ՖՐԱՆՍԱՅԻ ՄԷՋ ՆՈՐ ԲԱՆԱՁԵՒ
Ֆրանսայի մէջ հերթական անգամ շրջանառութեան մէջ կը դրուի հայկական հարցին վերաբերեալ նախագիծ մը։ Վերջին օրերուն Ֆրանսայի կառավարութիւնը ներկայացուց օրէնքի բանաձեւ մը, որ կը վերաբերի ցեղասպանութեան վերաբերեալ հայոց տեսակէտներու ժխտման քրէականացման։ Ֆրանսահայ աղբիւրներու հաղորդումներուն հիման վրայ «Արմէնփրէս» գործակալութիւնը տեղեկացուց, որ այս նախագծին բնագիրը կը համապատասխանէ Հաւասարութեան եւ քաղաքացիութեան օրէնքի նախագծին, որու շուրջ ներկայիս քննարկումներ կը ծաւալուին Ֆրանսայի Ազգային ժողովէն ներս։
Ֆրանսահայ կազմակերպութիւններու համակարգման խորհուրդը ողջունեց երկրի կառավարութեան այս նախաձեռնութիւնը ու տեղեկացուց, թէ այդ մէկը կը համապատասխանէ Հանրապետութեան նախագահ Ֆրանսուա Օլանտի ստանձնած յանձնառութիւններուն։ Յայտարարութեան մէջ կոչ ուղղուեցաւ, որպէսզի խորհրդարանական բոլոր ուժերը համախմբուին այս համաձայնեցուած նախագծին շուրջ։
Միւս կողմէ, Ֆրանսահայ կազմակերպութիւններու համակարգման խորհուրդի համանախագահ Մուրատ Փափազեան յայտնեց, թէ սոյն նախագածին վրայ աշխատանք տարած են թէ՛ Ֆրանսայի կառավարութեան եւ թէ՛ ֆրանսահայ կազմակերպութիւններու իրաւաբանները։ Մշակումը կատարուած է Ֆրանսայի Սահմանադրութեան համապատասխան եւ հայ համայնքին համար ընդունելի տարբերակով։
Փափազեանի խօսքերով՝ սոյն նախագիծը Ֆրանսայի Ազգային ժողովին կը ներկայացուի այս օրերուն իսկ։
Ինչպէս ծանօթ է, Ֆրանսայի մէջ նախապէս անգամ մը ընդունուած էր նման ուրացման օրէնք մը, սակայն այդ մէկը աւելի վերջ անվաւեր ճանչցուած էր երկրի Սահմանադրական խորհուրդին կողմէ։