ԱՐՑՈՒՆՔԸ՝ ՍՐՏԻ ՄՈՐՄՈՔ
Անկարելի՜ է մարդկային սէրը ըմբռնել առանց ըմբռնելու անոր տառապանքը, ցաւը, վիշտը սրտին մէջ՝ զոր կը ստեղծէ սէ՛րը։
Կա՛ն այնպիսի տառապանքներ՝ որոնք սէր կը ստեղծեն, եւ կա՛ն այնպիսի սէրեր, որոնք ցաւ ու տառապանք կը ստեղծեն։
Կեանքի մէջ կը պատահին դէպքեր, մարդուն սիրոյն բնութիւնը, էութիւնը կը բացայայտեն։ Եթէ մարդ չսիրէր իր նմանը, մանաւանդ բարեկամին չարագործութիւններուն, ապերախտութիւններուն եւ ամէն տեսակ վատութիւններուն հանդէպ սառն անտարբերութիւն պիտի պահէր։ Եւ եթէ չի պահեր, այդ կը նշանկէ, թէ ան բառին բուն առումովը՝ կը սիրէ, հակառակ ամէն չարութեան, վատութեան։ Եւ ահաւասիկ հո՛ս է որ կը յայտնուի «սէր»ը՝ իրական եւ անկեղծ սէ՛րը։
Մարդիկ իրենց բազմաթիւ մեղքերով չե՛ն սառեցներ Աստուծոյ սէրը, քանի որ ան աստուածային-հայրական սէ՛ր է։
Եւ քանի որ մարդ Աստուծոյ պատկերով եւ նմանութեամբ ստեղծուած է, ապա ուրեմն պէտք է Աստուծոյ պէս ըլլայ՝ սիրով վարուի, սէր արտայայտէ, սէր փոխանցէ ամէնուն։ Բայց մարդ կը նախընտրէ այն՝ ի՛նչ որ հակառակ է իր բնութեան եւ ստեղծագործութեան նպատակին ու կոչումին։ Արդարեւ մարդ երբ մեղք կը գործէ, Աստուած անտարբեր չի մնար եւ կը տառապի, ցաւ կը զգայ։ Ահաւասիկ Աստուծոյ տառապանքին մէջ է փաստը, ապացոյցը Անոր սիրոյն յաւիտենականութիւնը։
Ցաւ, վիշտ, յուսախաբութիւն, եւ անշուշտ նաեւ ուրախութիւն յաճախ արցունք կը բերեն մարդուս աչքին։
Եւ Յիսուս ալ արցունք թափե՞ց. միա՛յն երկու վկայութիւն կը գտնենք Աւետարաններուն մէջ։ Երկու անգամին ալ Յիսուսի զգացած ցաւն էր եւ կամ յուսախաբութիւնը՝ որ իր աչերուն արցունքովը արտայայտուեցաւ։ Յիսուս լացա՞ւ նաեւ երբ ուրախութեամբ լեցուեցաւ իր սիրտը, չենք գիտեր, քանի որ այս մասին Աւետարաններու մէջ արձանագրուած չէ որեւէ վկայութիւն։ Թէեւ, որպէս կատարեալ մարդ, բանաւորապէս կարելի է ենթադրել, թէ Յիսուս ուրախութեան արցունք ալ թափեց։
Աստուած կու լա՞յ։ Չէ՞ որ Աստուածորդին լացաւ։ Եւ քանի որ Յիսուս որքան կատարեալ մարդ, բայց նաեւ Աստուած է, եւ Անոր մէջ կը բնակի աստուածութեան, աստուածային բնութեան բոլոր լիութիւնը մարմնապէ՛ս։ Արդարեւ Յիսուսի արցունքը կը խորհրդանշէր Հօր Աստուծոյ ցաւը։ Ուստի Աստուած ա՜յնքան սիրեր էր մարդիկ, որ յօժար եղեր էր Իր Միածին Որդին աշխարհ ղրկելու, մարմնանալու եւ մարդանալու իբրեւ «դեսպան»ը իր սիրոյն։
Եւ բնական է որ ա՛ն որ կը սիրէ՝ կը տառապի ալ։ Փորձեցէ՛ք, եւ սէրը վերցուցէ՛ք եւ ցաւ, վիշտ, յուսախաբութիւն ալ կը վերնայ, չի մնար։ Եւ սա իրականութիւն է, թէ՝ մարդ էակը անասունի, անբանի մը աստիճանին կ՚իջնէ երբ դադրի սիրելիէ։ Քանի որ սէրը Աստուծմէ է, Աստուած սէ՛ր է, ուրեմն սէրը բնական է մարդուն մէջ՝ որ զայն կը նմանցնէ Աստուծոյ, եւ Անոր պատկերով կը նոյնանայ։ Սիրոյ հակառակն է՝ ատելութիւնը, ատելութեան չա՛ր ոգին, եւ ատելութեան մէջ յուսախաբութեան տարր չի՛ մտներ։ Եթէ մարդ պիտի ցաւի, պիտի վշտանայ եւ յուսախաբութեան մատնուի՝ իր «սիրածին պատճառով» պիտի ցաւի եւ յուսախաբուի եւ ո՛չ թէ իր ատածէն, նաեւ՝ պիտի ցաւի եւ յուսախաբութեան մատնուի իր բարեկամէն, եւ ո՛չ թէ իր թշնամիէն։ Եւ ի՞նչ է ձեր կարծիքը, սիրելինե՜ր ո՞րը աւելի վտանգաւոր է եւ վնասակա՛ր. յայտնի թշնամի՞ն, թէ՛ կեղծ ու ծածուկ բարեկամը, աւելի ճիշդ է ըսել՝ բարեկամ կարծուածը…։
Կեանքի փորձառութիւնը մեզի ցոյց կու տայ, թէ ի՜նչ ծածուկ թշնամիներ կան բարեկամ ձեւացնող, բարեկամ կարծուող, եւ թշնամիներ՝ բացայայտ, իր թշնամութեան մէջ բոլորովին անկեղծ։ Եւ այս իմաստով աւելի՛ վտանգաւոր են ներքին թշնամի-բարեկամները, քան արտաքին բացայայտ թշնամիները…։
Անկերծօրէն խոստովանիմ, ես կը նախընտրեմ բացայայտ թշնամիները քան բարեկամ ձեւացնող՝ ծածուկ թշնամիները։ Ահաւասիկ հոս եւս կարեւորութիւն կը ստանայ «անկեղծութիւն»ը։ Նախընտրելի է՝ անկեղծ թշնամին, քան կեղծ բարեկամը, սուտ բարեկամը։
Եթէ թշնամին սէր չունի, գիտենք որ սէր չունի՛ եւ ըստ այնմ կը շարժինք։ Բայց կեղծ բարեկամը, կը կարծենք թէ սէր ունի, բայց ատելութեամբ լեցուած է։ Անկեղծ թշնամիին դէմ կրնանք մենք զմեզ պաշտպանել, բայց կեղծ բարեկամին թշնամութեան դէմ, քանի որ պատրաստ չենք, մեր պարտութիւնը անխուսափլի՜ կ՚ըլլայ։
Ուրեմն մէկը երբ կը ցաւի եւ կու լայ, այդ անոր սիրոյն ապացոյցն է, քանի որ սիրողը միայն ցաւ կը զգայ, իսկ չսիրողը միշտ անտարբեր է եւ անզգա՛յ։
Յիսուս ինչո՞ւ լացաւ։ Լացաւ քանի որ կը սիրէր։ Կը սիրէր քանի որ մարդիկ Երուսաղէմի պատերէն ներս մեղքի անձնատուր՝ դէպի կորուստ կը դիմէին։
Եւ ամէն անհատ ինքն ի՛ր մէջ «Երուսաղէմ» մըն է՝ սատանային թեւերէն պաշարուած, որ կործանման սպառնալիքի տակ կը գտնուի։
Աստուած Յիսուսի աչերովը նայելով մարդոց վրայ՝ կը ցաւի, կը տառապի եւ կու լայ։ Լացը՝ որուն հետեւեցաւ խաչը, ծայրագոյն արտայայտութիւնն է Աստուծոյ «յուսախաբեալ սիրոյն», որ յայտնուեցաւ Որդիով։ Ուրեմն, հարցնենք մենք մեզի, թէ քանի՛ քանի՛ անգամներ լացուցինք Տէրը մեր յամառ չարագործութիւններով, մեր գաղտնի կամ յայտնի մեղքերով՝ որքան գործի, նո՛յնքան եւ նոյնիսկ աւելի՝ խորհուրդի եւ զգացումի։
Կրնա՞նք արդեօք վկայել, թէ նաեւ ուրախացուցինք Տէրը մեր յաղթանակներովը՝ փորձութիւններու, սխալանքներու վրայ։
Յիսուս ինչո՞ւ լացաւ։ Լացաւ, քանի որ մե՛նք լացուցինք զԱյն, խոցելով Իր սիրտը։
Նաեւ «օրհնեա՜լ փորձառութիւն» քանի որ անոր սիրտը ցնծութեամբ լեցուցինք մեր փրկութեամբը եւ առիթ տուինք որ փրկէ մեզի, որո՛ւն համար ղրկուած էր աշխարհ…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Յունիս 27, 2016, Իսթանպուլ