ԱՌԱՋՆԱՀԵՐԹ ԱՇԽԱՏԱՆՔ
Վարչապետ Ահմէտ Տավուտօղլու Նիւ Եորքի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մունի հետ։ Տեսակցութեան աւարտին վարչապետը եւ ընդհանուր քարտուղարը սարքեցին համատեղ մամլոյ ասուլիս մը։ ՄԱԿ-ի կեդրոնէն ներս տեղի ունեցած հաւաքոյթին ընթացքին Տավուտօղլու բացատրեց, թէ Կիպրոսի հիմնախնդիրը քննարկուած է առաջնահերթօրէն։ Ան յիշեցուց, որ 2004 թուականին թրքական կողմը պաշտպանած էր ՄԱԿ-ի նախկին ընդհանուր քարտուղար Քոֆի Աննանի կողմէ ներկայացուած ծրագիրը։ Վարչապետին համոզմամբ, նախքան իր պաշտօնավարութեան շրջանին աւարտիլը՝ Պան Քի Մունն ալ պէտք է ծրագիր մը մշակէ կիպրական խնդրի կարգաւորման համար։
Ասուլիսի ընթացքին վարչապետը անդրադարձաւ նաեւ Իրաքի հարցին։ Թուրքիա կը տեւականացնէ իր համագործակցութիւնը Իրաքի բոլոր կողմերուն հետ եւ իր դիրքորոշումը յստակ է։ Բաց աստի, վարչապետը բացատրեց, թէ ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդը խորքին մէջ յստակ ռազմավարութիւն մը չունի Սուրիոյ ճգնաժամին կապակցութեամբ։ Միեւնոյն ժամանակ բռնամիջոցներ չի կրնար գործադրել Սուրիոյ ներկայ վարչակազմին կողմէ, քիմիական զէնքերու գործածութիւնով կատարուած յանցագործութիւններուն դէմ։
Տավուտօղլու մեկնաբանութիւններ ըրաւ նաեւ Եգիպտոսի վիճակին կապակցութեամբ։ Ըստ էութեան, Տավուտօղլուի բանաձեւումով, Եգիպտոս կը հանդիսանայ տարածքաշրջանային կայունութեան ողնայարը։ Իսկապէս ունի վիթխարի քաղաքականութիւնով մը պայմանաւորուած անցեալ մը։ Եգիպտոսի ժողովուրդը պատմականօրէն թուրք ժողովուրդի բարեկամն է։ «Ես գիտեմ, թէ Եգիպտոսի մշակոյթը որքան խոր է եւ Եգիպտոսի ժողովուրդը որքան հպարտ։ Առանց Եգիպտոսի տարածքաշրջանէն ներս չ՚ըլլար ծաւալուն կայունութիւն մը», ըսաւ Տավուտօղլու եւ աւելցուց, թէ Թուրքիա կը ձգտի Եգիպտոսի եւ շրջակայքին տեսնել խաղաղ միջավայր մը։ Վարչապետի բացատրութիւններով, թրքական կողմը միջամուխ չ՚ըլլար Եգիպտոսի ներքին գործերուն եւ այդպիսի մտադրութիւն մըն ալ չունի։ Սակայն, այնտեղ ընտրուած նախագահ մը բանտարկուած է։ Եգիպտոսի միջավայրը կ՚ազդէ նաեւ տարածքաշրջանի կայունութեան վրայ։ Կազզէի եւ Պաղեստինի պարագային Եգիպտոսի ստանձնելիք դերակատարութիւնը կարեւորութիւն կը ներկայացնէ նաեւ Թուրքիոյ տեսակէտէ։ «Կը յուսանք, որ Եգիպտոսի մէջ կը գոյանայ նոր մօտեցում մը ու կը սկսի նոր շրջան մը։ Մենք կարիք կը զգանք ամուր ու կայուն Եգիպտոսի մը», ըսաւ Տավուտօղլու։
Նիւ Եորքի շփումներուն ընթացքին Տավուտօղլուի կողքին էին Փոխ-վարչապետ Ալի Պապաճան, Ելմտական նախարար Մեհմէտ Շիմշէք եւ այլ բարձրաստիճան պաշտօնատարներ։