ԿԻՒՄՐԻԻ ՄԷՋ ԲՌՆԻ ԴԷՊՔԵՐ

Հա­յաս­տա­նի Կիւմ­րի քա­ղա­քը ապ­րե­ցաւ լա­րուած շա­բա­թա­վերջ մը։ Շա­բաթ-Կի­րա­կիի ուշ գի­շե­րը քա­ղա­քին մէջ լսուե­ցան կրա­կոց­ներ։ Բա­րե­բախ­տա­բար զո­հեր չե­ղան դէպ­քին հե­տե­ւան­քով, սա­կայն վեց հո­գի վի­րա­ւո­րուե­ցաւ։ Կիւմ­րիի բժշկա­կան կեդ­րո­նէն «Ար­մէնփ­րէս» գոր­ծա­կա­լու­թեան տե­ղե­կա­ցու­ցին, թէ վեց հո­գի դար­ման­ման հա­մար տա­րուած է հի­ւան­դա­նոց։ Ա­նոնց­մէ ե­րե­քը վի­րա­ւորուած են հրա­զէ­նով, իսկ միւս­նե­րը՝ դա­շիւ­նա­հա­րուած։ Վեց վի­րա­ւոր­նե­րէն ե­րե­քին վի­ճա­կը բա­ւա­կան լուրջ է։ Ա­նոնք օ­րուան ըն­թաց­քին փո­խադ­րուե­ցան Ե­րե­ւան։ Վի­րա­ւո­րեալ­ներն են՝ Սմբատ Ղա­զա­րեան, Գա­գիկ Ղա­զա­րեան, Կնեազ Ղա­զա­րեան, Վլա­տի­միր Յա­կո­բեան, Համ­լէթ Գէոր­գեան եւ Գա­գիկ Ղու­կա­սեան։

«Ա­զա­տու­թիւն» ռա­տիօ­կա­յա­նի հա­ղոր­դում­նե­րով, դէպ­քը պա­տա­հած է Կիւմ­րիի Ար­ցախ թա­ղա­մա­սի Տէ­րեան փո­ղո­ցին վրայ։ Կէս գի­շե­րին, շուրջ ժամ մը տե­ւած են կրա­կոց­նե­րը, ո­րոնք հնչած են «Պէ­գաս» խա­նու­թին մօտ։ 2007 թուա­կա­նին ալ այդ նոյն խա­նու­թին մօտ տե­ղի ու­նե­ցած էր հրաձ­գու­թիւն մը՝ Կիւմ­րիի նախ­կին քա­ղա­քա­պետ Վար­դան Ղու­կա­սեա­նի եւ «Բար­գա­ւաճ Հա­յաս­տան» կու­սակ­ցու­թե­նէն Ար­տա­շէս Սարգ­սեա­նի որ­դի­նե­րուն ու ա­նոնց ըն­կեր­նե­րուն մի­ջեւ։

Այս զգա­յա­ցունց դէպ­քին կա­պակ­ցու­թեամբ պատ­կան իշ­խա­նու­թիւն­նե­րուն կող­մէ յա­րու­ցուե­ցաւ քրէա­կան գործ, որ յա­ռաջ կը տա­րուի Հա­յաս­տա­նի Քննչա­կան կո­մի­տէի Շի­րա­կի մար­զա­յին Քննչա­կան վար­չու­թեան վե­րահս­կո­ղու­թեան ներ­քեւ։ Դէպ­քի վայ­րին վրայ տա­րուած աշ­խա­տանք­նե­րու ար­դիւն­քին յայտ­նա­բե­րուած են պար­ճուկ­ներ, փայ­տէ մա­հակ­ներ ու վնա­սուած ինք­նա­շարժ­ներ։ Պաշ­տօ­նա­կան աղ­բիւր­նե­րու հա­ղոր­դում­նե­րով, անհ­րա­ժեշտ մի­ջոց­նե­րը ձեռք կ՚առ­նուին՝ զի­նեալ մի­ջա­դէ­պի բո­լոր հան­գա­մանք­նե­րը պար­զե­լու նպա­տա­կով։

Կը հա­ղոր­դուի, որ դէպ­քէն վերջ դար­ման­ման հա­մար Ե­րե­ւան տա­րուած ե­րեք վի­րա­ւո­րեալ­նե­րուն կա­ցու­թիւ­նը կը գնա­հա­տուի ծայ­րա­յեղ ծանր։ Միւս ե­րեք վի­րա­ւո­րեալ­նե­րուն վի­ճա­կը յա­րա­բե­րա­բար ա­ւե­լի լաւ է ու կը գնա­հա­տուի բա­ւա­րար, ա­ռանձ­նա­պէս վտանգ մը չի սպառ­նար ա­նոնց կեան­քին։

Բա­ցի այս բռնի դէպ­քը, շա­բա­թա­վեր­ջին Կիւմ­րիի մէջ ապ­րուե­ցաւ նաեւ այլ զգա­յա­ցունց ի­րա­դար­ձու­թիւն մը։ Շի­րա­կի մար­զի Մա­յի­սեան գիւ­ղի մօ­տա­կայ­քին յայտ­նաբերուե­ցաւ ռու­սա­կան ռազ­մա­կա­յա­նի պայ­մա­նագ­րա­յին զի­նուոր Ար­թուր Ա­ֆեա­նի դիա­կը, կա­խուած վի­ճա­կի մէջ։ Հարկ է նշել, որ Կիւմ­րիի բնակ­չու­հի Ալ­վարդ Մկրտչեան Փետ­րուա­րի 21-ին գրա­ւոր հա­ղոր­դած էր, որ ա­մու­սի­նը՝ 26-ա­մեայ Ար­թուր Ա­ֆեան դուրս ե­կած էր բնա­կա­րա­նէն եւ չէր վե­րա­դար­ձած։ Այս կա­պակ­ցու­թեամբ յա­րու­ցուած էր քրէա­կան գործ։ Ար­թուր Ա­ֆեա­նի դիա­կի գտնուե­լէն վերջ, Հա­յաս­տա­նի Քննչա­կան կո­մի­տէն տե­ղե­կա­ցուց, որ դա­տաբժշ­կա­կան փոր­ձա­գի­տու­թիւն պի­տի ի­րա­կա­նա­ցուի՝ պար­զե­լու հա­մար մա­հուան պատ­ճառն ու վա­ղե­մու­թիւ­նը։

Շի­րա­կի մար­զի փոխ-ոս­տի­կա­նա­պետ Ա­շոտ Գրի­գո­րեան «Ար­մէնփ­րէս»ին յայ­տա­րա­րեց, թէ Ա­ֆեա­նի դիա­կը յայտ­նա­բե­րուած է Կիւմ­րի-Մա­յի­սեան ճա­նա­պար­հա­հա­տուա­ծին գտնուող խա­նու­թի մը ե­տե­ւը։

Երկուշաբթի, Մարտ 9, 2015