ԴԺՈԽԱՅԻՆ ՇՐՋԱՆ

«Ա­րե­ւելք» կայ­քէ­ջին վրայ կը կար­դանք.-

«Հա­լէպ իր ա­մե­նէն ծանր օ­րե­րը կ՚ապ­րի», ը­սաւ Հա­լէ­պի Սո­ցիալ դե­մոկ­րատ հնչա­կեան կու­սակ­ցու­թեան (ՍԴՀԿ) վա­րիչ մարմ­նի ան­դամ Շա­հէ Մի­նա­սեան, որ մաս կը կազ­մէ «Հա­լէ­պի շտապ օգ­նու­թեան գոր­ծա­դիր մար­մի­ն­»ին։ Ան յոյս յայտ­նեց, որ առ­կայ ծանր կա­ցու­թիւ­նը կտրուկ կեր­պով կը բա­րե­լա­ւուի եւ շրջա­նէն ներս դար­ձեալ խա­ղա­ղու­թիւն կը տի­րէ: Մի­նա­սեան, որ նշեց խա­ղաղ շրջան­նե­րու ուղ­ղու­թեամբ ա­հա­բե­կիչ զի­նեալ­նե­րուն կա­տա­րած հրթի­ռար­ձա­կում­նե­րուն պատ­ճառ­նե­րը՝ ը­սաւ, որ Սու­րիոյ բա­նա­կը այ­սօ­րուան դրու­թեամբ յա­ջո­ղած է պա­շար­ման օ­ղա­կի տակ առ­նել զա­նոնք ու փա­կել ա­նոնց հա­մար հիմ­նա­կան հա­մա­րուող «Գաս­թե­լօ»ի ճա­նա­պար­հը: Ըստ Մի­նա­սեա­նի, Սու­րիոյ բա­նա­կը ա­մէն գնով պի­տի փոր­ձէ զի­նեալ­ներ անձ­նա­տուր դարձ­նել եւ յոյս յայտ­նեց, որ զի­նեալ­նե­րը  կը յանձ­նուին երկ­րի օ­րի­նա­կան բա­նա­կին: Մի­նա­սեան նաեւ պատ­մեց, որ Հա­լէ­պի «Շտապ օգ­նու­թեան մար­մի­ն­»ը կը շա­րու­նա­կէ իր գոր­ծուէ­նու­թիւ­նը եւ ի­րենց հա­մար ա­մե­նէն հիմ­նա­կան խնդի­րը ծանր վի­ճակ­նե­րուն հե­տե­ւան­քով վնաս­ներ կրած ըն­տա­նիք­նե­րուն օգ­նու­թեան ձեռք եր­կա­րելն է: «Հայ­կա­կան թա­ղա­մա­սերն ալ զերծ չեն այս ընդ­հա­նուր տագ­նա­պա­լի դրու­թե­նէն եւ վեր­ջին օ­րե­րուն պա­տա­հած հրթի­ռար­ձա­կում­նե­րէն ետք կան վի­րա­ւոր­ներ, սա­կայն մա­հուան պա­րա­գա­ներ չեն ար­ձա­նագ­րուած: Մեր հա­մայն­քի ան­դամ­նե­րուն մօտ ալ  կի­սա­խու­ճա­պա­յին վի­ճակ մը կը տի­րէ, սա­կայն բո­լորս կը գի­տակ­ցինք, որ յա­ռա­ջի­կայ օ­րե­րը ա­ւե­լի լաւ պի­տի ըլ­լան մեր գա­ղու­թին հա­մա­ր», ը­սաւ ան: Ըստ Շա­հէ Մի­նա­սեա­նի, ե­թէ ի­րա­վի­ճա­կը դէ­պի կա­յու­նա­ցում եր­թայ, ա­պա ա­ռա­ջին հեր­թին ա­ռ­­ժա­մա­բար Սու­րիոյ տար­բեր շրջան­ներ հաս­տա­տուած հա­լէ­պա­հա­յե­րը կրկին ի­րենց օ­ճա­խը կը վե­րա­դառ­նան: Հնչա­կեան գոր­ծի­չը նկա­տել տուաւ, որ ի­րենց հա­մար ներ­կայ հանգ­րուա­նին ա­մե­նէն ա­ռաջ­նա­յին խնդի­րը  ա­ռող­ջա­կան հար­ցեր ու­նե­ցող հա­մայն­քի զա­ւակ­նե­րուն անհ­րա­ժեշտ օգ­նու­թիւն ցոյց տալն է, ինչ­պէս նաեւ հրթի­ռար­ձա­կում­նե­րուն հե­տե­ւան­քով տու­ժած բնա­կա­րան­ներ ու­նե­ցող հայ­րե­նա­կից­նե­րուն հար­ցե­րուն լու­ծու­մը: «Մեր փա­փաքն է, որ Հա­լէ­պէն հե­ռա­ցած մեր բո­լոր հա­րա­զատ­նե­րը վե­րա­դառ­նան ու այդ մէ­կը կրնայ ի­րա­կա­նա­ցուիլ միայն այս ծանր ի­րա­վի­ճա­կին ա­ւար­տէն ետ­ք», եզ­րա­փա­կեց Շա­հէ Մի­նա­սեան:

Չորեքշաբթի, Յուլիս 13, 2016