«ՔԱՋԱԼԵՐԵ՛ՆՔ…»
Ոեւէ մէկուն «խօսք զարնել» չէ նպատակս, պարզապէս միութենական գործունէութեանս անցեալէն դրուագ մըն է հետեւեալը, որ յաճախ կը պատահի, եւ ենթակայ է ապագային ալ կրկնուելու։
- Ընկեր Կարեւորեան, որպէս վարչութեան անդամ, ձեզմէ ուզեցինք սկսիլ. եկած ենք ձեռնարկի տոմսեր առաջարկելու, 10 օր ետք՝ Շաբաթ երեկոյեան, ակումբիս մէջ, տղաքը Պարոնեանի «Մեծապատիւ մուրացկաններ»էն հատ-ւածներ պիտի ներկայացնեն, իսկ տիկիններն ալ հիւրասիրութիւն եւ ճոխ ընթրիք պատրաստած են։ Տոմսերուն գինը՝ զոյգը մէկ հոգ1.
- Լա՛ւ գործի վրայ էք. ճիշդը մենք այդ օրերուն ճամբորդ կ՚ըլլանք, բայց վնաս չունի... քաջալերե՛նք, տուէք մէկ տոմս, ահա կէս հոգ, եթէ գալիք ըլլանք դռնէն կ՚առնենք երկրորդը։
- Բայց երանի՜ նախօրօք գիտնանք, որ տեղերը դասաւորել կարենանք. գուցէ ձեր տղան ու աղջիկը գան...
- Կ՚ըսենք իրենց... անոնք ալ շատ զբաղ են՝ համալսարան, դաս, գործ... նայինք, բան մը կ՚ընենք. պէտք է իրենք ալ քաջալերել սորվին։ Որպէս պատասխանատու ան ալ ըսենք՝ սուղ ըրեր էք, քիչ մը աւելի աժան սակ որոշեցէք, որ աւելի շատ մարդ գայ...։
Ընկեր Կարեւորեանը «որ երբեւէ ճամբորդելու սովորութիւն մը չէ ունեցած» մեծ քիթով, գիրուկ, թաւ պեխով, կարմիր ֆէսով, կերպաս ժիլէով ու գրպանի ժամացոյցով մէկը չէ, այլ՝ սովորական տաբատ ժաքէթով, արդիական գրասեղանի մը վրայ լափթոփին դիմաց նստած մարդ մը, որ վարչական ըլլալով պիտի քաջալերէ ձեռնարկը՝ կէս հոգ-ով։ Ան տոմսակին գինը պիտի «ողորմութիւն ընէ» ոչ թէ իր ժամացոյցի գրպանէն «կէս մէճիտէով» մը, այլ նոյն տրամադրութեամբ՝ կողքի գզրոցէն պիտի շնորհէ, իսկ գումարը՝ պիտի ստանան իր ակումբի տղաքը, որոնք լուսա-նըկարիչի խցիկով զինք ոտքի, նստած, եւ իր 40 ոչխարներուն ու ծառաներուն հետ նկարելու չեն եկած, կամ իր մասին չափածոյ մը հիւսելով թերթին մէջ տպագրելու համար գումար չէ իրենց խնդրածը, այլ՝ եկած են զինք յարգելով անձնապէս հրաւիրելու միութենական ձեռնարկի մը, որպէսզի ան յետոյ չակնարկէ, թէ «ձեռնարկէն տեղեակ ըլլալով հանդերձ չգացի, որովհետեւ զիս պաշտօնապէս տեղեակ պահող եւ հրաւիրող մը չեղաւ... այս ի՜նչ անպատասխանատուութիւն է, ինչպիսի՜ ոտնձգութիւն, մարդ յարգել չեն գիտեր...»։
Բայց տակաւին ասոր չէ որ կ՚ակնարկեմ, այլ՝
Արտասանուած նախադասութեան կամ բառի մը իմաստն ու նշանակութիւնը յաճախ կախում ունի անոր արտասանման շեշտէն, ոճէն ու եղանակաւորումէն. օրինակ՝ պարզ շնորհակալութիւն մը, որ կը յայտնուի երախտագիտական ոճով, բոլորովին չի հաւասարիր հեգնանքով արտայայտուած այն շնորհակալութեան, որ յաճախ խօսքով ապտակելու համազօր է։
«Քաջալերե՛նք...»
Ազնիւ տրամադրութիւն մըն է քաջալերելը՝ երբ փոքրիկի մը գծածը գերա-գնահատելով՝ «Այս ի՛նչ անուշիկ գծեր ես, մեծնաս անուանի նկարիչ մը պիտի ըլլաս», կ՚ըսես: Ոտանաւորին վերջին տունը մոռցած պատանիին թոթովանքը նկատելով, ծափել կը սկսիս ու «Ապրի՛ս» կը բացագանչես: Սկսնակ բանաստեղծի մը «արձակ չափածոն» չհասկը-նալով հանդերձ, «Հոյակա՜պ» կամ «Ժամանակակից շունչ ունի» ըսելով, կը գնահատես։ Բայց երբ «Քաջալերե՛նք» մը կը շպրտուի, առոգանութեամբ մը որ ըսել կ՚ուզէ՝ «Նորէ ՜ն եկաք դրամ գանձելու, արդէն մեր տրամադրածը եթէ չըլլար, ոչ ա՛զգ կը մնար, ո՛չ ալ Հայութիւն, այս կազմակերպութիւնն ալ սնանկացած էր... կը մնայ որ մեզ գնահատէք, այնպէս ինչպէս մեր աշկերտը երախտագիտու-թեամբ մեր ձեռքը համբուրեց, երբ իր մօրը դեղերուն դրամը վճարեցինք քանի մը օր առաջ», հոս արդէն պարանը կը փրթի...։
Սկսինք ընկեր Կարեւորեանին, սեփական անձին մասին խօսելու ընթացքին օգտագործած յոգնակի թիւով գոյականէն, որ մէկ բառով «մեծամտութիւն» կը կոչուի։ Եւ ինչո՞ւ ոչ, չէ՞ որ ան պարզ անդամ մը համարուելէ աւելի վեր է՝ նուազագոյնը... անդամական ամբողջ ժողովի մը տարողութիւնը ունի, կամ, առնուազն շրջանային վարչութեան մը համազօր է, ինչպէ՞ս կրնայ եզակի թիւ գործածուիլ նման մեծութեան մը մասին խօսելու ժամանակ։
Անցնինք բուն նիւթին։ Վերոյիշեալ «անդամական ժողովին» տրամադրած «կէս մէճիտէն» եթէ չըլլա՛ր, ո՛չ կազմակերպութիւ՛ն կը մնար, ոչ ալ Հայութիւն...։ Լաւ, եթէ հարցը հոն հասնէր, ապա մեր ընկեր Կարեւորեանը նման պարագային իր դիմագիծը պիտի կոր-սընցնէր, եւ ի սպառ պիտի վերանային ազգային իր պատկանելիութեան հպարտութիւնն ու ուժը, բաներ՝ որոնք տեղաբնակներէն գերադաս ըլլալու տրամադրութիւն մը կու տան անոր, եւ նոյնիսկ շուկայի վրայ որոշ առաւելութիւններ՝ «Արմանի կամ Արմինիըն» ըլլալուն շնորհիւ։ Այդ ժամանակ որքան ալ հոգ տրամադրելու պատրաստ ըլլար, իրեն ո՛չ տոմս ծախող պիտի գտնուէր, ոչ ալ՝ հայերէնով բարեւող ու «ընկեր Կարեւորեան» ըսելով մարդու տեղ դնող: Վիճակ մը՝ որ արդէն գոյանալու ընթացքի մէջ է սփիւռքի բոլոր գաղութներէն ներս, եւ որոշ տեղեր ալ կայացած ու անցած է շատոնց։ Այդ ժամանակ ընկեր Կարեւորեանը կը հասկնար, թէ ի՛նչ յարգանքով ու երախտագիտութեամբ, «նոյնիսկ երկիւղածութեամբ» պէտք էր վերաբերէր հետն այդ «տոմսավաճառներուն», որոնք գործ, տուն, տեղ ձգելով կը վազվզէին միութենական ու ազգային շահերու համար՝ առանց ակնկալութեան, գուցէ վարչական պաշտօնի մը ձգտումով, կամ ապագային միութենական ղեկավար մը դառնալու արդարացի նպատակով. վերջապէս գաղութիս համար անհրաժեշտութիւն մըն է ղեկավար ունենալը, եւ ո՞վ աւելի արժանի է այդ հանգամանքին, եթէ ոչ՝ աշխատող ու նուիրուող անդամ մը։
Սփիւռքի մէջ Հայկական ինքնութիւնը պահպանող ու ձեւաւորող դպրոցները, ակումբներն ու եկեղեցիները կը շարունակեն գոյատեւել նուիրեալ այդ տղոց վազվզուքներով, որոնց շնորհիւ ալ ընկեր Կարեւորեանը, կը շարունակէ պահել իր ազգային դէմքն ու ինքնութիւնը՝ տեղաբնակ այլազգիներուն մէջ եւ «շուկայի վրայ»։ Հետեւաբար ան ոչ թէ «վնաս չունի... քաջալերե՛նք» պէտք է ըսէ, այլ՝ անգիր ըրած աղօթքի մը պէս պէտք է կրկնէ՝ «Պարտքս է մասնակցիլ միութենական գործունէութեան, որ սփիւռքի մէջ կ՚ապահովէ ազգային պատկանելիութիւնս ու ինքնութիւնս»։ Բայց եկուր տես որ, իր Ես-ը ընդհանուրէն բարձր գերադասելու, եւ գաղութը իրեն պարտական համարելու, ողորմութիւն տուողի հոգեբանութեամբ, «քաջալերել» կը շարունակէ, զայն սորվեցնելով նաեւ իր զաւակներուն։
Որպէս վերջաբան... բայց ի՞նչ իմաստ ունի վերջա-բան տրամադրել երեւոյթի մը՝ որ վերջ պիտի չունենայ...։ Ինչեւիցէ, խուսափելու համար շարադրութեան դասախօսիս խեթ հայեացքէն, կրնամ հետեւեալ վեր-ջաբանը տալ. ընկեր Կարեւորեան իսկապէս կարիքը չունէր Պարոնեանի «Մեծապատիւ մուրացկաններ»էն հատուածներ դիտելու, հետեւաբար պէտք ալ չունէր անոր համար դրամ տրամադրելու եւ ակումբ ժամանելու, որովհետեւ չունենալով հանդերձ մեծ քիթ ու թաւ պեխ, ան ամէն առաւօտ Աբիսողոմ աղային երեսը կը տեսնէր արդէն... ածիլուելու ժամանակ։
1-Հոգ։ Պայմանական դրամանիշ, որ տարածուած է սփիւռքեան բոլոր շրջանակներուն մէջ։ Անոր գնողական արժէքը փոփոխական է, ըստ վայրի, այն-պէս որ՝ ամէն մէկ հոգ, կը հոգայ տեղւոյն Հայ վարժապետի մը թոշակին երկու տոկոսը, որ հաւասար է Հայկական ակումբի մը ելեկտրական հոսանքի երկու ժամուայ փոխարժէքին, կամ շաբաթը անգամ մը տեղւոյն եկեղեցւոյ բակն ու գաւիթը լուալիք ջուրի գինին։
ՏՔԹ. ՃՕՐՃ ԲԱՐՍԵՂԵԱՆ
«Զարթօնք»
Հարթակ
- 11/22/2024