ԾԱՆՐԱԲԵՌՆԵԱԼ ԱՇԽԱՏԱՆՔ
ԻՒՆԷՍՔՕ-ի Համաշխարհային մշակութային ժառանգութեան կոմիտէ 40-րդ նստաշրջանը ընթացքի մէջ է քաղաքէս ներս։ Տեղական մամուլը կը հաղորդէ, որ այս շրջագծով կը ծաւալուի ծանրաբեռնուած աշխատանք։ Նստաշրջանին ծիրէն ներս երէկ կազմակերպուեցաւ մամլոյ միջազգային համաժողով մը։ Ատենախօսներու շարքին էր ԻՒՆԷՍՔՕ-ի Համաշխարհային ժառանգութեան պաշտպանութեան կեդրոնի տնօրէն Մեչիլտ Ռէօսլէր։
Հաւաքոյթի ընթացքին Ռէօսլէր անդրադարձաւ Անիի աւերակներու պաշտօնապէս ԻՒՆԷՍՔՕ-ի Համաշխարհային ժառանգութեան ցուցակին վրայ ընդգրկուելու նիւթին։ Ան մատնանշեց, թէ Անիի աւերակները կը գտնուին Թուրքիա-Հայաստան սահմանին վրայ եւ անոնց վերաբերեալ որոշումը պիտի ընդունուի այս շաբաթավերջին։ Այդ ցուցակին համալրումը կախեալ է տուեալ վայրի հասարակաց ոգիէն ու համագործակցութենէն։ «Երբ հրապարակուի որոշումը, զարգացումները պիտի դիտարկենք։ Այս առումով առայժմ ամբողջովին ենթակայ ենք կոմիտէի որոշման», ըսաւ Ռէօսլէր։