ՄԵՐ ՄԱՆՈՒԿՆԵՐՆ ՈՒ ՄԵՆՔ

Հա­լէ­պա­հայ ծա­նօ­թի մը կը բա­րե­ւեմ փո­ղո­ցը քա­լած մի­ջո­ցիս: Ե­րի­տա­սարդ հարս մըն է ան, ու­նի ճլվլուն ու տա­քա­րիւն հինգ տա­րե­կան դստրիկ մը: Այն­քան ու­շիմ փոք­րիկ մըն է, որ ան­մի­ջա­պէս կ­­՚ըն­կա­լէ շուր­ջի ան­ցու­դար­ձը, կը նմա­նի փա­փուկ խմո­րի մը, զոր ձե­ւա­ւո­րե­լը շատ դիւ­րին է ու հա­ճե­լի: Կը յա­ճա­խէ ի­րենց տան շրջա­նի ման­կա­պար­տէ­զը, ա­մէն տես­նե­լուս նոր եր­գեր ու ո­տա­նա­ւոր­ներ կ­­՚ար­տա­սա­նէ, նոյ­նիսկ հե­քիաթ­ներ կը պատ­մէ: Ու.

-Պա­րեւ ձեզ, տէօ­դա (ռու­սե­րէն՝ տի­կին) Ա­նի, ո՞նց ես,- կը հարց­նէ ման­կի­կը զիս ճանչ­նա­լով:

-Լաւ եմ, ա­նու­շի՛կս, դուն ինչ­պէ՞ս ես,- կը պա­տաս­խա­նեմ:

-Ո­չինչ, ապ­րում ենք, է­լի՛,- խնդա­լով կը պա­տաս­խա­նէ:

Մայ­րը ի՜նչ ու­րախ է զաւ­կին այս ար­տա­յայ­տու­թիւն­նե­րով ու մա­նա­ւանդ ա­րե­ւե­լա­հա­յե­րէն խօ­սակ­ցա­կա­նի բա­ւա­կան լաւ ի­մա­ցու­թեամբ, հար­կաւ բախ­տա­ւո­րու­թիւն է ու­շիմ զա­ւակ մը ու­նե­նալն ու ա­նոր ա­րագ ըմբռ­նու­մին ա­կա­նա­տեսն ու ա­կան­ջա­լուր ըլ­լա­լը.

-Տե­սա՞ր, Ա­նի, որ­քան լաւ կը խօ­սի աղ­ջիկս, դուն ալ հե­տը այս­տե­ղի լե­զուով խօ­սիր, որ ա­ւե­լի բա­րե­լա­ւի աղջ­կանս հա­յե­րէ­նը,- կ­­՚ար­տա­յայ­տուի մայ­րը:

-Ա­յո, կը գնա­հա­տեմ աղջ­կանդ դիւ­րըն­կա­լու­մը, բայց ին­չո՞ւ չէ՝ ան նաեւ կրնայ պա­հել եր­կու լե­զու­նե­րու ի­մա­ցու­թիւ­նը, ա­տակ է այդ մէ­կուն, պէտք չու­նինք մեր լե­զուն փո­խե­լու:

Մայ­րը հա­մա­միտ կը թուի, բայց մէկ կող­մէն ալ կ­­՚ար­տա­յայ­տէ հրճուան­քը,  մատ­նան­շե­լով զաւ­կին ու­շի­մու­թիւ­նը ու կը շա­րու­նա­կէ կող­քի խա­նու­թի ցու­ցա­փեղ­կին մէջ շա­րուած քաղց­րե­ղէն­նե­րը ցոյց տա­լով, զուարթ դէմ­քով հարց­նել աղջ­կան.

-Սրանք ի՞նչ են:

-Կոն­ֆէթ­ներ են, մա՛մ ջան, չգի­տե՞ս:

Ու ան­մի­ջա­պէս կը մտա­բե­րեմ ԾԻԼ ա­րուես­տա­նո­ցը, որ նոր ման­կա­պար­տէ­զի բա­ժին մըն ալ բա­ցաւ, եւ գիտ­նա­լով, որ այս ան­ձը նո­րու­թիւն­նե­րու հե­տե­ւիլ կը սի­րէ, կ­­՚ա­ռա­ջար­կեմ, որ ա­մէն Կի­րա­կի հոն բե­րէ զա­ւա­կը, ուր խա­ղեր ու եր­գեր կը սոր­վեց­նեն եւ կը թուեմ յա­ճա­խող­նե­րուն ա­նուն­նե­րը, ո­րոնց ներ­կա­յու­թիւ­նը կրնայ հե­տաքրք­րել զինք.

-Օ՜, ի­րա՞ւ, չէի լսած այս ա­րուես­տա­նո­ցին մա­սին, ա­նո՞նք ալ հոն կու գան, ի՜նչ լաւ, ան­պայ­ման կը բե­րեմ աղ­ջիկս ալ, ար­դէն Կի­րա­կի օ­րե­րը կը զզուի տան մէջ, շաբ­թուան մնա­ցեալ օ­րե­րը մեր տան մօ­տա­կայ ման­կա­պար­տէ­զը կը յա­ճա­խէ, կի­րա­կի­ներն ալ հոն կը բե­րեմ զինք,- ու աղջ­կան դառ­նա­լով.

-Ցո­լի՛կ ջան, քեզ կի­րա­կի­ներն էլ ման­կա­պար­տէզ եմ տա­նե­լու,- կ­­՚ու­րա­խաց­նէ ման­կի­կը:

-Բա­ցա­ռի՛կ ա, մամ ջան, չգի­տես ո՞նց եմ ու­րա­խա­նում...

-Բայց հոն մեր լե­զուով կը խօ­սին, կը տես­նես, բո­լո­րը մեր ծա­նօթ­ներն են,- կը մեկ­նա­բա­նեմ...

-Ի­րա՞ւ, թան­թի՛կ, շատ լաւ է,- կը պա­տաս­խա­նէ փոք­րի­կը ար­դէն իր գիտ­ցած ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նով:

Մա­նու­կը ծնող­քին հա­յե­լին է: Ա­րուես­տա­նո­ցի մեր ա­ռօ­րեան ալ կ­­՚ա­ռըն­չուի նոյ­նան­ման բա­խում­նե­րով: Կը յի­շեմ, դեռ ա­ռա­ջին ա­րուես­տա­նո­ցա­յին օ­րերն էին՝ Փետ­րուար ամ­սուն, երբ ա­րուես­տա­նո­ցի ա­մե­նակրտ­սեր ման­չու­կը թատ­րո­նի դա­սա­պա­հուն հար­ցում մը պի­տի հարց­նէր, «Օ­րիորդ, Ըն­կեր Ա­նի» ը­սե­լով դի­մեց ին­ծի, ըն­կեր­նե­րուն բարձ­րա­ձայն ծի­ծա­ղը յա­ջոր­դեց ա­նոր այս խօս­քին: Ծի­ծա­ղե­ցայ ես ալ, ա­յո՛, բայց նաեւ հրճուե­ցայ ըն­դա­մէ­նը քա­նի մը տա­րուան կեանք ու­նե­ցող այս ման­կի­կի վե­րա­բեր­մուն­քին ի տես, մի քա­նի բա­ռը բա­ւա­րար էր ար­դէն տես­նե­լու լիի­րաւ դաս­տիա­րա­կու­թեան մը ար­դիւն­քը, ան այս եր­բեմ­նի անն­կատ ար­տա­յայ­տու­թեամբ մե­ծե­րը յար­գե­լու դաս մըն էր, զոր կ­­՚ա­ւան­դէր կար­ծես մե­զի եւ գի­տէր մա­նա­ւանդ, որ կը գտնուէր տար­բեր մի­ջա­վայ­րի մը մէջ, ուր կը տի­րէր իր ա­մէ­նօ­րեայ ման­կա­պար­տէ­զէն տար­բեր լե­զու մը:

Այս­պի­սի հա­ճե­լի պա­հե­րով ան­ցան ա­միս­ներ, ա­միս­նե­րը սա­կայն բե­րին մտեր­մու­թիւն մը մա­նուկ­նե­րուն ու պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րուն մի­ջեւ: Ա­ռի­թը ու­նե­ցանք վա­յե­լե­լու ա­նոնց ան­մեղ նե­րաշ­խարհ­նե­րուն դրսե­ւո­րում­նե­րը՝ մին ըն­կե­րա­յին, միւ­սը՝ զուար­ճա­խօս, ու­րիշ­ներ՝ ըմ­բոստ, ինք­նամ­փոփ, դիւ­րագր­գիռ, զայ­րաց­կոտ ու մա­նա­ւանդ ստեղ­ծա­գոր­ծե­լու ա­տակ­ներ, բե­մա­կան հա­կում­ներ ու­նե­ցող­ներ, գծե­լու կա­րո­ղու­թիւն­ներ ու­նե­ցող­ներ․ հա­պա սա­հուն ըն­թեր­ցո՞ւ­մը ա­նոնց­մէ ո­մանց, ի­մա­ցու­թիւ­նը մեր մե­ծե­րու հե­քիաթ­նե­րուն ու ստեղ­ծա­գոր­ծու­թեանց: Ա­նոնք ա­ռի­թը ու­նե­ցան յօ­րի­նե­լու ա­ռակ­ներ, հա­նե­լուկ­ներ ու գրե­լու՝ յու­շեր...:

Այս ժա­մա­նա­կա­մի­ջո­ցին ա­նոնց հա­ղոր­դուած գի­տե­լիք­նե­րուն կող­քին, ակն­յայտ էր ա­նոնց ջեր­մու­թիւնն ու կա­պուա­ծու­թիւ­նը ի­րա­րու հետ․ յան­կարծ ե­թէ մէ­կը բա­ցա­կա­յէր, ան­մի­ջա­պէս հար­ցա­կան հա­յեացք­նե­րը նկա­տե­լի էին, կար­ծես ըն­տա­նի­քի ան­դամ­նե­րէն մէ­կը բա­ցա­կա­յած ըլ­լար․ կամ ալ կո­րուս­տի ցաւ մը կար ա­նոնց մէջ, որ կու գար ծննդա­վայ­րէն եւ այս պա­հե­րուն կը յայտ­նուէր: Ան­կա­րե­լի է մոռ­նալ ծննդա­վայ­րը, պէտք ալ չկայ մոռ­նա­լու, ես ալ յա­ճախ ա­րուես­տա­նո­ցին մէջ մա­նուկ­նե­րով շրջա­պա­տուած կը յի­շէի ա­շա­կերտ­ներս, ո՛չ թէ հա­մե­մա­տե­լու, ո՛չ, հա­մե­մա­տա­կան եզ­րեր գո­յու­թիւն չու­նին ար­դէն, միայն կը զգա­յի, որ իւ­րա­քան­չիւր ման­կիկ բե­կոր մըն է մեզ ան­ցեա­լին կա­պող, մեր՝ պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րուս ու ծնող­նե­րուն ճի­տին պարտքն է այդ բե­կոր­նե­րը հա­ւա­քել, միա­հիւ­սել, ան­ցեա­լի ա­նոյշ յու­շե­րուն վրայ ներ­կան գե­ղեց­կաց­նել, ա­նոնց թո­թո­վանք­նե­րուն ընդ­մէ­ջէն բա­ցա­յայ­տե­լով շնորհ­քը, որ­մով իւ­րա­քան­չիւ­րը օժ­տուած է ծննդեան օ­րէն իսկ:

Ա­ռի­թը չէի փախց­ներ ման­կա­պար­տէ­զին աչք մը նե­տե­լու ու մա՛­նա­ւանդ Ցո­լի­կը տես­նե­լու, որ մի քա­նի շա­բա­թէն ար­դէն եր­գե­լու գե­րա­զանց կա­րո­ղու­թիւն մը դրսե­ւո­րած էր, ան նոյ­նիսկ պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րուն կ­­՚օ­ժան­դա­կէր եր­գեր սոր­վեց­նե­լու աշ­խա­տան­քին ու կը հա­ղոր­դակ­ցէր ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նով:

Մտեր­մու­թիւ­նը ա­ւե­լի սեր­տա­ցաւ, յատ­կա­պէս, երբ Ս. Յա­րու­թեան, Համ­բարձ­ման եւ ա­րուես­տա­նո­ցի այս տա­րուան վեր­ջին օ­րուան ծնո­ղա­կան հա­ւաք­նե­րով հա­մե­մուե­ցան ա­նոնք: Մէկ­տե­ղուե­ցաւ կար­ծես բազ­ման­դամ գեր­դաս­տան մը եւ եր­գե­րով, խա­ղե­րով, հա­նե­լուկ­նե­րով, շու­տա­սե­լուկ­նե­րով ու հա­մեստ թա­տե­րա­կան ներ­կա­յա­ցում­նե­րով ջերմ մթնո­լոր­տը հա­մա­կեց նաեւ ծնող­ներն ու ա­նոնք ալ ան­մասն չմնա­ցին, մեր յայ­տա­գիր­նե­րուն գե­ղա­րուես­տա­կան շունչ մը հա­ղոր­դե­լով:

Հա­մախմ­բուե­ցան ԾԻԼ-ի եր­դի­քին տակ տաս­նա­մեակ­նե­րու յու­շեր ու ապ­րում­ներ դրսե­ւո­րող ծննդա­վայ­րի կո­րուս­տի կսկի­ծով առլ­ցուն ան­հատ­ներ:

Մենք սոր­վե­լիք­ներ ու­նինք մեր մա­նուկ­նե­րէն, ժպի­տով վա­յե­լենք ա­նոնց գո­յու­թիւ­նը ու փոր­ձենք ա­նոնց մէջ սեր­մա­նել ինք­նավս­տա­հու­թեան, սի­րոյ, մարդ­կա­յին ա­ռա­քի­նի յատ­կա­նիշ­ներ պա­րու­նա­կող հա­յա­վա­յել սեր­մեր: Ի վեր­ջոյ «ինչ որ ցա­նենք, այն կը հնձեն­ք», չէ՞:

Ա­ՆԻ ԲՐԴՈ­ՅԵԱՆ-ՂԱ­ԶԱ­ՐԵԱՆ

Հինգշաբթի, Յուլիս 14, 2016