ՔՆԵՍԷԹԻ ՄՕՏ ՔՆՆԱՐԿՈՒՄ

Իս­րա­յէ­լի խորհր­դա­րա­նէն ներս Յու­լի­սի 5-ին օ­րա­կար­գի վրայ պի­տի գայ հայ­կա­կան հար­ցը։ Քնե­սէթ պի­տի քննար­կէ 1915-ի դէպ­քե­րը որ­պէս ցե­ղաս­պա­նու­թիւն ճանչ­նա­լու հար­ցը։ Խորհր­դա­րա­նա­կան այս քննար­կու­մը կը զու­գա­դի­պի ու­շագ­րաւ ժա­մա­նա­կա-շըր­ջա­նի մը, ո­րով­հե­տեւ տա­կա­ւին բո­լո­րո­վին վեր­ջերս Թուր­քիա եւ Իս­րա­յէլ ո­րո­շած են բնա­կա­նո­նաց­նել ի­րենց յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը, ո­րոնք վեր­ջին տա­րի­նե­րուն են­թար­կուե­ցան լուրջ վե­րի­վայ­րում­նե­րու։

Յայտ­նի ցե­ղաս­պա­նա­գէտ ու պատ­մա­բան Եա­յիր Օ­րոն այս կա­պակ­ցու­թեամբ յայտ­նեց, թէ Իս­րա­յէլ նա­խա­պէս կը խու­սա­փէր այս նիւ­թին վե­րա­բե­րեալ հան­րա­յին քննար­կում­նե­րէ եւ ա­զատ քուէար­կու­թե­նէ՝ խու­սա­փե­լու հա­մար Թուր­քիոյ կա­ռա­վա­րու­թեան հա­կազ­դե­ցու­թե­նէն։ «Ժա­մա­նակն է, որ Իս­րա­յէլ պաշ­տօ­նա­պէս ճանչ­նայ հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը», ը­սաւ ան եւ ա­ւել­ցուց, թէ Թուր­քիա ի գործ կը դնէ իր զգա­լի աշ­խար­հա­քա­ղա­քա­կան, ռազ­մա­կան ու տնտե­սա­կան լծակ­նե­րը՝ իր տե­սա­կէտ­նե­րը պաշտ­պա­նե­լու հա­մար։

Շաբաթ, Յուլիս 2, 2016