Միջազգային գործօններ
Թուրքիոյ մէջ պատահած զինեալ յեղաշրջման ձախող փորձը լայն արձագանգ գտած է նաեւ համաշխարհային բեմահարթակին վրայ։ Բնականաբար հանրային կարծիքին ուշադրութիւնը առաջին հերթին անխուսափելիօրէն կեդրոնացած է ներքին քաղաքական կեանքին վրայ, սակայն այս խնդիրը Թուրքիոյ արտաքին քաղաքականութեան տեսակէտէ եւս մարտահրաւէրներ կը բերէ իր հետ։ Թուրքիոյ նման միջազգային դրութեան հետ նոյնացած եւ համաշխարհային առումով լուրջ դերակատարներու շարքին դասուած երկրի մը տեսանկիւնէն որեւէ նիւթի շուրջ անկարելի է միջազգային գործօններու անտեսումը։
Հերձատիրական խումբի պետական հարուածի նախաձեռնութեան կասեցումէն վերջ որոշ չափով անհաղորդ վիճակ մը ստեղծուեցաւ Անգարայի եւ միջազգային գործընկերներուն միջեւ։ Մահապատիժի վերականգնման հաւանականութենէն սկսեալ, մինչեւ լայնածաւալ հարցաքննութեան տեղի տուած տպաւորութիւնները՝ մասնաւորապէս Եւրոմիութեան ներկայացուցիչներուն տեսակէտէ պատճառ դարձան վերապահ արտայայտութիւններու։ Առաջին պահու մօտեցումները երէկուան դրութեամբ եկան փոխարինուիլ այն մօտեցումով, թէ դէպքերու յառաջիկայ ընթացքէն դատելով որոշումներ պիտի տրուին Թուրքիոյ պարագային։
Դիւանագիտական հաւասարակշռութիւններու տեսանկիւնէն երէկ երեկոյեան ժամերուն տեղի ունեցաւ կարեւոր իրադարձութիւն մը։ Հանրապետութեան նախագահ Էրտողան եւ ԱՄՆ-ի Նախագահ Օպամա ունեցան հեռախօսազրոյց մը։ Զինեալ յեղաշրջման ձախող փորձէն վերջ սա առաջին գագաթնային շփումն էր Անգարա-Ուաշինկթըն առանցքին վրայ։ Սկզբունքօրէն, ըստ պաշտօնական հաղորդումներուն, կողմերը պատրաստակամութիւն յայտնած են յառաջիկայ համագործակցութեան ուղղութեամբ։ Մնացեալին մասին, բնականաբար, անկարելի է յաւելեալ ենթադրութիւններ ընել։
Յամենայնդէպս, Էրտողան-Օպամա երէկուան հեռախօսազրոյցը կրնայ էական նշանակութիւն ունենալ՝ որպէսզի ներկայ բարդ իրավիճակին մէջ Թուրքիա կարենայ դնել միջազգային գործօնները նպաստաւոր հունի մը մէջ։
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ