ԽՏԱՑԵԱԼ ՔԱՅԼԵՐ

Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հա­կա­մար­տու­թեան կար­գա­ւոր­ման գոր­ծըն­թա­ցը այս շրջա­նին մաս կը կազ­մէ մի­ջազ­գա­յին հան­րու­թեան ան­մի­ջա­կան ու­շադ­րու­թեան շրջագ­ծին։ Ապ­րի­լի սկիզ­բին պա­տա­հած լայ­նա­ծա­ւալ ռազ­մա­կան գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րէն վերջ հա­մաշ­խար­հա­յին մա­կար­դա­կով մտա­հո­գու­թիւն յա­ռա­ջա­ցաւ այս հիմ­նախնդ­րի պա­րա­գա­յին։ Զու­գա­հե­ռա­բար ԵԱՀԿ-ի Մինս­քեան խմբա­կի հա­մա­նա­խա­գահ եր­կիր­նե­րը՝ Միա­ցեալ Նա­հանգ­ներ, Ռու­սաս­տան եւ Ֆրան­սա թափ տուած են ի­րենց միջ­նոր­դա­կան ջան­քե­րուն, կան­խե­լու հա­մար նոր բա­խում­նե­րը։ Ո­ւա­շինկ­թըն-Մոս­կուա-Փա­րիզ ա­ռանց­քին վրայ ան­նա­խըն­թաց եր­թե­ւեկ մը կ՚ապ­րուի՝ Ե­րե­ւա­նի եւ Պա­քուի մի­ջեւ լա­րուա­ծու­թիւ­նը յաղ­թա­հա­րե­լու ա­ռա­ջադ­րու­թեամբ։ Մօ­տա­ւոր ան­ցեա­լին միջ­նորդ­նե­րը Վիեն­նա­յի եւ Սեն Փե­թերս­պուր­կի մէջ ի մի բե­րին Հա­յաս­տա­նի Նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեանն ու Ատր­պէյ­ճա­նի Նա­խա­գահ Իլ­համ Ա­լիե­ւը՝ հա­կա­մար­տու­թեան կար­գա­ւոր­ման ուղ­ղու­թեամբ շօ­շա­փե­լի ար­դիւնք­ներ ա­պա­հո­վե­լու նպա­տա­կով։ Հի­մա այդ բո­լո­րին տե­սա­կէ­տէ կ­­՚ակն­կա­լուի տրա­մա­բա­նա­կան շա­րու­նա­կու­թիւն մը, թէեւ կան նաեւ յո­ռե­տե­սու­թեան բա­ւա­րար նա­խադ­րեալ­ներ։

Այս մթնո­լոր­տին մէջ ԱՄՆ-ի Նա­խա­գահ Պա­րաք Օ­պա­մա եւ Ռու­սաս­տա­նի Նա­խա­գահ Վլա­տի­միր Փու­թին վեր­ջին օ­րե­րուն ու­նե­ցան հե­ռա­խօ­սազ­րոյց մը, ո­րու ըն­թաց­քին անդ­րա­դար­ձան Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հիմ­նախնդ­րին։ Ա­նոնք հա­մա­կար­ծիք գտնուե­ցան բո­լոր հա­մա­նա­խա­գահ­նե­րով շա­րու­նա­կե­լու հա­մար հա­մա­տեղ ու­ժե­րով աշ­խա­տան­քը Մինս­քեան խմբա­կի շրջա­նակ­նե­րէն ներս՝ հայ-ա­զէ­րի հա­կա­մար­տու­թեան կար­գա­ւոր­ման ուղ­ղու­թեամբ։ Փու­թին տե­ղե­կու­թիւն­ներ փո­խան­ցեց Սեն Փե­թերս­պուր­կի մէջ իր ջան­քե­րով կազ­մա­կեր­պուած ե­րեք նա­խա­գահ­նե­րու հան­դիպ­ման շուրջ։ Ըստ ի­րեն, այդ հան­դի­պու­մը կազ­մա­կեր­պե­լու ժա­մա­նակ Մոս­կուա ա­ռաջ­նոր­դուած է՝ հա­կա­մար­տու­թեան գօ­տիէն ներս ի­րադ­րու­թեան ան­յա­պաղ կա­յու­նաց­ման նպաս­տե­լու եւ հաշ­տու­թեան գոր­ծըն­թա­ցի յա­ռաջ­խա­ղաց­ման պայ­ման­ներ ստեղ­ծե­լու անհ­րա­ժեշ­տու­թեամբ։ Քրեմ­լի­նի աղ­բիւր­նե­րը տե­ղե­կա­ցու­ցին, որ Օ­պա­մա բարձր գնա­հա­տած է Մոս­կուա­յի ջան­քե­րը։

Ռու­սա­կան կող­մին նա­խա­ձեռ­նու­թիւն­նե­րը այս շրջա­նին ի­րե­րա­յա­ջորդ կա­րե­ւոր քայ­լե­րով կը դրսե­ւո­րուին։ Ռու­սաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Սէր­կէյ Լաւ­րով քա­նի մը օր ա­ռաջ Ե­րե­ւա­նի մէջ էր՝ մաս­նակ­ցե­լու հա­մար Հա­ւա­քա­կան անվ­տան­գու­թեան պայ­մա­նագ­րի կազ­մա­կեր­պու­թեան (ՀԱՊԿ) ժո­ղո­վին։ Իր կե­ցու­թեան ըն­թաց­քին ան հան­դի­պում­ներ ու­նե­ցաւ Սերժ Սարգ­սեա­նի եւ Հա­յաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Ե­դուարդ Նալ­պան­տեա­նի հետ՝ քննար­կե­լով ղա­րա­բա­ղեան հար­ցը։ Հա­րա­ւա­յին Կով­կա­սի ուղ­ղեալ ջան­քե­րուն շրջագ­ծով՝ այս օ­րե­րուն ռուս նա­խա­րա­րը շու­տով կ՚ու­ղե­ւո­րուի նաեւ Պա­քու՝ շա­րու­նա­կե­լու հա­մար նոյն նիւ­թին վե­րա­բե­րեալ քննար­կում­նե­րը Ատր­պէյ­ճա­նի ղե­կա­վա­րու­թեան հետ։

Լաւ­րո­վի մաս­նակ­ցու­թեամբ Ե­րե­ւա­նի մէջ կազ­մա­կեր­պուած ՀԱՊԿ-ի ան­դամ եր­կիր­նե­րու ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար­նե­րու ժո­ղո­վէն վերջ հրա­պա­րա­կուե­ցաւ հա­մա­տեղ յայ­տա­րա­րու­թիւն մը՝ ղա­րա­բա­ղեան հար­ցին շուրջ: Այս­պէս, Հա­յաս­տան եւ իր դաշ­նա­կից­նե­րը կ­­՚ակն­կա­լեն հա­կա­մար­տու­թեան գօ­տիէն ներս ի­րա­վի­ճա­կի կա­յու­նա­ցում եւ հա­մա­միտ են հիմ­նախնդ­րի բա­ցա­ռա­պէս խա­ղաղ կար­գա­ւոր­ման։ Սէր­կէյ Լաւ­րո­վի շրջա­գա­յու­թեան փու­լին, Ռու­սաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թեան բան­բեր Մա­րիա Զա­խա­րո­վան ալ յայ­տա­րա­րեց, որ հսկա­յա­կան ջան­քեր կը գոր­ծադ­րուին Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հա­կա­մար­տու­թեան կար­գա­ւոր­ման հա­մար ու բա­ւա­րար ա­մէն բան կը կա­տա­րուի այս ուղ­ղու­թեամբ։

Մինս­քեան խմբա­կի հա­մա­նա­խա­գահ­նե­րէն Ֆրան­սան եւս շրջա­նա­ռու­թեան մէջ կը դնէ իր ջան­քե­րը։ Փա­րի­զի ղե­կա­վա­րու­թիւ­նը գոր­ծի լծուած է նա­խա­գահ­նե­րու նոր հան­դի­պում մը կազ­մա­կեր­պե­լու նպա­տա­կով։ Ֆրան­սա­յի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թեան վեր­ջին հա­ղոր­դում­ներն ալ ե­կան հաս­տա­տել այս աշ­խա­տան­քը։ Քէ տ­­՚Օր­սէի աղ­բիւր­նե­րու հա­ղոր­դում­նե­րով, խորհր­դակ­ցու­թիւն­ներ կ­­՚ըն­թա­նան Հա­յաս­տա­նի եւ Ատր­պէյ­ճա­նի նա­խա­գահ­նե­րու նոր հան­դիպ­ման ժամ­կէ­տին, ձե­ւա­չա­փին եւ վայ­րին ա­ռըն­չու­թեամբ։

Միւս կող­մէ, Հա­րա­ւա­յին Կով­կա­սի հար­ցե­րով Եւ­րո­միու­թեան յա­տուկ ներ­կա­յա­ցու­ցիչ Հեր­պերթ Զալ­պէր վեր­ջին օ­րե­րուն ի­րա­կա­նա­ցուց տա­րած­քաշր­ջա­նա­յին այ­ցե­լու­թիւն մը, ո­րու շրջագ­ծով հիւ­րըն­կա­լուե­ցաւ նաեւ Ե­րե­ւա­նի իշ­խա­նու­թիւն­նե­րուն կող­մէ։ Ան յայտ­նեց, որ ղա­րա­բա­ղեան հար­ցը պէտք է լու­ծուի խա­ղաղ ճամ­բով։ «Ա­զա­տու­թիւն» ռա­տիօ­կա­յա­նին տուած հար­ցազ­րոյ­ցին մէջ ան շեշ­տեց, որ հա­կա­մար­տու­թեան գօ­տիէն ներս առ­կայ է լա­րուա­ծու­թեան նոր ա­լի­քի մը իս­կա­կան վտան­գը։

Ուրբաթ, Յուլիս 8, 2016