Ի՞ՆՉ ՏԱՐԱՒ ՊԱՊԸ ՀԱՅԱՍՏԱՆԷՆ

Նախ­քան անդ­րա­դառ­նա­լը այն գլխա­ւոր հար­ցին, թէ ի՞նչ տա­րաւ Հռո­մի Ֆրան­սիս­քոս Սրբա­զան Պա­պը Հա­յաս­տա­նէն, ար­ձա­նագ­րենք, որ ան իր հետ նա­խե­ւա­ռաջ բե­րաւ ան­սահ­ման յոյս նո­րո­գուե­լու, ապ­րե­լու, ինչ­պէս նաեւ չընկր­կե­լու կամք:

Ուխ­տագ­նա­ցու­թիւն կա­տա­րե­լով դէ­պի ա­ռա­ջի­նը քրիս­տո­նէու­թիւ­նը իբ­րեւ պե­տա­կան կրօնք ըն­դու­նած եր­կիր՝ Հա­յաս­տան, Հռո­մի Սրբա­զան Պա­պը կար­ծես թէ ան­գամ մը եւս յի­շե­ցուց եւ հաս­տա­տեց, որ մենք տէրն ենք երկ­րի մը, որ աշ­խար­հի մէջ ա­ռա­ջին ան­գամ պե­տա­կա­նօ­րէն հաս­տա­տած է քրիս­տո­նէա­կան ար­ժէք­նե­րը, եւ Սրբա­զան Քա­հա­նա­յա­պե­տը բո­լո­րին ու­շադ­րու­թիւ­նը հրա­ւի­րեց այն հան­գա­ման­քին, թէ ար­դեօք մենք այ­սօր որ­քա­նո՞վ այդ ար­ժէք­նե­րու կրողն ենք: Սրբա­զան Պա­պին այ­ցե­լու­թիւ­նը ա­ռիթ մըն էր նաեւ զմեզ ինք­նաքն­նու­թեան են­թար­կե­լու եւ մե­զի հա­մար խոր­հե­լու եւ շատ մը հար­ցե­րու անդ­րա­դառ­նա­լու տե­սան­կիւ­նէն:

Բազ­մա­թիւ քննար­կում­նե­րու տե­ղի տուաւ Կա­թո­ղի­կէ Ե­կե­ղեց­ւոյ ա­ռաջ­նոր­դին կեան­քը եւ ան­զարդ ու ա­ռանց ցու­ցադ­րու­թիւն­նե­րու ապ­րե­լու ա­նոր վար­քը: Շա­տեր զար­մա­ցան, որ Ֆրան­սիս­քոս Ա. Սրբա­զան Պա­պը նա­խընտ­րած է «Ռե­նօ Լո­կան» մակ­նի­շի պարզ ինք­նա­շար­ժով շրջի­լը, մինչ Հա­յաս­տա­նի մէջ այդ ինք­նա­շար­ժը հիմ­նա­կա­նը որ­պէս թաք­սի կը գոր­ծա­ծուի: Ա­րա­րո­ղա­կար­գէն շե­ղե­լու եւ հաշ­ման­դամ ու հի­ւանդ մար­դոց մօ­տե­նա­լու ա­նոր ցան­կու­թիւ­նը, պարզ ու ան­մի­ջա­կան հա­ղոր­դակ­ցու­մը ա­նոնց հետ, նոյն­պէս հա­ճե­լի թուե­ցաւ հա­յաս­տան­ցի­նե­րուն: Մար­դիկ ան­գամ մը եւս հասկ­ցան, որ ան­պա­ճոյճ ապ­րե­լու եւ ժո­ղո­վուր­դին հետ ա­ռանց նա­խա­պայ­ման­նե­րու հա­ղոր­դա­կից դառ­նա­լու կեր­պը սի­րե­լի է բո­լո­րին, եւ այդ է, որ կը փնտռէ պարզ ժո­ղո­վուր­դը: Իր ողջ հա­սա­րա­կա­կան կեան­քի ըն­թաց­քին Ֆրան­սիս­քոս Սրբա­զան Պա­պը աչ­քի զար­կած է իր հա­մես­տու­թեամբ, մաս­նա­յա­տուկ նշա­նա­կու­թիւն տուած է Աս­տու­ծոյ ո­ղոր­մա­ծու­թեան, մտա­հո­գուած է աղ­քատ­նե­րով եւ այլ դա­ւա­նանք ու­նե­ցող ան­ձանց հան­դէպ իր հան­դուր­ժո­ղա­կան վե­րա­բեր­մուն­քով։ Զինք կը գնա­հա­տեն պա­պա­կան իշ­խա­նու­թեան հան­դէպ ու­նե­ցած հա­մեստ, քիչ պաշ­տօ­նա­կան վե­րա­բեր­մուն­քի հա­մար։ Օ­րի­նակ՝ ի տար­բե­րու­թիւն նախ­կին պա­պե­րու՝ ան նա­խընտ­րած է բնա­կիլ Վա­տի­կա­նի Domus Sanctae Marthae հիւ­րա­տու­նը եւ ոչ թէ՝ Վա­տի­կա­նի Ա­ռա­քե­լա­կան պա­լա­տի պա­պա­կան յար­կա­բաժ­նին մէջ։ Ան կը նա­խընտ­րէ ան­պա­ճոյճ ե­կե­ղե­ցա­կան հա­գուստ­ներ, իր ընտ­րու­թե­նէն յե­տոյ պա­պա­կան իշ­խա­նու­թեան խորհր­դա­նիշ հա­մա­րուող ոս­կեայ Ձկնոր­սի մա­տա­նիի փո­խա­րէն ընտ­րած է ար­ծա­թե­ղէն եւ պահ­պա­նած է նոյն լան­ջա­խա­չը, զոր կը կրէր կար­տի­նալ ե­ղած ժա­մա­նակ։ Ան միշտ կողմ­նա­կից ե­ղած է ե­կե­ղեց­ւոյ՝ բաց եւ հիւ­րըն­կալ ըլ­լա­լու գա­ղա­փա­րին եւ եր­բեք չէ ա­ջակ­ցած սան­ձար­ձակ բար­քե­րուն, մա­նա­ւանդ մեծ ա­ջակ­ցու­թիւն կը ցու­ցա­բե­րէ կեն­սո­լոր­տի փո­փո­խու­թեան դէմ ուղ­ղուած մի­ջո­ցա­ռում­նե­րուն, ո­րոնց ալ նուի­րուած է ա­նոր Laudato si’ («Գո­վեմ զՔեզ») շրջա­բե­րա­կա­նը:

Հա­կա­ռակ, որ Հա­յաս­տա­նի մէջ կա­թո­ղի­կէ հա­մայն­քը փոք­րա­թիւ է, սա­կայն Հռո­մի Սրբա­զան Պա­պի՝ Հա­յաս­տա­նի մէջ գտնուե­լու ե­րեք օ­րե­րուն ըն­թաց­քին, ողջ Հա­յաս­տա­նը ըն­դու­նեց զինք եւ ա­նուա­նեց մեր Պա­պը՝ զգա­լով աշ­խար­հի մէջ ա­նոր թէ՛ կրօ­նա­կան, թէ՛ քա­ղա­քա­կան, թէ՛ քա­ղա­քակր­թա­կան դե­րը:

Հա­յա­գէտ, Լե­զուա­բա­նա­կան հա­մալ­սա­րա­նի դա­սա­խօս Դա­ւիթ Կիւր­ճի­նեա­նի խօս­քով՝ Սրբա­զան Քա­հա­նա­յա­պե­տի հմայ­քի գաղտ­նի­քը պարզ մարդ­կա­յին քայ­լերն են՝ զօ­րակ­ցիլ կա­րի­քա­ւո­րին, վշտակ­ցիլ հի­ւան­դին, ա­ջակ­ցիլ աղ­քա­տին, խնդալ ման­կան հետ եւ ապ­րում­նե­րը զգալ հաշ­ման­դա­մին: «Ա­սոնք մարդ­կա­յին ու­ղերձ­ներ են, զորս որ­սա­ցին մեր հա­սա­րա­կու­թիւ­նը: Մենք եր­բե­ւէ ա­նոնց­մէ զուրկ չենք ե­ղած: Հա­զա­րա­մեակ­ներ շա­րու­նակ մեր բա­րո­յա­կան նկա­րագ­րին մէջ ե­ղած են այս սկզբունք­նե­րը, մեր ե­կե­ղե­ցին այդ մէ­կը միշտ քա­րո­զած է, բայց 21-րդ դա­րուն կը զգանք այս սկզբունք­նե­րու բա­ցա­կա­յու­թիւ­նը մեր մէջ: Մե­զի հա­մար այս այ­ցե­լու­թիւ­նը անհ­րա­ժեշտ էր նաեւ այս ա­ռու­մով՝ ա­ւե­լի բա­րի դարձ­նե­լու մեր ի­րա­կա­նու­թիւ­նը, ա­ւե­լի մարդ­կա­յին դարձ­նե­լու եւ հա­յեաց­քով շրջե­լու դէ­պի մարդն ու ա­նոր ներ­սը։

«Յոյս ու­նիմ, որ Սրբա­զան Պա­պին ձգած լոյ­սի եւ բա­րու­թեան բա­ժի­նը ան­հետ չի կոր­սուիր: Այն մար­դի­կը, ո­րոնք պի­տի չփո­խուին, չեն ալ փո­խուիր, կը փո­խուին ա­նոնք միայն, ո­րոնք ու­նակ են զգա­լու եւ առ­նե­լու այդ լոյ­սը»: Յար­գար­ժան մտա­ւո­րա­կա­նի այս խօս­քե­րը տա­րա­ծուե­ցաւ մա­մու­լին մէջ՝ իբ­րեւ լա­ւա­գոյն բնո­րո­շում­նե­րէն մէ­կը Սրբա­զան Պա­պի այ­ցե­լու­թեան գնա­հա­տան­քի:

ԽՈՐՀՐ­ԴԱՆ­ՇԱ­ԿԱՆ ՆՈՒԷՐ­ՆԵՐ

«Զուարթ­նոց»  օ­դա­կա­յա­նին մէջ, երբ Հռո­մի Սրբա­զան Պա­պը պե­տա­կան ու պաշ­տօ­նա­կան պա­տուի­րա­կու­թեան հետ դի­մա­ւո­րե­ցին նաեւ փոք­րիկ Ա­նին եւ Ռո­պեր­թը եւ Հռո­մի Պա­պին հայ­կա­կան ծի­րան հիւ­րա­սի­րե­ցին, Պա­պը ա­նոնց խորհր­դան­շա­կան խա­չեր նուի­րեց: Ա­ւե­լի ուշ՝ Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նին եւ իր այ­ցե­լու­թեան միւս վայ­րե­րուն մէջ Հռո­մի Ֆրան­սիս­քոս Ա. Սրբա­զան Պա­պը ինք ստա­ցաւ նուէր­ներ, ո­րոնք բո­լորն ալ խորհր­դան­շա­կան ի­մաստ ու­նէին: Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի մէջ Հռո­մի Պա­պը նուէր ստա­ցաւ ե­րի­տա­սարդ քան­դա­կա­գործ՝ Է­տուարտ Տէր-Ղա­զա­րեա­նի ձեռ­քով պատ­րաս­տուած ման­րա­քան­դակ մը, ո­րուն խո­շո­րա­ցոյ­ցով նա­յե­լու պա­րա­գա­յին կ՚ե­րե­ւի Հռո­մի Սրբա­զան Պա­պի՝ աշ­խար­հի ա­մե­նէն պզտիկ դի­ման­կա­րը, որ կա­տա­րուած է 1 մի­լի­մեթր­նոց սա­թի վրայ: Ման­րա­քան­դա­կա­գոր­ծու­թեան այս ժան­րը Է­տուարտ Տէր-Ղա­զա­րեան ժա­ռան­գած է իր մեծ­հօր­մէն՝ Հա­յաս­տա­նի ժո­ղովր­դա­կան վար­պետ, քան­դա­կա­գործ Է­տուարտ Տէր-Ղա­զա­րեա­նէն, ո­րուն ման­րա­քան­դակ­նե­րը՝ ա­սե­ղի անց­քին մէջ, մա­զի վրայ եւ ա­ւե­լի մանր ու բա­րակ տա­րածք­նե­րու վրայ, պտը­տած են ողջ աշ­խար­հը եւ հիաց­մունք պատ­ճա­ռած՝ բազ­մա­հա­զար հան­դի­սա­կան­նե­րու: Է­տուարտ Տէր-Ղա­զա­րեան կրտսե­րը մեծ­հօր­մէն ժա­ռան­գած է ո՛չ միայն ա­նոր ա­նու­նը, այլ նաեւ՝ գոր­ծը: Այ­սօր ինք կը զբա­ղի քան­դա­կա­գոր­ծու­թեան իւ­րա­յա­տուկ այս տե­սա­կով, կրկին հիաց­նե­լով ա­րուես­տա­սէր­նե­րը: Նոյն կեր­պով ան հիաց­մունք պատ­ճա­ռեց նաեւ Հռո­մի Սրբա­զան Պա­պին, որ նուէր ստա­նա­լով աշ­խար­հի մէջ իր ա­մե­նէն պզտիկ ման­րա­քան­դա­կը եւ խո­շո­րա­ցոյ­ցի մի­ջո­ցաւ նշմա­րե­լով իր դէմ­քը՝ ի­րեն յա­տուկ ան­մի­ջա­կան ծի­ծա­ղով մը ար­ձա­գան­գեց իր հիա­ցու­մը: Մինչ այդ, Վա­տի­կա­նի քար­տու­ղար՝ Մոն­սե­նիէօր Ֆե­տե­րի­քօ Լոմ­պար­տի լրագ­րող­նե­րուն ար­դէն յայտ­նած էր այս իւ­րա­յա­տուկ նուէ­րին մա­սին, ը­սե­լով, որ Հա­յաս­տա­նէն Հռո­մի Պա­պը կարգ մը ինք­նա­տիպ նուէր­նե­րու կար­գին նաեւ իր հետ Վա­տի­կան պի­տի տա­նի այս ման­րա­քան­դա­կը:

Կիւմ­րիի մէջ Հռո­մի Սրբա­զան Պա­պին տրուած նուէր­նե­րու կար­գին յատ­կան­շա­կան էր հայ­րե­նի տա­ղան­դա­ւոր քան­դա­կա­գործ Գա­գիկ Գէոր­գեա­նի մէկ գոր­ծը: ԺԱ­ՄԱ­ՆԱԿ իր անց­նող թի­ւե­րուն մէջ անդ­րա­դար­ձած է այս ինք­նա­տիպ քան­դա­կա­գոր­ծին: Ան ե­րի­տա­սարդ ու մե­կու­սի կեան­քով ապ­րող ա­րուես­տա­գէտ մըն է, ո­րու գոր­ծե­րը կրկին հիաց­մունք պատ­ճա­ռած են շա­տե­րու, ո­րոնց կար­գին նաեւ՝ Կիւմ­րիի Ա­նա­րատ Յղու­թեան Հայ քոյ­րե­րու միա­բա­նու­թեան ան­դամ­նե­րուն, ո­րոնք Գա­գիկ Գէոր­գեա­նին պա­տուի­րած են գործ մը, զոր պի­տի նուի­րէին Հռո­մի Պա­պին: Քան­դա­կա­գոր­ծը յղա­ցած է «Որ­բե­րը» խո­րագ­րեալ քան­դա­կը՝ ի մտի ու­նե­նա­լով, որ Հռո­մի Սրբա­զան Պա­պը կե­ցած է որ­բե­րու, լքուած­նե­րու կող­քին եւ քան­դա­կը կը խորհր­դան­շէ իր գոր­ծու­նէու­թեան մէկ մա­սը: Եր­կու որ­բեր՝ քոյր եւ եղ­բայր, ի­րա­րու նե­ցուկ, կը պայ­քա­րին կեան­քի դժուա­րու­թիւն­նե­րուն դէմ եւ ինչ­պէս խորհր­դան­շա­կա­նօ­րէն պատ­կե­րած է քան­դա­կա­գոր­ծը, ա­նոնք ընկ­ճուած չեն, այլ պատ­րաստ են ապ­րե­լու: Հռո­մի Ֆրան­սիս­քոս Ա. Սրբա­զան Պա­պը իր հետ Վա­տի­կան տա­րած է Գա­գիկ Գէոր­գեա­նի այս գոր­ծը: Քան­դա­կա­գոր­ծը հպարտ է, որ այլ ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն­նե­րու կող­քին իր այս ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւ­նը նոյն­պէս կը հա­մալ­րէ Հռո­մի Պա­պի հա­ւա­քա­ծոն:

Նոյն Կիւմ­րիի մէջ, Վար­դա­նանց հրա­պա­րա­կը Հռո­մի Ֆրան­սիս­քոս Ա. Սրբա­զան Պա­պի մա­տու­ցած Ս. ­Պա­տա­րա­գի ժա­մա­նակ ան կը կրէր ինք­նա­տիպ ա­սեղ­նա­գոր­ծու­թեամբ հա­գուստ մը եւ նոյն­պէս ձե­ռա­գործ աշ­խա­տան­քով խոյր մը: Ա­տոնք Հա­յաս­տա­նի մէջ գոր­ծող «Տէ­րեան» մշա­կու­թա­յին կեդ­րո­նի տա­րա­զա­բան­նե­րու ձեռ­քի աշ­խա­տանքն են։ Ա­նոնք յատ­կա­պէս պատ­րաս­տուած են Հռո­մի Պա­պին հա­մար: Կեդ­րո­նի աշ­խա­տա­կից­նե­րը եր­կար ու­սում­նա­սի­րած են Հռո­մի Սրբա­զան Պա­պին կրած հա­գուստ­նե­րը, ա­նոր ապ­րած կեան­քը, որ­պէս­զի ի­մա­նան, թէ հայ­կա­կան ա­սեղ­նա­գոր­ծու­թե­նէն ո՛ր նախ­շե­րը ընտ­րեն, ո­րով­հե­տեւ, Հռո­մի Սրբա­զան Պա­պը պճնա­սէր չէ եւ դժուար էր ընտ­րել ո­րե­ւէ նախշ մը, որ­պէս­զի ակ­նա­ռու չըլ­լար: Եր­կար ու­սում­նա­սի­րու­թիւն­նե­րէ յե­տոյ Սրբա­զան Քա­հա­նա­յա­պե­տին հա­մար կա­րուած է զգեստ մը, ո­րու դի­մա­ցի մա­սը եւ կռնա­կին վրայ աշ­խա­տուած է ծաղ­կած խաչ: Խա­չը ստեղ­ծուած է հայ­կա­կան ման­րան­կար­չա­կան նախ­շե­րու մշա­կում­նե­րով: Ետ­նա­մա­սին՝ զգես­տի ա­մե­նէն վա­րի մա­սը զե­տե­ղուած էր իր ա­նուան սկզբնա­տա­ռե­րը: Շա­պի­կի ներ­քե­ւի մա­սը նկա­տե­լի էին ա­սեղ­նա­գոր­ծուած ցո­րեն­նե­րը, իսկ ամ­բողջ հա­գուս­տի վեր­նա­մա­սի կտո­րը ու­ղար­կուած էր Վա­տի­կա­նէն, քա­նի որ ինչ­պէս հայ մաս­նա­գէտ­նե­րը խոս­տո­վա­նած են, Հա­յաս­տա­նի մէջ նման բարձր ո­րա­կի մե­տաքս, ո­րուն մէջ ոս­կե­գոյն կա­րեր ըլ­լա­յին, դժուար էր գտնել: Իսկ Հռո­մի Սրբա­զան Պա­պի խոյ­րը զար­դա­րուած է Մա­րա­շի ա­սեղ­նա­գոր­ծու­թեան նմոյշ­նե­րով: Եւ ա­մե­նէն զար­մա­նա­լին այն է, որ այդ ամ­բող­ջը պատ­րաս­տած են եր­կու հայ վար­պետ՝ տասն օ­րուայ ըն­թաց­քին: Հռո­մի Սրբա­զան Պա­պը աշ­խար­հով մէկ ցու­ցադ­րեց հայ վար­պետ­նե­րու ձեռ­քի գոր­ծը։ Ա­ւե­լի՛ն, ան իր հետ Վա­տի­կան տա­րած է հայ­կա­կան ա­սեղ­նա­գոր­ծու­թեան անկրկ­նե­լի զար­դա­նախ­շե­րը կրող հա­գուստն ու խոյ­րը:

Սրբա­զան Քա­հա­նա­յա­պե­տը Հա­յաս­տա­նէն հե­ռա­ցաւ՝ իր հետ տա­նե­լով նաեւ Նո­յեան տա­պա­նի ման­րա­կեր­տը, ո­րու մէջ աշ­խար­հի զա­նա­զան եր­կիր­նե­րէ ե­կած հա­յոր­դի­ներ ի­րենց հետ բե­րած մէ­կա­կան ափ հող ա­ւել­ցու­ցած են: Ա­մե­նայն Հա­յոց Տ.Տ. Գա­րե­գին Բ. Կա­թո­ղի­կո­սը եւ Հռո­մի Ֆրան­սիս­քոս Ա. Սրբա­զան Պա­պը Քիւ­թա­հիա­յի ձե­ռա­գործ յախ­ճա­պա­կեայ կու­ժե­րու նմա­նօ­րի­նա­կով ջրե­ցին այդ հո­ղը, որ­պէս­զի այն­տեղ դրուի հայ­կա­կան խա­ղո­ղի որ­թա­տուն­կը: Նո­յեան տա­պա­նի ման­րա­կեր­տը, որ մարդ­կու­թեան փրկու­թեան խորհր­դա­նիշն է, հայ­կա­կան հո­ղի եւ խա­ղո­ղի հա­մադր­մամբ Հռո­մի Սրբա­զան Պա­պի հետ ճամ­բոր­դեց աշ­խար­հի կա­րե­ւոր կեդ­րոն­նե­րէն մին՝ Վա­տի­կան:

Իսկ ա­մե­նէն կա­րե­ւո­րը, որ Հռո­մի Պա­պը տա­րաւ Հա­յաս­տա­նէն, ոչ միայն հա­յաս­տան­ցի­նե­րու, այլ հա­մայն հա­յու­թեան ան­սահ­ման սէրն էր ա­նոր հան­դէպ, որ լիու­լի ցու­ցա­բե­րուե­ցաւ ե­րեք օ­րե­րու ըն­թաց­քին՝ Հա­յաս­տան ժա­մա­նած բազ­մա­թիւ ուխ­տա­ւոր­նե­րու եւ հա­յաս­տա­նաբ­նակ ժո­ղո­վուր­դի, հո­գե­ւոր եւ պե­տա­կան իշ­խա­նու­թեան կող­մէ:

 ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Հինգշաբթի, Յունիս 30, 2016