ԿԱՄՔ ՄԻԱՍՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ

Սուրբ Փրկիչ Ազ­գա­յին հի­ւան­դա­նո­ցի մէջ ե­րէկ ե­րե­կո­յեան սար­քուե­ցաւ իֆ­թա­րի սե­ղան մը, ո­րու պա­տուոյ հիւրն էր Փոխ-վար­չա­պետ Վէյ­սի Քայ­նաք։ Ինչ­պէս ծա­նօթ է, վեր­ջին տա­րի­նե­րուն ձե­ւա­ւո­րուած նա­խըն­թա­ցով՝ իս­լա­մաց Ռա­մա­զա­նի շրջա­նին Թուր­քիոյ ոչ-իս­լամ փոք­րա­մաս­նա­կան հա­մայնք­նե­րուն ա­նու­նով իֆ­թա­րի սե­ղան մը կը սար­քուի՝ կա­ռա­վա­րա­կան, քա­ղա­քա­կան, դի­ւա­նա­գի­տա­կան ու հա­սա­րա­կա­կան շրջա­նակ­նե­րէ ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն հա­մար։ Հա­մայնք­նե­րը հեր­թով կը ստանձ­նեն սոյն ընթ­րի­քը կազ­մա­կեր­պե­լու պա­տաս­խա­նա­տուու­թիւ­նը։ Այս տա­րի այդ հեր­թը մեր հա­մայն­քինն էր։ Ուս­տի, Սուրբ Փրկիչ Ազ­գա­յին հի­ւան­դա­նո­ցի հա­մա­լի­րէն ներս կազ­մա­կեր­պուե­ցաւ իֆ­թա­րը, ո­րու ըն­թաց­քին ստեղ­ծուե­ցաւ ջերմ մթնո­լորտ։ Թէեւ նա­խա­տե­սուած էր բազ­մա­կող­մա­նի յայ­տա­գիր մը, սա­կայն Ե­շիլ­գիւ­ղի «Ա­թա­թիւրք» օ­դա­կա­յա­նին մէջ պա­տա­հած ա­հա­բեկ­չա­կան պայ­թու­մին հե­տե­ւան­քով ստեղ­ծուած մթնո­լոր­տը ո­րոշ չա­փով ստուեր ա­ծեց այս հա­ւա­քոյ­թի ո­գե­ւո­րու­թեան վրայ։ Ա­ռա­ւել չա­փով յու­զում­նա­խառն զգա­ցում­նե­րով բո­լո­րը մաս­նակ­ցե­ցան այս հա­ւա­քոյ­թին։

Իֆ­թա­րի պա­տուոյ հիւրն էր Վէյ­սի Քայ­նաք, որ ներ­կայ կա­ռա­վա­րու­թեան մէջ ստանձ­նած է վա­քըֆ­նե­րու պա­տաս­խա­նա­տուու­թիւ­նը։ Ներ­կայ էին նաեւ ե­րես­փո­խան­ներ՝ Մար­գար Է­սաեան եւ Սե­լի­նա Տո­ղան, Վա­քըֆ­նե­րու ընդ­հա­նուր տնօ­րէն Ատ­նան Էր­թէմ, նախ­կին նա­խա­րար­ներ, տե­ղա­կան ինք­նա­կա­ռա­վար­ման մար­մին­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ, հա­սա­րա­կա­կան գոր­ծիչ­ներ եւ հիւ­րեր։ Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեա­նի գլխա­ւո­րու­թեամբ իֆ­թա­րի սե­ղա­նին մաս­նակ­ցու­թիւն բե­րին նաեւ Թուր­քիոյ ոչ-իս­լամ փոք­րա­մաս­նա­կան հա­մայնք­նե­րու հո­գե­ւոր ա­ռաջ­նորդ­նե­րը կամ ա­նոնց ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը։

Իբ­րեւ հիւ­րըն­կալ հաս­տա­տու­թեան ղե­կա­վար՝ Սուրբ Փրկիչ Ազ­գա­յին հի­ւան­դա­նո­ցի հո­գա­բար­ձու­թեան ա­տե­նա­պետ Պետ­րոս Շի­րի­նօղ­լու ե­րե­կոյ­թի ըն­թաց­քին հան­դէս ե­կաւ ող­ջոյ­նի խօս­քով մը։ Վա­քըֆ­նե­րու խոր­հուր­դի մօտ փոք­րա­մաս­նու­թեանց ներ­կա­յա­ցու­ցիչ Թո­րոս Ալ­ճանն ալ ու­նե­ցաւ ե­լոյթ մը։

Իր կար­գին, Վէյ­սի Քայ­նաք փոք­րա­մաս­նա­կան հա­մայնք­նե­րուն փո­խան­ցեց Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Րէ­ճէպ Թայ­յիպ Էր­տո­ղա­նի եւ Վար­չա­պետ Պի­նա­լի Եըլ­տը­րը­մի ող­ջոյն­նե­րը։ Ան յայտ­նեց, թէ Ռա­մա­զա­նի շրջա­նին մահ­մե­տա­կան հա­ւա­տա­ցեալ­նե­րը կ՚ա­ղօ­թեն ոչ միայն իս­լա­մաց, այլ՝ բո­լոր մարդ­կու­թեան բա­րօ­րու­թեան հա­մար։ Վէյ­սի Քայ­նաք ընդգ­ծեց Թուր­քիոյ մէջ ստեղ­ծուած միաս­նա­բար եր­ջա­նիկ ապ­րե­լու մթնո­լոր­տը եւ ար­տա­յայ­տուե­ցաւ խտրա­կա­նու­թիւն­նե­րու դէմ։ Ըստ ի­րեն, սա է Ռա­մա­զա­նի շրջա­նի պատ­գա­մը, ո­րու ծի­րէն դուրս կը մնայ ա­հա­բեկ­չու­թիւ­նը, որ տգեղ է իր բո­լոր ե­րե­սակ­նե­րով եւ չու­նի նուի­րա­կա­նու­թեան սահ­մա­նում։ Նա­խա­րա­րին խօս­քե­րով, «Ի­րաք-Շա­մի իս­լա­մա­կան պե­տու­թիւն» ա­հա­բեկ­չա­կան խմբա­ւո­րու­մը ո­րե­ւէ կապ չու­նի իս­լա­մի հետ, ո­րով­հե­տեւ ան գոր­ծա­կա­տար կազ­մա­կեր­պու­թիւն մըն է եւ աշ­խար­հի շուրջ հա­րիւր եր­կիր­նե­րէն ա­հա­բե­կիչ­ներ կը գտնուին ա­նոր շար­քե­րուն մէջ։ Փոխ-վար­չա­պե­տը ցա­ւով մատ­նան­շեց, թէ Ի­րաքն ու Սու­րիան վե­րա­ձե­ւա­ւո­րե­լու հա­մար ո­մանց կող­մէ կ՚օգ­տա­գոր­ծուի այս ա­հա­բեկ­չա­կան կազ­մա­կեր­պու­թիւ­նը։ Հե­տե­ւա­բար, Թուր­քիոյ դաշ­նա­կից­նե­րը պէտք է ա­ռանց խտրա­կա­նու­թեան պայ­քա­րին բո­լոր ա­հա­բեկ­չա­կան կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րուն դէմ, ո­րոնց ա­րարք­նե­րը ա­նըն­դու­նե­լի են։

Մար­դու ի­րա­ւանց, ա­զա­տու­թիւն­նե­րու եւ ժո­ղովր­դա­վա­րու­թեան ար­ժէք­նե­րը շեշ­տադ­րե­լով՝ Վէյ­սի Քայ­նաք անդ­րա­դար­ձաւ նաեւ գաղ­թա­կան­նե­րու խնդրին եւ ար­տա­յայ­տուե­ցաւ ա­նոնց հան­դէպ առ­կայ ան­տար­բե­րու­թեան դէմ։ Թուր­քիա ցարդ 11 մի­լիառ ա­մե­րի­կեան տո­լար ծախ­սած է իր տա­րած­քէն ներս ա­պաս­տան գտած գաղ­թա­կան­նե­րուն հա­մար։ Եր­կի­րը որ­դեգ­րած է բաց դրան քա­ղա­քա­կա­նու­թիւն մը, որ­մէ մար­դիկ կ՚օգ­տուին ա­ռանց խտրա­կա­նու­թեան։ Քայ­նաք յի­շե­ցուց նաեւ, թէ ա­նոնց շար­քին կը գտնուին հայ գաղ­թա­կան­ներ։ Իր բնո­րոշ­մամբ, Ա­նա­տո­լուն խա­ղա­ղու­թեան հա­սա­րա­կաց հայ­րե­նիք մըն է ու վա­ղուց մօր մը գրկին նման բաց ե­ղած է այն բո­լոր տա­ռա­պեալ­նե­րուն հա­մար, ո­րոնք ա­պաս­տա­նա­րան մը կը փնտռեն։

Ըստ Վէյ­սի Քայ­նա­քի սա բա­րո­յա­կան հաս­կա­ցու­թիւն մը ե­ղած է եւ այդ բա­րո­յա­կան հաս­կա­ցու­թեան դրսե­ւո­րում­նե­րէն մին է նաեւ «վա­քըֆ­նե­րու քա­ղա­քակր­թու­թիւ­նը»։ Վէյ­սի Քայ­նաք լա­ւա­գոյն օ­րի­նակ­նե­րու շար­քին թուար­կեց Սուրբ Փրկիչ Ազ­գա­յին հի­ւան­դա­նո­ցը եւ ա­ւել­ցուց, թէ փոք­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րը կը հան­դի­սա­նան երկ­րի իս­կա­կան, հա­րա­զատ տար­րե­րը։ Միեւ­նոյն ժա­մա­նակ փոխ-վար­չա­պե­տը շեշ­տեց, թէ ի­րա­կա­նու­թեան մէջ ինք հա­կուած չէ փոք­րա­մաս­նու­թեան հան­գա­ման­քը շեշ­տադ­րե­լու, սա­կայն ոչ-իս­լամ հա­մայնք­նե­րու հաս­տա­տու­թիւն­նե­րուն կար­գա­վի­ճա­կը բնո­րո­շե­լու տե­սան­կիւ­նէն այդ բա­ռին օգ­տա­գոր­ծու­մը կը կա­տա­րուի՝ ա­ռա­ւել չա­փով ի­րա­ւա­կան կար­գա­վի­ճա­կի մը ակ­նար­կու­թեամբ։ Վէյ­սի Քայ­նաք մատ­նան­շեց նաեւ, թէ այդ հա­մայնք­նե­րը պէտք է ա­զա­տօ­րէն օգ­տա­գոր­ծեն ի­րենց ի­րա­ւունք­նե­րը։

Իր ե­լոյ­թի եզ­րա­փա­կիչ բաժ­նին մէջ Վէյ­սի Քայ­նաք վեր­յի­շեց Սուրբ Փրկիչ Ազ­գա­յին հի­ւան­դա­նոց կա­տա­րած նա­խորդ այ­ցե­լու­թիւ­նը, փո­խան­ցեց դրա­կան տպա­ւո­րու­թիւն­նե­րը ու մաղ­թեց, որ ա­ռիթ­ներ ներ­կա­յա­նան ա­ւե­լի յա­ճա­խա­կի այ­ցե­լու­թիւն­նե­րու հա­մար։

Իֆ­թա­րի սե­ղա­նը ա­ւար­տին հա­սաւ զա­նա­զան հո­գե­ւո­րա­կան­նե­րու կող­մէ կա­տա­րուած գո­հա­բա­նա­կան ա­ղօթ­քով։ Որ­պէս Հայ Ե­կե­ղեց­ւոյ ներ­կա­յա­ցու­ցիչ՝ Տ. Շիր­վան Քհնյ. Միւր­զեան եւս այս շրջագ­ծով ար­տա­սա­նեց ա­ղօթք մը։

Հարկ է նշել, որ Հա­մայն­քա­յին վա­քըֆ­նե­րու հար­թա­կի (VADİP) հա­մա­կարգ­ման խոր­հուր­դի ջան­քե­րուն եւ Սուրբ Փրկիչ Ազ­գա­յին հի­ւան­դա­նո­ցի հո­գա­բար­ձու­թեան հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան շնոր­հիւ մեր հա­մայն­քը ե­րէ­կուան հա­ւա­քոյ­թը կազ­մա­կեր­պեց պատ­շաճ մա­կար­դա­կով։ Այս շրջագ­ծով լուրջ պա­տաս­խա­նա­տուու­թիւն ստանձ­նած էին ըստ էու­թեան ե­րեք ա­նուն­ներ՝ Պետ­րոս Շի­րի­նօղ­լու, Թո­րոս Ալ­ճան եւ Յա­րու­թիւն Շան­լը։

Բո­լոր ներ­կա­նե­րը հրա­ժեշտ ա­ռին ջեր­մօ­րէն տպա­ւո­րուած եւ իս­լա­մա­կան աշ­խար­հի մօ­տա­լուտ Ռա­մա­զա­նի տօ­նին առ­թիւ փո­խա­նա­կե­լով բա­րե­մաղ­թու­թիւն­ներ։   

Ստորեւ կը ներկայացնենք Սուրբ Փրկիչ Ազ­գա­յին հի­ւան­դա­նո­ցի հոգաբարձութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլուի երէկուան խօսքին բնագիրը։

Sayın Başbakan Yardımcımız,
Sayın Milletvekillerimiz,
Sayın Vakıflar Genel Müdürümüz,
Saygıdeğer Konuklar ve
Pek Muhterem Dostlar,

Öncelikle dün akşam İstanbul'da yaşanan menfur terör saldırısını kınayarak sözlerime başlamak isterim. Terörün tüm kurbanlarının acısını paylaşıyoruz ve milletimize başsağlığı diliyoruz.

İslam dünyasının kutsal Ramazan ayının bu güzel akşamında, İstanbulumuz'un en köklü ve müstesna hayır kurumlarından Surp Pırgiç Ermeni Hastanemiz bünyesinde sizleri ağırlamaktan kıvanç duymaktayız. Hepinizi sevgiyle selamlıyoruz. Hoş geldiniz...

Ülkemizin zengin tarihsel dokusu çağlardan beri dini günlerimizin, yortularımızın iç içe kutlanmasına olanak yaratmış, hepimize birbirimizin sevinç ve kederini paylaşmayı öğretmiştir. Tüm bunlara devamen, bir arada yaşama geleneğimiz, hoşgörü anlayışımız AK Parti iktidarı yıllarında yeni bir boyut kazanmıştır. Demokrasimizin yakaladığı ivmeye koşut olarak, Sayın Cumhurbaşkanımız Recep Tayyip Erdoğan Beyefendi'nin liderlik ve vizyonları sayesinde, ülkemizdeki gayrimüslim azınlıkların yaşamında köklü değişimler gerçekleşmiştir. Yapılan reformlar, toplumumuzun her kesiminin olduğu gibi, bizlerin de 2023 hedeflerine şevkle

odaklanmasını sağlamaktadır.

Gayrimüslim azınlık cemaatlerimiz tarafından, son yıllarda Ramazan ayında Hükümetimiz erkanı, Vakıflar Genel Müdürlüğü üst yönetimi ve bürokrasi çevrelerimiz için düzenlenen ve artık gelenekselleşen iftar sofraları da ülkemizin mevcut olumlu ikliminde özel anlamını bulmaktadır.

Adalet Bakanı Yardımcısı oldukları dönemde, hatırlayacağınız gibi, Sayın Veysi Kaynak Beyefendi'yi Vakfımız bünyesinde ağırlama onurunu yaşamıştık. Kendileriyle eskiye dayanan dostluğumuz, Vakıflardan sorumlu Başbakan Yardımcısı olarak göreve başlamaları vesilesiyle sevincimizi katlamıştır. Sayın Bakanım, bugün Zatı Alileriniz'i bu abidevi Vakfın bünyesinde, bu kez çok daha geniş yelpazeye yayılmış bir etkinlikte ağırlamanın kıvancını yaşıyoruz. Birikiminizi gayrimüslim azınlık cemaatlerimizin sorunlarının çözümü için seferber edeceğinize olan inancımız tamdır. Size sonsuz başarılar ve kalıcı sonuçlar doğuracak bir hizmet dönemi dileriz.

Birlik ve beraberlik ortamında, yaklaşan Ramazan Bayramı'nın ülkemize barış, huzur, kardeşlik, güven ve istikrar getirmesini umut ederken, hepinizi bir kez daha en içten duygularımızla selamlıyoruz.

Հինգշաբթի, Յունիս 30, 2016