ՊԱՅԾԱՌԱԿԵՐՊՈՒԹԻՒՆ
«Վեց օր ետք, Յիսուս իր հետ առաւ Պետրոսը, Յակոբոսը եւ Յովհաննէսը՝ երկու եղբայրները եւ զանոնք բարձր լեռ մը հանեց, ուր առանձին էին։ Հոն այլակերպեցաւ անոնց դիմաց. իր դէմքը արեւու նման լուսաւոր դարձաւ եւ հագուստները լոյսի նման ճերմակ եղան» (ՄԱՏԹ. ԺԷ 1-2)։
Մատթէոս Աւետարանիչ այսպէս կը նկարագրէ Յիսուս Քրիստոսի պայծառակերպութիւնը՝ որ ըստ էութեան կերպարանափոխութիւնն է Յիսուսի։ Արդարեւ պայծառակերպութիւնը կը բացատրուի «այլակերպութեան» կամ ձեւափոխութեան հրաշալի՜ եւ խորհրդաւոր երեւոյթով։
Յիսուսի պայծառակերպութեան կամ այլակերպութեան յիշատակի այս տօնը Հայ Առաքելական Եկեղեցիի հինգ տաղաւոր տօներէն է՝ որ այս տարի կը տօնենք 3 Յուլիսին։
Այս տօնը այն յիշատակութիւնն է՝ որ Յիսուս Թաբոր լերան վրայ իր երեք աշակերտներուն՝ Յովհաննէսի, Յակոբոսի եւ Պետրոսի՝ Աստուածային փառքով երեւցաւ։ Այս հրաշալի երեւոյթը կը նկարագրեն ու կը վկայեն երեք Աւետարանիչները՝ Մատթէոս (ԺԷ 1-2), Մարկոս (Թ 2-13) եւ Ղուկաս (Թ 28-36), երեք համատես աւետարաններուն մէջ, առանց լերան անունը տալու։
Արդարեւ իր քարոզչութեան երրորդ տարուայ ամառուան ժամանակ, Յիսուս, աշակերտներէն Պետրոսի, Յովհաննէսի եւ Յակոբոսի հետ բարձրացաւ Թաբոր լեռը՝ հոն աղօթելու, ուր «Անոր դէմքը այլակերպեցաւ…», ինչպէս կը վկայէ Ղուկաս (ՂՈՒԿ. Թ 29)։
«Այլակերպութիւն» կամ «պայծառակերպութիւն» ցոյց կու տայ «կերպարանափոխութիւն», եւ քանի որ կերպարանափոխութիւնը կը պատահի լոյսի կերպարանքով, ուրեմն այս երեւոյթը «պայծառակերպութիւն» անուանել յարմար է ըստ՝ էութեան։ Քրիստոնեայ բոլոր եկեղեցիներ «Այլակերպութիւն» անունով կը յիշեն այս տօնը, եւ միայն Հայ Եկեղեցին է որ «Պայծառակերպութիւն» կ՚անուանէ զայն։ Զոր օրինակ, ֆրանսերէն. «transfiguration», եւ անգլերէն՝ «transfiguration», «metamorphosis», «anamorphism» բառերով կ՚անուանուի երեւոյթը։
Ուստի «պայծառակերպութիւն» բառը յատկապէ՛ս կը շեշտէ Քրիստոսէն ճառագայթող աստուածային փայլն ու փառքը։
Պայծառակերպութեան ընթացքին Յիսուսի ամբողջովին լոյսով ողողուիլը եւ Անկէ լոյսի ճառագայթումը հաւատո՛ւմն է եւ ապացոյցը Անոր աստուածային բնութեա՛ն։ Եւ կարելի է ըսել, թէ Աստուածայայտնութի՛ւնն է՝ իր տեսանելի կերպի մէջ, որ կ՚իրականանայ լերան վրայ՝ Պայծառակերպութեան պահուն։ Պայծառակերպութիւնը, արդարեւ փա՛ստն է Յիսուս Քրիստոսի աստուածութեա՛ն։
Այդ պահուն Յիսուսի քով յայտնուած էին լոյսով պարուրուած Մովսէսը եւ Եղիան՝ որոնք իրեն հետ կը խօսէին վերահաս տառապանքներու եւ չարչարանքներու մասին։ Այս սքանչելի՜ տեսարանէն զմայլած՝ Պետրոս առաքեալ կը բացագանչէր. «Տէ՛ր, ի՜նչ լաւ է հոս. եթէ կ՚ուզես՝ երեք վրաններ շինենք, մէկը քեզի, մէկը Մովսէսի եւ միւսը Եղիայի համար» (ՄԱՏԹ. ԺԷ 4)։
Մինչ ան կը խօսէր, լուսափայլ ամպ մը հովանի կը դառնար անոնց, եւ ամպէն եկող ձայնը կ՚ազդարարէր.
«Ա՛յս է իմ սիրելի Որդիս, որուն ես հաճեցայ. անոր մտիկ ըրէք» (ՄԱՏԹ. ԺԷ 5)։
Քրիստոս, որ մարմնացած ու մարդացած էր Ադամի բնութեամբ, պայծառակերպարանալով ցոյց տուաւ այն փառքը եւ համայն մարդկութեան վերստին հագուեցուց այն նո՛յն լուսեղէն զգեստը՝ որ Ադամ ունէր դրախտի մէջ, եւ որ Աստուած վերցուցեր էր, զրկեր էր անկէ, մեղանչումէն յետոյ։
Հետեւաբար, ինչպէս ըսեր էր. «Այն ատեն արդարները արեւու պէս պիտի փայլին երկինքի արքայութեան մէջ…» (ՄԱՏԹ. ԺԳ 43), պայծառակերպութեամբ յայտնապէ՛ս ցոյց տուաւ արդարներու փառաւոր կերպարանքը՝ որ ի՛ր իսկ նմանութեամբ ըլլալու է։ Այդ տեսքով Յիսուս յայտնուելու է իր երկրորդ գալստեան՝ «Արդար Դատաստան»ի օրը։
Արդարեւ Յիսուս Քրիստոսի Պայծառակերպութեան տօնի խորհուրդը Աստուծոյ պատուէրն է։
«Անոր մտիկ ըրէ՛ք» (ՄԱՏԹ. ԺԷ 5), որ կը հաստատէ ճշմարտութիւնը, թէ Յիսուս Քրիստոս Աստուծոյ «սիրելի Որդի՛ն է»։
Առաքեալներուն ուղղուած այս խօսքը պատգամ է ամբողջ մարդկային ցեղին, համայն մարդկութեան, բոլոր ժամանակներու մէջ՝ մշտնջենական ու անայլայլելի՛։ Ուստի սա է «Պայծառակերպութեան տօն»ի թելադրանքը՝ յորդորը, անոր խորհուրդի «բանալի»ն. «Սիրե՛լ Աստուած, լսե՛լ ու իմանա՛լ Անոր պատուիրանները, հետեւիլ անոնց, կեանքի, ապրելակերպի վերածել Անոր պատգամները՝ որոնք մարդոց երջանկութեան, ժողովուրդներու եւ ազգերու մշտնջենաւոր գրաւական են»։
Եւ ինչպէս բոլոր տաղաւար տօներու յաջորդ օրը, նո՛յնպէս եւ Տիրոջ Պայծառակերպութեան հրաշափառ տօնին յաջորդող Երկուշաբթի օրը ննջեցեալներու յիշատակութեան օրն է։
Այդ օրը Հայ Եկեղեցիներու մէջ կը մատուցուի Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ՝ ի յիշատակ ննջեցեալներու, Սուրբ Պատարագի աւարտին՝ կը կատարուի հոգեհանգստեան կարգ։
Իւրաքանչիւր բարեպաշտ ու հաւատարիմ քրիստոնեայի պարտականութիւնն է՝ մասնակի՛ց ըլլալ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագին, իրենց ննջեցեալներու անունը ներկայացնել պատարագիչ քահանայ հօր, որպէսզի ան Սուրբ Պատարագի ընթացքին եւ հոգեհանգստեան կարգի ժամանակ յիշատակէ զանոնք Տիրոջ առջեւ։ Այնուհետեւ քահանայ հօր հետ միասին այցելել հանգուցեալին՝ Տէր Յիսուս Քրիստոսի Պայծառակերպութեան լուրը տանելու համար անոր, եւս ամէն հաւատացեալ ու հաւատարիմ քրիստոնեայի պարտականութի՛ւնն է։ Եւ քահանայ հայրը կը կատարէ գերեզմանի օրհնութեան ու հոգեհանգստեան կարգ՝ իւրաքանչիւին շիրմին վրայ։
Արդարեւ, մեր բարոյական պա՛րտքն է մեր աղօթքներու մէջ յիշել մեր հանգուցեալ հարազատները՝ մեր սիրելիները՝ անոնց անմահ հոգիին հանգստութեանը եւ փրկութեանը համար։
Ուստի դէպի դրախտ, դէպի արքայութիւն, դէպի կեանքի ծառ տանող ճանապարհը կը բացուի Յիսուս Քրիստոսով, Իր տէրունական խօսքին համաձայն, թէ՝ «Ե՛ս եմ յարութիւնը եւ կեանքը։ Ան որ ինծի կը հաւատայ, թէպէտեւ մեռնի՝ պիտի ապրի։ Իսկ ան որ ո՛ղջ է եւ ինծի կը հաւատայ՝ երբեք պիտի չմեռնի…» (ՅՈՎՀ. ԺԱ 25)։
Եւ Յիսուս Քրիստոսի այս խօսքին համաձայն, երբ կը տօնենք Պայծառակերպութեան տօնը, պարտաւոր ենք նաեւ մասնակից ընել մեր հանգուցեալ հարազատները, սիրելիները՝ աղօթելով անոնց համար՝ անոնց հետ միասի՛ն…։
- Մասամբ օգտուեցանք՝ «Այունյաց Կանթեղ» ամսաթերթէն։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Յունիս 25, 2016, Իսթանպուլ
Հոգեմտաւոր
- 11/28/2024
- 11/28/2024