ՎՃՌԱԿԱՄ ԴԻՄԱԴՐՈՒԹԻՒՆ

Հան­րա­պե­տու­թեան Նա­խա­գահ Րէ­ճէպ Թայ­յիպ Էր­տո­ղան ե­րէկ Պեշ­թե­փէի մէջ սար­քեց մամ­լոյ ա­սու­լիս մը, ո­րու ըն­թաց­քին իր կող­քին էին Վար­չա­պետ Պի­նա­լի Եըլ­տը­րըմ եւ Ընդ­հա­նուր սպա­յա­կոյ­տի նա­խա­գահ զօ­րա­վար Հու­լու­սի Ա­քար։ Նա­խա­գա­հա­կան ա­պա­րան­քի եր­դի­քին տակ ան զան­գուա­ծա­յին լրա­տուու­թեան մի­ջոց­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն առ­ջեւ մեկ­նա­բա­նեց երկ­րէն ներս ստեղ­ծուած ի­րա­վի­ճա­կը՝ Յու­լիս 15-ի զի­նեալ յե­ղաշրջ­ման ձա­խող փոր­ձին լոյ­սին տակ։ Ա­սու­լի­սի ըն­թաց­քին Էր­տո­ղան տե­ղե­կա­ցուց, թէ Յու­լի­սի 15-ը հռչա­կուած է նա­հա­տակ­նե­րու ո­գե­կոչ­ման օր։ Նա­խա­գա­հին խօս­քե­րով՝ ա­պա սե­րունդ­նե­րը պի­տի չմոռ­նան Յու­լի­սի 15-ի ժո­ղովր­դա­վա­րու­թեան դի­մադ­րու­թեան հե­րոս­նե­րը։

Էր­տո­ղան ե­րէկ յայտ­նեց, որ Թուր­քիա կը շա­րու­նա­կէ իր վճռա­կամ դի­մադ­րու­թիւ­նը՝ պե­տա­կան հա­րուա­ծի փոր­ձին դէմ։ Ան միեւ­նոյն ժա­մա­նակ երկ­րի բո­լոր քա­ղա­քա­ցի­նե­րուն կոչ ուղ­ղեց՝ որ­պէս­զի հա­ւատք չըն­ծա­յուի ան­հիմն լու­րե­րուն, ո­րոնք շրջա­նա­ռու­թեան մէջ կը մտնեն ներ­կայ բարդ ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նին։ «Ես կը փա­փա­քիմ, որ մեր բո­լոր քա­ղա­քա­ցի­նե­րը տե­ւա­կա­նաց­նեն ի­րենց ա­մուր դիր­քո­րո­շու­մը՝ պե­տու­թեան, կա­ռա­վա­րու­թեան կող­քին», ը­սաւ Էր­տո­ղան եւ ա­ւել­ցուց, թէ պե­տու­թիւ­նը կան­գուն է շնոր­հիւ իր կա­ռոյց­նե­րուն։ Կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը երկ­րի բո­լոր կող­մե­րուն ու բո­լոր հաս­տա­տու­թիւն­նե­րէն ներս ի­րա­վի­ճա­կը կը վե­րահս­կէ՝ շնոր­հիւ անվ­տան­գու­թեան ու­ժե­րու մեծ ջան­քե­րուն։

Ա­սու­լի­սի ըն­թաց­քին Էր­տո­ղան տե­ղե­կա­ցուց, որ զի­նեալ յե­ղաշրջ­ման ձա­խող փոր­ձը ի­րա­կա­նա­ցու­ցած զու­գա­հեռ ա­հա­բեկ­չա­կան կա­ռոյ­ցի՝ ՖԵ­ԹԷՕ-ի ան­դամ­նե­րուն պե­տա­կան մար­մին­նե­րէն զտման գոր­ծըն­թա­ցը կը շա­րու­նա­կուի ամ­բողջ թա­փով։ Թուր­քիա ի­րա­ւա­կան պե­տու­թիւն մըն է, հե­տե­ւա­բար, Էր­տո­ղան մատ­նան­շեց, որ յե­ղաշրջ­ման փոր­ձին դէմ նա­խազ­գու­շա­կան մի­ջոց­ներն ալ ձեռք կ՚առ­նուին ժո­ղովր­դա­վա­րու­թեան, ի­րա­ւա­կան պե­տու­թեան, հիմ­նա­րար ի­րա­ւունք­նե­րու եւ ա­զա­տու­թիւն­նե­րու հի­ման վրայ։ Նա­խա­գա­հին փո­խան­ցած տուեալ­նե­րով, ցարդ ի­րա­կա­նա­ցուած գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րու ար­դիւն­քին՝ 4 հա­զար 60 հո­գի ձեր­բա­կա­լուած է, իսկ 10 հա­զար 410 հո­գի ալ առ­նուած է հսկո­ղու­թեան տակ։ Այս պայ­ման­նե­րուն ներ­քեւ Էր­տո­ղան ընդգ­ծեց, որ քիչ մը եւս զո­հո­ղու­թիւն կ՚ակն­կա­լէ ազ­գէն։ «Իր քա­ջու­թեամբ զի­նեալ յե­ղաշրջ­ման փոր­ձը կա­սե­ցու­ցած մեր հե­րոս ազ­գէն կը խնդրեմ, որ­պէս­զի հրա­պա­րակ­նե­րու վրայ պա­հած իր ժո­ղովր­դա­վա­րու­թեան հեր­թը շա­րու­նա­կէ՝ մին­չեւ որ մեր եր­կի­րը վերջ­նա­կա­նօ­րէն յաղ­թա­հա­րէ այս դժուա­րին ի­րա­վի­ճա­կը։ Մեր ապ­րած դէպ­քը ա­պա­ցու­ցա­նած է, թէ պե­տա­կան հա­տուա­ծին դէմ մե­ծա­գոյն եւ ա­մե­նաազ­դու հա­կա­թոյնն է ազ­գին կամ­քը՝ նոյ­նինքն ազ­գը։ Շա­բա­թէ մը ի վեր այս նուի­րա­կան պայ­քա­րը յա­ռաջ կը տա­նի իմ ազ­գը, ա­ռանց դոյզն իսկ ան­կար­գու­թեան, ա­ռանց թոյլ տա­լու խա­փա­նա­րա­րու­թիւն­նե­րու։ Իմ ազ­գէն կը պա­հան­ջեմ քիչ մը եւս համ­բե­րու­թիւն ու զո­հո­ղու­թիւն։ Ար­մա­տի, դա­ւա­նան­քի, քա­ղա­քա­կան կու­սակ­ցու­թեան կամ գա­ղա­փա­րա­խօ­սա­կան մտա­ծե­լա­կեր­պե­րու տար­բե­րու­թիւ­նը ա­ռանց նկա­տի առ­նե­լու՝ հրա­պա­րակ­ներ դուրս ե­կած իմ իւ­րա­քան­չիւր քա­ղա­քա­ցիին սրտանց ե­րախ­տա­գի­տու­թիւն կը յայ­տնեմ՝ յա­նուն իմ ան­ձին ու ազ­գին», ը­սաւ Էր­տո­ղան։

Այս կա­րե­ւոր մամ­լոյ ա­սու­լի­սին ա­ռըն­թեր, Էր­տո­ղան ե­րէկ ու­շագ­րաւ հար­ցազ­րոյց մըն ալ տուաւ «Ռէօյ­թըրզ» գոր­ծա­կա­լու­թեան։ Ծա­նօթ է, որ ան ներ­կա­յիս ի­րե­րա­յա­ջորդ ձե­ւով կը տե­սակ­ցի մի­ջազ­գա­յին յա­ռա­ջա­տար լրա­տուա­մի­ջոց­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն հետ։ Պե­տա­կան յե­ղաշրջ­ման ձա­խող փոր­ձի մթնո­լոր­տին մէջ Էր­տո­ղան բա­ցա­ռիկ հար­ցազ­րոյց­ներ տուաւ «CNN» եւ «Էլ-Ճե­զի­րէ» մի­ջազ­գա­յին հե­ռուս­տա­կա­յան­նե­րուն։ Ի լրումն այդ բո­լո­րին՝ Էր­տո­ղան ե­րէկ ալ մաս­նա­ւոր հար­ցազ­րոյց մը տուաւ «Ռէօյ­թըրզ»ի թղթա­կից­նե­րուն։ Իր յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րուն մէջ ան անդ­րա­դար­ձաւ Յու­լի­սի 15-ի գի­շե­րը ապ­րուած­նե­րուն։ Նա­խա­գա­հը վերս­տին շեշ­տեց լրա­քա­ղու­թեան ա­ռու­մով պա­տա­հած թե­րու­թիւն­նե­րը։ Յի­շեց­նե­լով, որ երկ­րէն ներս հռչա­կուած է ար­տա­կարգ դրու­թիւն՝ Էր­տո­ղան նշեց, որ երկ­րի մար­տի­րոս խորհր­դա­րա­նը յա­ռա­ջի­կայ շրջա­նին ա­զա­տու­թեան ու ա­պա­գա­յին հա­մար նոր պայ­քա­րի մը պի­տի ձեռ­նար­կէ։ Ա­պա­գայ ե­րեք ամ­սուան ըն­թաց­քին խտա­ցեալ աշ­խա­տանք­ներ պի­տի տա­րուին, սա­կայն բա­ցար­ձա­կա­պէս ժո­ղո­վուր­դը պէտք չէ մտա­հո­գու­թիւն ապ­րի։ Ար­տա­կարգ դրու­թիւ­նը հռչա­կուած է ժո­ղովր­դա­վա­րա­կան հաս­տա­տու­թիւն­նե­րու ա­ւե­լի ա­ռողջ գոր­ծու­նէու­թիւ­նը ա­պա­հո­վե­լու հա­մար։ Այս ո­րո­շու­մը ըն­դու­նուած է, որ­պէս­զի պատ­կան մար­մին­նե­րը կա­րե­նան ա­ւե­լի հան­գիստ աշ­խա­տիլ ան­ջա­տո­ղա­կան ա­հա­բեկ­չա­կան կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րուն վրայ։ Օ­րէն­քի հա­մա­զօր ո­րոշմ­նագ­րե­րով կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը անհ­րա­ժեշտ քայ­լե­րը պի­տի առ­նէ։ Էր­տո­ղան «Ռէօյ­թըրզ» գոր­ծա­կա­լու­թեան թղթա­կից­նե­րուն յայտ­նեց, թէ անհ­րա­ժեշ­տու­թեան պա­րա­գա­յին եւս ե­րեք ա­մի­սով կրնայ եր­կա­րաձ­գուիլ ար­տա­կարգ դրու­թիւ­նը։ Իր կան­խա­տե­սում­նե­րով՝ Բարձ­րա­գոյն զի­նուո­րա­կան խոր­հուր­դին ժո­ղո­վը շա­բաթ մը ա­ւե­լի կա­նուխ կրնայ գու­մա­րուիլ։ Ընդ­հա­նուր սպա­յա­կոյ­տի նա­խա­գա­հու­թիւ­նը ու­նե­ցած է նման պա­հանջ մը։ Ըստ Էր­տո­ղա­նի, կարճ ժա­մա­նա­կի ըն­թաց­քին վե­րա­կա­ռուց­ման գոր­ծըն­թաց մը պի­տի ի­րա­կա­նա­ցուի Թուրք զի­նեալ ու­ժե­րէն ներս ու նոր ա­ւիւն մը պի­տի հա­ղոր­դուի բա­նա­կին։

Նոր պե­տա­կան հա­րուա­ծի մը հա­ւա­նա­կա­նու­թիւ­նը մեկ­նա­բա­նե­լով՝ Էր­տո­ղան ընդգ­ծեց, թէ այդ­պի­սի վար­կած մը չի բա­ցա­ռուիր, սա­կայն դիւ­րին չ՚ըլ­լար։ Տնտե­սա­կան նիւ­թե­րուն անդ­րա­դառ­նա­լով՝ նա­խա­գա­հը մատ­նան­շեց, որ ելմ­տա­կան կար­գա­պա­հու­թե­նէն զի­ջում պի­տի չկա­տա­րուի։

Ե­րէկ Ազ­գա­յին մեծ ժո­ղո­վը ար­դէն հա­ւա­նու­թիւն տուաւ կա­ռա­վա­րու­թեան ո­րոշմ­նագ­րին՝ որ­պէս­զի ե­րեք ա­մի­սով ար­տա­կարգ դրու­թիւն հաս­տա­տուի Թուր­քիոյ մէջ։ ԱՔ կու­սակ­ցու­թեան եւ ՄՀՓ­-ի ե­րես­փո­խան­նե­րը հա­ւա­նու­թիւն տուին այդ ո­րոշ­ման։ ՃՀՓ­-ի խորհր­դա­րա­նա­կան խմբակ­ցու­թեան ան­դամ­նե­րը ա­զատ էին ի­րենց դիր­քո­րոշ­ման մէջ, իսկ ՀՏՓ­-ա­կան­նե­րը դէմ քուէար­կե­ցին այդ քայ­լին։ Ար­դիւն­քին ար­տա­կարգ դրու­թեան հռչակ­ման հա­մար հա­ւա­նու­թիւն տուաւ 346 ե­րես­փո­խան, իսկ 115 դէմ քուէ գոր­ծա­ծուե­ցաւ։

Հան­րա­յին կար­ծի­քը կը շա­րու­նա­կէ ու­շի ու­շով հե­տե­ւիլ պե­տա­կան յե­ղաշրջ­ման ձա­խող փոր­ձէն վերջ սկսած լայ­նա­ծա­ւալ հե­տաքն­նու­թեան, ո­րու զգա­յա­ցունց ման­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րը առ հա­սա­րակ կը բնո­րո­շեն Թուր­քիոյ քա­ղա­քա­կան օ­րա­կար­գը։ Այս մթնո­լոր­տին մէջ ե­րէկ ե­րե­կո­յեան ցոյց մը տե­ղի ու­նե­ցաւ Վոս­փո­րի կա­մուր­ջի մուտ­քին, ուր եր­թե­ւե­կու­թեան ար­գե­լա­փա­կու­մով Յու­լի­սի 15-ի գի­շե­րը սկսած էր պե­տա­կան յե­ղաշրջ­ման փոր­ձը։ 

Ուրբաթ, Յուլիս 22, 2016