Սուրիահայ ՏՔԹ. ՃԱՆԻ ՀԱՏՏԱՏ Անվճար ԲԱԶՄԱԹԻՒ ՎիրահատութիւնՆԵՐ ԿԸ ԿատարԷ Հայաստանի ՄԷջ
Ճանի Հատտատ… Սուրիահայ բժիշկ, գիտական բազմաթիւ աշխատութիւններու հեղինակ, բարեգործ…. ասոնք, անշու՛շտ, մարդու անհատականութիւնը ընդգծող յատկանիշներ են, սակայն բարեգործութիւ՛նն է ի վերուստ դրուած Աստուծոյ ստեղծած արարածներէն իւրաքանչիւրի հոգիի կերտուածքին մէջ… Անխաթար պահելով այդ կերտուածքը՝ բժիշկ Ճանի Հատտատ բազմաթիւ անվճար վիրահատութիւններ իրականացուցած է Հայաստանի մէջ, Արցախ աշխարհին մէջ եւ տարիներ շարունակ կ՚իրագործէ այդ բարեսիրական գործունէութիւնը՝ առանց ակնկալելու պարգեւներ, պատուոյ գիրներ, թէեւ մօտաւորապէս 5200 անվճար վիրահատութիւն իրականացուցած հայորդին միանգամայն արժանի է ատոր: Հանդիսանալով ACMA (Հայ քրիստոնեաներու բժիշկներու միութեան) հիմնադիր նախագահը՝ ան իր բարեսիրական գործունէութեան սկսած է ընդամէնը երկու հոգինոց խումբով, իսկ հետագային բժշկական անձնակազմը համալրուած է նորմասնագէտ-բժիշկներով, բոյժ-քոյրերով, որոնք մէկ ընտանիք դարձած են:
-Տոքթո՛ր Ճանի, ե՞րբ սկսաք Ձեր բարեսիրական գործունէութեան:
-Ես 2000 թուականէն սկսած եմ գալ Հայաստան եւ վիրահատութիւններ ընել: Տարին երկու անգամ կու գամ: Սկիզբը Մալաթիա հիւանդանոցին մէջ վիրահատութիւններ իրականացուցի, յետոյ սկսայ շրջիլ բոլոր մարզերով. վիրահատութիւններ կը կատարէի Կիւմրիի կեդրոնական հիւանդանոցին մէջ, ատկէ առաջ՝ Աւստրիական հիւանդանոցին մէջ, այս օրերուն՝ Երեւանի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ հիւանդանոցին մէջ վիրահատութիւններ կատարած եմ եւ պիտի շարունակուի այդ ընթացքը՝ մինչեւ մեկնումս: Վիրահատութիւններ ըրած ենք Արցախի՝ Շուշիի հիւանդանոցին մէջ: Բացի վիրահատութիւններէն՝ նաեւ կը զննենք հիւանդները: Այս տարի՝ մինչ այսօր, Լոռիի, Շիրակի, Կոտայքի, Արմաւիրի մարզին, Արարատի, Երեւանի, Արցախի մէջ զննած ենք 909 հիւանդ: Այս այցիս երկու օրուան մէջ 30 վիրահատութիւն իրականացուցինք Կիւմրիի, 45 վիրահատութիւն՝ Արցախի մէջ, վերջերս Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ հիւանդանոցին մէջ սկսայ վիրահատութիւններու. մէկ օրուան մէջ կատարած ենք 15 վիրահատութիւն: Ունիմ լաւ օգնականներ, բժիշկներու եւ բոյժ-քոյրերու հրաշալի անձնակազմ: Հիմնականին մէջ կը վիրահատեմ խպիպ, ճողուածք, լեղապարկ, քաղցկեղ, թութք… ես հիմնականին մէջ մասնագիտացած եմ խպիպի եւ քաղցկեղի վիրաբուժութեան գիծով:
-Բժի՛շկ Հատտատ, ո՞ւր ստացած էք Ձեր կրթու-թիւնը, մասնագիտացած ու կատարելագործած:
-Դպրոցը աւարտած եմ Քուէյթի մէջ, Բժշկական համալսարանը աւարտած եմ Դամասկոս, վիրաբուժական բարձրագոյն կրթութիւնս ստացած եմ Անգլիոյ թագաւորութեան մէջ:
-Ինչպէ՞ս սկսաք բարեգործութեամբ զբաղիլ, ոեւէ մէկը ուղղորդա՞ծ է ձեզ:
-Առաջին այցելութիւնս Հայաստան եղաւ 1988-ին՝ երկրաշարժի 6-րդ օրը. երեք ինքնաթիռ բերի Քուէյթէն՝ բեռնուած բժշկական սարքաւորումներով, քիչ քանակութեամբ դեղօրայքով: Հայաստանին այդ ժամանակ աւելի անհրաժեշտ էր ունենալ բժշկական սարքաւորումներ: Շատ կարեւոր էր այդ ժամանակ ունենալ երիկամունք լուացող սարքաւորում՝ Hemodialysis, չունէին լափորասքոփիք գործիքներ: Ես այդ ամէնը բերած էի, սակայն, ցաւօք, չպահեցին, չօգտագործեցին, վաճառեցին դուրսը: Հիմա ըսեմ, թէ ինչո՛ւ եւ ինչպէ՛ս սկսայ բարեգործութիւն ընել. 1976-ին Տէրը ինծի տեսիլք մը տուաւ, որ ես պիտի ծառայեմ Հայաստանին: Այդ տեսիլքը երեւցաւ ինծի, երբ տակաւին ուսանող էի եւ իմ բոլոր հայ ընկերներուս յորդորեցի գալ ու ծառայել Հայաստանին. անշուշտ, մէկ մասը ընդունեց միտքս, միւս մասը՝ ոչ: Աւարտեցի ուսումս, Քուէյթէն 1990-ին գացի Հալէպ, 26 տարի է, որ Հալէպի մէջ եմ: 2000 թուականին Հայաստանի մէջ ծանօթացայ շարք մը մարդոց հետ եւ պատմեցի իմ տեսիլքիս մասին, լաւ դիմաւորեցին, ընդունեցին, սկսանք մեր բարեգործական ծառայութիւններուն ընդամէնը երեք հոգիով: 2006-ին հիմնեցի ACMA կազմակերպութիւնը, այժմ խումբին մէջ ընդգրկուած են 206 հոգիէ աւելի աշխատողներ: Բոլորն ալ կ՚աշխատին կամաւոր հիմունքներով: Հայաստանի այլ քաղաքներ ու մարզեր, գիւղեր կ՚այցելենք 15-20 հոգիով, Արցախ գացինք 8 հոգիով, որովհետեւ գիշերակացի, այլ ծախսերու հետ կապուած խնդիրներ կային: Արցախ տարինք նաեւ ատամնաբոյժներու խումբ մը, որ աշխատեցաւ 65 հիւանդներու հետ, իսկ Շուշիի մէջ 45 վիրահատութիւն ըրինք: 5 օր ու 4 գիշեր մնացինք եւ իրականացուցինք բժշկական կարեւոր ծառայութիւններ: Յաջորդ Երկուշաբթի պէտք է վերադառնամ Հալէպ, ուր նոյնպէս ինծի սպասող հիւանդներ ունիմ, պէտք է վիրահատութիւններ ընեմ:
-Այսինքն՝ դուք հանգստանալու ժամանակ չունիք:
-Հանգստանալու մասին ես ընդհանրապէս չեմ մտածեր, իսկ Հալէպի մէջ հանգստանալու ժամանակ չկայ. չէ՞ որ պատերազմական վիճակ է: Աւերուած են տուներ, թաղամասեր, գործարաններ, խանութներ, դպրոց-ներ. շատ զոհեր ունեցանք, վիրաւորներ: Ջրհորներ կը փորենք, պատերազմի այրիներուն հոգ կը տանինք, ուսանողներուն, համաբուժարան բացինք…. Ուտելիքով կ՚օգնենք մարդոց:
-Ձեր բարեգործութիւնը անվճար վիրահատութիւններն են, եւ, այնուամենայնիւ, արդեօք որեւէ կազմակերպութիւն կը հովանաւորէ՞ ձեզ:
-Կազմակերպութիւն մը կայ՝ «Պարնապաս» հիմնադրամը, որ մեզ կը հովանաւորէ, կ՚աջակցի, մանաւանդ՝ Հալէպի մէջ: Մեր ACMA-ի առաքելութիւնը հիմնականին մէջ Սուրիայէն Հայաստան գաղթած սուրիահայերուն օգնելն է, մեզի կ՚օգնեն նաեւ եկեղեցիները. մեր կազմակերպութեան մասին գիտեն Հայաստանի մէջ: Հետս կ՚աշխատի նաեւ աղջիկս՝ Փեթիան, ան իմ աջ ձեռքս է: Փեթիան մանրավիրաբոյժ է, փեսաս համակարգչային մասնագէտ: «Պարնապաս»ը մեզի կ՚օգնէ Հալէպի մէջ իրագործուող բժշկական ծառայութիւններ իրագործելուս, ժողովուրդին տրուող սնունդի հարցով կ՚օգնէ, իսկ Հայասատանի մէջ ես իմ կողմէս բացարձակապէս անվճար կը կատարեմ վիրահատութիւնները:
-Բժի՛շկ, չէ՞ք յոգնիր, չէ՞ք զղջար, որ այդքան մեծ բեռ առած էք ձեր ուսերուն, ձեզ երբեք չե՞ն նեղացներ այստեղ կամ կը խոչընդոտեն ձեր աշխատանքները, քանի որ անվճար հիւանդներու հոսք կայ ձեր մօտ:
-Բնաւ չեմ յոգնիր ու չեմ զղջար: Կարեւորը, որ մենք լերան վրայ ըլլանք, այդ ժամանակ մեծ հարցերը փոքր կ՚երեւին աչքիդ: Կը գոռան, կը գոռան… կ՚ըսեն, որ տոքթորը եկաւ մեր հիւանդները գողցաւ… հո՛գ չէ, ես իմ խղճիս թելադրանքով կ՚առաջնորդուիմ:
-Ո՞ր հիւանդութիւնը առաւել տարածուած է ձեզի դիմող հիւանդներուն մօտ:
-Խպիպ ունեցողները շատ են, որ հիմնականին մէջ տարածուած է լեռնային ժողովուրդներու շրջանին մէջ, այնտեղ, ուր ծով, ովկիանոս չկայ, այդ հիւանդութիւնը նաեւ խմելու ջուրի մէջ իոտի պակասութենէն կը յառաջանայ:
-Չէ՞ք վախնար՝ պատերազմական այս լարուած օրերուն ապրելով Հալէպի մէջ:
-Եթէ մենք չապրինք, ո՞վ պէտք է ապրի: Մեր ժողովուրդը մեր կարիքը ունի: 72 հազար հայութենէն մնացած է 8 հազար հայ. շատ լաւ վիրաբոյժներ ալ գաղթեցին… ո՞վ պէտք է մնայ Հալէպի մէջ, եթէ բոլորը դուրս գան, հեռանան: 1923-ին Հալէպի բնակչութեան 40 առ հարիւրը հայեր էին, 60 առ հարիւրը՝ քրիստոնեաներ էին ընդհանրապէս, իսկ հիմա պատկերը փոխուած է: Հալէպցի տեղաբնակները շատ բան սորված են պատմական Հայաստանէն գաղթած հայ ժողովուրդէն. շատ մահմետականներ նոյնիսկ կ՚ըսեն՝ Դուք Հալէպի աղն էք, մի՛ երթաք, մի՛ ձգէք մեզ…
-Ինչպէ՞ս մեկնել ձեր՝ Հատտատ ոչ-հայկական ազգանունը…
-Մեծհայրս Տիարպաքըրէն՝ Տիգրանակերտէն էր եւ գաղթելէ ետք ըսին, որ կա՛մ Տեմիրճի կամ Հատտատ պիտի կոչեն (որ երկու պարագաներուն ալ կը նշանակէ երկաթագործ. առաջինր՝ թրքերէնով, երկրորդը՝ արաբերէնով), հայրս կը նախընտրէ երկրորդ՝ արաբերէն տարբերակը: Ահա այդ ազգանուան պատմութիւնը: Ես պատերազմներ անցած եմ՝ 1973-ին Սուրիոյ եւ Իսրայէլի, 90-ականներուն՝ Իրաքի պատերազմը, 2000-ին եւ հիմա ալ՝ սուրիական պատերազմը: Մինչ այսօր 15 երկիրներու մէջ ծառայած եմ իմ մասնագիտութեամբ: Ես կ՚ըլլամ Փաքիստանի, Սուտանի, Եգիպտոսի, Իրանի, Թուրքիոյ, Միջին Արեւելքի մէջ, բոլոր այն տեղերը, ուր իմ կարիքը կայ:
Մեր զրոյցին միացաւ նաեւ Ճանի Հատտատի դուստ-րը՝ Փեթիա Հատտատը, որ երեք տարի բժշկական կրթութիւն ստացած է Սուրիոյ մէջ, յետոյ կրթութիւնը շարունակած Երեւանի մէջ, իսկ այս օրերուն Երեւանի թիւ 1 դարմանական հիւանդանոցին մէջ կը մասնագիտանայ յայտնի մանրավիրաբոյժ Արտաւազդ Սահակեանի մօտ՝ որպէս մանրավիրաբոյժ: Փեթիան կ՚երթայ հօր ճանապարհով՝ մարդոց օգնելը համարելով քրիստոնէական առաքելութիւն:
Բարեգործ բժիշկին մասին խօսեցան նոր վիրահատուած հիւանդները՝ Թամարա Բակունցն ու Ռոզա Ճնգրեանը. անոնցմէ առաջինին մօտ ճողուածքի վիրահատութիւն իրականացուցած էր բժիշկը, միւսի լեղապարկը վիրահատած: «Աջ աճուկիս շրջանին շատ ցաւոտ ճողուածք ունէի, ոտքս չէի կրնար շարժել եւ հնարաւորութիւն ալ չունէի վիրահատուելու: Այնչափ գոհ եմ բժիշկ Ճանիէն, անոր ողջ անձնակազմէն: Ես երեք բուժարաններէ անընդհատ ուղեգիր կը խնդրէի, հազիւ տուին, որպէսզի հերթս չկորսնցնեմ, ժամանակին հասցնեմ, իսկ այս հրաշք մարդը անվճար վիրահատեց: Բժիշկի ծննդավայրին մէջ պատերազմ կայ, աւերակուած է Հալէպը, այնտեղ ամէն օր մարդիկ կը զոհուին, թերեւս նաեւ՝ անոր հարազատներէն, իսկ բժիշկը կու գայ Հայաստան եւ անվճար վիրահատութիւններ կ՚իրականացնէ: Ես անսահման երախտապարտ եմ անոր, թո՛ղ անոր ծննդավայրին մէջ խաղաղութիւն հաստատուի: Կը մաղթեմ, որ բժիշկ Ճանին շատ երկար ու առողջ կ՚ապրի, Աստուած թո՛ղ երկար կեանք տայ անոր», կ՚ըսէ Թամարա Բակունցը: «Լեղապարկս վիրահատած է բժիշկը: Եթէ ան չգար եւ անվճար չվիրահատէր, ես հնարաւորութիւն չէի ունենար ազատելու այդ սոսկալի ցաւերէն: Այնչափ երախտապա՛րտ եմ այդ բարի մարդուն: Աստուած թո՛ղ լիաբուռն վարձահատոյց ըլլայ անոր, որ նեղութեան մէջ գտնուող հիւանդներուն կարեկից կ՚ըլլայ ու ձեռք կը մեկնէ: Ան ճշմարիտ քրիստոնեայ մըն է», կ՚ըսէ Ռոզա Ճնգրեան:
Ճշմարիտ քրիստոնեայ Ճանի Հատտատին հրաժեշտ տուի , երբ ան մեր՝ ընդամէնը 20 վայրկեաննոց զրոյցէն ետք, առանց հանգստանալու, շտապեց վիրահատարան… եւ այնպէ՜ս անտրտունջ, այնպէ՜ս խաղաղ ու բարի, ժպտադէմ՝ կարծես բնաւ ինք չէր օրուան՝ իրարու յաջորդող, անընդմէջ բարդ վիրահատութիւններ իրականացնողը:
ԿԱՐԻՆԷ ԱՒԱԳԵԱՆ
Հարթակ
- 11/22/2024