ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆԷՆ ԱՐՁԱԳԱՆԳ
Թուրքիոյ օրակարգը ամբողջութեամբ կը բնորոշուի շաբաթավերջին պատահած զինեալ յեղաշրջման ձախող փորձին վերաբերեալ զգայացունց իրադարձութիւններով։ Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան հերձատիրական խումբին այդ նախաձեռնութենէն վերջ առաջին անգամ արդէն անցաւ Անգարա, մինչ պետական աւագանիին գործունէութիւնն ալ աստիճանաբար կը վերադառնայ իր բնականոն հունին։ Ազգային մեծ ժողովի երդիքին տակ երէկ տեղի ունեցան կուսակցութիւններու խորհրդարանական խմբակցութիւններուն հերթական ժողովները։ Հակառակ անոր, որ խորհրդարանի շէնքը ռմբակոծուած է, մեծ ջանքեր գործադրուեցան, որպէսզի խորհրդարանական աշխատանքը չկաղայ։ Խորհրդարանական խմբակցութիւններու ժողովներուն շրջագծով, թէ՛ իշխանութեան եւ թէ ընդդիմութեան ճամբարներէն շարունակեցին հասնիլ ներդաշնակ պատգամներ՝ յառաջիկայ շրջանին առաջնահերթութիւններու եւ անոնց ուղղութեամբ համագործակցութեան անհրաժեշտութեան կապակցութեամբ։ Երկրի մեծ քաղաքներու գլխաւոր հրապարակներուն վրայ ալ խորհրդարանի կացութեան համահունչ մթնոլորտ մը ստեղծուած է։ Ժողովուրդը կը շարունակէ միահամուռ հանդէս գալ ի պաշտպանութիւն ժողովրդավարութեան։
Հանրային կարծիքը մօտէն կը հետեւի նաեւ պետական մարմիններէն ներս ձեռնարկուած ծաւալուն հարցաքննութեան, որ կը շարունակուի լուրջ թափով՝ զուգահեռ կառոյցի մնացորդը զտելու առաջադրութեամբ։ Վարչապետարանէն սկսեալ մինչեւ ՄԻԹ, Ընդհանուր սպայակոյտէն ու Ներքին գործոց նախարարութենէն սկսեալ, մինչեւ բանակի զանազան ստորաբաժանումները՝ դատախազական մարմինները եւ ոստիկանութիւնը համագործակցաբար յառաջ կը տանին այս հարցաքննութիւնը, որու շրջագծէն դուրս չեն մնար նաեւ համալսարանները, շարք մը զանգուածային լրատուութեան միջոցները, դրամատուներ եւայլն։ Այս բոլոր լծակներուն մօտ զուգահեռ կառոյցի մնացորդացը դուրս բերելու համար վիթխարի աշխատանք կը տարուի, մինչ ժողովուրդի վառ հետաքրքրութեան մթնոլորտին մէջ լրատուամիջոցներուն մօտ բացայայտումներ կը կատարուին նաեւ Յուլիսի 15-ի գիշերը ապրուածներուն եւ հերձատիրական խումբին նպատակներուն առընչութեամբ։
Վերջին օրերու զգայացունց իրադարձութիւններուն զուգահեռ երէկ զինեալ յեղաշրջման ձախող փորձէն վերջ առաջին անգամ Անգարայի եւ Ուաշինկթընի միջեւ տեղի ունեցան գագաթնային շփումներ։ Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Նախագահ Պարաք Օպամայի հետ։ Այսպէսով Ուաշինկթըն առաջին անգամ ամենաբարձր մակարդակի վրայ արձագանգեց Թուրքիոյ իրադրութեան։ Երկու ղեկավարները առկայ կացութեան շուրջ քննարկումներ ունեցան եւ ամենաբարձր մակարդակի վրայ վերահաստատուեցաւ կողմերու միջեւ համագործակցութեան պատրաստակամութիւնը։
Էրտողան-Օպամա հեռախօսազրոյցը արդէն թուրք-ամերիկեան յարաբերութիւններու օրակարգին վրայ պաշտօնապէս դրաւ նաեւ զուգահեռ ահաբեկչական կառոյցի ղեկավար Ֆեթհուլլահ Կիւլէնի արտայանձնման պահանջը։ Էրտողան յստակօրէն ակնկալեց Կիւլէնի ետ յանձնուիլը, իսկ Օպամա ընդգծեց, թէ ամերիկեան կողմը պատրաստ է համագործակցութեան։ Ծանօթ է, որ Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլուն ալ Ուաշինկթըն մեկնած էր իր հետ տանելով համապատասխան թղթածրարները։ Ի լրումն այս բոլորին, Սպիտակ տան աղբիւրները երէկ հաղորդեցին, թէ արտայանձնման պահանջը հասած է իրենց եւ սկսած՝ անոր արժեւորման գործընթացը։
Այսօր ամբողջ երկրին ուշադրութիւնը դարձեալ կեդրոնացած է Անգարայի վրայ, ուր տեղի կ՚ունենայ Ազգային անվտանգութեան խորհուրդին ժողովը։ Օրերէ ի վեր լրատուամիջոցները կը հաղորդեն, որ Էրտողանի գլխաւորութեամբ այս նիստէն վերջ պիտի հրապարակուին շատ կարեւոր որոշումներ՝ Թուրքիոյ այժմու իրադրութեան տեսանկիւնէն։