ՀԱՄԲԵՐԱՏԱՐ ՍՊԱՍՈՒՄ
«Հիմնադիր խորհրդարան» կոչուած խմբաւորման զինեալները կը շարունակեն բռնագրաւման տակ պահել Երեւանի այն ոստիկանական կեդրոնը, ուր պատանդ վերցուած են ոստիկանութեան կարգ մը բարձրաստիճան պաշտօնատարներ։ Երէկ թէեւ հինգ պատանդներէն մին ազատ արձակուեցաւ, Հայաստանի Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը տեղեկացուց բռնագրաւեալ ոստիկանական կեդրոն սնունդ եւ դեղօրայք ուղարկուած ըլլալը, սակայն այս բոլորը բաւարար եղան հազիւ թէ սահմանափակ լաւատեսութիւն մը ստեղծելու։ Արդարեւ, բուն խնդիրը կը շարունակուի՝ իր ամբողջ ծանրակշիռ էութեամբ։ Համբերատար սպասումի մը մթնոլորտը կը տիրէ՝ նոր արիւնահեղութիւնները բացառելու նպատակով։ Բայց եւ այնպէս, յայտնի չէ, թէ այդ համբերութիւնը պիտի երթայ մինչեւ ո՞ւր, ե՞րբ պիտի սպառի եւ այդ կէտէն վերջ ի՞նչ պիտի ըլլայ։
Երեւանի կեդրոնէն յարաբերաբար հեռու՝ Խորենացի փողոցին վրայ տեղակայուած այդ ոստիկանական կեդրոնին մէջ ծագած դէպքը այս օրերուն կը բնորոշէ համայն հայութեան օրակարգը՝ արժանանալով նաեւ միջազգային հանրային կարծիքի ուշադրութեան։ Սկզբնական փուլին Խորենացի փողոցով սահմանափակուած դէպքը արդէն շուտով իր ազդեցութիւնը գործեց նաեւ Երեւանի կեդրոնին վրայ, ուր կը տիրէ յարաբերական լարուածութիւն։ Ընդդիմադիր ուժերը բողոքի ցոյցեր կամ երթեր կը կազմակերպեն Ազատութեան հրապարակին վրայ։ Աստիճանաբար աւելի թիւով ցուցարարներ կը կուտակուին նաեւ Խորենացի փողոցին վրայ։ Այս վերջինը երթեւեկութեան փակուած է ոստիկանութեան կողմէ։ Առգրաւուած ոստիկանական կեդրոնին շուրջ ոստիկաններու շղթայ մը կը վերահսկէ միջավայրը։ Երէկ երեկոյեան ժամերուն, լսումներ շրջանառութեան մէջ մտան, թէ Հայաստանի իրաւապահ մարմինները կը պատրաստուին գործողութեան մը ձեռնարկել՝ վերջ տալու համար առկայ ծանր կացութեան, որ կը բնորոշուի իբրեւ ահաբեկչութիւն։ Այս պնդումներուն փոխարէն ընդդիմադիր ցուցարարները որոշեցին կուտակուիլ Խորենացի փողոցին վրայ՝ արգելք հանդիսանալու համար իրաւապահ մարմիններու քայլերուն։ Սա արդէն լարուածութիւնը որոշ չափով աւելցուց։ Խորենացի փողոցին վրայ գիշերուան ժամերուն վերահսկողութիւնը բարձրացուեցաւ։ Թէեւ կարգ մը ցուցարարներ օրուան տեւողութեան տարուեցան ոստիկանական կեդրոններ, սակայն լարուածութիւնը մնաց տրամաբանական սահմաններու մէջ։ Խորենացի փողոցին վրայ ալ ոստիկաններու թիւին բարձրացումով հանդերձ՝ որեւէ շփում տեղի չունեցաւ իրաւապահ մարմիններուն եւ ցուցարարներուն միջեւ։ Յամենայնդէպս ուշագրաւ յայտարարութիւնով մը հանդէս եկաւ Հայաստանի ոստիկանութիւնը, որ ցուցարարներուն կոչ ուղղեց՝ զերծ մնալ արկածախնդրութիւններէ։ Շեշտուեցաւ, որ եթէ խոչընդոտուին իրաւապահ մարմիններու հակաահաբեկչական գործողութիւնները, ապա պիտի գործադրուին համարժէք միջոցներ։
«Հիմնադիր խորհրդարան»ի զինեալները այս դէպքը կ՚իրականացնեն՝ պահանջելով իրենց բանտարկեալ առաջնորդ Ժիրայր Սէֆիլեանի ազատ արձակուիլը եւ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի հրաժարականը։ Իրաւապահ մարմինները առկայ կացութիւնը յաղթահարելու համար բանակցութիւններ կը վարեն ոստիկանական կեդրոնը բռնագրաւած զինեալներուն հետ, սակայն հակառակ կարգ մը ջանքերուն՝ այդ բանակցութիւններէն դուրս կը թողուի Ժիրայր Սէֆիլեան։ Ցարդ Հայաստանի բարձրագոյն ղեկավարութենէն ոեւէ պաշտօնեայ որեւէ յայտարարութիւնով չէ արձագանգած այս խնդրին։