ԱՐԵՒՄՏԱՀԱՅԵՐԷՆԻ ՀԱՄԱՐ ԱՇԽԱՏԱԺՈՂՈՎ
Լիզպոնի «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկի Հայկական համայնքներու բաժանմունքը վերջերս կազմակերպեց ամառնային աշխատանոց մը՝ արեւմտահայերէնի վերաշխուժացման ջանքերուն շրջագծով։ Անցեալ շաբթուան տեւողութեան տեղի ունեցաւ 2016-ի այս աշխատանոցը, որուն մասնակցեցան նաեւ Իսթանպուլէն կրթական մշակներ։ «Կիւլպէնկեան» հիմնարկը այս կապակցութեամբ հրապարակեց մամլոյ հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուած է, թէ շաբաթ մը տեւած աշխատանոցը կազմակերպուած է արեւմտահայերէնի իւրացման հարցերուն շուրջ։
Այս աշխատանոցը բաժանմունքի հեռանկարային առաջնահերթութիւնը հանդիսացող արեւմտահայերէնի վերաշխուժացման ծրագրի ծիրին մէջ կ՚արձանագրուի։ Հաւաքին նպատակն էր շօշափելի արդիւնքներ սահմանել եւ անոնց հետամուտ խմբակներ ստեղծել։
Նախաձեռնութիւնը ծնունդ առաւ «Դաստիարակչական նորարարութիւններ. 21-րդ դարուն արեւմտահայերէնի դասաւանդման մարտահրաւէրները» գիտաժողովէն, որ տեղի ունեցած էր անցեալ տարի Փարիզի մէջ, INALCO-ի հետ համագործակցութեամբ։
«Կիւլպէնկեան» հիմնարկի Հայկական բաժանմունքի յանձնառութիւնն է՝ իր ծրագիրները զարգացնելու եւ կիրարկելու ուղղութեամբ աշխատող մասնագէտներու հետ գործակցիլ։ Առ այդ՝ բաժանմունքը քառասունմէկ հոգի հրաւիրած է, մեծամասնութեամբ դաստիարակչական մարզին մէջ արեւմտահայերէնով զբաղողներ։ Անոնցմէ տասնհինգը Փարիզի գիտաժողովի մասնակիցներու շարքին էին։ Իւրաքանչիւրը իր ուրոյն փորձառութիւնը բերելու հրաւիրուած էր եւ բոլորը պատրաստ էին միասին աշխատելու, զարգացնելու համար լեզուի դասաւանդման նորարար ձեւեր։
Արեւմտահայերէնի փոխանցումը այսօր իսկապէս լուրջ մարտահրաւէրներ կը դիմագրաւէ։ Սփիւռքի հայախօս հատուածը իր տրամադրութեան տակ գտնուող դպրոցներու եւ ուսուցիչներու կողքին՝ պէտք ունի լեզուի իւրացման նորարար մեթոտներու, ժամանակակից չափանիշներով պատրաստուած հրատարակութիւններու, ինչպէս նաեւ երախաներուն եւ պատանիներուն ուղղեալ իւրայատուկ թարգմանական գրականութեան։ Զգալի է նաեւ կարիքը դաստիարակչական նոր միջոցներու եւ դպրոցական արդի ծրագիրներու՝ գեղարուեստի, երաժշտութեան եւ թատրոնի ընդգրկմամբ: Վերջապէս՝ անհրաժեշտ կը համարուի ստեղծել կայքէջ մը՝ հնարաւոր դարձնելու համար սփիւռքի համայնքներուն միջեւ՝ ցանցի մը ստեղծումը եւ նպատակայարմար մօտեցումներու շուրջ փոխանակումները։
Այս վերջին աշխատանոցին մասնակիցները պիտի սկսին պարապիլ այդ ուղղութեամբ։ Շեշտը պիտի դրուի սփիւռքեան պայմաններուն տեսակէտէ արդէն իսկ փաստուած նոր մօտեցումներուն վրայ։ Աշխատանոցին նպատակը չէ փոխարինել ուսուցիչ պատրաստելու վերաբերեալ ծրագիրները։ Ձգտումը յաւելեալ մօտեցումներու զարգացումն է։ Նախատեսուած գործը պիտի չսահմանափակուի հարցերը վերլուծելով եւ շօշափելի լուծումներ պիտի որունուին արեւմտահայերէնի վերաշխուժացման համար։
Աշխատանոցը առիթ մը պիտի ըլլայ նաեւ, որպէսզի մասնակիցները իրարու միջեւ հաղորդակցական սերտ կապ մը պահպանեն ապագային եւ այդ հիման վրայ անոնք պիտի կարենան իրենց համայնքներէն ներս շարունակել ձեռնարկուած աշխատանքը։
«Կիւլպէնկեան» հիմնարկի Հայկական բաժանմունքը փափաքած է մասնակիցներու բազմատարրութիւնը ապահովել, ու վստահ ըլլալ, որ սփիւռքի զանազան համայնքները հաւասարակշռուած ձեւով ներկայացուած են։ Մասնակիցներուն 74 տոկոսը եղած է իգական սեռէ, ինչ որ կը ցոլացնէ մանկավարժական մարզէն ներս սեռերու համեմատութիւնը։ Մասնակիցներուն 26 առ հարիւրը 30 տարեկանէն վար եղած է, 41 առ հարիւրը՝ 30-40-ի միջեւ, 33 առ հարիւրը՝ 40-էն վեր։ Մասնակիցներուն մեծամասնութիւնը եղած են այնպիսի անձնաւորութիւններ, որոնք հանրաութեան ծանօթ են զանազան հանգամանքներով կամ մասնագիտութիւններով։ 12 առ հարիւրը եղած են համալսարաններու աշխատակիցներ։ 67 առ հարիւրը եղած է ուղղակի կամ անուղղակի դաստիարակչական մարզին հետ առընչակից։ 38 առ հարիւրը եղած են անհատներ, որոնք կը գրաւեն ղեկավար դիրքեր։ Հուսկ, 36 առ հարիւրը եղած են գիրի, երաժշտութեան, թատրոնի, ինչպէս նաեւ մասնայատուկ խնամքի եւ թուային արհեստագիտութեան մասնագէտներ։
9-16 Յուլիսին, Փորթուգալի մէջ կազմակերպուած աշխատանոցին մասնակցած են հետեւեալները.
Ֆրանսայէն՝ Յասմիկ Շահինեան, Անահիտ Տօնապետեան, Մելինէ Ղազարեան, Ժիրայր Չոլաքեան, Շուշան Քերովբեան, Մարալ Քերովբեան, Սօսէ Մնակեան, Անոյշ Մխսեան, Ծովինար Մկրտիչեան, Անահիտ Սարգիսեան,
Պելժիայէն՝ Ժանէթ Յովհաննիսեան, Շողեր Մարկոսեան,
Յունաստանէն՝ Մարալ Քիւրքճեան,
Փորթուգալէն՝ Վահան Քերովբեան,
Լիբանանէն՝ Անգը Պաթայնէ, Շանթ Տեմիրճեան, Նելլի Քոմոլեան, Թալին Օրտողլեան, Յակոբ Եագուպեան,
Թուրքիայէն՝ Նաթալի Պաղտատ-Թուրաչ, Սեւան Տէյիմենճեան, Գայիանէ Կավրիլօֆ, Մարալ Հէրկէլ-Էօզտաղ, Արուսեակ Գոչ-Մոնէ, Նարօտ Քուրուղօղլու, Մարալ Էպէօղլու-Սաթար,
Միացեալ Նահանգներէն՝ Քրիս Պետեան, Վահէ Պէրպէրեան, Յակոբ Կիւլլիւճեան, Էյմի Հիւզ, Շուշան Կարապետեան, Սիլվա Մեսրոպեան, Սէրուժ Ուրիշեան, Սանան Շիրինեան,
Գանատայէն՝ Լորի Ապրաքեան, Յասմիկ Ինճէճիկեան, Սոնիա-Սանան Քիլէճեան,
Հայաստանէն՝ Քրիստիան Բատիկեան, Նայիրի Խաչատուրեան, Գէորգ Փալանճեան, Սեւանա Չաքըրեան:
Աշխատանոցի պատասխանատուն եղած է՝ Անի Կարմիրեան, օժանդակութեամբ Անի Քուլեանի: