ՀԱՅԱՍՏԱՆ ՑԱՒԱԿԻՑ ԹՈՒՐՔԻՈՅ

Իս­թան­պու­լի մէջ պա­տա­հած ա­հա­բեկ­չա­կան դէպ­քին ար­ձա­գանգ­նե­րը կը շա­րու­նա­կուին ամ­բողջ աշ­խար­հի մէջ։ Ե­րէկ կէ­սօ­րուան ժա­մե­րուն պաշ­տօ­նա­պէս հա­ղոր­դուե­ցաւ, թէ զո­հե­րուն թի­ւը բարձ­րա­ցած է 41-ի։

Հա­յաս­տա­նի ղե­կա­վա­րու­թիւ­նը ե­րէկ պաշ­տօ­նա­պէս այս ա­հա­բեկ­չա­կան ա­րար­քին կա­պակ­ցու­թեամբ վշտակ­ցե­ցաւ Թուր­քիոյ։ Այս­պէս, Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Րէ­ճէպ Թայ­յիպ Էր­տո­ղան ցա­ւակ­ցա­կան մը ստա­ցաւ իր հայ պաշ­տօ­նակ­ցին՝ Սերժ Սարգ­ըս-եա­նի կող­մէ։ Սոյն հե­ռագ­րին մէջ Սերժ Սարգ­սեան խստօ­րէն դա­տա­պար­տեց Իս­թան­պու­լի մէջ պա­տա­հած ա­հա­բեկ­չա­կան գոր­ծո­ղու­թիւ­նը, խո­րին ցա­ւակ­ցու­թիւն յայտ­նեց զո­հե­րու հա­րա­զատ­նե­րուն, իսկ վի­րա­ւոր­նե­րուն մաղ­թեց շու­տա­փոյթ ա­պա­քի­նում։

Միւս կող­մէ, Հա­յաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թիւնն ալ Իս­թան­պու­լի ա­հա­բեկ­չա­կան դէպ­քին շուրջ հան­դէս ե­կաւ յայ­տա­րա­րու­թիւ­նով մը ու դա­տա­պար­տեց պա­տա­հա­ծը։ Յայ­տա­րա­րու­թեան մէջ ցա­ւակ­ցու­թիւն յայտ­նուե­ցաւ զո­հե­րու ըն­տա­նիք­նե­րուն։

Հինգշաբթի, Յունիս 30, 2016