ԱՐՏԱԿԱՐԳ ԴՐՈՒԹԻՒՆ
Զինեալ յեղաշրջման ձախող փորձը դարձած է Թուրքիոյ օրակարգի անփոփոխ առաջնահերթութիւնը։ Մէկ կողմէ մեծ ձեռքբերում մը, իսկ միւս կողմէ մեծ ցնցում մը նոյնաժամանակ ապրուած է երկրէն ներս։ Պետութիւնը այս իրավիճակին մէջ կը ջանայ մէկ կողմէ երաշխաւորել այդ մեծ ձեռքբերումը, իսկ միւս կողմէ յաղթահարել այդ մեծ ցնցումը։
Այս որոնումներու մթնոլորտին մէջ երէկ օրուան տեւողութեան բովանդակ երկրին ուշադրութիւնը կեդրոնացած էր մայրաքաղաք Անգարայի վրայ, ուր տեղի ունեցան իրերայաջորդ կարեւոր ժողովներ, որոնց արդիւնքին արդէն ուշ գիշերին Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան յայտարարեց, որ երեք ամսուան ժամկէտով արտակարգ դրութիւն հաստատուած է բովանդակ Թուրքիոյ մէջ։
Երէկ կէսօրուան ժամերուն Պէշթէփէի նախագահական պալատին մէջ տեղի ունեցաւ Ազգային անվտանգութեան խորհուրդին ժողովը։ Էրտողանի գլխաւորութեամբ գումարուած նիստը տեւեց մօտաւորապէս 4.5 ժամ։ Լայնածաւալ քննարկումներ կատարուեցան երկրէն ներս ստեղծուած իրավիճակին շուրջ եւ խորհուրդը որոշեց կառավարութեան յանձնարարել՝ արտակարգ դրութիւն հաստատել երկրին մէջ՝ Սահմանադրութեան 120-րդ յօդուածի տրամադրութիւններուն հիման վրայ։
Աւելի վերջ նոյնպէս Էրտողանի գլխաւորութեամբ գումարուեցաւ Նախարարաց խորհուրդը։ Հարկ է նշել, որ ըստ Սահմանադրութեան, երկրէն ներս արտակարգ դրութիւն մը հաստատելու նիւթին շուրջ որոշում կայացնելու համար՝ կառավարութեան ժողովը ստիպողաբար պէտք է գումարուի Հանրապետութեան նախագահին գլխաւորութեամբ։ Երէկ ալ եղաւ այդպէս։ Վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմ եւ նախարարները Էրտողանի գլխաւորութեամբ մանրակրկիտ քննարկումներ ծաւալեցին՝ ի շարունակութիւն Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի առաջարկին։
Այս բոլորէն վերջ ուշ գիշերին Էրտողան Պէշթէփէի մէջ հրապարակեց առնուած որոշումը։ Հանրապետութեան նախագահը երկարաշունչ ելոյթով մը հանրային կարծիքին համար մանրամասնօրէն մեկնաբանեց երկրէն ներս ստեղծուած իրավիճակը ու բացատրեց այն բոլոր նախադրեալները, որոնց հիման վրայ արտակարգ դրութեան հռչակումը դարձած է անխուսափելի։ Էրտողան շեշտեց, թէ թուրք ազգը զինեալ յեղաշրջման փորձը կասեցնելու ժամանակ ժողովրդավարութեան դիւցազներգութիւն մը իրականացուցած է։ Նախագահը ելոյթին մէջ միշտ ընդգծեց, թէ բացարձակապէս զիջումներ պիտի չկատարուին ժողովրդավարութենէն։ Արտակարգ դրութիւնն ալ հռչակուած է ոչ թէ ժողովրդավարութեան, իրաւունքի եւ ազատութիւններուն դէմ, այլ ընդհակառակն՝ այդ բոլորը երաշխաւորելու համար։ Ժողովրդավարութեան եւ քաղաքացիներու հիմնարար ազատութիւններուն առընթեր Էրտողան ընդգծեց նաեւ, թէ բացարձակապէս պիտի չսահմանափակուին նաեւ տնտեսական գործունէութիւնները երկրէն ներս, իսկ պետութիւնը ամբողջ թափով պիտի շարունակէ իր ներդրումները։
Հարկ է նշել, որ դարձեալ Սահմանադրութեան տրամադրութիւններուն հիման վրայ՝ երկրէն ներս երեք ամսուան ժամկէտով արտակարգ դրութեան հռչակման վերաբերեալ կառավարական հրամանագիրը այսօր կը ներկայացուի Ազգային մեծ ժողովի հաւանութեան։ Շնորհիւ արտակարգ դրութեան հաստատման՝ երկրի իշխանութիւնը պիտի ունենայ անսահմանափակ որոշմնագրեր հրապարակելու լիազօրութիւն։ Կուսակալներու լիազօրութիւններն ալ պիտի հասնին առաւելագոյնին։ Զանգուածային լրատուութեան միջոցներու պարագային հնարաւոր պիտի ըլլայ բերել սահմանափակումներ, նոյնպէս եւ հաւաքներու կամ ցոյցերու պարագային։ Կարելի պիտի ըլլայ կասեցնել միութիւններու կամ ակումբներու գործունէութիւնը։ Կասկածեալները հսկողութեան տակ պահելու ժամկէտը հնարաւոր պիտի ըլլայ երկարաձգել։ Օրէնքի համազօր կառավարական որոշմնագրերը երեսուն օրուան ընթացքին խորհրդարան ուղարկելու ստիպողութիւն պիտի ըլլայ։
Միւս կողմէ, հերձատիրական խումբին կողմէ կատարուած պետական հարուածի ձախող փորձէն վերջ լայնածաւալ հետաքննութիւնը կը շարունակուի նաեւ ահաբեկչական զուգահեռ կառոյցին դէմ։ Երէկ ալ պետական, զինուորական, հանրային կամ համալսարանական զանազան կառոյցներէն տեղեկութիւններ հասան, թէ զուգահեռ կառոյցին հետ առընչակից հազարաւոր անձեր կը զտուին իրենց շարքերէն։
Քաղաքական մեկնաբանները ընդհանրապէս ունին այն համոզումը, թէ արտակարգ դրութիւնն ալ հռչակուած է պետական լծակներէն ներս ձեռնարկուած հետաքննութիւնը արագ ու ազդու ձեւով յառաջ տանելու առաջադրութեամբ։ Այս առաւօտ ալ Փոխ-վարչապետ Մեհմէտ Շիմշէք ալ յայտարարեց, որ արտակարգ դրութեան սահմանման քայլով թիրախաւորուած է պետական օղակներէն ներս տեղակայուած դաւադիր ցանցը, հետեւաբար տնտեսական ազատութիւններու պարագային որեւէ սահմանափակում պիտի չըլլայ։
ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱԳԱՀ ԷՐՏՈՂԱՆ ԵՐԷԿ ԳԻՇԵՐ ԱՄԲՈՂՋ ԵՐԿՐԻՆ ԽՕՍՔ ՈՒՂՂԵՑ՝ ՇՈՒՐՋ ԿԷՍ ԺԱՄՈՒԱՆ ՀԵՌՈՒՍՏԱԵԼՈՅԹՈՎ ՄԸ
Պէշթէփէի նախագահական պալատին մէջ Էրտողան երէկ ժամը շուրջ 23.20-ին յայտարարութիւններով հանդէս եկաւ՝ ամբողջ հանրային կարծիքի վառ հետաքրքրութեան մթնոլորտին մէջ։ Իրերայաջորդ բարձր մակարդակի ժողովներուն զուգահեռ բովանդակ Թուրքիոյ ուշադրութիւնը արդէն լարուած էր իր այս յայտարարութիւններուն վրայ։ Ուստի, բոլոր հեռուստակայանները ուղիղ եթերով տեսասփռեցին Էրտողանի այս ելոյթը, որու ընթացքին ան թէ՛ հրապարակեց առնուած որոշումները եւ թէ անոնց կապակցութեամբ խօսք ուղղեց ամբողջ ժողովուրդին։ Վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմի գլխաւորութեամբ Նախարարաց խորհուրդի անդամներն ալ հետեւեցան այս ելոյթին, որու ընթացքին Էրտողան մատնանշեց, որ Թուրքիա Յուլիսի 15-ին ապրած է իր պատմութեան ամենանուրբ օրը։ Թուրք զինեալ ուժերուն մէջ տեղակայուած խումբ մը, հրամանատարական նուիրապետութենէն դուրս գալով կատարած է պետական հարուածի փորձ մը։ Էրտողանի խօսքերով, անոնց զէնքերն ու օդանաւերը գործի չեն ծառայած՝ շնորհիւ իր եւ կառավարութեան վճռական կեցուածքին եւ ազգին կողմէ դրսեւորուած քաջութեան։ Անվտանգութեան ուժերու ազդու միջամտութեան շնորհիւ այդ փորձը կասեցուած է։ «Մեր ազգը վճռակամութեամբ տէր կանգնած է իր երկրին եւ կամքին։ Զինուորի համազգեստով ահաբեկիչներու դէմ պինդ մնալով մեր ազգը տէր կանգնեցաւ իր երկրին ու ապագային, գիշերուան տեւողութեան դրսեւորելով հերոսութիւն», ըսաւ Էրտողան ու մատնանշեց, թէ պետական հարուածի այս փորձին դէմ կանգնած են բոլոր անոնք, որոնք ինքզինքը կը զգան այս հայրենիքին մէկ զաւակը, այս ազգին մէկ անդամը։ Նախագահը կարեւորութեամբ յիշեցուց, թէ պետական հարուածի փորձ մը առաջին անգամ կասեցուած է ազգին կողմէ։ «Առանց քաղաքական կուսակցութեան խտրականութեան, որպէս այս հասարակութեան գլուխը՝ կը հպարտանամ իմ ազգով», ըսաւ Էրտողան, որու խօսքերով՝ ազգը ապացուցանած է, որ իր նախընտրութիւնն է ժողովրդավարութիւնը։
Անդրադառնալով արտակարգ դրութեան հռչակման՝ Էրտողան ըսաւ, թէ այդ քայլին նպատակն է արագ ու ազդու ձեւով հնարաւորութիւն ունենալ առնելու այնպիսի քայլեր, որոնք պիտի կասեցնեն սպառնալիքները երկրի ժողովրդավարութեան, իրաւական պետութեան, քաղաքացիներու իրաւունքներուն կամ ազատութիւններուն դէմ։ Ըստ Էրտողանի, պատմութեան մէջ ոսկէ տառերով արձանագրուած են անունները այն քաղաքացիներուն, որոնք ժողովրդավարութեան հերթ կը պահեն։ «Մեր ազգը տէր կանգնեցաւ իր պետութեան ու մեր պետութիւնն ալ տէր կանգնեցաւ իր ազգին», նշեց Էրտողան ու շեշտեց, թէ ազգը ի զօրու է իր ճակատագիրը ճշդելու։
ԿԱՐԵՒՈՐ ԱԶԴԱՆՇԱՆՆԵՐ
Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան երէկ երեկոյեան հարցազրոյցով մը հանդէս եկաւ «Էլ-Ճեզիրէ» հեռուստակայանէն։ Ուղիղ եթերով սփռուած այս տեսակցութեան ընթացքին Էրտողան շատ կարեւոր պատգամներ փոխանցեց Յուլիսի 15-ի գիշերուան պատահածներուն շուրջ։ Իր պատգամները միեւնոյն ժամանակ կարեւոր ազդանշաններ կը բովանդակէին յառաջիկայ ժամանակաշրջանի հաւանական իրադարձութիւններուն շուրջ։
Էրտողան յայտնեց, թէ ներկայ պահուն պետական հարուածի փորձին կասեցումը ամբողջութեամբ չէ վերջացած։ Յառաջիկայ գործընթացի պարագային այս խումբը կրնայ ունենալ տարբեր ծրագրեր։ Բայց եւ այնպէս, որքան տարբեր ծրագրեր որ ալ ունենան՝ պէտք է գիտակցիլ հետեւեալը։ Որքան ատեն որ պետութիւնն ու ազգը ձեռք ձեռքի են, անոնք չեն կրնար յառաջանալ։ Ազգը տէր կանգնած է իր պետութեան եւ անոնց հրասայլերը չեն կրցած հասնիլ որեւէ արդիւնքի։ «Շատ կարեւոր էր ազգին դիրքաւորուիլը հրասայլերուն դիմաց», ըսաւ Էրտողան։
Իր յայտարարութիւններուն մէջ նախագահը ընդգծեց, թէ քանի մը օրուան արձակուրդի մը համար մեկնած էր Մարմարիս։ Պետական հարուածի այս փորձին շուրջ լուրը հասաւ իրեն։ Բայց եւ այնպէս, Էրտողան այս մասին տեղեկութիւն ունեցաւ ամենառաջինը իր քեռայրին կողմէ։ «Նախ լուրջ չընկալեցի, սակայն աւելի վերջ անհրաժեշտ քայլերը առինք՝ երբ տուեալները վերահաստատուեցան լրաքաղութեան եւ այլ միջոցներու կողմէ», ըսաւ ան եւ աւելցուց, թէ պետական հարուածի ձեռնարկածները կը հանդիսանան փոքրամասնութիւն մը։
«Սա ահաբեկչական կազմակերպութիւն մըն է։ Չէինք կրնար թոյլ տալ, որ փոքրամասնութիւն մը իշխէ մեծամասնութեան վրայ։ Բացայայտ է, որ լրաքաղութեան թերացումներ կան։ Եթէ ճշգրիտ լրաքաղութեան տուեալներ ըլլային, ապա կարելի կրնար ըլլալ կանխել այդ բոլորը։ Բնականաբար ոեւէ մէկը չի կրնար ըսել, թէ աշխարհի լրաքաղութեան կազմակերպութիւնները չունին տկարութիւններ։ Աշխարհի չորս ծագերուն ականատես կ՚ըլլանք այս բանին։ Միշտ ալ պէտք է ստուգել, թէ որոնք են տկար կէտերը, սակայն իմ համոզմամբ լրաքաղութեան պարագային շատ աւելի կարեւոր է մարդկային գործօնը։ Որովհետեւ սա է, որ հնարաւոր կը դարձնէ ամէն ինչ», շարունակեց նախագահը եւ աւելցուց, թէ Յուլիսի 15-ին պետութենէն ներս զուգահեռ կառոյց մը ստեղծած ՖԵԹԷՕ իրականացուցած է այս պետական հարուածի նախաձեռնութիւնը ու ձախողած։ Յառաջիկայ շրջանին անոնք իրենց ապագային համար կրնան կարգ մը ծրագրեր ունենալ, սակայն պետութիւնն ու ժողովուրդը ձեռք ձեռքի են ու դէմ՝ նման կազմակերպութիւններու։
Հարցումի մը պատասխանելով Էրտողան ըսաւ, թէ որպէս Հանրապետութեան նախագահ ինք հասարակութեան գլուխն է, հետեւաբար պատիւ կը համարէ հասարակութեան բոլոր խաւերուն հետ, ընդդիմութեան հետ, հասարակական կազմակերպութիւններուն հետ համախմբուիլը։
Իր յայտարարութիւններուն տեւողութեան նախագահը ընդգծեց, թէ երկիրը պիտի չշեղի խորհրդարանական դրութենէն։
«Էլ-Ճեզիրէ»ի կողմէ սփռուած հարցազրոյցին տեւողութեան օրակարգի վրայ եկաւ նաեւ ուրիշ կարեւոր նիւթ մը։ Արդարեւ, Թուրքիա-Սուրիա սահմանին վրայ վար առնուած ու մեծ տագնապի տեղի տուած Ռուսաստանի ռազմաօդանաւերուն վրայ կրակած օդաչուները հսկողութեան տակ առնուած են վերջին հետաքննութեան շրջագծով։ «Իմ համոզմամբ՝ դատական համակարգը պարտաւոր է փարատել այս կասկածները։ Թուրքիոյ օդային մարզին դէմ ոտնձգութիւն կատարուեցաւ, զգուշացումներ եղան, սակայն ոտնձգութիւնը շարունակուեցաւ։ Այս ամբողջ դէպքին շուրջ չունինք լիարժէք մանրամասնութիւններով տեղեկութիւն։ Այդ օդաչուները կրնան Փենսիլվանիոյ հետ կապեր ունեցած ըլլալ։ Այդ անձերը կը հարցաքննուին», ըսաւ Էրտողան։
ՀԵՌԱՐՁԱԿԵԱԼ ԵԼՈՅԹ
Բաց աստի, երէկ ուշ գիշերին Էրտողան հեռարձակման միջոցաւ իր պատգամը փոխանցեց նաեւ երկրի գրեթէ բոլոր քաղաքներու գլխաւոր հրապարակներուն վրայ համախմբուած քաղաքացիներուն, որոնք ժողովրդավարութեան հերթ կը պահեն։ Հրապարակներուն վրայ զետեղուած մեծադիր պաստառներուն միջոցաւ, հեռարձակման դրութեամբ Էրտողան խօսք ուղղեց ժողովուրդին։ Ըստ իրեն, Յուլիսի 15-ին Թուրքիա վերստին յաղթանակած է իր անկախութեան պայքարին մէջ։ Պատահածը սովորական դէպք մը չէ։ Ահաբեկչական կազմակերպութիւնը փորձած է դաւաճանաբար սպաննել այս ազգին զաւակները։ Անդրադառնալով հռչակուած արտակարգ դրութեան՝ Էրտողան իր պատգամին հետեւած մեծ զանգուածներուն նկատառման յանձնեց, որ հիմնարար իրաւունքներու եւ ազատութիւններու ուղղութեամբ որեւէ սահմանափակում խնդրոյ առարկայ չէ։ Նախագահը յորդորեց հաւատք չընծայել ներկայիս դիտումնաւոր ձեւով շրջանառութեան մէջ դրուած սուտերուն։ Ան հերթական անգամ յորդորեց, որպէսզի ժողովուրդը չդատարկէ հրապարակները։ Նախագահը միեւնոյն ժամանակ երախտագիտութիւն յայտնեց առկայ գործընթացին մէջ իր երկրին տէր կանգնած զինեալ ուժերու հաւատարիմ անդամներուն, ու միեւնոյն ժամանակ ոստիկանական համակարգին։
Էրտողանի խօսքերով՝ ազգը յաղթանակած է ժողովրդավարութեան պայքարին մէջ, իսկ ահաբեկչական կազմակերպութիւնն ու իր բոլոր անդամները արդարադատութեան առջեւ ամենածանր ձեւով պիտի վճարեն իրենց ըրածին փոխարժէքը։
ՊԷՅՕՂԼՈՒԻ ՄԷՋ ՈԳԵԿՈՉՈՒՄ
Պէյօղլուի քաղաքապետութեան նախաձեռնութեամբ երէկ Թաքսիմի հրապարակին վրայ ոգեկոչուեցան այն բոլոր քաղաքացիները, որոնք զոհուեցան՝ Յուլիսի 15-ի գիշերուան զինեալ յեղաշրջման ձախող փորձին ընթացքին դիմադրութեան ժամանակ։ Թաքսիմի հրապարակին վրայ ստեղծուած է հարթակ մը, ուր կը վերյիշուին անոնց անունները։ Պէյօղլուի քաղաքապետ Ահմէտ Միսպահ Տեմիրճանի մասնակցութեամբ երէկ երեկոյեան յարգանքի արարողութիւն մը տեղի ունեցաւ Թաքսիմի հրապարակին վրայ։ Քաղաքական շրջանակներէն եւ հասարակութեան զանազան խաւերէն դէմքեր մասնակցեցան այս հաւաքոյթին, որու ներկաներու շարքին էին նաեւ դիւանագէտներ եւ հոգեւոր առաջնորդներ։ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան եւս մասնակցեցաւ սգահանդէսին, որու ընթացքին բոլորը իրենց խոնարհումը բերին ժողովրդավարութեան նահատակներու յիշատակին առջեւ, նաեւ աղօթքներով տրուեցաւ միասնականութեան պատգամ։