ԼԵՌՆԱՅԻՆ ՂԱՐԱԲԱՂԻ ՀԻՄՆԱՀԱՐՑԻ ԱՊԱԳԱՆ ԱՂՕՏ

Ա­մե­րի­կա­յի Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու Ազ­գա­յին հե­տա­խու­զու­թեան ծա­ռա­յու­թեան տնօ­րէն Ճէյմս Քլա­փէր յայտ­նեց, թէ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հա­կա­մար­տու­թեան կար­գա­ւոր­ման հե­ռան­կա­րը ա­ղօտ է։ «Ա­զա­տու­թիւն» ռա­տիօ­կա­յա­նի հա­ղոր­դում­նե­րով, Ճէյմս Քլա­փէր նա­խըն­թաց օր ե­լոյթ մը ու­նե­ցաւ ԱՄՆ-ի Ծե­րա­կոյ­տի պաշտ­պա­նու­թեան հար­ցե­րով յանձ­նա­ժո­ղո­վի լսում­նե­րուն շրջագ­ծով։ Տա­րե­կան այս լսում­նե­րուն ժա­մա­նակ ԱՄՆ-ի յա­տուկ ծա­ռա­յու­թիւն­նե­րու ղե­կա­վար­նե­րը կը ներ­կա­յաց­նեն հա­մաշ­խար­հա­յին սպառ­նա­լիք­ներն ու ԱՄՆ-ի ազ­գա­յին շա­հե­րու վտանգ­նե­րը։

Քլա­փէր մատ­նան­շեց, որ հայ եւ ա­զէ­րի զի­նեալ ու­ժե­րու հա­կա­մար­տու­թեան գծին վրայ 2014 թուա­կա­նին ար­ձա­նագրուած է հրա­դա­դա­րի խախ­տում­նե­րու եւ զո­հե­րու թի­ւի աճ։ Ըստ ի­րեն, լա­րուա­ծու­թեան սրա­ցու­մը կը վկա­յէ, որ հա­կա­մարտ զի­նեալ ու­ժե­րու՝ ի­րա­րու այդ­քան մօտ գտնուի­լը կրնայ ոչ-դի­տա­ւո­րեալ կամ սխալ­նե­րու պատ­ճա­ռով պա­րու­նա­կել լա­րուա­ծու­թեան հա­ւա­նա­կան վտանգ­ներ։

Վրաս­տա­նի կա­պակ­ցու­թեամբ Քլա­փէր նշեց, որ Թիֆ­լի­զի եւ Մոս­կուա­յի մի­ջեւ վի­ճա­բա­նու­թեան ա­ռանց­քա­յին հար­ցե­րուն շուրջ դժուար թէ տե­ղի ու­նե­նայ յա­ռա­ջըն­թաց մը, նե­րա­ռեալ Վրաս­տա­նի ՆԱ­ԹՕ-ի ան­դա­մակ­ցու­թեան ձգտում­ներն ու բռնագ­րա­ւեալ տա­րածք­նե­րու՝ Աբ­խա­զիոյ եւ Հա­րա­ւա­յին Օ­սե­թիոյ կար­գա­վի­ճա­կի հար­ցե­րուն մէջ։ Իր կան­խա­տե­սում­նե­րով Վրաս­տա­նի եւ Ռու­սաս­տա­նի մի­ջեւ լա­րուա­ծու­թիւ­նը պի­տի մնայ բարձր մա­կար­դա­կի վրայ։ Ան հա­մո­զուած է, թէ Մոս­կուա պի­տի շա­րու­նա­կէ ճն-շում­ներ գոր­ծադ­րել Թիֆ­լի­զի վրայ, որ­պէս­զի ան հրա­ժա­րի ՆԱ­ԹՕ-ի եւ Եւ­րո­միու­թեան հետ սերտ կա­պե­րէ։

Անդ­րա­դառ­նա­լով Ուք­րայ­նոյ ճգնա­ժա­մին՝ Ճէյմս Քլա­փէր յայտ­նեց, որ ի­րենց կան­խա­տե­սում­նե­րով ռու­սա­մէտ ան­ջա­տո­ղա­կան­նե­րը յա­ռա­ջի­կայ գար­նան պի­տի յար­ձա­կին Ուք­րայ­նոյ Մա­րիու­փոլ քա­ղա­քին վրայ։ Քլա­փէ­րի կան­խա­տե­սում­նե­րով, Ռու­սաս­տա­նի Նա­խա­գահ Վլա­տի­միր Փու­թին նպա­տակ չու­նի ամ­բողջ Ուք­րայ­նան գրա­ւե­լու, բայց պի­տի փա­փա­քի ցա­մա­քա­յին գօ­տի մը ստեղ­ծել իր երկ­րին եւ Խրի­մի մի­ջեւ, որ ա­ւե­լի ա­ռաջ կցուած էր Ռու­սաս­տա­նին։

Երկուշաբթի, Մարտ 9, 2015