ԼԱՒՐՈՎԻ ՋԱՆՔԵՐԸ
Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սէրկէյ Լաւրով այսօր կ՚այցելէ Երեւան, ուր տեղի կ՚ունենայ Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներուն ժողովը։ Թէեւ այս այցը նախատեսուած է ՀԱՊԿ-ի հաւաքին բերումով, սակայն ռուս նախարարը Երեւանէն անմիջապէս վերջ պիտի ուղեւորուի դէպի Պաքու։ Այս հանգամանքը ինքնին ապացոյց մըն է, որ Սէրկէյ Լաւրովի շփումներուն ընթացքին Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի կարգաւորման գործընթացին տեսակէտէ կարեւոր զարգացումներ կրնան ապրուիլ։ Ռուսաստանի Արտաքին գործոց փոխ-նախարար Կրիկորի Քարասին յայտնեց, թէ Սէրկէյ Լաւրով այս շփումներուն ընթացքին կը շօշափէ տարածքաշրջանային անվտանգութեան հրատապ խնդիրներ։ Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա նախընթաց օր յայտարարած էր, թէ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման նիւթը կը պահանջէ լռութիւն։
Ապրիլի սկիզբին Արցախի ճակատին վրայ ապրուած ռազմական լայնածաւալ գործողութիւնները Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացին տեսակէտէ ստեղծեցին արտասովոր պայմաններ։ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահ երկիրները՝ Միացեալ Նահանգներ, Ռուսաստան եւ Ֆրանսա անմիջապէս շարժման անցան՝ իրերայաջորդ նախաձեռնութիւններով։ Այս շրջագծով Վիեննայի եւ Սեն Փեթերսպուրկի մէջ կազմակերպուեցան Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեանի եւ Ատրպէյճանի Նախագահ Իլհամ Ալիեւի հանդիպումները։ Երկու գագաթաժողովներէն ներս լաւատես մթնոլորտ մը ստեղծուեցաւ՝ բանակցութիւններու վերսկսման համար հիմքերու պատրաստման տեսակէտէ։ Նախագահներու մակարդակին վրայ շարք մը համաձայնութիւններ գոյացան։ Աւելի վերջ դարձեալ մտահոգութեան ազդանշաններ հասնիլ սկսան, որովհետեւ Պաքուի ղեկավարութիւնը մտադրութիւն յայտնեց այդ պայմանաւորուածութիւններէն հրաժարելու ուղղութեամբ։ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահ երկիրները իրերայաջորդ ձեւով, բարձր մակարդակի վրայ սկսան վերստին արձագանգել այս իրադրութեան ու միեւնոյն ժամանակ խտացուցին նաեւ իրենց միջեւ շփումները։ ԵԱՀԿ-ի մօտ Ռուսաստանի մշտական ներկայացուցիչ Ալեքսանտր Լուքաշեւիչ այս մթնոլորտին մէջ յայտարարեց, որ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացի շարժիչ ուժը կը հանդիսանան ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահները։
Սէրկէյ Լաւրովի դէպի Երեւան եւ Պաքուի այցելութեան ընդառաջ, սահմանին վրայ Ատրպէյճան թիրախ դարձուց գիւղատնտեսական տարածքներէ ներս աշխատող խաղաղ քաղաքացիները, ինչ որ եկաւ ամրապնդել մտահոգութիւնը։ Համանախագահ երկիրներու բարձրաստիճան պաշտօնատարներն ալ վերջին օրերուն անընդհատ իրենց ուշադրութեան կեդրոնին պահեցին այս հիմնախնդիրը։ ԱՄՆ-ի Արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերի հեռախօսազրոյցներ ունեցաւ Սարգսեանի եւ Ալիեւի հետ՝ յորդորելով շարունակել խաղաղ գործընթացը։ Ամերիկացի պետական քարտուղարը նախագահներուն խորհուրդ տուաւ խուսափիլ լարուածութիւններէ՝ հաշտութեան գործընթացը յառաջ տանելու համար։ Ան միեւնոյն ժամանակ կոչ ուղղեց, որպէսզի երկու նախագահները կատարեն իրենց պարտաւորութիւնները։ Երկու նախագահներուն հետ խօսելէ վերջ Քերի շփման մէջ անցաւ նաեւ Լաւրովի հետ՝ դէպի Երեւան եւ Պաքու ուղեւորութեան ճիշդ նախօրեակին։ Նման բովանդակութիւնով յայտարարութիւն մըն ալ հրապարակուեցաւ ԱՄՆ-ի Արտաքին գործոց նախարարութեան կողմէ։
Իր կարգին, ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի ամերիկացի համանախագահ Ճէյմս Ուորլիքն ալ «Ամերիկայի ձայն»ին տուած հարցազրոյցին մէջ նշեց, թէ Սարգսեանի եւ Ալիեւի սեղանին վրայ կը գտնուին կարեւորագոյն առաջարկներ։ Բնականաբար կան տարաձայնութիւններ, իսկ երկու նախագահները համաձայնած են այդ առաջարկներուն վրայ աշխատանք տանելու շուրջ։ Ամերիկացի դիւանագէտը համոզուած է, թէ հրադադարի պահպանումը միակ նախապայմանն է արդիւնաւէտ բանակցութիւններ վարելու համար։
Համանախագահ միւս երկիրներուն՝ Ռուսաստանի եւ Ֆրանսայի միջեւ եւս ղարաբաղեան հիմնախնդիրը վերջին օրերուն շօշափուեցաւ ամենաբարձր մակարդակի վրայ։ Ռուսաստանի Նախագահ Վլատիմիր Փութին եւ Ֆրանսայի Նախագահ Ֆրանսուա Օլանտ ունեցան հեռախօսազրոյց մը, որու ընթացքին շօշափեցին հիմնախնդիրը։ Երկու ղեկավարները պայմանաւորուեցան շարունակել աշխոյժ համատեղ գործունէութիւնը՝ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի շրջանակներէն ներս։ Այս հեռախօսազրոյցէն առաջ Փարիզ այցելեց Սէրկէյ Լաւրով, որ հիւրընկալուեցաւ Ֆրանսայի Արտաքին գործոց նախարար Ժան-Մարք Էյրոյի կողմէ։ Անոնք ալ անդրադարձան ղարաբաղեան հարցին։ Լաւրով ներկայացուց Փութինի միջնորդութեամբ Սեն Փեթերսպուրկի մէջ տեղի ունեցած Սարգսեան-Ալիեւ հանդիպման մանրամասնութիւնները։ Էյրօ նշեց, թէ Փարիզ պատրաստ է հարթակ տրամադրելու նոր քննարկումներու համար։
Կարգ մը աղբիւրներ ներկայիս հաւանական կը նկատեն Փարիզի մէջ յառաջիկայ շրջանին Սարգսեան-Ալիեւ նոր հանդիպումի մը կազմակերպումը։ «Ազատութիւն» ռատիօկայանի հաղորդումներով, այս մասին տեղեկացուց նաեւ Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամէտեարով, ըստ որու ֆրանսական կողմը առաջարկած է կազմակերպել նման հանդիպում մը, որուն դէմ չէ Պաքու։ «Մեզի համար կարեւորը բանակցութիւններու արդիւնքն է, մենք չենք փափաքիր բանակցիլ՝ միայն բանակցած ըլլալու համար», յայտնեց Մամէտեարով։
ԵԱՀԿ-ի շրջանային նախագահ երկրի՝ Գերմանիոյ Արտաքին գործոց նախարար Ֆրանք Վալթէր Շթայնմայէրն ալ վերջին օրերուն տեսակցեցաւ Մինսքեան խմբակի համանախագահներուն հետ ու քննարկեց ղարաբաղեան հարցը՝ դէպի Երեւան եւ Պաքու կատարած ուղեւորութեան ընդառաջ։ Շթայնմայէր երկու մայրաքաղաքներուն մէջ յստակ պատգամներ տուաւ կարգաւորման գործընթացին առընչութեամբ։ Հարաւային Կովկասի շփումներուն շրջագծով աւելի վերջ Թիֆլիզ ժամանեց Շթայնմայէր, որ նշեց, թէ Պերլին կը ձգտի կարգաւորել Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութիւնը։ Գերմանացի նախարարը Երեւանի մէջ ընդգծեց, թէ Ապրիլի սկիզբին պատահած դէպքերը պէտք չէ կրկնուին։ Իսկ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեան մատնանշեց, որ Ատրպէյճանի կազմէն ներս Արցախի ինքնավարութեան հարցը երբեք չէ եղած ու պիտի չըլլայ քննարկման առարկայ։ Ըստ Շթայնմայէրի, սկզբունքօրէն ճիշդ ճանապարհի վրայ է ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացը։ Ան ընդգծեց, որ Լեռնային Ղարաբաղի առկայ կարգավիճակի պահպանումը անհնար է ու պէտք չէ փոշիացուին ցարդ ապահովուած ձեռքբերումները։ Շթայնմայէրի համոզմամբ, Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան գօտիէն ներս չափազանց մեծ է մագլցման վտանգը։ Հարաւային Կովկասի շփումները աւարտելէ վերջ գերմանացի նախարարը հեռախօսազրոյց մըն ալ ունեցաւ իր ռուս պաշտօնակցին՝ Լաւրովի հետ, որ այսօր արդէն Երեւանի մէջ է ու այնտեղէն ալ կ՚անցնի Պաքու։
ԲԱՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ ԷՈՒԹԻՒՆԸ
Մինչ դիւանագիտական երթեւեկը թափ ստացած է Լեռնային Ղարաբաղի հարցին շուրջ, Երեւանի ղեկավարութիւնն ալ վերջին օրերուն զանազան առիթներով հրապարակեց իր մօտեցումներն ու ակնկալութիւնները հիմնախնդրի կարգաւորման գործընթացի առկայ փուլին շուրջ։ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը կոչ ուղղեց, որպէսզի Ատրպէյճան դադրեցնէ բանակցութիւններու էութեան անընդմէջ աղաւաղումը։ Նոյն շրջագծով ընդգծուեցաւ, որ ինքնորոշման իրաւունքի դէմ ուժի կիրառումը կը համարուի Հելսինքեան եզրափակիչ աքտի եւ ԵԱՀԿ-ի յանձնառութիւններու կոպիտ խախտում։
Խորհրդարանէն ներս մեծամասնութեան տէր Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութիւնն ալ տեղեկացուց, որ Լեռնային Ղարաբաղ չի կրնար որեւէ կարգավիճակով ըլլալ Ատրպէյճանի կազմին մէջ։ Արցախի ժողովուրդը պէտք է ամբողջութեամբ կենսագործէ ինքնորոշման իրաւունքը։