ԻՆՆԵՐՈՐԴ ԱՆԳԱՄ ՄԵՐԺՈՒՄ
Իսրայէլի խորհրդարանը հերթական անգամ մերժեց ընթացք տալ այն բանաձեւին, որ կը նախատեսէր «ճանչնալ հայոց ցեղասպանութիւնը»: Յուլիսի 5-ին Քնեսեթի մօտ օրակարգի վրայ եկաւ հայկական հարցը։ Հակառակ նախատեսուածին, լիագումար նիստ տեղի չունեցաւ, հարցը պարզապէս քննարկուեցաւ՝ 120 երեսփոխաններէն 24-ին մասնակցութեամբ։ «Ազատութիւն» ռատիօկայանի հաղորդումներով, որոշուեցաւ նախագիծը փոխանցել Քնեսեթի Կրթութեան, գիտութեան ու մշակոյթի մշտական յանձնաժողովի քննարկման։
Հայկական հարցին վերաբերեալ այս բանաձեւը հերթական անգամ Քնեսեթի օրակարգին վրայ եկաւ «Մերեց» կուսակցութեան առաջնորդ Զեվահա Կալ-Օնի նախաձեռնութեամբ։ Իրեն առընթեր, ժողովի ընթացքին ելոյթ մը ունեցաւ երեսփոխան Թալի Փլոսքովա, որ կը գլխաւորէ Իսրայէլ-Հայաստան բարեկամութեան խորհրդարանական խումբը։ Նախարար Ցախի Հանեքփի («Լիքուտ» կուսակցութիւն), որ Քնեսեթի մշտական յանձնաժողովներէն մին կը ղեկավարէ, արտայայտուեցաւ երկրի կառավարութեան անունով։ Ան առաջարկեց խնդիրը ներկայացնել Քնեսեթի Կրթութեան, գիտութեան ու մշակոյթի մշտական յանձնաժողովի քննարկման։ Այս առաջարկին հիման վրայ՝ Քնեսեթի նախագահ Եուլի Եոէլ Էտելշթէյն նիւթը դրաւ քուէարկութեան, որու արդիւնքին նիստի մասնակից բոլոր երեսփոխանները հաւանութիւն տուին կառավարութեան առաջարկին։
Մինչ ժողովը կ՚ընթանար, Քնեսեթի դիմացը տեղի ունեցաւ ցոյց մը։ Շուրջ հարիւր ցուցարարներ հանդէս եկան ի պաշտպանութիւն քննարկման դրուած բանաձեւին։ Ցոյցի մասնակիցներուն կէսը հայեր էին, իսկ միւս կէսը՝ հրեայ երիտասարդներ։
Հարկ է նշել, որ Քնեսեթի մօտ արդէն իններորդ անգամ քննարկման դրուեցաւ հայկական հարցին մասին բանաձեւ մը։ Երեք բանաձեւի պարագային որոշուեցաւ յղել՝ Քնեսեթի Կրթութեան, գիտութեան ու մշակոյթի մշտական յանձնաժողովի քննարկման։ Միւս վեց նախագիծերն ալ ուղարկուեցան Քնեսեթի Անվտանգութեան եւ արտաքին քաղաքականութեան մշտական յանձնաժողովի քննարկման, բայց երբեք չքննարկուեցան։
Այս վերջին նախագիծը ժամկէտին տեսակէտէ շատ ուշագրաւ էր։ Արդարեւ ան զուգադիպեցաւ Թուրքիա-Իսրայէլ յարաբերութիւններու բնականոնացման ուղղեալ համաձայնագրի ստորագրուած շրջանին։ Տարակոյս չկար, թէ Իսրայէլ պիտի խուսափէր Թուրքիոյ հետ նոր լարուածութիւն մը ապրելու վտանգէն։ Հետեւաբար, Քնեսեթի որոշումը որեւէ անակնկալի տեղի չտուաւ։
Մեկնաբանելով Իսրայէլի խորհրդարանին որոշումը՝ Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութեան աղբիւրները տեղեկացուցին, որ Քնեսեթ այսպէսով կը քնացնէ հայկական հարցը։