ՍՈՒՐՃԻ ԲԱԺԱԿԻՆ ԴԻՐՏԸ

Ո՞վ չի փա­փա­քիր ա­պա­գա­յի մա­սին բան մը տե­ղե­կա­նալ: Յի­րա­ւի բո­լորս ալ, մա­նա­ւանդ կա­նայք, հե­տաքրք­րուած ենք այս հար­ցով, հար­կաւ տար­բեր չա­փա­նի­շե­րով: Ո­մանք ուղ­ղա­կի կը հե­տե­ւին կան­խա­գու­շա­կու­թեանց, աստ­ղա­գի­տու­թեան, գու­մար­ներ կը ծախ­սեն, մա­նա­ւանդ երբ տե­ղե­կա­նան տեղ մը աստ­ղա­գու­շա­կի, թղթա­գու­շա­կի, կամ նոյ­նիսկ սուր­ճի բա­ժակ­ներ մեկ­նա­բա­նո­ղի մը գո­յու­թեան մա­սին ու ան­մի­ջա­պէս կը փու­թան այդ վայ­րը, գա­լի­քի մա­սին բան մը լսե­լու, բայց մա­նա­ւանդ այդ լսուե­լի­քը կ՚ու­զեն ,որ ըլ­լայ դրա­կան, ու գո­հա­ցում մը տայ ի­րենց հե­ռան­կար­նե­րուն․ ու­րիշ­ներ սա­կայն ա­կանջ սրած մտիկ կ՚ը­նեն ու այն­պէս մը կը ձե­ւաց­նեն, որ եր­բեք չեն հե­տաքրք­րուած, որ սնա­հա­ւա­տու­թիւն­ներ են ա­սոնք, բայց ի­րենք եւս չեն զլա­նար սուրճ խմե­լէ ետք բա­ժակ դարձ­նե­լէ, երբ ներ­կա­նե­րէն մին հմուտ բա­ժակ մեկ­նա­բա­նող մը ըլ­լայ: Ու զար­մա­նա­լիօ­րէն ալ կը մտա­պա­հեն կար­դա­ցուած բա­ժա­կին ման­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րը, ու վա՜յ ե­կեր է այդ ան­ձին, ե­թէ հա­ղոր­դած տե­ղե­կու­թիւն­նե­րը ճիշդ ել­լեն: Բայց գի­տէ՞ք, այս զրոյց­նե­րը ա­ւե­լի լաւ են քան ու­րիշ­նե­րու վրայ բամ­բա­սե­լը:

Բա­րե­կամ­նե­րով հա­ւա­քուած ենք ու այս նիւթն է, որ կ­­՚ար­ծար­ծուի: Բո­լո­րը մի առ մի անձ­նա­կան փոր­ձա­ռու­թե­նէ դրուագ­ներ կը պատ­մեն, բայց յատ­կան­շա­կան է, մա­նա­ւանդ, բա­րե­կա­մու­հիիս՝ լի­բա­նա­հայ Տի­կին Սե­դա­յին պա­տու­մը, որ կը մտա­բե­րէ իր իսկ նա­յած բա­ժա­կին մա­սին դէպք մը, ու.

-Ե­րե­ւա­նի վար­ձած բնա­կա­րան­նե­րէս մէ­կուն դրա­ցու­հին՝ տե­ղա­ցի, նո­րա­հարս Տի­կին Սու­սան­նան յա­ճախ կու գար քովս ու շատ կը հե­տաքրք­րուէր բա­ժա­կի մեկ­նա­բա­նու­թիւն­նե­րովս, որ­քան ալ պնդէի, որ բան չեմ հասկ­նար, ան ա­մէն ա­ռաւօտ սուր­ճը խմե­լէ ետք կ՚եր­կա­րէր բա­ժա­կը ու ինչ­պէ՜ս կը հա­ւա­տար ու միտ­քը կը պա­հէր իմ իսկ մոռ­ցած խօս­քերս, ու յա­ճախ ալ կու գար ու ա­նոնց ճշդու­թիւ­նը կը հաս­տա­տէր. «Տե­սա՞ր, բո­լոր ը­սած­ներդ տե­ղի ու­նե­ցան...»։ Ու ա­հա օր մը ան պի­տի ճամ­բոր­դէր Ռու­սաս­տան. բա­րի ճա­նա­պար­հի սուր­ճէն ետք նո­րէն մեկ­նա­բա­նե­ցի բա­ժա­կը ու գծագ­րուած սուր­ճի դիր­տին նա­յե­լով. «Աղ­ջի՛կ, դուն յղի՞ ես, զգոյշ ե­ղի՛ր հա, բան մը չըլ­լա­յ»,- ը­սի,- բա­ցա­սա­կան պա­տաս­խան­նե­րով հաս­տա­տեց, որ յղի չէ ու այս ան­գա­մուան ը­սած­ներս ա­նի­մաստ թուե­ցան ի­րեն: Յա­ջորդ օրն իսկ հե­ռա­ձայ­նեց ու. «Դուն մար­գա­րէ՞ ես, հի­մա հի­ւան­դա­նո­ցէն կը խօ­սիմ հետդ, Ռու­սաս­տան հա­սայ, ծանր-ծանր պա­յու­սակ­նե­րը փո­խադ­րե­ցի ու սուր ցաւ մը մե­խի պէս մխրճու­խե­ցաւ կողս, շտապ օգ­նու­թիւն կան­չե­ցինք, հի­ւան­դա­նոց հա­սայ ու քննու­թիւն­նե­րէն ետք յայտ­նուե­ցաւ, որ յղի էի ու վի­ժում ու­նե­ցած եմ, ե­րա­նի ը­սած­նե­րուդ կա­րե­ւո­րու­թիւն տա­յի ու զգոյշ ըլ­լա­յի: Ո­րո­շե­ցի յետ այ­սու բա­ժա­կիս նա­յիլ չտալ...»,- ես ալ զար­մա­ցած մտիկ կ­­՚ը­նէի ը­սած­նե­րը ու չեմ գի­տեր ինչ­պէ՞ս բա­ցատ­րէի այս պա­տա­հա­ծը, թե­րեւս ա­նի­կա կա­րե­լի է հա­մա­րել նշմար մը, որ իմ մի­ջո­ցաւ փո­խան­ցուե­ցաւ դրա­ցու­հիիս, կան­խա­գու­շա­կու­թիւն մը, ի՞նչ գիտ­նամ:

Հա­լէ­պա­հայ բա­րե­կամ­նե­րէս մէ­կը՝ Տի­կին Շո­ղե­րը կը մտա­բե­րէ.

-Ես ալ ո­րո­շած եմ բա­ժա­կիս նա­յիլ չտալ, ա­նոր մո­լին էի ժա­մա­նա­կին, բայց տա­րի­ներ ա­ռաջ, երբ պզտիկ տղուս ման­կա­պար­տէ­զի հան­դէսն էր ու պատ­րաս­տու­թիւն­ներ կը տես­նէի, յան­կարծ դու­ռը զար­նուե­ցաւ ու դրա­ցու­հիս ե­կաւ բա­նով մը օ­ժան­դա­կե­լու եւ թե­թեւց­նե­լու աշ­խա­տանքս, մինչ տղաս դպրոցն էր վեր­ջին ընդ­հա­նուր փոր­ձի հա­մար, իսկ մեր բնա­կա­րա­նը շատ մօտ էր դպրո­ցին, կը յի­շէ՞ք, չէ՞: Սուրճ խմե­ցինք ու բա­ժա­կիս նա­յե­լու ա­ռիթ չկար, ար­դէն դպրո­ցէն տղաս բե­րե­լու ժա­մը մօտ էր, բայց եւ այն­պէս ստի­պե­ցի, որ գո­նէ մատ­նա­հետ­քիս գծագ­րու­թիւ­նը միայն մեկ­նա­բա­նէ, ու. «Ման­կա­կան դէմք մը կը տես­նեմ, ո­րուն բեր­նին մէկ կող­մէն բան մը կը հո­սի, լաւ չէ, Շո­ղիկ, բայց մի հա­ւա­տար ճա­նը­մ»,- ը­սաւ ու բա­ժա­կը հա­կա­ռակ դարձ­նե­լով պա­հեց իբ­րեւ թէ գծուա­ծը այս ձե­ւով չ՚ի­րա­կա­նա­նար ե­ղեր. հա­զիւ դուրս ե­լած էր, առ­ձեռն հե­ռա­ձայնս զան­գեց ու օ­տար թիւ մըն էր.- «Տի­կի՛ն Շո­ղեր, կը նե­րէք ան­հանգս­տաց­նե­լուս, ես ձեր զաւ­կին ու­սուց­չու­հին եմ, կա­նուխ ա­ւար­տե­ցինք փոր­ձը ու ձեր զա­ւա­կը՝ Յա­կո­բի­կը բա­կը խաղ­ա­ցած մի­ջո­ցին ին­կաւ ու...»,- ես ար­դէն փո­ղոց հա­սած էի ու ու­սուց­չու­հիին խօս­քին շա­րու­նա­կու­թիւ­նը չէի լսեր, մե­քե­նա­յա­կան շար­ժում­նե­րով, բնազ­դով կ­­՚ա­ռաջ­նոր­դուէի եւ ար­դէն իսկ հա­սած էի դպրո­ցի դար­պա­սին դէմ ու ի՞նչ տես­նեմ` տղաս կզա­կէն վի­րա­ւո­րուած, ար­մու­կէն կա­պուած կա­պը փաթ­թուած է վի­զին ու թե­ւը շար­ժե­լու ան­կա­րող է, միւս ձեռ­քով ալ ու­սուց­չու­հիին ձեռ­քը բռնած է, որ դեռ հետս կը խօ­սի, բայց լռեց ու տղաս յանձ­նեց ին­ծի. «ան­ցած ըլ­լա­յ­»ով մը ող­ջու­նե­լով: Հար­կաւ ոչ մէ­կը մե­ղադ­րե­ցի, ոչ ալ մէ­կու մը հետ խօ­սե­ցայ, չեմ ալ յի­շեր ի՞նչ ը­րի այդ պա­հուն, տնա­յին հա­գուստ­նե­րով, խե­լա­կո­րոյս հա­սայ տուն, դրա­ցիիս խօս­քե­րը կը կրկնուէին միայն մտքիս մէջ: Շատ դժուար պահ մըն էր, յի­շելն իսկ կը սարս­ռաց­նէ ամ­բողջ մար­մինս:

Հա­զիւ թէ ո­րո­շած էի բա­ժակս դարձ­նել, բայց աս պա­տա­հար­նե­րը լսե­լէ ետք հրա­ժա­րե­ցայ, չըլ­լա՞յ որ բա­ցա­սա­կան դէպ­քի մը մա­սին մար­գա­րէա­նան բա­ժակս մեկ­նա­բա­նե­լով․ թող գա­լիք վայր­կեան­նե­րը, պա­հե­րը, օ­րերն ու տա­րի­նե­րը ապ­րինք ճա­կա­տագ­րին տնօ­րի­նու­մով, վա­յե­լենք ներ­կան ու պայ­ծա­ռա­տե­սու­թիւնն ու յոյ­սը թող ըլ­լան մեր ա­ռաջ­նորդ­նե­րը:

Ա­ՆԻ ԲՐԴՈ­ՅԵԱՆ-ՂԱ­ԶԱ­ՐԵԱՆ

 

Հինգշաբթի, Յուլիս 21, 2016