Նա­խադպ­րո­ցա­կան Տա­րի­քի Ե­րԱխա­նե­րու Ե­րաժշ­տա-Գե­ղա­գի­տա­կան Դաս­տիա­րա­կու­թիւ­նը

Ժա­մա­նա­կա­կից ե­րա­խա­նե­րը կը շրջա­պա­տէ հնչիւն­նե­րու հա­րուստ աշ­խարհ, ո­րուն աղ­բիւ­րը կը հան­դի­սա­նան՝ պատ­կե­րաս­փիւ­ռը, ձայ­նաս­փիւ­ռը, հա­մա­ցան­ցը…

Ե­րախա­նե­րը կ՚ունկնդ­րեն բազ­մա­տե­սակ ե­րաժշ­տու­թիւն՝ ըն­կա­լե­լի եւ ոչ ըն­կա­լե­լի ի­րենց հասկ­ցո­ղու­թեան, որ յա­ճախ նա­խա-­տե­սուած չէ ի­րենց տա­րի­քին:

Այս պատ­ճա­ռով ե­րաժշ­տա-գե­ղա­գի­տա­կան դաս­տիա­րա­կու­թիւ­նը նա­խադպ­րո­ցա­կան հաս­տա­տու­թիւն­նե­րու մէջ պէտք է ըլ­լայ նպա­տա­կադ­րուած:

Գե­ղա­գի­տա­կան կրթու­թիւ­նը նպա­տա­կաուղ­ղուած, հա­մա­կար­գուած ըն­թացքն է ե­րա­խա­յի ան­հա­տա­կա­նու­թեան ազ­դե­ցու­թեան վրայ: Ա­նոր նպա­տակն է զար­գաց­նել ե­րա­խա­յին ու­նա­կու­թիւ­նը՝ տես­նե­լու զինք շրջա­պա­տող աշ­խար­հի գե­ղեց­կու­թիւ­նը եւ հա­ղոր­դա­կից ըլ­լա­լու ա­նոր հետ: Ան կը զար­գաց­նէ ու­ղե­ղը, զգա­ցում­նե­րը եւ կը նպաս­տէ պատ­կե­րա­ցում­նե­րու եւ ե­րե­ւա­կա­յու­թեան զար­գաց­ման:

Ե­րա­խան դեռ իր ծննդեան ա­ռա­ջին ա­միս­նե­րէն,   չգի­տակ­ցե­լով, կը ձգտի ա­մե­նա­վառ, գե­ղե­ցիկ, ան­սո­վոր ա­ռար­կա­նե­րուն: Ան կ՚ու­րա­խա­նայ փայ­լուն, վառ, գու­նա­զարդ խա­ղա­լիք­նե­րով, ո­րոնք փոք­րի­կին մէջ կը յա­ռա­ջաց­նեն հա­ճե­լի զգա­ցում­ներ, հե­տաքրք­րու­թիւն: Դեռ ծննդեան ա­ռա­ջին ա­միս­նե­րէն ե­րա­խա­նե­րը կը լսեն եր­գեր, օ­րօ­րո­ցա­յին­ներ, ա­ւե­լի ուշ՝ հե­քիաթ­ներ, ի­րենց ծնող­նե­րուն հետ կը դի­տեն պատ­կե­րա­զարդ գիր­քեր, նկար­ներ: Ե­րա­խա­յին մօտ կը ձե­ւա­ւո­րուին գե­ղա­գի­տա­կան ա­ռա­ջին ապ­րում­նե­րը:

Ման­կու­թեան վաղ փու­լին նկա­տե­լի դեր կը խա­ղայ ե­րաժշ­տու­թիւ­նը՝ որ­պէս գե­ղա­գի­տա­կան ըն­կալ­ման եւ զգա­ցա­կան ապ­րում­նե­րու աղ­բիւր: Այս­տեղ է, որ նա­խադպ­րո­ցա­կան հաս­տա­տու­թիւ­նը պէտք է բա­րեն­պաստ պայ­ման­ներ ստեղ­ծէ ե­րախա­յի հնա­րա­ւո­րու­թիւն­նե­րու եւ ըն­դու­նա­կու­թիւն­նե­րու բա­ցա­յայտ­ման եւ զար­գաց­ման հա­մար:

Ե­րաժշ­տու­թեան ազ­դե­ցու­թիւ­նը ե­րա­խա­յին վրայ, կը նպաս­տէ լիար­ժէք ան­հա­տա­կա­նու­թեան ձե­ւա­ւոր­ման՝ դաս­տիա­րա­կե­լով եւ հարս­տաց­նե­լով իր զգա­ցում­նե­րը եւ յու­զա­կան աշ­խար­հը: Ե­թէ ե­րա­խան վաղ տա­րի­քին կը լսէ գե­ղե­ցիկ ե­րաժշ­տու­թիւն, ժա­մա­նա­կի ըն­թաց­քին ա­նոր մէջ կը ձե­ւա­ւո­րուի ե­րա-ժըշտա­կան ճա­շակ՝ յա­րա­բե­րու­թիւն գե­ղե­ցի­կի հետ, եւ ա­նոր մէջ կը դրսե­ւո­րուի գե­ղե­ցի­կը, ար­ժէ­քա­ւո­րը գնա­հա­տե­լու ու­նա­կու­թիւն:

Երբ ե­րախան հե­տաքրք­րու­թիւն կը ցու­ցա­բե­րէ ե­րաժշ­տա­կան գոր­ծու­նէու­թեան հան­դէպ, եւ ե­թէ ե­րաժշ­տու­թիւ­նը կը ներ­թա­փան­ցէ իր զգա­ցում­նե­րուն, եւ ան կրնայ ո­րո­շա­կի գնա­հա­տա­կան կամ կար­ծիք տալ, ու­րեմն ե­րաժշ­տա-գե­ղա­գի­տա­կան գի­տակ­ցու­թիւ­նը հետզ­հե­տէ կը բարձ­րա­նայ, ինչ որ կը նպաս­տէ ե­րաժշ­տա­կան ըն­դու­նա­կու­թիւն­նե­րու զար­գաց­ման:

Մին­չեւ երեք տա­րե­կան ե­րախա­յին մէջ կը ձե­ւա­ւո­րուի ե­րաժշ­տա­կան յու­զա­կա­նու­թիւն, կը կու­տա­կուին ե­րաժշ­տա­կան տպա­ւո­րու­թիւն­ներ:

Չորս տա­րե­կա­նին ե­րախան կրնայ լսել ա­ւե­լի եր­կա­րա­տեւ ե­րաժշ­տու­թիւն, կը յա­ռա­ջա­նան հե­տաքրք­րու­թիւն՝ ե­րաժշ­տու­թեան հան­դէպ, ե­րաժշ­տու­թեան տար­բեր դրսե­ւո­րում­նե­րու նկատ­մամբ՝ ինչ­պէս պա­րի, եր­գի, ունկնդ­րու­թեան, ե­րաժշ­տա-կշռու­թա­յին շար­ժում­նե­րու ընդ­մէ­ջէն ար­տա­յայ­տուող պա­րա­գա­նե­րով:

Հինգ տա­րե­կա­նին ե­րա­խա­յին մէջ կը ստեղ-ծըւի ե­րաժշ­տու­թեան եւ ե­րաժշ­տա­կան ար­տա­յայ­տու­թիւն­նե­րու հան­դէպ կա­յուն հե­տաքրք­րու­թիւն: Յու­զա­կա­նու­թիւ­նը, զգա­ցա­կա­նու­թիւ­նը կը դառ­նան ա­ւե­լի խոր, ի յայտ կու գան ե­րաժշ­տա­կան ըն­դու­նա­կու­թիւն­ներ:

Վեց տա­րե­կա­նին ե­րա­խան կրնայ հսկել իր կա­տա­րո­ղա­կա­նու­թիւ­նը՝ հիմ­նուե­լով նա­խա­պէս ու­նե­ցած իր փոր­ձա­ռու­թեան վրայ: Այս տա­րի­քին կրնայ ա­ւե­լի ու­շա­դիր ուն-կընդ­րել, ա­ւե­լի խոր զգալ ստեղ­ծա­գոր­ծու­թեան բնոյ­թը: Կը զար­գա­նայ  կա­յուն հե­տա-քըրք­րու­թիւն ե­րաժշ­տու­թեան եւ ա­նոր անհ­րա­ժեշ­տու­թեան հան­դէպ:

Գլխա­ւոր խնդիրն է ե­րա­խա­նե­րուն մէջ ա­րուես­տի հան­դէպ սէր եւ հե­տաքրք­րու­թիւն սեր­մա­նե­լը: Երբ ե­րա­խան յու­զա­կա­նօ­րէն կ՚ար­ձա­գան­գէ, կը հիա­նայ գե­ղե­ցիկ ու բա­րի ար­ժէք­նե­րով, այն ժա­մա­նակ կը ստեղ­ծուի բա­րեն­պաստ մի­ջա­վայր՝ ե­րա­խա­յի ան­հա­տա­կա­նու­թեան ձե­ւա­ւոր­ման հա­մար: Ա­նոր մէջ բա­րու­թիւն, կա­մե­ցո­ղու­թիւն եւ ու­րի­շի հան­դէպ կա­րեկ­ցանք կ՚ամ­րապն­դուի:

Ե­րաժշ­տա­կան բո­լոր ըն­դու­նա­կու­թիւն­նե­րը կը յայտ­նուին եւ կը զար­գա­նան ե­րա­խա­յի ե­րաժշ­տա­կան գոր­ծու­նէու­թեան ըն­թաց­քին, ուր ե­րա­խան կը դառ­նայ ան­մի­ջա­կան կա­տա­րող:

Նա­խադպ­րո­ցա­կան տա­րի­քը այն շրջանն է, երբ ե­րա­խա­յին մէջ կը ձե­ւա­ւո­րուին նախ­նա­կան ըն­դու­նա­կու­թիւն­նե­րը եւ հնա­րա­ւո­րու­թիւն­նե­րը՝ տար­բեր նա­խա­սի­րու­թիւն­նե­րու:

Այս­տեղ է, որ կը հան­դի­պինք ե­րաժշ­տա­կան ու­նա­կու­թիւն­նե­րու վաղ ար­տա­յայտ­ման, ուր ու­սու­ցի­չին գլխա­ւոր խնդիրն է զար­գաց­նել ե­րաժշ­տա­կան ըն­դու­նա­կու­թիւն­նե­րը, յա­ռա­ջաց­նել սէր, հե­տաքրք­րու­թիւն, որ իր կար­գին ե­րա­խա­յի մէջ կը յա­ռա­ջաց­նէ դրա­կան զգա­ցում­ներ:

Ե­րա­խան ե­րաժշ­տու­թեան կ՚ար­ձա­գան­գէ բազ­մա­տե­սակ աշ­խոյժ գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րով: Եւ ե­թէ ե­րաժշ­տու­թեան ազ­դե­ցու­թիւ­նը դրա­կան անդ­րա­դարձ ու­նե­նայ ե­րա­խա­յին վրայ, ու­րեմն զայն պէտք է օգ­տա­գոր­ծել որ­պէս ման­կա­վար­ժա­կան հա­ղոր­դակ­ցու­թեան մի­ջոց:

Ե­րաժշ­տու­թիւ­նը հնա­րա­ւո­րու­թիւն կը ստեղ­ծէ ու­սու­ցի­չի եւ ե­րա­խա­յի մի­ջեւ դրա­կան եւ զգա­ցա­կան շփման:

Ե­րա­խա­յի ստեղ­ծա­գոր­ծա­կան ինք­նաար­տա­յայտ­ման ձե­ւե­րէն մէ­կը խաղն է: Իսկ ման­կա­վար­ժու­թեան մէջ խա­ղե­րը ար­դիւ­նա­ւէտ դեր ու­նին գի­տե­լիք­ներ փո­խան­ցե­լու մէջ:

Ե­րաժշ­տա­կան ու­նա­կու­թիւն­նե­րը կրնան զար­գա­նալ խա­ղա­յին գոր­ծու­նէու­թեամբ՝ ե­րա­խա­նե­րու մէջ յա­ռա­ջաց­նե­լով լսե­լու, եր­գե­լու պա­րե­լու ձգտում:

Ե­րաժշ­տա­կան խա­ղե­րը կը դիւ­րաց­նեն ե­րաժշ­տա-ար­տա­յայտ­չա­կան մի­ջոց­նե­րու իւ­րա­ցու­մը, կ՚օգ­նեն զգա­լու ե­րաժշ­տու­թեան եւ խօս­քի բնոյ­թը: Նաեւ կը ստեղ­ծեն հա­ղոր­դակ­ցու­թիւն եւ ջերմ յա­րա­բե­րու­թիւն ե­րա­խա­նե­րու մի­ջեւ:

Անհ­րա­ժեշտ է նաեւ ե­րա­խա­նե­րը ներգ­րա­ւել ե­րաժշ­տա­կան տար­բեր դրսե­ւո­րում­նե­րու՝ ունկնդր­ման, եր­գե­ցո­ղու­թեան, ե­րաժշ­տա-կշռու­թա­յին շարժ­ման մէջ:

Ե­րաժշ­տա­կան ունկնդ­րու­թեան ժա­մա­նակ անհ­րա­ժեշտ է ե­րա­խա­նե­րը ըն­տե­լաց­նել ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն­նե­րը ու­շա­դիր լսե­լու եւ ի­րենց  տպա­ւո­րու­թիւն­նե­րը պատ­մե­լու:

Ժո­ղովր­դա­կան, դա­սա­կան եւ ժա­մա­նա­կա­կից ե­րաժշ­տու­թեան հան­դէպ հե­տաքրք­րու­թիւն յա­ռա­ջաց­նել: Կա­րե­լի է տար­բեր ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն­նե­րու մի­ջո­ցով ներ­կա­յաց­նել ե­րաժշ­տու­թեան  ե­րեք տե­սակ­նե­րը՝ եր­գա­յին, պա­րա­յին եւ քայ­լեր­գա­յին:

Ու­սու­ցի­չի մաս­նա­գի­տա­կան պար­տա­կա­նու­թիւնն է մշա­կել ո՛չ միայն կա­տա­րո­ղա­կա­նու­թիւ­նը, այլ՝ ծա­նօ­թաց­նել ե­րաժշ­տու­թեան բո­վան­դա­կու­թեանն ու բնոյ­թին:

Ինչ կը վե­րա­բե­րի եր­գե­ցո­ղու­թեան, ու­սու­ցի­չի հսկո­ղու­թեամբ, ե­րախան պէտք է եր­գե­րը կա­տա­րէ թե­թեւ, սա­հուն եւ ար­տա­յայ­տիչ ձայ­նով, ա­ռանց լա­րուա­ծու­թեան: Եր­գե­ցո­ղու­թեան հետ զու­գա­հեռ,  անհ­րա­ժեշտ է զար­գաց­նել ե­րաժշ­տա-զգա­ցա­կան ըն­կա­լում­նե­րը՝ հնչիւ­նի բարձ­րու­թիւ­նը եւ  ուժգ­նու­թիւ­նը/բարձ­րա­ցած, ու­ժեղ-մեղմ, զգա­լու ե­րաժշ­տու­թեան բնոյ­թը՝ ու­րախ, տխուր, քնքոյշ, խրոխտ… Եր­գե­րու ար­տա­յայ­տիչ կա­տա­րո­ղա­կա­նու­թիւ­նը կ՚օգ­նէ ա­ւե­լի վառ եւ խոր զգա­լու ա­նոնց բո­վան­դա­կու­թիւ­նը՝ յա­ռա­ջաց­նե­լով գե­ղա­գի­տա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն ե­րաժշ­տու­թեան եւ շրջա­պա­տող ե­րե­ւոյթ­նե­րու հետ:

Պէտք է նաեւ սոր­վեց­նել եր­գե­րու բնոյ­թին եւ բո­վան­դա­կու­թեան հա­մա­պա­տաս­խան ներ­դաշ­նակ շար­ժում­ներ կա­տա­րել:

Ե­րաժշ­տակշ­ռու­թա­յին զգա­ցո­ղու­թեան զար­գա­ցու­մը ե­րա­խա­նե­րու ե­րաժշ­տա­կան դաս­տիա­րա­կու­թեան կա­րե­ւո­րա­գոյն խնդիր­նե­րէն մէկն է:

Ե­րա­խա­նե­րու չա­փա­կա­նու­թեան զգա­ցո­ղու­թեան  զար­գա­ցու­մը կը սկսի քայ­լեր­գի հնչիւն­նե­րու տակ՝ քա­լե­լով: Նպա­տա­կա­յար­մար է, որ ե­րա­խա­նե­րու դա­սա­րան մտնե­լու եւ դուրս ել­լե­լու պա­հե­րը  ու­ղեկ­ցուին քայ­լեր­գով: Ե­րա­խա­նե­րու ե­րաժշ­տակշ­ռու­թա­յին կա­րո­ղու­թիւն­նե­րը եւ հմտու­թիւն­նե­րը կա­րե­լի է ձե­ւա­ւո­րել՝ խա­ղե­րով, պա­րե­րով եւ վար­ժու­թիւն­նե­րով՝ հա­մա­պա­տաս­խա­նեց­նե­լով  ա­նոնց շար­ժում­նե­րը ե­րաժշ­տա­կան ստեղ­ծա­գոր­ծու­թեան բնոյ­թին: Նաեւ կը կի­րար­կուին ման­կա­կան հա­րուա­ծա­յին նուա­գա­րան­նե­րը՝ ե­րաժշ­տակշ­ռու­թա­յին հմտու­թիւն­նե­րը զար­գաց­նե­լու եւ կա­տա­րե­լա­գոր­ծե­լու նպա­տա­կով:

Այս­պէսով, պէտք է նկա­տել, որ ե­րաժշ­տա­կան զար­գա­ցու­մը դրա­կան ազ­դե­ցու­թիւն ու­նի ե­րա­խա­յի մը, ընդ­հա­նուր զար­գաց­ման վրայ: Ե­րա­խա­յին մէջ կը կա­տա­րե­լա­գոր­ծուին  մտա­յին կա­րո­ղու­թիւն­նե­րը, յի­շո­ղու­թիւ­նը, նաեւ կը հարս­տա­նայ յու­զա­կան աշ­խար­հը:

Իսկ ե­րաժշ­տու­թիւ­նը ապ­րե­լու եւ զգա­լու կա­րո­ղու­թիւ­նը կ՚օգ­նէ, որ ե­րա­խան սի­րէ աշ­խար­հը եւ գնա­հա­տէ գե­ղե­ցի­կը:

ԳԱ­ՅԻԱ­ՆԷ ՅԱ­ՐՈՒ­ԹԻՒ­ՆԵԱՆ-ՄԱՐ­ԿՈ­ՍԵԱՆ

Երկուշաբթի, Յուլիս 18, 2016