ՍՐԲԱ­ԶԱՆ ՊԱ­ՊԻՆ ՁՕ­ՆՈ­ՒԱԾ «Նո­յեան տա­պա­ն»ի ման­րա­կեր­տի հե­ղի­նա­կը՝ ՄԱՅ­ՔԸԼ Ա­ՐԱՄ

Ա­րաբ­կի­րէն եւ Խար­բեր­դէն Միա­ցեալ Նա­հանգ­ներ տե­ղա­փո­խուած, հռչա­կա­ւոր հա­յուն՝ Մայ­քըլ Ա­րա­մին ա­նու­նը նո­րէն հնչեց վեր­ջերս, երբ ա­նոր պատ­րաս­տած «Նո­յեան տա­պա­ն» խորհր­դան­շա­կան քան­դա­կը Հռո­մի Ֆրան­սիս­կոս Ա. Սրբա­զան Պա­պը Հա­յաս­տա­նէն իր հետ Վա­տի­կան տա­րաւ:

Մայ­քըլ Ա­րամ՝ Ա­րամ Ո­լո­հո­ճեան, աշ­խար­հահռ­չակ տի­զայ­նըր, ստեղ­ծա­գործ-ձե­ւա­ւո­րող մըն է: Ան մե­տա­ղեայ պա­րա­գա­նե­րու եւ ի­րե­րու իր ա­ռա­ջին հա­ւա­քա­ծոն հան­րու­թեան ներ­կա­յա­ցու­ցած է 1989 թուա­կա­նին՝ Հնդկաս­տան կա­տա­րած այ­ցե­լու­թե­նէն ետք, ուր սկսած էր աշ­խա­տիլ ա­ւան­դա­կան ար­հեստ­նե­րու սկզբուն­քով՝ տեղ­ւոյն վար­պետ­նե­րէն սոր­վե­լով հնա­գոյն ձե­ւա­ւոր­ման գաղտ­նիք­նե­րը: Այժմ՝ ա­մե­րի­կաբ­նակ մեր հայ­րե­նա­կի­ցը իր աշ­խա­տանք­նե­րը կը վա­ճա­ռէ աշ­խար­հի չորս դին ցրուած վեց հա­րիւ­րէ ա­ւե­լի կեդ­րոն­նե­րու մէջ, իսկ 2007 թուա­կա­նին Մեն­հե­թը­նի մէջ տե­ղի ու­նե­ցած է բա­ցու­մը իր ա­նու­նը կրող խա­նութ-սրա­հին։ Իսկ 2014 թուա­կա­նին, ան թո­ղար­կած է իր հե­ղի­նա­կած ոս­կեայ զար­դե­րու եւ ի­րե­րու ա­ռա­ջին հա­ւա­քա­ծոն: Մայ­քըլ Ա­րա­մը Նիւ Եոր­քի հայ հա­մայն­քի գոր­ծու­նեայ ան­դամ­նե­րէն է: Նիւ Եոր­քի մէջ ան «Հա­յաս­տա­նի մա­նուկ­նե­ր» հիմ­նադ­րա­մի (COAF), «Թու­մօ» կեդ­րո­նի եւ այլ կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րու խոր­հուր­դի ան­դամ ու ա­ջա­կից է եւ միշտ կանգ­նած է Հա­յաս­տա­նի յա­ռա­ջըն­թա­ցը ա­պա­հո­վող ծրա­գիր­նե­րու կող­քին: Ան ա­ջակ­ցած է նաեւ Հա­յաս­տա­նեայց Ա­ռա­քե­լա­կան Ե­կե­ղեց­ւոյ Հիւ­սի­սա­յին Ա­մե­րի­կա­յի Ա­րե­ւե­լեան Թե­մին ու ա­նոր տե­ղա­կան՝ Ո­ւեսթ­չես­թը­րի մէջ գտնուող Սուրբ Գրի­գոր Լու­սա­ւո­րիչ ե­կե­ղեց­ւոյ, ո­րու ներ­քին յար­դա­րան­քին բո­լոր մե­տա­ղեայ պա­րա­գա­նե­րուն, ինչ­պէս նաեւ գմբէ­թի խա­չին հե­ղի­նակն է։ Այժմ ան ըն­տա­նեօք՝ հա­յազ­գի Ա­րէ­տին եւ եր­կու ե­րա­խա­նե­րուն՝ Թա­դէո­սի ու Ա­նա­պե­լի հետ կը բնա­կի Նիւ Եոր­քի եւ Հնդկաս­տա­նի մէջ հա­ւա­սա­րա­պէս՝ շա­րու­նա­կե­լով ստեղ­ծա­գոր­ծել եւ ա­րա­րել նոր գոր­ծեր:

Նո­յեան տա­պա­նի ման­րա­կեր­տը Հռո­մի Պա­պին, ձե­ռամբ Ա­մե­նայն Հա­յոց Տ.Տ. Գա­րե­գին Բ. Կա­թո­ղի­կո­սին, նուի­րա­բե­րուած է հայ ժո­ղո­վուր­դի ա­նու­նէն, Ե­րե­ւա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան հրա­պա­րա­կի մէջ խա­ղա­ղու­թեան ա­ղօթ­քի եւ է­քու­մե­նիկ ա­րա­րո­ղու­թեան ըն­թաց­քին: Մայ­քըլ Ա­րամ ը­սած է, թէ ման­րա­կեր­տը ստեղ­ծե­լու ժա­մա­նակ ինք պատ­կե­րա­ցու­ցած է փախս­տա­կան ե­րա­խա­նե­րը, եւ փա­փա­քած է, որ քան­դա­կը կրնայ ո­րե­ւէ ա­ռու­մով, ա­նոնց փրկու­թեան, նոր երկ­րի մէջ կեանք ստեղ­ծե­լու խորհր­դա­նի­շը ըլ­լալ:

Նո­յեան տա­պա­նի ման­րա­կեր­տին մէջ աշ­խար­հի զա­նա­զան եր­կիր­նե­րէ ե­կած հա­յոր­դի­ներ ի­րենց հետ բե­րած մէ­կա­կան ափ հող ա­ւել­ցու­ցած են: Ա­մե­նայն Հա­յոց Տ.Տ. Գա­րե­գին Բ. Կա­թո­ղի­կո­սը եւ Հռո­մի Ֆրան­սիս­քոս Ա. Սրբա­զան Պա­պը Քիւ­թա­հիա­յի ձե­ռա­գործ յախ­ճա­պա­կեայ կու­ժե­րու նմա­նօ­րի­նա­կով ջրած են այդ հո­ղը, որ­պէս­զի այն­տեղ դրուի հայ­կա­կան խա­ղո­ղի որ­թա­տուն­կը: Նո­յեան տա­պա­նի՝ Մայ­քըլ Ա­րա­մի ստեղ­ծած ման­րա­կեր­տը, որ մարդ­կու­թեան փրկու­թեան խորհր­դա­նիշն է, հայ­կա­կան հո­ղի եւ խա­ղո­ղի հա­մադր­մամբ Հռո­մի Սրբա­զան Պա­պի հետ ճամ­բոր­դած է աշ­խար­հի կա­րե­ւոր կեդ­րոն­նե­րէն մին՝ Վա­տի­կան եւ ար­դէն յայ­տա­րա­րուած է, որ ման­րա­կերտ քան­դա­կը կը տե­ղադ­րուի Վա­տի­կա­նի մէջ:

Մրցա­նակ­ներն ու մաս­նակ­ցու­թիւ­նը՝ զա­նա­զան ցու­ցա­հան­դէս­նե­րու, բազ­մա­պատ­կած են ճա­նա­չու­մը հայ ա­րուես­տա­գէ­տին:

1994 թուա­կա­նին Մայ­քըլ Ա­րամ ստա­ցած է Metropolitan Home ամ­սագ­րի «100 տի­զայ­ն» մրցա­նա­կը, 2003 թուա­կա­նին՝ Elle Decor ամ­սագ­րի «Տա­րուան տի­զայ­նը­ր» մրցա­նա­կը՝ Հնդկաս­տա­նի մէջ, իսկ նոյն տա­րուան մէջ՝ Նիւ Եոր­քի մի­ջազ­գա­յին մրցա­նակ-շոուի «Տի­զայ­նի գե­րա­զան­ցու­թեա­ն» մրցա­նա­կը: Մրցա­նա­կի ար­ժա­նա­ցած է նաեւ Մայ­քըլ Ա­րա­մի խա­նու­թը՝ «Գե­րա­զանց խա­նութ-սրա­հ» 2011 թուա­կա­նին եւ Gift for Life Industry Achievement Award՝ կր­կին 2011 թուա­կա­նին:

Ամերիկահայ աշխարհահռչակ արուեստագէտ Մայ­քըլ Ա­րամ ար­ժա­նա­ցած է նաեւ Ellis Island վաս­տա­կի մե­տայ­լի՝ 2012 թուա­կա­նին եւ 2013 թուա­կա­նին EDIDA մրցա­նա­կին («Էլ տե­քո­ր» հնդկա­կան տի­զայն ֆո­րում):

Իր ստա­ցած վեր­ջին մրցա­նակ­նե­րէն է Նիւ Եոր­քի Ա­րուես­տի եւ տի­զայ­նի թան­գա­րա­նի «Ե­րե­ւա­կա­յո­ղ» մրցա­նա­կը, 2014 թուա­կա­նին:

Ար­հես­տա­նո­ցա­յին գոր­ծու­նէու­թեան 25-ա­մեա­կին առ­թիւ Մայ­քըլ Ա­րամ այ­ցե­լած է Հա­յաս­տան, ուր ցու­ցա­հան­դէս մը ու­նե­ցած է եւ զինք ըն­դու­նած է Հա­յաս­տա­նի վար­չա­պե­տը:

Այդ մէ­կը ե­ղած է ա­նուա­նի ստեղ­ծա­գոր­ծո­ղի չոր­րորդ այ­ցը՝ Հա­յաս­տան, եւ ան յայ­տա­րա­րած է, թէ իր գոր­ծե­րը, կրե­լով հնդկա­կան, ա­րե­ւե­լեան, եւ­րո­պա­կան եւ այլ ազ­դե­ցու­թիւն­ներ, ի­րենց խոր­քին մէջ հայ­կա­կան են, քա­նի որ իր վրայ մեծ ազ­դե­ցու­թիւն ձգած են իր մեծ­մայ­րե­րու եւ մեծ­հայ­րե­րու պատ­մու­թիւն­նե­րը, ո­րոնք ստեղ­ծա­գոր­ծա­կան ուժ տուած են՝ աշ­խար­հին ներ­կա­յա­նա­լու իբ­րեւ յաղ­թած եւ ոչ իբ­րեւ տան­ջուած ժո­ղո­վուր­դի զա­ւակ մը:

Իր հան­դի­պում­նե­րու եւ շրջա­գա­յու­թիւն­նե­րու ըն­թաց­քին Մայ­քըլ Ա­րամ կը սի­րէ պատ­մել իր ըն­տա­նի­քի պատ­մու­թիւ­նը: Այդ մէ­կը ծա­նօթ պատ­մու­թիւն մըն է այն հա­զա­րա­ւոր պատ­մու­թիւն­նե­րու կար­գին, թէ ինչ­պէս հա­յեր հա­սած են Միա­ցեալ Նա­հանգ­ներ, Գա­նա­տա, Ֆրան­սա եւ այլ եր­կիր­ներ:

Ա­նոր մեծ­մօր՝ Մեն­տու­հիի ըն­տա­նի­քը ներ­մուծ­ման ու ար­տա­հան­ման ա­ռեւտ­րա­յին մեծ ըն­կե­րու­թիւն ու­նե­ցած է Խար­բեր­դի մէջ: Ան՝ Մեն­տու­հին, եւ­րո­պա­կան կրթու­թիւն ստա­ցած է ու ար­տօ­նեալ ե­րա­խայ ե­ղած է: Հե­տա­գա­յին Մայ­քըլ Ա­րամ ը­սած է, թէ իր ա­րուես­տի եւ­րո­պա­կան գի­ծը կու գայ իր Մեն­տու­հի մեծ­մօր­մէն, որ եւ­րո­պա­կան ար­ժէք­ներ փո­խան­ցած է ըն­տա­նի­քին: Մեն­տու­հիի հայ­րը ե­րի­տա­սարդ տա­րի­քին մա­հա­ցած է, բայց մայ­րը՝ Հռիփ­սի­մէ Քել­ճի­կեա­ն, շա­րու­նա­կած է ա­մուս­նոյն գործն ու յա­ջո­ղու­թիւն­նե­րու հա­սած։ Եօթ տա­րի տե­ւած է, մին­չեւ ա­նոր ըն­տա­նի­քը Թուր­քիա­յէն հա­սած է Մար­սէյլ, իսկ այն­տե­ղէն ալ վերջ­նա­կա­նա­պէս՝ Միա­ցեալ Նա­հանգ­ներ։ Իր ա­պա­գայ ա­մու­սի­նին, որ Մայ­քըլ Ա­րա­մի մեծ­հայրն է, Մեն­տու­հին հան­դի­պած է Ո­ւո­թըր­թաու­նի մէջ, ուր վեր­ջինս կ՚աշ­խա­տէր ռե­տի­նէ ի­րե­րու ար­տադ­րու­թեամբ զբա­ղող գոր­ծա­րա­նի մը մէջ (Hood Rubber Company)։ Մինչ այդ, բա­ւա­րար գու­մար կը կու­տա­կէր՝ բա­նա­լու հա­մար զո­վա­ցու­ցիչ խմիչ­քի եւ ա­ռա­ջին անհ­րա­ժեշ­տու­թեան ապ­րանք­նե­րու փոքր խա­նութ։ Ան եւ Մեն­տու­հին ե­րեք զա­ւակ ու­նե­ցած են՝ Ռո­զան, Ալ­պերթն ու Մայ­քըլ Ա­րա­մին հայ­րը՝ Ճո­նին։

Մայ­քըլ Ա­րա­մի մօ­րե­նա­կան կող­մի մեծ­հայ­րը՝ Վար­դե­րես Ե­կա­ւեա­նը ճնշում­նե­րու են­թար­կուած հայ մտա­ւո­րա­կան­նե­րու, բա­նաս­տեղծ­նե­րու, գրող­նե­րու ու Պոլ­սոյ հայ հա­մայն­քի ա­նուա­նի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րու կար­գին էր: Ի­րեն վի­ճա­կուած չէր տուն դառ­նալ ու կրկին տես­նել իր ըն­տա­նի­քը։

Վար­դե­րես Ե­կա­ւեան հա­րուստ գոր­ծա­րար­նե­րու ու բա­րե­րար­նե­րու ըն­տա­նի­քէն ե­ղած է: Ան Պոլ­սոյ մէջ հիմ­նած էր իր անձ­նա­կան գործն ու չորս լե­զուով ձե­ւա­թուղթ ու­նէր:

Մայ­քըլ Ա­րա­մը միշտ հե­տաքրք­րած է ա­րուես­տի եւ պիզ­նը­սի յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը, եւ ան միշտ իր աչ­քի առ­ջեւ ու­նե­ցած է իր նախ­նի­նե­րու օ­րի­նակ­նե­րը, թէ ինչ­պէս կրցած են գոր­ծա­րա­րու­թեան լե­զուով հասկ­նա­լի ըլ­լալ օ­տար­նե­րուն, ինչ որ ին­ք այ­սօր կը փոր­ձէ ը­նել՝ ա­տոր ա­ւելց­նե­լով նաեւ ա­րուես­տի տար­րը:

Այժմ Մայ­քըլ Ա­րամ նոր հա­ւա­քա­ծոյ ստեղ­ծե­լու աշ­խա­տանք­նե­րով կը զբա­ղի: Իր ստեղ­ծած ա­մէն մէկ հա­ւա­քա­ծոն մաս կը կազ­մէ գե­ղե­ցիկ ու բարձր կեն­ցա­ղի՝ նուրբ մե­տա­ղեայ հա­մադ­րու­թիւն­նե­րու եւ գոյ­նե­րու մի­ջո­ցաւ պատ­մե­լով Մայ­քըլ Ա­րա­մի մտքի թռիչ­քի մա­սին:

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Հինգշաբթի, Յուլիս 14, 2016