ՄՈՒԼԹԻՄԵՏԻԱՅԻ ԱՇԽԱՏԱՆՔ
Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) կողմէ հաստատուած եւ հովանաւորուած Հայկական համացանցային համալսարանը (AVC) սկսած է աշխոյժ գործունէութիւն ծաւալել մուլթիմետիայի բնագաւառին մէջ։ AVC-ի եւ Երեւանի քաղաքապետութեան համագործակցութեամբ վերջերս պատրաստուեցաւ էլէքթրոնիկ գիրք մը, որ լուրջ կարեւորութիւն կը ներկայացնէ Հայաստանի Զբօսաշրջութեան հատուածին տեսակէտէ։ «Երեւանի գիւտը. հայեացք՝ քաղաքի անցեալին ու ներկային» խորագրեալ այս էլէքթրոնիկ գիրքին շնորհանդէսը տեղի ունեցաւ Երեւանի քաղաքապետարանին մէջ։ Սա AVC-ի կողմէ պատրաստուած արդէն երկրորդ էլէքթրոնիկ գիրքը կը հանդիսանայ։ Բազմալեզու ծրագիր մըն է այս մէկը եւ այդ լեզուներու շարքին կը գտնուի նաեւ թրքերէնը։
Քաղաքապետարանին մէջ կազմակերպուած շնորհանդէսին ընթացքին փոխանցուած բացատրութիւններուն հետաքրքրութեամբ հետեւեցան մայրաքաղաքի պանդոկներու պատասխանատուները եւ առ հասարակ Հայաստանի զբօսաշրջութեան ոլորտի կառոյցներուն ներկայացուցիչները։ Ելոյթներով հանդէս եկան AVC-ի հիմնադիր-նախագահ, ՀԲԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամներէն Երուանդ Զօրեան եւ Երեւանի Փոխ-քաղաքապետ Մարիա Բարաղամեան։
Բջիջային կամ շարժուն ամէն տեսակ հաղորդակցութեան միջոցի յարմարելու ընդունակութիւն ունի այս էլէքթրոնիկ գիրքը, որուն մէջ պատմական, հասարակական ու ժողովրդագրական տեղեկութիւններ տրամադրուած են բոլոր անոնց համար, որոնք կ՚ուզեն շրջիլ Երեւանը կամ տարրական պատկերացում մը կազմել քաղաքին մասին։