ԻՒՐՕՐԻՆԱԿ ՊԱՏՈՒՀԱՆ
Երէկ, Երեւանի մէջ հանդիսաւորապէս բացուեցաւ «Ոսկէ ծիրան» շարժանկարի միջազգային փառատօնը, որ այս տարի կը կազմակերպուի 13-րդ անգամ։ Ըստ ընկալեալ սովորութեան, Երեւանի Ս. Զօրաւոր Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ առաւօտուն կատարուեցաւ ծիրանօրհնէք եւ այս խորհրդանշական փուլը բնորոշեց ձեռնարկին մեկնարկը։
Բացման բուն հանդիսութիւնը տեղի ունեցաւ երեկոյեան ժամերուն, «Մոսկուա» շարժանկարի դահլիճին մէջ։ Նախ Շարլ Ազնաւուրի հրապարակին վրայ հանդիսաւորապէս զետեղուեցան հայկական շարժանկարի աշխարհի նուիրեալներէն՝ Ալպերթ Եաւրուեանի, Էտմոն Քէօսաեանի եւ Տիմիթրի Կեսաեանցի աստղերը։ Ապա հիւրերը կարմիր գորգի վրայով սկսան առաջնորդուիլ սրահ։ Ներկաներու շարքին էին Հայաստանի Մշակոյթի նախարար Յասմիկ Պօղոսեան, Երեւանի քաղաքապետ Տարօն Մարգարեան եւ բազում յայտնի արուեստագէտներ։ Ելոյթներ ունեցան փառատօնի հիմնադիր-նախագահ Յարութիւն Խաչատրեան եւ գլխաւոր հովանաւոր «Վիվասէլ»ի ընդհանուր տնօրէն Ռալֆ Եիրիքեան։
Փառատօնը այս տարի ձօնուած է Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան 25-ամեակի յոբելեանին։ Դատակազմը կը գլխաւորէ հռչակաւոր արուեստագէտ Տիգրան Մանսուրեան։
Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան փառատօնի սկիզբին առթիւ հրապարակեց պատգամ մը, որու մէջ «Ոսկէ ծիրան»ը համարեց արուեստով հարստանալու արդիւնաւէտ ճանապարհ։ Ըստ իրեն, փառատօնը իւրօրինակ պատուհան մըն է դէպի աշխարհ՝ ոչ միայն հայ հանդիսատեսին, այլ նաեւ՝ մասնագէտներուն համար։
Ընկերամշակութային
- 11/29/2024