ԳՈՒԶԿՈՒՆՃՈՒՔԻ ՄԷՋ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆ

Գուզ­կուն­ճու­քի Ս. Գրի­գոր Լու­սա­ւո­րիչ ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ ե­րէկ Ս. Պա­տա­րագ մա­տու­ցուե­ցաւ՝ ձե­ռամբ Տ. Շա­հէն Քհնյ. Օ­հա­նեա­նի։ Եր­գե­ցո­ղու­թիւն­նե­րը կա­տա­րուե­ցան գլխա­ւո­րու­թեամբ շա­րա­կա­նա­գէտ Նշան Սրկ. Չալ­կը­ճեա­նի։ Ներ­կայ էին Լե­ւոն Սրկ. Գու­յում­ճեան, Գա­նա­տա­յէն՝ Կար­պիս Սրկ. Չի­չէ­քեան եւ Մու­րատ Սրկ. Քա­րա­քա­շեան, ինչ­պէս նաեւ դպիր­ներ՝ Անդ­րա­նիկ Տու­փի­նեան, Եփ­րեմ Միհ­րա­նեան, Ա­սա­տուր Իչ­լի­նալ­չա, Գէորգ Թիւյ­սիւ­զեան, Հա­ճը Եըլ­մազ, Մար­տի­րոս Մար­տի­կեան եւ Շա­հին Քա­լայ։

Հա­ւա­տա­ցեալ­նե­րը այս ան­գամ եւս լե­ցու­ցած էին Վոս­փո­րի ա­րե­ւե­լեան ա­փի մեր այս գողտ­րիկ սրբա­վայ­րը, ուր բարձր էր նաեւ Ս. Հա­ղոր­դու­թիւն ստա­ցող­նե­րուն թի­ւը։

Յա­ւարտ կրօ­նա­կան ա­րա­րո­ղու­թեան, ե­կե­ղեց­ւոյ պար­տէ­զին մէջ սար­քուե­ցաւ սի­րոյ սե­ղան մը։ Բա­ցօ­թեայ այս հա­ւա­քոյ­թին ըն­թաց­քին Տէր Հայ­րը, դպիր­ներն ու հա­ւա­տա­ցեալ­նե­րը ջերմ մթնո­լոր­տի մը մէջ հիւ­րըն­կա­լուե­ցան Գուզ­կուն­ճու­քի Ս. Գրի­գոր Լու­սա­ւո­րիչ ե­կե­ղեց­ւոյ թա­ղա­յին խոր­հուր­դի ա­տե­նա­պետ Ե­դուարդ Այ­վա­զեա­նի եւ իր ըն­կեր­նե­րուն կող­մէ։ Տիկ­նանց յանձ­նա­խում­բին կող­մէ սար­քուած սե­ղան­նե­րուն շուրջ բո­լոր ներ­կա­նե­րը ան­մի­ջա­կան զրոյց ու­նե­ցան ի­րա­րու մի­ջեւ։ 

Հինգշաբթի, Յուլիս 21, 2016