ՄԱՂԱՔԻԱ ԱՐՔԵՊՍ. ՕՐՄԱՆԵԱՆԻ «ԽՈՀՔ ԵՒ ԽՕՍՔ»ԷՆ ՀԱՏՈՒԱԾՆԵՐ - Ա -
Անցեալի մասին տեղեկութիւն ունենալ, մանաւանդ անցեալը արժանահաւատ անձնաւորութիւններու վկայութեամբ ուսումնասիրել եւ դիտել, նկատելի է, որ ներկան շատ աւելի հասկնալի եւ դիւրութեամբ ըմբռնելի կ՚ընէ, քանի որ ան շատ աւելի յստակ կը տեսնուի։ Այդ իսկ պատճառով է որ անցեալին պէտք է կարեւորութիւն ընծայուի։
Պատմութիւնը, այս իմաստով կարեւոր ազդակ մըն է, եւ ինչպէս ըսինք, ան եթէ կենդանի վկայի մը՝ արժանահաւատ անձի մը միջոցով փոխանցուի, մեծ արժէք կը ստանայ եւ ներկան յստակ կերպով դիտելու եւ հասկնալու կը ծառայէ։
Ահաւասիկ, այս պատճառով, Մաղաքիա Արքեպս. Օրմանեանի «Խոհք Եւ Խօսք»ը անգին գա՛նձ մըն է պատմական տեսակէտով՝ թէ՛ հեղինակին անձին, եւ թէ՛ անցեալը ուղղակի՛ ականատես եւ ապրող անձի մը վկայութեամբ, եւ մանաւա՛նդ «արժանահաւատ անձի»ի մը միջոցով մեզի փոխանցուած ըլլալուն պատճառով։
Եւ երբ անգամ մը եւս կը թղթատենք այս պատմական անգին «գանձ»ը՝ «Խոհք Եւ Խօսք»ը, մեր ուշադրութիւնը կը գրաւէ ԾԷ գլուխը՝ 1918 Փետրուար 13/26, Գշ. թուականով գրի առնուած հատուածը, ուր Մաղաքիա Արքեպս. Օրմանեան հետեւեալները կ՚ըսէ.
«Հրաժարականի փորձը 1902-էն ետքը միջոց մը այլեւս չը գործածեցի մինչեւ 1906, ո՛չ թէ անոր արդիւնքին վրայ կասկածելով, այլ պարզապէս կուսակցականներու սպառնալիքներէն ահաբեկած եւ խոյս տուած ըլլալու գաղափարը չզարթուցանելու համար։
«Կուսակցական մտայնութեան եւ մտադրութեան վրայ խօսիլը ուրիշ հատուածի պահելով, առայժմ ինծի հանդէպ հետեւած ընթացքնին յիշեցնել բաւական ըլլայ։
«Պատրիարքութենէ առաջ ունեցած գործունէութեանս պարագաները կուսակցականները վստահեցուցած էին իմ մէջ իրենց համամիտ տեսնել, եւ թերեւս չէին ալ սխալած վերացական տեսակէտով. սակայն ես անհատապէս, եւ մանաւանդ պատրիարքութեան մէջ պաշտօնապէս, չէի կրնար համաձայնիլ իրենց գործնական տեսակէտին, որ բախտախնդիր եւ արկածախնդիր, անխորհուրդ եւ աննպատակ ձեռնարկներով կը կազմուէր, եւ օգուտի ո՛չ մէկ ակնկալութիւն պարունակած ատեն՝ յայտնի վտանգներու եւ վնասներու կ՚առաջնորդէր։
«Երբոր տեսակէտներու անհամաձայնութիւնը շեշտուեցաւ, կուսակցականութիւնը յայտնի հալածանք բացաւ ինծի դէմ, ո՛չ միայն իրենց հրատարակութեանց մէջ խծբծելով եւ նախատելով, այլեւ սպառնական նամակներով ահացնելու ջանալով, որ կա՛մ իրենց տեսակէտին համաձայնիմ եւ կա՛մ պաշտօնը թողում եւ քաշուիմ։
«Սակայն եւ երկուքէն ալ կը խորշէի։
«Իրենց տեսակէտին չէի կրնար համաձայնիլ ու գործակցիլ, զոր անօգուտ եւ մանաւանդ վնասակար կը գտնէի, պատրիարքութիւնը անգլուխ թողուլ կը խղճէի, զի նոր եւ օրինական ընտրութեան հաւանականութիւնը կը պակսէր, եւ պատրիարքարանը արքունեաց քմահաճոյքին մատնել վտանգաւոր էր, եւ երկու կողմէն ալ ձախող նախատեսութեան հանդէպ՝ տեղը մնալ եւ պարտականութիւնը շարունակել, զոհուիլ բայց չզոհել, խիղճի անհրաժեշտ պարտաւորութիւն կը դառնար։
«Սակայն կուսակցականներ իրենց մտադրութենէն չէին շեղեր, եւ վերջիվերջոյ գլուխ ելլելու յոյսով սպառնական նամակները հետզհետէ կը տեղացնէին, որոնցմէ երեսունի չափ հաւաքած ու պահած եմ ամենայն գաղտնութեամբ, խիթալով, որ մի՛ գուցէ անմեղներ ալ հալածելու առիթ տայ, ազգային կացութիւնը վրդովելու։
«Այս սպառնական նամակները որ կու գային, անոնց մէջ ամէն կողմէ եկողներ եւ ամէն տեսակ պարունակութեամբ գրուածքներ կան, յայտնի կամ կեղծ ստորագրութեամբ, կուսակցական կարմիր կնիքով կամ բոլորովին անանուն, տան դուռնէն կամ պատուհանէն նետուած, կամ թէ անծանօթի կամ թղթատարի ձեռքով բերուած, եւ մինչեւ իսկ արտասահմանէ եւրոպական թղթատարութեանց միջոցով յղուած։
«Իսկ պարունակութեանց կողմէն, պոռոտախօս սպառնալիքներէ զատ որոշ ձեւեր ալ ցուցուած են, տեղեր եւ առիթներ նշանակուած են, մինչեւ իսկ Ըթըր փողոցի բնակութեան ներքեւ ական բանալու եւ ուժանակով օդը հանելու խօսքը գրուած կայ։
«Այս սպառնական նամակները քանի մը ամիսներէ ի վեր դադարած էին 1902 տարւոյ երկրորդ կէսին մէջ, երբ յանկարծօրէն տեղի ունեցաւ 1903 Յունուար 6/19-ի մահափորձը, Երկուշաբթի օր մը։
«Ծնունդի պատարագի միջոցին, Գումգաբուի Մայր եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ մահափորձը։
«Սաստիկ եւ բքաբեր ձիւն կը տեղար Յունուար 5/18-ին, այնպէս որ կառապանը չէր համարձակեր ճամբայ ելլել Բերայէն Գումգաբու երթալու, բայց Ճրագալոյցին գտնուիլ անհրաժեշտ էր, եւ պարտաւորուած ճամբայ ելանք, թէպէտ Բերայէ Գումգափու 12-է աւելի կառք չտեսանք ճամբուն վրայ։
«Ծնունդի առտուն ձիւնը կը շարունակէր, եւ անհնար էր թաղական խորհրդարանը զգեստաւորուիլ եւ աւանդատան մէջ զգեստաւորուելով պատարագի մտայ։
«Խնկարկութեան թափօրին ատեն, երբ դասին աջակողմեան դուռէն դուրս կ՚ելլէյի, հրազէնի ձայն մը առի, եւ երբ ձայնին եկած կողմը դարձայ, գլխուս վերեւ ատրճանակը բարձրացուցած մէկը տեսայ, իսկոյն ցածցաւ եւ երկրորդ հարուածը գլխուս վրայէն անցաւ։ Միշտ ցածցած նստարաններուն մէջ սողոսկեցայ, եւ երրորդ հարուածը շեղեցաւ Լուսիկեան կօշկակարին կողմէ ատրճանակին տրուած շարժումէն։ Մինչ այս մինչ այն՝ բարապան Պօղոս Սրապեան, որ դասին ձախակողմեան դուռը կը հսկէր, վանդակապատէն ցատկելով ատրճանակ պարպողին վրայ կը խոյանայ եւ կը զգետնէ, եւ ժողովուրդը վրան կը խուժէ, եւ թերեւս նոյն տեղ մահացնէր, եթէ ոստիկաններ ներս մտնելով դաւաճանին անձին չտիրանային։
«Ես նստարաններուն մէջէն անցնելով ձախակողմեան Ս. Ծնունդ մատուռը մտայ, եւ վիրաւորուած ըլլալուս տակաւին անգիտակ, երգով կամ ճաշուով պատարագի ընդհատումը պարտկելու հրահանգ տուի, մինչեւ որ պատարագը շարունակելու դառնամ։ Շուրջս եղող քահանաներ եւ դպիրներ զգեստները վրայէս հանելու կ՚աշխատին, եւ կ՚ընդդիմանամ, մինչեւ որ պատարագի շապիկը արիւնոտած տեսնելով վիրաւորուած ըլլալս կ՚իմանամ, եւ արիւնով սեղան ելլել կանոնական չըլլալուն, կը համաձայնիմ զգեստները հանել եւ պատրիարքարան դառնալ, եւ Գէորգ Եպիսկոպոս Երէցեան պատարագը կը շարունակէ։
«Բժիշկ Պօղոս Ինճէեանի լուր կը տրուի, բժիշկ Միսաք Ճէվահիրճեան լուր կ՚առնէ, եւ միասին կը փութան առաջին խնամքը կատարել ու վէրքը զննել ու դարմանել։
«Ատրճանակի առաջին գնդակը ծանր շուրջառն ու հաստ եմիփորոնը ծակելով աջ ուսիս մտած, եւ դիմացէ դիմաց անցնելով դուրս ելած էր, բարեբախտաբար ո՛չ ոսկրին դպած էր եւ ոչ թոքը վիրաւորած, բայց այդ զննութեանց ատեն նուաղում զգալով կը մարիմ եւ լազուս կոկորդիս մէջ կը դառնայ եւ Ճէվահիրեան աքցանով ետ քաշելով, եւ Ինճէեան առատ ջուր սրսկելով կրնան զիս ուշաբերութեան դարձնել, եւ վէրքը պատելով՝ պատրիարքարանի ննջասենեակը անկողինի մէջ կը հանգչեցնեն։
«Այնտեղ ես իմ կատարեալ հանդարտութիւնը կը ստանամ, եւ մինչեւ իսկ զուարճաբանել կը սկսիմ՝ թէ մեռնելու համար Խորասանճեան բժշկապետին վճիռը անհրաժեշտ պայման չէ։
«Ատրճանակը պարպողը եղած էր Յակոբ Խաչիկեան, Կարնեցի Մկրտիչ Խաչիկեանի՝ Կարինէ սկսելով ծանօթ եւ բարեկամ գիտցուած անձին որդին, որ իր չորս ընկերներուն անուններն ալ կու տայ, որոնցմէ երեքը կը ձերբակալուին, իսկ գլխաւորը արդէն մայրաքաղաքէն հեռացած կ՚ըլլայ։ Առաջին ոստիկանական հարցափորձերու մէջ անկապակից պատճառանքներ կարկտել կ՚աշխատին, իբր թէ Յակոբ Խաչիկեան, զինքը բժշկական վարժարանի չյանձնարարելէս ցաւած ըլլայ, մինչ արդէն ընդունուած էր եւ դեղագործական ճիւղին կը հետեւէր։ Եւ կամ թէ իմ վրայ փորձուած դաւաճանութեամբ ունեւորները ահացնել ուզած ըլլան, որ իրենցմէ դրամ պահանջուած ատեն անհակառակ վճարեն։
«Կը կարծուի եւս թէ իրենց առաջին միտքը՝ Թաղական խորհրդարանէ եկեղեցի անցած պահուն գործել եղած ըլլայ, եւ ձիւնին պատճառով աւանդատան մէջ զգեստաւորուելուս առթիւ եկեղեցւոյ մէջ փորձել ստիպուած ըլլան։ Մահափորձին եկեղեցւոյ մէջ եւ պատարագի ատեն կատարուած ըլլալը, եւ այն ալ Ծնունդի նուիրական տօնին օրը, մեծ տպաւորութիւն գործած էր ժողովրդական ըմբռնմանց վրայ։
«Հազիւ թէ մահափորձին լուրը կը տարածուի, իսկոյն կը սկսին ոստիկանութենէ, եպարքուութենէ, նախարարներէ, եւ արքունական պալատէ պատուիրակներ եւ բժիշկներ հասնիլ, որպիսութիւն հարցնելու, ստոյգ լուրեր քաղելու, եւ կարեւոր կարգադրութիւններ հրամայելու։ Դատարանէն ալ յատուկ հարցաքննիչ կու գայ իմ յայտարարութիւններս ու ենթադրութիւններս գիրի առնելու։
«Իմ հաստատուն եւ միատեսակ պատասխաններս եղան, թէ ո՛չ մի կանխաւ գիտցուած նշան չունիմ, թէ մօտ ատեններ սպառնական ազդարարութիւններ իսկ ստացած չեմ, եւ գործադիրներու հետ որեւէ շփում ունեցած չեմ, եւ կամ վրէժխնդրութեան առիթ տուած չեմ, եւ իմ միա՛կ խնդրանքս է որ գործը անհատական եւ տղայական ձեռնարկ մը ըլլալուն ընդարձակ նշանակութիւն չտրուի, ձերբակալութիւններ չբազմապատկուին, ընդհանուր վրդովում առաջ չի գայ եւ, որչափ հնար է, գործը ամփոփ շրջանակի մէջ պահուի։
«Այդ խնդրանքը յատկապէս կրկնած եմ ոստիկանական եւ դատական պաշտօնեաներուն…»։
- Պիտի շարունակենք։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Յուլիս 1, 2016, Իսթանպուլ