարդը ստեղծեց՝ որպէսզի զԻնք ճանչնայ եւ սիրէ, եւ այս կը նշանակէ՝ որ Աստուած մարդը ստեղծեց Ինքզինք յայտնելու, ճանչցնելո՛ւ համար անոր։
Ուրեմն «խոստացուած երջանկութիւն»ը՝ մարդս կը դնէ բարոյական-վճռական ընտրանքներուն դիմաց։ Ան կը հրաւիրէ մարդս՝ մաքրազտելու, սրբագործելու իր սիրտը եւ իր յոռի բնազդներէն եւ ամէն բանէ վեր՝ Փնտռելու Աստուծոյ սէրը։ Ան կ՚ուսուցանէ մարդուս, թէ՝ ճշմարիտ երջանկութիւնը չի՛ կայանար հարստութեան կամ բարեկեցութեան մէջ, ո՛չ մարդկային փառքին կամ հզօրութեան մէջ, ո՛չ ալ մարդկային որեւէ գործի մէջ, որքան ալ օգտակար ըլլայ ան, ինչպէս են գիտութիւնները, արուեստագիտութիւնները, հմտութիւնը եւ արուեստները, ո՛չ ալ ո՛չ մէկ արարածի մէջ, այլ միա՛յն Աստուծոյ մէջ՝ աղբիւր ամէն բարիքի, ամէն ճշմարտութեան եւ ամէն սիրոյ։
Տասնաբանեան, Լերան քարոզը եւ առաքելական կրօնուսուցումը մեզի կը նկարագրեն այն ճամբաները՝ որոնք կ՚առաջնորդեն, կը տանին երկնքի Արքայութեան՝ որ ճշմարիտ երանութիւնն է եւ որուն կոչուած է մարդ արարածը։
Եւ մենք ալ յանձնառու կ՚ըլլանք այդ ճամբէն ընթանալու քայլ առ քայլ, ըստ սրբազան ուղեցոյցին, առօրեայ արարքներով, զօրացած՝ Սուրբ Հոգիին շնորհքովը։ Եւս զօրացած ու արգասաւորուած Քրիստոսի Խօսքով, մենք հետզհետէ, դանդաղօրէն պտղաբեր կը դառնանք Եկեղեցւոյ մէջ Աստուծոյ Փառքին համար։
Երկինքի երանութիւնը կը ճշդէ զատորոշումի եւ ընտրութեան ստուգանիշները երկրաւոր բարիքներուն գործածութեան մէջ՝ ըստ Աստուծոյ արդար օրէնքին։ Ուստի ամէն երկրային բարիք առիթ մըն է ուղղուելու երկնային երանութիւններու՝ տեսնելու եւ վայելելու Աստուած եւ Անոր խոստացուած Արքայութիւնը։ Երանի՜ անոնց՝ որոնք կ՚անդրադառնան իրենց կոչումին…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Յունիս 15, 2016, Իսթանպուլ