ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ ՀԵՐԹ

Յե­ղաշրջ­ման ձա­խող փոր­ձը ար­դէն բա­ռին բուն ի­մաս­տով յե­ղաշր­ջած է Թուր­քիոյ օ­րա­կար­գը։ Շա­բա­թա­վեր­ջէն ի վեր եր­կի­րը կ՚ապ­րի ար­տա­սո­վոր ի­րե­րա­յա­ջորդ ի­րա­դար­ձու­թիւն­ներ։ Այս մթնո­լոր­տին մէջ, ժո­ղովր­դա­վա­րու­թեան հերթ մը սկսած է բո­վան­դակ Թուր­քիոյ մէջ։ Երկ­րի բո­լոր մեծ քա­ղաք­նե­րը թա­տե­րա­բե­մը կը հան­դի­սա­նան մեծ ցոյ­ցե­րու, ո­րոնց մաս­նա­կից­նե­րը կը բարձ­րա­ձայ­նեն ի­րենց վճռա­կա­մու­թիւ­նը՝ երկ­րի ժո­ղովր­դա­վա­րու­թեան ե­րաշ­խա­ւոր­ման ուղ­ղու­թեամբ։

Սար­սա­փե­լի հան­րա­գու­մար մը գո­յու­թիւն ու­նի հան­րա­յին կար­ծի­քի աչ­քին առ­ջեւ։ Շա­բա­թա­վեր­ջին ի­րե­րա­յա­ջորդ հա­ղոր­դուե­ցան ու թար­մա­ցուե­ցան դէպ­քե­րուն վե­րա­բե­րեալ տուեալ­նե­րը։ Այս­պէս, զի­նեալ ու­ժե­րու շար­քե­րը ներ­թա­փան­ցել յա­ջո­ղած հեր­ձա­տի­րա­կան սա­կա­ւա­թիւ խում­բի յե­ղաշր­ջա­ման ձա­խող փոր­ձին հե­տե­ւան­քով նա­հա­տա­կուած է 161 հո­գի։ 1140 հո­գի ալ վի­րա­ւո­րուած է։ Ներ­կա­յիս պե­տա­կան գրե­թէ բո­լոր օ­ղակ­նե­րէն ներս լայ­նա­ծա­ւալ գոր­ծո­ղու­թիւն­ներ սկսած են՝ այս հեր­ձա­տի­րա­կան խում­բի բա­ցա­յայտ­ման նպա­տա­կով։ Մայ­րա­քա­ղաք Ան­գա­րա­յի, Իս­թան­պու­լի եւ այլ քա­ղաք­նե­րու մէջ հա­զա­րա­ւոր ան­ձեր վե­րահս­կո­ղու­թեան տակ առ­նուած կամ ձեր­բա­կա­լուած են։ Ա­նոնց շար­քին կը գտնուին զի­նուո­րա­կան­ներ, դի­ւա­նա­կալ­ներ՝ զա­նա­զան աս­տի­ճան­նե­րէ կամ մա­կար­դակ­նե­րէ։ Յայտ­նի է, որ յա­ռա­ջի­կայ շրջա­նին այս լայ­նա­ծա­ւալ գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րը ընդ­լայ­նե­լով պի­տի շա­րու­նա­կուին եւ բա­ցա­յայ­տում­նե­րը պի­տի շա­րուան­կեն բնո­րո­շել երկ­րին օ­րա­կար­գը։

Միեւ­նոյն ժա­մա­նակ շա­բա­թա­վեր­ջին ար­դէն սկսան յե­ղաշրջ­ման ձա­խող փոր­ձին հե­տե­ւան­քով նա­հա­տա­կուած ան­ձե­րուն յու­ղար­կա­ւո­րու­թիւն­ներ­րը։ Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Րէ­ճէպ Թայ­յիպ Էր­տո­ղան եւ պե­տա­կան ա­ւա­գա­նիէն յա­ռա­ջա­տար դէմ­քեր, ինչ­պէս նաեւ վեր­ջին շրջա­նին յա­ռա­ջա­տար պաշ­տօն­ներ զբա­ղե­ցու­ցած անձ­նա­ւո­րու­թիւն­ներ մաս­նակ­ցու­թիւն բե­րին՝ Ֆա­թի­հի եւ Սկիւ­տա­րի մզկիթ­նե­րուն մէջ կազ­մա­կեր­պուած յու­ղար­կա­ւո­րու­թեան ա­րա­րո­ղու­թիւն­նե­րուն։ Զգա­ցա­կան պա­հեր ապ­րուե­ցան բո­լոր յու­ղար­կա­ւո­րու­թիւն­նե­րուն ըն­թաց­քին, եր­բեմն նոյ­նիսկ մար­դիկ չկրցան զսպել ի­րենց ար­տա­սու­քը։

Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Էր­տո­ղան եւ պե­տա­կան ա­ւա­գա­նիէն յա­ռա­ջա­տար դէմ­քեր միեւ­նոյն ժա­մա­նակ շա­րու­նա­կե­ցին հան­դէս գալ հրա­պա­րա­կա­յին զա­նա­զան ա­ռիթ­նե­րով։ Էր­տո­ղան եւ բո­լոր իշ­խա­նա­ւոր­նե­րը ժո­ղո­վուր­դին կոչ ուղ­ղե­ցին, որ­պէս­զի շար­քե­րը խտաց­նեն ժո­ղովր­դա­վա­րու­թեան հերթ պա­հե­լու հա­մար։ Ա­ռանց խու­ճապ յա­ռա­ջաց­նե­լու թէ՛ քա­ղա­քա­կան գոր­ծիչ­նե­րը եւ թէ զան­գուա­ծա­յին լրա­տուու­թեան մի­ջոց­նե­րը կը փոր­ձեն հան­րա­յին կար­ծի­քին մօտ հասկ­նա­լի դարձ­նել, թէ վտան­գը թէեւ կան­խուած է, սա­կայն չէ յաղ­թա­հա­րուած վերջ­նա­կա­նօ­րէն, հե­տե­ւա­բար, սթա­փու­թեան կո­չե­րը կը շա­րու­նա­կուին։

Միւս կող­մէ, ակն­յայտ է, որ այս մեծ ցնցու­մը յա­ռա­ջի­կայ շրջա­նին ան­մի­ջա­կա­նօ­րէն պի­տի անդ­րա­դառ­նայ Թուր­քիա-Միա­ցեալ Նա­հանգ­ներ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րուն վրայ։ Ամ­բողջ եր­կի­րը ար­դէն վառ ա­պա­ցոյց­նե­րով հա­մո­զուած է, թէ սա ե­ղած է զու­գա­հեռ կա­ռոյ­ցին գոր­ծը։ Հա­շուի առ­նե­լով, որ զու­գա­հեռ կա­ռոյ­ցը ար­դէն Թուր­քիոյ կող­մէ պաշ­տօ­նա­պէս կը դա­սուի ա­հա­բեկ­չա­կան կազ­մա­կեր­պու­թիւն մը, ա­նոր գլխուն՝ Ֆե­թուլ­լահ Կիւ­լէ­նի Փեն­սիլ­վա­նիոյ մէջ կե­ցու­թիւ­նը յա­ռա­ջի­կայ շրջա­նին լրջօ­րէն խնդրա­յա­րոյց գոր­ծօ­նի մը պի­տի վե­րա­ծուի։ Ան­գա­րա-Ո­ւա­շինկ­թըն ա­ռանց­քին վրայ այժ­մէն ար­դէն կան հա­մա­պա­տաս­խան ազ­դան­շան­ներ։ Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Էր­տո­ղան հան­րա­հա­ւաք­նե­րու ըն­թաց­քին յա­մառ ո­ճով սկսած է պա­հան­ջել, որ­պէս­զի ա­մե­րի­կեան կող­մը Թուր­քիոյ յանձ­նէ զու­գա­հեռ կա­ռոյ­ցին ղե­կա­վա­րը։ Է­տո­ղա­նի խօս­քե­րով, ե­թէ եր­կու եր­կիր­նե­րը գոր­ծըն­կեր­ներ են, ե­թէ ա­նոնց մի­ջեւ օ­րի­նա­կե­լի հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւն մը հաս­տա­տուած է, ա­պա նման ի­րա­վի­ճակ­նե­րու մէջ անհ­րա­ժեշ­տը պէտք է տնօ­րի­նուի։ Թուր­քիա՝ որ­պէս ԱՄՆ-ի ռազ­մա­վա­րա­կան գոր­ծըն­կե­րը, ցարդ կա­տա­րած է իր­մէ բո­լոր ակն­կա­լուած­նե­րը, հե­տե­ւա­բար հի­մա ալ կը սպա­սէ նոյ­նը՝ ա­մե­րի­կեան կող­մէն։

Շա­բա­թա­վեր­ջին Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Մեւ­լիւտ Չա­վու­շօ­ղու ար­դէն ե­րեք հե­ռա­խօ­սազ­րոյց ու­նե­ցաւ ԱՄՆ-ի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Ճոն Քե­րիի հետ։ Չա­վու­շօղ­լու այդ հե­ռա­խօ­սազ­րոյց­նե­րուն ըն­թաց­քին յստա­կօ­րէն անդ­րա­դար­ձաւ թրքա­կան կող­մի յի­շեալ սպա­սում­նե­րուն։ Ներ­կայ տուեալ­նե­րը բա­ւա­րար չեն յստակ կան­խա­տե­սու­մներ ը­նե­լու հա­մար, ո­րով­հե­տեւ տե­ղա­կան մա­մու­լի հա­ղոր­դում­նե­րով՝ Քե­րի նշած է, որ բա­ւա­րար ա­պա­ցոյց­ներ գո­յու­թիւն չու­նին հա­մո­զուե­լու հա­մար։ Քա­ղա­քա­կան բո­լոր մեկ­նա­բան­նե­րը կը շեշ­տեն, որ յա­ռա­ջի­կայ շրջա­նին թուրք-ա­մե­րի­կեան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու օ­րա­կար­գի հիմ­նա­կան նիւ­թը պի­տի ըլ­լայ այս խնդի­րը։    

Երկուշաբթի, Յուլիս 18, 2016