ՄԽԻԹԱՐԵԱՆՑԻՆԵՐԸ ՅԱՐԳԱՆՔԻ ՏՈՒՐՔ ՄԱՏՈՒՑԻՆ ՍՐԲՈՒՀԻ ՏԻՒՍԱԲԻ ՇԻՐՄԻՆ ՄՕՏ

Հա­մաշ­խար­հա­յին կա­նանց օ­րուան նա­խօ­րեա­կին, Բան­կալ­թի Մխի­թա­րեան վար­ժա­րա­նէն խումբ մը սա­ներ, գլխա­ւո­րու­թեամբ հա­յե­րէ­նի ու­սու­ցիչ Սե­ւան Տէ­յիր­մէն­ճեա­նի, այ­ցե­լե­ցին վի­պա­գիր ու հան­րա­յին գոր­ծիչ Սրբու­հի Տիւ­սա­բի (1841-1901) շի­րի­մը, որ կը գտնուի Բան­կալ­թիի Լա­տի­նաց գե­րեզ­մա­նա­տան մէջ։ Ա­նոնք ի­րենց յար­գան­քի տուր­քը մա­տու­ցին Տիւ­սա­բին՝ ո­գե­կո­չե­լով կա­նանց ի­րա­ւունք­նե­րու այլ պաշտ­պան­ներն ալ։

Հայ գրա­կա­նու­թեան ա­ռա­ջին կին վի­պա­սանն ու հայ ի­րա­կա­նու­թեան մէջ կա­նանց ի­րա­ւունք­նե­րու ա­ռա­ջին գա­ղա­փա­րա­խօս­նե­րէն մէ­կը՝ Սրբու­հի Վա­հա­նեան-Տիւ­սաբ, կա­րե­ւոր կեր­պար մըն է եւ դար­ձած է խորհրդան­շան ու օ­րի­նա­կե­լի ա­նուն մը։ Ե­ղած էր ա­նուա­նի բա­նաս­տեղծ Մկրտիչ Պէ­շիկ­թաշ­լեա­նի սա­նը եւ հայ­րե­նա­սէր քեր­թո­ղը ի­րեն հա­մար դար­ձած էր կեան­քի տի­պար մը։ Տիւ­սա­բի գրչին կը պատ­կա­նին «Մայ­տա», «Սի­րա­նոյշ» եւ «Ա­րաք­սիա կամ վար­ժու­հին» վէ­պե­րը։ Գրա­գի­տու­հին աշ­խոյժ մաս­նակ­ցու­թիւն կը բե­րէր նաեւ Դպրո­ցա­սի­րաց Հա­յու­հեաց ըն­կե­րու­թեան աշ­խա­տանք­նե­րու­ն։

Երկուշաբթի, Մարտ 9, 2015