ԱՄԵՐԻԿԵԱՆ ՆՈՐ «ԾՐԱԳԻՐ» ԹԱԼԵՊԱՆ ՇԱՐԺՈՒՄԻՆ ՀԱՄԱՐ

Փա­քիս­տա­նի Պա­լուշս­տան քա­ղա­քին մէջ, Մա­յի­սի 21-ին, կը սպան­նուէր Թա­լե­պան շար­ժու­մի ղե­կա­վար Մոլ­լա Ախ­թար Ման­սու­ր: Վեր­ջին ա­տեն­նե­րուն ա­մե­նէն կարճ շրջա­նի մը հա­մար Թա­լե­պան շար­ժու­մը ղե­կա­վա­րած Ման­սուր կը սպան­նուէր ա­մե­րի­կեան ա­նօ­դա­չու սար­քի հրթի­ռով:

Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու Թա­լե­պան շար­ժու­մին դէմ շղթա­յա­զեր­ծած պայ­քա­րին գլխա­ւոր զէն­քը դար­ձած է ա­նօ­դա­չու սար­քե­րով յար­ձա­կում­ներ կա­տա­րե­լը:

Ման­սուր, որ գրե­թէ տա­րի մը ա­ռաջ ա­ռաջ­նորդ նշա­նա­կուած էր փո­խա­րի­նե­լով Մոլ­լա Օ­մա­րը, իշ­խա­նու­թեան կը հաս­նէր իր դէմ ե­ղող ընդ­հա­նուր դժգո­հու­թեան մը մթնո­լոր­տին մէջ:

Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Ճոն Քե­րի, որ այդ օ­րե­րուն պաշ­տօ­նա­կան այ­ցով կը գտնը-ւէր Պուր­մա, կը յայ­տա­րա­րէր, թէ Մոլ­լա Ախ­թար կը հա­մա­րուի Ա­մե­րի­կա­յի հա­մար հիմ­նա­կան թի­րախ՝ տրուած ըլ­լա­լով, որ ան «կը խան­գա­րէր Աֆ­ղա­նիս­տա­նի մէջ խա­ղա­ղու­թիւն հաս­տա­տե­լու ուղ­ղուած հիմ­նա­կան ճի­գե­րը»։

Մոլ­լա Ման­սու­րի սպան­ու­թեան լու­րէն ան­մի­ջա­պէս ետք Թա­լե­պան շար­ժու­մի բան­բեր՝ Զա­պիհ Ալ­լա Մու­ժա­հէտ կը յայ­տա­րա­րէր շար­ժու­մի նոր ղե­կա­վա­րին ա­նու­նը: Այս­պէս, Հայ­պաթ Ալ­լահ Ախ­նըտ Զա­տա կը դառ­նար շար­ժու­մին նոր ա­ռաջ­նոր­դը: Աֆ­ղա­նիս­տա­նի Թա­լե­պան շար­ժու­մի գոր­ծե­լաո­ճին հե­տե­ւող մաս­նա­գէտ­նե­րուն հա­մար Ախ­նըտ Զա­տա պի­տի շա­րու­նա­կէ իր նախ­կի­նին գոր­ծե­լաո­ճը, այ­սինքն պի­տի նա­խընտ­րէ զի­նեալ պայ­քար տա­նիլ մէկ կող­մէ Քա­պու­լի կա­ռա­վա­րա­կան ու­ժե­րուն եւ միւս կող­մէ հոն տե­ղա­կա­յուած ա­րեւ-մըտեան ու­ժե­րուն դէմ, ո­րոնց հիմ­նա­կան կո­րի­զը ա­մե­րի­կեան զօր­քերն են:

Ինչ կը վե­րա­բե­րի Աֆ­ղա­նիս­տա­նի պե­տա­կան մար­մին­նե­րուն, ա­նոնք ա­ռիթ չփախց­նե­լով ա­րա­գօ­րէն բա­նակ­ցու­թեան սե­ղան նստե­լու կոչ ը­րին: Երկ­րի վար­չա­պետին՝ Ապ­տալ­լա Ապ­տալ­լա­յի բան­բե­րը իր կար­գին թուիթ­րեան գրա­ռում մը ը­նե­լով՝ Թա­լեպան շար­ժու­մի նոր ղե­կա­վա­րին կ­­՚ա­ռա­ջար­կէր մէկ­դի դնել զէն­քը եւ բա­նակ­ցու­թիւն­ներ վա­րել եր­կի­րը այս տագ­նա­պէն հա­նե­լու հա­մար:

Խա­ղա­ղու­թեան մի­տող այս կո­չե­րուն փո­խա­րէն Թա­լե­պան կը մնար անդըր­դ-ւե­լի: Իր ա­ռաջ­նոր­դին սպան­ու­թեան որ­պէս ա­ռա­ջին ար­ձա­գանգ Մա­յի­սի 25-ին շար­ժու­մը Քա­պու­լի մէջ կը գոր­ծէր ա­հա­բեկ­չա­կան յար­ձա­կում մը, ո­րուն զոհ կ՚եր­թա­յին տա­սը ան­ձեր: Պայ­թու­մը թի­րախ ընտ­րած էր Աֆ­ղա­նիս­տա­նի կա­ռա­վա­րա­կան մար­մին­նե­րէ ներս աշ­խա­տող պաշ­տօ­նեա­ներ փո­խադ­րող հան­րա­կառք մը:

Ա­րեւմ­տեան մա­մու­լը, ո­րուն վեր­լու­ծա­բան­նե­րը մօ­տէն կը հե­տե­ւին Քա­պու­լի մէջ գրան­ցուող դէպ­քե­րուն՝ կը գրէր, որ Թա­լե­պա­նի նոր ղե­կա­վա­րը զի­նուո­րա­կան ա­ռաջ­նորդ մը չի հա­մա­րուիր, այլ ան կրօ­նա­կան ղե­կա­վար մըն է: Կա­րե­ւոր է նաեւ նկա­տել, որ ներ­կայ ղե­կա­վա­րին ա­ռա­ջին փոխ-պա­տաս­խա­նա­տուն նշա­նա­կուած է Մոլ­լա Եա­գու­պը, որ Թա­լեպա­նի հիմ­նա­կան ա­ռաջ­նորդ եւ մութ պայ­ման­նե­րու մէջ մա­հա­ցած Մոլ­լա Օ­մա­րի որ­դին է: Ու­րեմն են­թադ­րե­լի է նաեւ, որ յա­ռա­ջի­կայ հանգ­րուա­նի հիմ­նա­կան գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րը պի­տի կա­ռա­վա­րուին ա­նոր կող­մէ:

Այս զար­գա­ցում­նե­րուն ա­ռըն­թեր կա­րե­ւոր վեր­լու­ծա­կան մը ստո­րագ­րած է փա­քիս­տա­նեան «Էքսփ­րէս Թրի­պիու­ն» թեր­թի աշ­խա­տա­կից Թա­հէր Խան, ո­րուն կար­ծի­քով՝ Աֆ­ղա­նիս­տա­նի մէջ խա­ղա­ղու­թիւն հաս­տա­տե­լու հիմ­նա­կան ճի­գե­րը կը քան­դուին նոյ­նինքն Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու տնօ­րի­նու­թեամբ: Ան նաեւ ա­մե­րի­կեան վար­չա­կազ­մին ուղ­ղե­լով իր մե­ղադ­րան­քը կը յայտ­նէ, թէ ա­մե­րի­կա­ցիք կը մոռ­նան, որ գո­նէ ի­րենց շա­հե­րուն հա­մար պէտք է լսեն հա­կա­ռա­կորդ կող­մին կար­ծիք­նե­րը եւ մտա­հո­գու­թիւն­նե­րը:

Երբ ՏԱ­ՀԷՇ ա­հա­բեկ­չա­կան խմբա­ւո­րու­մը դար­ձաւ ա­րեւմ­տեան դաշ­նա­կից ու­ժե­րու հիմ­նա­կան թի­րախ, շա­տեր կը մտա­ծէին, որ ա­նոր հիմ­նա­կան քատ­րե­րը Աֆ­ղա­նիս­տա­նի լեռ­նա­յին հա­տուած­նե­րուն մէջ «բոյն դնե­լո­վ» պի­տի թա­փան­ցէին Թա­լե­պան շար­ժու­մէն ներս: Ա­րա­բա­կան մա­մու­լի ա­մե­նէն վառ ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը այդ մա­սին գրե­ցին ու նա­խազ­գու­շա­ցու­ցին, որ Թա­լե­պան պի­տի դառ­նայ Աֆ­ղա­նիս­տա­նի նոր ՏԱ­ՀԷՇ-ը:

Տա­րի մը ետք, այ­սօր այդ վար­կած­նե­րը սխալ դուրս կու գան: Թա­լե­պա­նի հիմ­նա­կան ա­ռանձ­նա­յա­տկու­թիւ­նը միայն կրօ­նա­կան ար­մա­տա­կան հի­մունք­նե­րով ա­ռաջ­նոր­դուի­լը չէ, այլ ա­նոր տե­ղա­կան պայ­քա­րի մը դրօ­շա­կի­րը հան­դի­սա­նա­լը: Թա­լե­պան իր շար­քե­րուն մէջ դժուար թէ ըն­դու­նի ոչ-աֆ­ղան ինք­նու­թիւն ու­նե­ցող ռազ­միկ­ներ: Ըստ AP-ի, Թա­լե­պա­նին միա­նալ ու­զող զի­նեալ­նե­րը «դաս­տիա­րակ­չա­կա­ն» եր­կար հանգ­րուան մը բո­լո­րե­լէ բա­ցի պէտք է ըլ­լան աֆ­ղան­ցի­ներ կամ առ­նուազն աֆ­ղան­ցի ար­մատ­ներ ու­նե­ցող­ներ։

Ա­մե­րի­կեան ա­նօ­դա­չու սար­քով կա­տա­րուած այս գրո­հին հե­տե­ւանք­նե­րը բա­ւա­կան եր­կար ժա­մա­նակ ի­րենց ժխտա­կան ազ­դե­ցու­թիւն­նե­րը պի­տի ու­նե­նան: Al Jazeera.net կա­յքէ­ջին հա­մա­ձայն, անձ­նա­պէս Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու Նա­խա­գահ Պա­րաք Օ­պա­մա­յի կող­մէ առ­նուած այս ո­րո­շու­մը՝ ոչ թէ կը «մաք­րէ» Թա­լե­պա­նի հա­շիւ­նե­րը, այլ ընդ­հա­կա­ռա­կը ա­ւե­լի վտան­գա­ւոր կը դարձ­նէ Աֆ­ղա­նիս­տա­նի ընդ­հա­նուր պատ­կե­րը: Օ­պա­մա, որ յա­ռա­ջի­կայ տա­րի պի­տի հե­ռա­նայ Սպի­տակ տու­նէն, տա­կա­ւին չէ կրցած ըմբռ­նել, որ ար­մա­տա­կան մօ­տե­ցում­նե­րով հրա­պա­րակ ե­լած Թա­լե­պա­նին հա­մար բո­լո­րո­վին ընկ­ճող չէ իր ղե­կա­վա­րին սպան­ու­թիւ­նը: Այլ այդ­պի­սի մօ­տե­ցու­մով մը տուեալ միա­ւո­րու­մը ա­ւե­լիով կը լա­րուի, ու զի­նեալ ա­հա­բեկչ­ա­կան գրոհ­նե­րէն բա­ցի «վե­թօ» կը դնէ, ո­րե­ւէ բա­նակ­ցու­թեան մաս­նակ­ցե­լու դի­մաց:

Թա­լե­պա­նը ՏԱ­ՀԷՇ չէ: Աֆ­ղա­նիս­տա­նի լեռ­նա­յին եւ ա­նա­ռիկ բնու­թեամբ երկ­րին մէջ կազ­մա­ւո­րուած այս խմբա­ւո­րու­մը ու­նի տաս­նեակ ա­ռաջ­նորդ­ներ, ո­րոնք կրնան շատ ա­ւե­լի ծայ­րա­յե­ղա­կան քայ­լե­րու եր­թալ:

Փա­քիս­տա­նի մօտ Թա­լե­պան կա­ռա­վա­րու­թեան եր­բեմ­նի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ Ա­պըլ Սա­լամ Ալ Տա­հի­ֆի կար­ծի­քով՝ «Թա­լե­պան շար­ժու­մի ճա­կա­տա­գի­րը ան­հե­թե­թու­թիւն է կա­պել մէկ ան­ձի ճա­կա­տագ­րին հե­տ»: Ան նաեւ կար­ծիք ու­նի, որ Միա­ցեալ Նա­հանգ­ներ եր­բեք հե­տա­մուտ չեն խա­ղա­ղու­թիւն հաս­տա­տե­լու Աֆ­ղա­նիս­տա­նի մէջ:

Բա­ցա­ռուած ալ չէ, որ Միա­ցեալ Նա­հանգ­ներ ա­ւե­լի քան տասն­հինգ տա­րի Թա­լե­պա­նի դէմ սուր պայ­քար ծա­ւա­լե­լէ յե­տոյ ան­ցած է նոր ռազ­մա­վա­րու­թեան մը: Ան­ցեալ փու­լե­րուն Ո­ւա­շինկ­թըն իր զի­նուո­րա­կան ներ­կա­յու­թեամբ կը փոր­ձէր «մաք­րե­լ» Թա­լե­պա­նի հա­շի­ւը: Իր պատ­րաս­տած ա­պա­հո­վա­կան ծրա­գիր­նե­րուն դի­մաց նոյն ա­մե­րի­կա­ցի­նե­րը քա­ղե­ցին բա­ւա­կան վնա­սա­բեր ար­դիւնք­ներ: Ե­ղան անձ­նաս­պա­նա­կան տաս­նեակ պայ­թում­ներ, ո­րոնց հիմ­նա­կան թի­րա­խը նոյ­նինքն ա­մե­րի­կեան ու­ժերն էին: Ու ատ­կէ ետք էր միայն, որ ա­մե­րի­կա­ցիք սկսան դան­դա­ղօ­րէն հե­ռա­նալ Քա­պու­լի ծայ­րա­մա­սե­րուն ե­ղող ի­րենց զօ­րա­կա­յան­նե­րէն: Այդ հանգը­ր-ւա­նէն վերջ եւ ցայ­սօր մէջ­տեղ դրուե­ցան ա­նօ­դա­չու սար­քե­րով կա­տա­րուած «պատ­ժի­չ» գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րը, ո­րոնց շնոր­հիւ Ո­ւա­շինկ­թըն կա­րո­ղա­ցաւ «լին­չի դա­տաս­տա­ն­»ի են­թար­կել Թա­լե­պա­նի գլխա­ւո­րա­գոյն ղե­կա­վար­նե­րը:

Այս բո­լո­րէն բա­ցի, այ­սօր, ըստ ե­րե­ւոյ­թին, Միա­ցեալ Նա­հանգ­ներ պատ­րաս­տած է նոր ռազ­մա­վա­րու­թիւն մը, ո­րուն ա­ռա­ջին «ծի­լե­րը» պի­տի ե­րե­ւին յա­ռա­ջի­կայ փու­լին: Այդ ռազ­մա­վա­րու­թեան գլխա­ւոր դրոյ­թը Թա­լե­պա­նի ղե­կա­վա­րու­թեան մօտ հա­կա­սու­թիւն­ներ ստեղ­ծելն է: Ան­ցեա­լէն ե­ղած այդ տա­րա­կար­ծու­թիւն­նե­րուն շնոր­հիւ Միա­ցեալ Նա­հանգ­ներ ա­մէն գնով պի­տի փոր­ձէ ներ­քին բա­խում­ներ հրահ­րել եւ բա­ժա­նու­մի տա­նիլ այս շար­ժու­մը:

Գո­յու­թիւն ու­նի նաեւ այն վար­կա­ծը, ըստ ո­րուն Միա­ցեալ Նա­հանգ­ներ Թա­լե­պա­նը բա­ժա­նու­մի տա­նե­լով պի­տի փոր­ձէ ՏԱ­ՀԷՇ-ը «ցա­նե­լ» Աֆ­ղա­նիս­տա­նի մէջ: Այ­սինքն ա­ռիթ տալ Սու­րիա­յէն եւ Ի­րա­քէն խոյս տուող ՏԱ­ՀԷՇ-ի զի­նեալ­նե­րուն ա­ճիլ եւ հզօ­րա­նալ Աֆ­ղա­նիս­տա­նի մէջ:

Այս մօ­տե­ցու­մով Միա­ցեալ Նա­հանգ­ներ կրնայ եր­կու կա­րե­ւոր խնդիր լու­ծած ըլ­լալ: Ա­ռա­ջին՝ Մի­ջին Ա­րե­ւել­քէն հե­ռաց­նել ՏԱ­ՀԷՇ-ի ա­հա­բե­կիչ­նե­րը, կամ առ­նուազն նուա­զեց­նել ա­նոնց թի­ւը եւ երկ­րորդ՝ Աֆ­ղա­նիս­տա­նի մէջ բա­նալ նոր փուլ մը, ո­րուն ըն­թաց­քին եր­կու ար­մա­տա­կան զի­նեալ խմբա­ւո­րում­նե­րը՝ ՏԱ­ՀԷՇ եւ Թա­լե­պան, պի­տի սկսին ներ­քին պա­տե­րազ­մի, ո­րուն ար­դիւն­քով եր­կուքն ալ պի­տի տկա­րա­նան եւ ճա­նա­պարհ բա­նան Քա­պու­լի իշ­խա­նու­թիւն­նե­րուն:

Այս բո­լո­րը ան­շուշտ են­թադ­րու­թիւն­ներ են, սա­կայն անց­նող Մա­յի­սին տե­ղի ու­նե­ցած սպան­ու­թիւ­նը պա­տա­հա­կան չէ ու վստա­հա­բար նման «շախ­մա­տա­յին» քայլ մը իր մէջ կը կրէ յա­ռա­ջի­կայ ռազ­մա­վա­րու­թեան մը կա­րե­ւոր դրոյթ­նե­րը:

Ա­մէն պա­րա­գա­յի հա­կա­մար­տու­թիւն­նե­րու բո­վին մէջ ե­ղող ա­մե­րի­կեան քա­ղա­քա­կա­նու­թեան այս նոր վար­կած­նե­րը չեն կրնար խա­ղա­ղու­թիւն տալ Աֆ­ղա­նիս­տա­նին, այլ կա­րո­ղու­թիւ­նը ու­նին հա­կա­մար­տու­թեան եւ ա­րեան մէջ ուռ­ճա­ցող նոր փու­լե­րու պատ­րաստ­ման:

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Ե­րե­ւան

Երկուշաբթի, Յուլիս 4, 2016