ՄԱՐՏԻՆԻ, ՀԱՔՔԵԱՐԻԻ ԵՒ ՎԱՆԻ ՄԷՋ ԴԷՊՔԵՐ
Ահաբեկչական դէպքերը վերջին օրերուն շարունակուեցան՝ մեծ ցաւ ու մտահոգութիւն յառաջացնելով բովանդակ երկրէն ներս։ Թուրքիա շաբաթավերջին իրերայաջորդ պատահած ահաբեկչական արարքներու ականատեսը դարձաւ։
Մարտինի Արթուքլու գաւառակի մօտակայքին՝ Ճեվիզլիքի ոստիկան զօրաց ոստիկանատունը ենթարկուեցաւ յարձակման։ 5 թոն ռումբով բեռնաւորուած ինքնաշարժով մը կատարուեցաւ յարձակումը, որու հետեւանքով երկու զինուոր նահատակուեցաւ, քաղաքացի մըն ալ զոհուեցաւ։
Հաքքեարիի մէջ ալ երէկ զինուորական ինքնաշարժներու շարասիւն մը դարձաւ ահաբեկիչներուն թիրախը։ Աքթիւթիւնի մէջ ինքնաշարժներու անցքին ժամանակ ահափեկիչները հեռակայ դրութեամբ պայթեցուցին ռումբ մը։ Դժբախտաբար հինգ զինուոր նահատակուեցաւ այս դէպքին հետեւանքով։
Վանի Էրճիշ գաւառակէն եւս հասան տխուր լուրեր։ Փայի ոստիկան զօրաց ոստիկանատունը յարձակման ենթարկուեցաւ՝ նոյնպէս ռումբով բեռնուած ինքնաշարժի մը միջոցաւ։ Երկու անվտանգութեան պաշտօնեայ նահատակուեցաւ։ Տասնհինգ անվտանգութեան պաշտօնեաներ ալ վիրաւորուեցան։
Թուրք զինեալ ուժերն ալ առկայ պայմաններուն ներքեւ կը շարունակեն գործողութիւններ կազմակերպել ահաբեկիչներուն դէմ։ Ընդհանուր սպայակոյտի նախագահութեան աղբիւրները տեղեկացուցին, որ վերջին օրերուն սպաննուած են տասնինն ՓՔՔ-ականներ։
Միւս կողմէ, «Անատոլու» գործակալութիւնը շաբաթավերջին տեղեկացուց, որ Սուրիոյ մէջ սպաննուած է ՓՔՔ-ի բարձրաստիճան պատասխանատուներէն Ֆեհման Հիւսէյին (Պահոզ Էրտալ): Այս լուրը ստեղծեց լայն արձագանգ։ Կարգ մը թերթեր այսօր կը գրեն, որ այս կապակցութեամբ շարք մը հարցականներ կը մնան առկայ։ Լրաքաղութեան աղբիւրները առայժմ ո՛չ կը հերքեն, ո՛չ ալ կը հաստատեն այդ լուրը։