ՓԱՐԻԶԷՆ ԵՏՔ ՆԻՍ. ԱՀԱԲԵԿԻՉՆԵՐԸ ՍԿՍԱՆ ԳՈՐԾԻ ԴՆԵԼ ՈՉ-ԴԱՍԱԿԱՆ ՄԻՋՈՑՆԵՐ

Ար­մա­տա­կան խմբա­ւո­րում­նե­րուն հա­մար Ֆրան­սան կը շա­րու­նա­կէ մնալ՝ որ­պէս թի­րախ հա­մա­րուող գլխա­ւոր եր­կիր: Անց­նող Նո­յեմ­բե­րին երբ «Սթատ տը Ֆրան­ս­»ի եւ «Պա­թաք­լա­ն» թա­տե­րաս­րա­հին մէջ ա­հա­բեկ­չա­կան յար­ձա­կում­ներ կը գոր­ծուէին, երկ­րի մէ­կէ ա­ւե­լի բարձ­րաս­տի­ճան պա­տաս­խա­նա­տու­ներ կը զգու­շաց­նէին, որ գա­լիք դէպ­քե­րը կրնան շատ ա­ւե­լի ծանր ըլ­լալ:

Այս ա­ռու­մով Նի­սը հա­րուա­ծած ա­հա­բեկ­չու­թիւ­նը, ո­րուն ի տես տե­ղւոյն ոս­տի­կա­նու­թիւ­նը զար­մանք յայտ­նած է, սպա­սե­լի էր:

Սպա­սե­լի էր այ­՛ո, ո­րով­հե­տեւ Ֆրան­սա­յի մէջ «բոյն դրա­ծ» ա­հա­բեկ­չա­կան խմբա­ւո­րում­նե­րը չեն կազ­մա­քան­դուած:

Ըստ լի­բա­նան­ցի լրագ­րող Սա­յէր Ղան­տու­րի, Եւ­րո­պան, եւ մաս­նա­ւո­րա­պէս, Ֆրան­սան հա­րուա­ծող այս ա­հա­բեկ­չու­թեանց ա­ռաջ­քը կա­րե­լի չէ առ­նել սոսկ ա­պա­հո­վա­կան մի­ջո­ցա­ռում­նե­րով: Ան նաեւ դի­տել կու տայ, որ ար­մա­տա­կան հա­յեացք­նե­րով սնուած իս­լա­մա­մէտ ա­հա­բե­կիչ­նե­րուն այս քայ­լե­րը ու­նին բա­ւա­կան խոր­քա­յին պատ­ճառ­ներ, ո­րոնք կը կա­րօ­տին եր­կա­րա­տեւ «բու­ժու­մ»­նե­րու:

Այս բո­լո­րին հետ հա­մա­տեղ ե­թէ պահ մը վեր­լու­ծում­նե­րով հան­դէս գա­լու մօ­տե­ցու­մը մէկ­դի դնենք, պէտք է ան­պայ­ման դի­տար­կել, որ Հինգ­շաբ­թի գի­շեր Նի­սը ցնցած այս ա­հա­բեկ­չու­թիւ­նը նո­րու­թիւն էր իր մե­թո­տով:

Յի­շեց­նե­լու կար­գով պէտք է նաեւ նկա­տել, որ ինք­նա­շար­ժով եւ այս պա­րա­գա­յին բեռ­նա­տար կառ­քով մար­դոց կեան­քը խլե­լու ձե­ւը ե­րե­ւան ե­կած էր անց­նող ա­միս­նե­րուն Իս­րա­յէ­լի մէջ: Տե­ղւոյն պա­ղես­տին­ցի­նե­րը, ո­րոնց­մէ շա­տեր, նոյ­նիսկ կու­սակ­ցա­կան պատ­կա­նե­լիու­թիւն չու­նին, յայտ­նուե­լով ճա­րա­հա­տեալ վի­ճա­կի մը մէջ իս­րա­յէ­լա­ցի զի­նուոր­ներ դա­շու­նա­հա­րե­լու կող­քին, գոր­ծի լծած են ինք­նա­շար­ժը բազ­մու­թեան վրայ քշե­լու եւ այդ­պէ­սով մար­դոց կեան­քը խլե­լու ձե­ւը:

Այս չի նշա­նա­կեր, որ ե­ղած դէպ­քը կապ ու­նի ա­րաբ-իս­րա­յէ­լեան հա­կա­մար­տու­թեան վեր­ջին զար­գա­ցում­նե­րուն հետ, բայց ան­պայ­ման կը խօ­սի հի­ւան­դա­գին վի­ճա­կի մը մէջ ե­ղող մէ­կու մը ա­րար­քին մա­սին:

Լրա­տուա­կան աղ­բիւր­ներ մինչ տար­բեր վար­կած­ներ յա­ռաջ կը քա­շեն, դէպ­քին ա­ռըն­թեր ոչ մէկ կողմ պա­տաս­խա­նա­տուու­թիւն մը ստանձ­նե­լու հաղ­որ­դագ­րու­թեամբ հան­դէս կու գայ:

Նոյ­նիսկ ե­թէ «Ի­րաք-Շա­մի իս­լա­մա­կան պե­տու­թիւ­նը (Ի­ՇԻՊ) ստանձ­նէ նման գոր­ծո­ղու­թիւն մը կա­տա­րե­լու պա­տաս­խա­նա­տուու­թիւ­նը, ա­մէն պա­րա­գա­յի ե­ղած յար­ձա­կու­մը կը տար­բե­րի ա­նոր ու­նե­ցած ձե­ռագ­րէն:

Պէտք չէ մոռ­նալ նաեւ, որ Պաս­թիյ­ի յաղ­թա­նա­կի տօ­նին գի­շե­րը իր խօ­սած ճա­ռին մէջ Ֆրան­սա­յի նա­խա­գա­հ Ֆ­րան­սուա Օ­լանտ կը յայ­տա­րա­րէր, որ երկ­րին մէջ հաս­տա­տուած պա­րէ­տա­յին դրու­թիւ­նը պի­տի վեր­ցուի յա­ռա­ջի­կայ 26 Յու­լի­սին: Ֆրան­սա­յի նա­խա­գա­հին խօս­քին մէջ ան­շուշտ, որ ո­րոշ պատ­գամ­ներ կա­յին:

Գետ­նի վրայ ե­ղած մի­ջո­ցա­ռում­նե­րը ու տար­բեր ա­ռիթ­նե­րով ա­հա­բեկ­չա­կան բջիջ­նե­րու ձեր­բա­կալ­ման մա­սին տե­ղե­կու­թիւն­նե­րը կը խօ­սէին այն մա­սին, թէ երկ­րի ա­պա­հո­վա­կան մար­մին­նե­րը լա­ւա­պէս կը տի­րա­պե­տեն ի­րա­վի­ճա­կին:

Բայց գետ­նի վրայ ե­ղող ի­րա­կա­նու­թիւ­նը չէր հա­մա­պա­տաս­խա­ներ պաշ­տօ­նա­կան մար­մին­նե­րու ը­րած յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րուն:

Ֆրան­սա­յի պէս ժո­ղովր­դա­վա­րա­կան բարձր ար­ժա­նիք­ներ կրող երկ­րի մը մէջ այ­սօր տի­րող ի­րադ­րու­թիւ­նը անբ­նա­կան ու նոյ­նիսկ ան­հասկ­նա­լի է: Ան­հասկ­նա­լի է, ո­րով­հե­տեւ ան­ցեալ Նո­յեմ­բե­րէն ու ան­կէ ա­ռաջ «Շար­լի Էպ­տօ» ծաղ­րա­թեր­թի շէն­քին վրայ ե­ղած յար­ձա­կու­մէն ի վեր, ոչ մէկ պա­տաս­խա­նա­տու ըն­դու­նած էր իր մեղ­քի բա­ժի­նը:

Այս վար­կած­նե­րէն բո­լո­րո­վին տար­բեր մօ­տե­ցում ու­նի Լոն­տո­նի «Ալ Հա­յա­թ» պար­բե­րա­կա­նի լրագ­րող Ռան­տա Թա­քի Ալ Տին: Լի­բա­նան­ցի ար­մատ­նե­րով լրագ­րո­ղին կար­ծի­քով՝ շատ թիւր մօ­տե­ցում է ե­ղա­ծին ա­ռըն­թեր քննա­դա­տել պաշ­տօ­նա­կան Փա­րի­զի պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րը, ո­րով­հե­տեւ «Ֆրան­սա­յի կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը գործ ու­նի ան­հա­ւա­սա­րակ­շիռ մար­դոց հետ, ո­րոնց միակ նպա­տա­կը յա­ւե­լեալ մար­դոց կեան­քը խլելն է»: Ան նաեւ նկա­տել կու տայ, որ Ֆրան­սա­յի մէջ ե­ղա­ծը ոչ միայն ար­հաւ­րա­լից է, այլ մաս կը կազ­մէ հա­մաշ­խար­հա­յին մեծ պա­տե­րազ­մի մը, ո­րուն թի­րախն է Ի­ՇԻՊ ա­հա­բեկ­չա­կան խմբա­ւո­րու­մը:

Ա­մէն ան­գամ, որ Ֆրան­սա­յի մէջ ա­պա­հո­վա­կան դէպ­քեր կը գրան­ցուին, մեր մտքե­րուն կ­­՚ու­րուագ­ծուի Ֆրան­սա ապ­րող շուրջ 5 մի­լիոն մահ­մե­տա­կան­նե­րու խնդի­րը, ո­րոնց հիմ­նարկ­նե­րէն շատ շա­տե­րը դա­տա­պար­տու­մի կո­չեր հրա­պա­րա­կե­ցին ե­ղած ա­հա­բեկ­չու­թեան վե­րա­բե­րեալ:

Այս ա­ռու­մով քիչ չէ թի­ւը այն վեր­լու­ծա­բան­նե­րուն, ըստ ո­րոնց Ֆրան­սա­յի մէջ ապ­րող մահ­մե­տա­կան­նե­րը բռնա­դա­տուած ու ճնշուած են: Թէ ինչ­քա­նով ճիշդ է այս մօ­տե­ցու­մը պարզ չէ, յստակ է միայն, որ մա­րոք­ցի, ալ­ճե­րիա­ցի, թու­նուզ­ցի եւ ե­գիպ­տա­ցի մահ­մե­տա­կան­նե­րուն դէմ ցարդ գոր­ծադ­րուած ու ա­ւե­լի ուշ գոր­ծադ­րուե­լիք ճնշում­նե­րը ար­դիւ­նա­ւէտ պի­տի չըլ­լան:

Փաստ է նաեւ, որ մահ­մե­տա­կան շրջա­նակ­նե­րուն վրայ ե­ղած ճնշում­նե­րէն ան­դին ե­րե­ւե­լի աճ կ­­՚ար­ձա­նագ­րեն երկ­րի ծայ­րա­յեղ աջ շրջա­նակ­նե­րը ու ա­նոնց հա­մար նման ա­րիւ­նա­լի դէպ­քեր կը դառ­նան քա­ղա­քա­կան կա­րե­ւոր խա­ղա­քարտ:

Այս­պէս, եր­կու կող­մե­րէն ա­ճող ա­տե­լու­թեան մթնո­լոր­տը կրնայ ա­ւե­լիով լա­րել դրու­թիւ­նը եւ տուն տալ ներ­քին պրկուա­ծու­թեան ու ա­պա նոյ­նիսկ ա­րիւ­նա­հո­սու­թեան:

Կը մնայ հասկ­նալ ու սպա­սել այս դէպ­քի քննու­թեան ար­դիւնք­նե­րուն: Ար­դեօք 31-ա­մեայ թու­նուզ­ցին, որ կը կար­ծուի, թէ միակ գոր­ծադ­րողն էր այդ ա­հա­բեկ­չու­թեան, ան այս ա­րար­քը գոր­ծած էր ա­ռա՞նց նե­ցու­կի: Կամ, թէ ան կը կա­տա­րէր ա­հա­բեկ­չա­կան խմբա­ւոր­ման մը հրա­մա­նը:

Ե­ղա­ծը սար­սա­փե­լի էր: Նիս քա­ղա­քի բնա­կիչ­նե­րը, ո­րոնց մէջ նաեւ այլ շրջան­նե­րէ քա­ղաք հա­սած խա­ղաղ մար­դիկ փո­ղոց ի­ջած էին տօ­նախմ­բե­լու «14 Յու­լի­ս­»ի ֆրան­սա­ցի­նե­րու ա­զա­տու­թիւ­նը խորհր­դան­շող տօ­նը: Ու յան­կարծ մեծ սպի­տակ ու խո­շոր բեռ­նա­տար կառք մը կը քա­լէր դէ­պի ան­զէն բազ­մու­թիւ­նը եւ պատ­ճառ կը դառ­նար 84 ան­ձե­րու մա­հուան (այս թի­ւը կրնայ ա­ւե­լի ուշ բարձ­րա­նալ): Կա­յին հա­րիւ­րէ ա­ւե­լի վի­րա­ւոր­ներ, ո­րոնց 18-ին վի­ճա­կը ծայր աս­տի­ճան ծանր էր:

Ե­ղա­ծը Ֆրան­սա­ցի ժո­ղո­վուր­դին հա­մար անս­պա­սե­լի չէր:

Տար­բեր խնդիր­նե­րու կող­քին ան­շուշտ, որ շրջա­նա­ռու­թեան մէջ պի­տի դրուէր Ֆրան­սա­յի մի­ջին-ա­րե­ւե­լեան եր­կիր­նե­րու մէջ որ­դեգ­րած քա­ղա­քա­կա­նու­թիւ­նը եւ ա­րա­բա­կան աշ­խար­հին կող­մէ ա­նըն­դու­նե­լի հա­մա­րուած շարք մը մի­ջամ­տու­թիւն­նե­րը:

Տա­կա­ւին շա­տե­րու հա­մար յու­սա­լի էր, որ Փա­րիզ վե­րա­տե­սու­թեան են­թար­կէ իր կե­ցուածք­նե­րը մաս­նա­ւո­րա­պէս Սու­րիոյ մէջ, բան մը որ ցայ­սօր տե­ղի չու­նե­ցաւ:

Ճիշդ է, որ ե­ղած ա­հա­բեկ­չու­թիւ­նը կրնայ ուղ­ղա­կիօ­րէն կապ մը չու­նե­նալ Մի­ջին Ա­րե­ւել­քի մէջ ըն­թա­ցող զար­գա­ցում­նե­րուն հետ, բայց եւ այն­պէս նման ա­րարք­նե­րու պա­րա­գա­յին եր­բեք սխալ պի­տի չըլ­լայ բո­լոր վար­կած­նե­րը սե­ղա­նին վրայ դնել:

Նա­խա­գահ Ֆրան­սուա Քլանտ դէպ­քէն ժա­մեր անց պատ­կե­րասփ­ռուած խօս­քով մը հան­դէս գա­լով կը վստա­հեց­նէր, որ Ֆրան­սա պի­տի շա­րու­նա­կէ իր դե­րը Ի­րա­քի եւ Սու­րիոյ մէջ: Օ­լանտ, որ Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու «պար­կեշ­տ» գոր­ծա­կիցն է, կը մոռ­նար նաեւ, որ ֆրան­սա­ցի­նե­րու մե­ծա­գոյն տո­կո­սին հա­մար Ֆրան­սա­յի Մի­ջին Ա­րե­ւել­քի մէջ «ար­դա­րու­թիւն եւ ժո­ղովր­դա­վա­րու­թիւ­ն» հաս­տա­տե­լու փոր­ձե­րը ա­նի­մաստ են:

Ֆրան­սա­ցի­նե­րուն հա­մար այ­սօր ոչ մէկ կա­րե­ւո­րու­թիւն կը ներ­կա­յաց­նէ Սու­րիոյ Նա­խա­գաճ Պե­շար Է­սա­տին քա­ղա­քա­կան ճա­կա­տա­գի­րը կամ Լի­պիոյ մէջ զի­նուո­րա­կան նոր ար­շա­ւի սկսած Խա­լի­ֆա Հաֆ­թար ա­նու­նով զօ­րա­վա­րի ու­ժե­րուն յա­ռաջ­խա­ղաց­քը: Այլ այ­սօ­րուան հա­մար այդ երկ­րի քա­ղա­քա­ցի­նե­րուն հիմ­նա­կան հար­ցը ա­պա­հո­վու­թե­դան խնդիրն է, որ սկսած է դառ­նալ «ե­րա­զա­յի­ն» բան մը:

Ճիշդ է, որ Ֆրան­սա­յի ա­պա­հո­վա­կան մար­մին­նե­րը, մար­դու­ժի, տնտե­սա­կան եւ տար­բեր կա­րե­ւոր գոր­ծօն­ներ կը ծա­ռայ­եց­նեն վե­րագտ­նե­լու հա­մար երկ­րի «կոր­սուած ա­պա­հո­վու­թիւ­ն­»ը, բայց եւ այն­պէս ա­նոնք մին­չեւ այս պա­հը չեն յա­ջո­ղած: Առ­նուազն Նի­սի մէջ ե­ղած «խենթ ա­րար­ք­»ը, որ կրնայ շատ խո­րա­ցուած եւ սեր­տուած «գոր­ծո­ղու­թիւ­ն» մը ըլ­լալ, մե­ծա­գոյն ա­պա­ցոյցն է ֆրան­սա­կան ա­պա­հո­վա­կան կար­գա­վի­ճա­կի ձա­խո­ղու­թեան:

Ու շատ հա­ւա­նա­կան է, որ նման յար­ձա­կում­ներ կը կրկնուին այն­քան ժա­մա­նակ, երբ առ­կայ խնդիր­նե­րը ի­րենց ար­ժա­նի լու­ծու­մը չեն գտած: Նի­սի մէջ զո­հուած­նե­րը, շատ հա­ւա­նա­կան է, որ կը վճա­րեն ի­րենց իշ­խա­նու­թեանց կա­տա­րած սխալ­նե­րուն սուղ գի­նը:

Ա­նոնք ի­րօք մարդ­կու­թեան եւ ա­զա­տու­թեան զի­նուոր­ներ են: Հար­ցու­մը, որ պէտք է տրուի, թէ մին­չեւ ո՞ւր եւ մին­չեւ ե՞րբ կրնայ տե­ւել Ֆրան­սա­յի պէս հզօր երկ­րի մը տէ­րու­թիւն ը­նո­ղի դե­րով ներ­կա­յա­ցող ան­բան ղե­կա­վար­նե­րուն ան­պա­տաս­խա­նա­տու գոր­ծերն ու անզ­գամ ժպի­տը:

Ի՜նչ խօսք, որ ա­նոնք սպա­ռած են:

Ի՜նչ խօսք, որ ա­նոնք ոչ թէ Մի­ջին Ա­րե­ւել­քի տագ­նապ­նե­րուն հա­մար տա­լիք չու­նին, այլ մա­նա­ւանդ՝ ի­րենց երկ­րին, ո­րուն ա­մէն մէկ քա­ղա­քա­ցին ա­հա­բեկ­չու­թեան ա­հա­սար­սուռ վա­խով կ­­՚ան­ցը­նէ իր օ­րը այ­սօր:

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Ե­րե­ւան

Երկուշաբթի, Յուլիս 18, 2016